«Գէորգ Սարաֆեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 17. Տող 17.
Սարաֆեան հրատարակած է Սպաներենով չորս ծաղկաքաղ իր ընտրութեամբ ու թարգմանութեանբ - '''Հայաստան՝ իր Բանաստեղծներուն Ընդմէջէն'''(1983):
Սարաֆեան հրատարակած է Սպաներենով չորս ծաղկաքաղ իր ընտրութեամբ ու թարգմանութեանբ - '''Հայաստան՝ իր Բանաստեղծներուն Ընդմէջէն'''(1983):


Ան գրած է նաեւ իր կենսագրութիւնը Սպաներէնով որ լոյս տեսած է ''Եփրատէն մինչեւ Ռիօ Տէ Լա Փլարա'' խորագրով (1998) եւ վերջերս Հայերէն թարգմանութեամբ հրատարակուած է Երեւանի մէջ:
Ան գրած է նաեւ իր կենսագրութիւնը Սպաներէնով որ լոյս տեսած է ''Եփրատէն մինչեւ Ռիօ Տէ Լա Փլաթա'' խորագրով (1998) եւ վերջերս Հայերէն թարգմանութեամբ հրատարակուած է Երեւանի մէջ:

13:30, 10 Յուլիս 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Գէորգ Սարաֆեան (1911 2002), արժանթինահայ թարգմանիչ եւ հանրային գործիչ:

Կենսագրութիւն

Ծնած էր Ուրֆա 1911-ին: Մեծ եղեռնէն մազապուրծ իր ընտանիքին բեկորներուն հետ վերադարձած էր իր ծննդավայրը 1918ին, ուր ստացած էր իր նախնական ուսումը: Կիլիկիոյ պարպումէն ետք Սարաֆեան ընտանիքը ապաստանած է Սուրիա. ուր ան իր ուսումը շարունակած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանը: Շրջանաւարտ եղած է 1925-ին: Իսկ երկու տարի ետք հաստատուած է Պուենոս Այրես իր եղբօր ու մօր հետ:

1932-ին խումբ մը ընկերներու հետ. Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ծիրէն ներս հիմնած է առաջին Մշակութային Յանձնախումբը. որ 1936-ին եւ աւելի քան տասնամեակի մը ընթացքին ձայնասփռած է հայկական առաջին ռատիօժամը:

Սարաֆեան աւելի ուշ հոգաբարձութեան ատենադպիր եւ փոխ ատենապետ եղած է, գլխաւորած Կրթական եւ Համազգային Տօնակատարութեանց Յանձնախումբերը: Քանի մը առիթներով եղած է ՀՄԸՄ-ի Պուենոս Այրես մասնաճիւղի ատենապետ:

1960-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. զինք պատոած է Ս. Գրգոր Լուսաւորիչի շքանմշանով, իսկ 1976-ին Երուսաղէմի Պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան յանձնած է Ս.Գերեզմանի շքանշանը: Սարաֆեանի բարերարութեամբ 1999-ին շինուած է Հայաստանի Նոր Եդեսիա քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցին:

1940ականներէն . Սարաֆեան թէ Հայերէն եւ թէ Ֆրանսերէնէ կատարած Սպաներէն թարգմանութիւններով սկսած է աշխատակցիլ Արժանթինի հայ մամուլին: Ուսումնասիրական հատորներու շարքին, ան Ֆրանսերէնէ թարգմանած է Հրանտ Թորոսեանի Հայ Գրականութեան Պատմութիւն (1959), նոյն հեղինակէն Հայաստան եւ Հայկական Հարցը(1965) Բ. ընդլայնուած հրատ.՝(1985) Գ. ընդլայնուած հրատ.՝ (1995) եւ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի Հայոց Եկեղեցին (1994):

Սարաֆեան հրատարակած է Սպաներենով չորս ծաղկաքաղ իր ընտրութեամբ ու թարգմանութեանբ - Հայաստան՝ իր Բանաստեղծներուն Ընդմէջէն(1983):

Ան գրած է նաեւ իր կենսագրութիւնը Սպաներէնով որ լոյս տեսած է Եփրատէն մինչեւ Ռիօ Տէ Լա Փլաթա խորագրով (1998) եւ վերջերս Հայերէն թարգմանութեամբ հրատարակուած է Երեւանի մէջ: