«Նաւասարդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: տ։Ա → տ։ Ա (3) oգտվելով ԱՎԲ
Չ մաքրվեց, փոխարինվեց: ։ → : (91) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1. Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{ԱՀ}}
{{արեւելահայերէն|Նավասարդ}}
{{արեւելահայերէն|Նավասարդ}}
'''Նաւասարդ''', [[Հայկական Տոմար (արեւմտահայերէն)|Հայկական տոմարի]] առաջին ամիսը։ Կազմուած է «նաւ» (նոր) եւ «սարդ» (տարի) բառերէն եւ կը նշանակէ «Նոր Տարի»: Նաւասարդ ամիսը ունեցած է 30 օր, սկսած է [[11 Օգոստոս|11 Օգոստոսին]] եւ վերջացած՝ [[9 Սեպտեմբեր|9 Սեպտեմբերին]]: Հին [[հայ]]երուն համար 1 Նաւասարդը (11 Օգոստոսը) եղած է ժողովրդական խրախճանքներու տօն։<ref>{{cite book|title=Հայոց Հնօրեայ Զուարճախօսները|last=Խաչատրեան|first=Հայկ|publisher=«Ամարաս»|location=Երեւան|year=2003|page=118}}</ref>
'''Նաւասարդ''', [[Հայկական Տոմար (արեւմտահայերէն)|Հայկական տոմարի]] առաջին ամիսը: Կազմուած է «նաւ» (նոր) եւ «սարդ» (տարի) բառերէն եւ կը նշանակէ «Նոր Տարի»: Նաւասարդ ամիսը ունեցած է 30 օր, սկսած է [[11 Օգոստոս]]ին եւ վերջացած՝ [[9 Սեպտեմբեր]]ին: Հին [[հայ]]երուն համար 1 Նաւասարդը (11 Օգոստոսը) եղած է ժողովրդական խրախճանքներու տօն:<ref>{{cite book|title=Հայոց Հնօրեայ Զուարճախօսները|last=Խաչատրեան|first=Հայկ|publisher=«Ամարաս»|location=Երեւան|year=2003|page=118}}</ref>


== Տարուան Գաղափարը Եւ Սկիզբը ==
== Տարուան Գաղափարը Եւ Սկիզբը ==
Տարին ժամանակի սահմանն է, զոր առած է [[բնութենէն]]: Ատիկա այն ժամանակաշրջանն է, որու ընթացքին [[Երկիր]] մոլորակը կը կատարէ ամբողջական պտոյտ մը [[Արեւ |Արեւուն]] շուրջ։ Երկրին կատարած շրջապտոյտը հաւասար է 934 միլիոն քմ.-ի, որ կ’անցնի մեծ արագութեամբ, եթէ յիշենք, որ մէկ երկվայրկեանի ընթացքին կ’անցնի [[30 քմ]]:
Տարին ժամանակի սահմանն է, զոր առած է [[բնութենէն]]: Ատիկա այն ժամանակաշրջանն է, որու ընթացքին [[Երկիր]] մոլորակը կը կատարէ ամբողջական պտոյտ մը [[Արեւ]]ուն շուրջ: Երկրին կատարած շրջապտոյտը հաւասար է 934 միլիոն քմ.-ի, որ կ’անցնի մեծ արագութեամբ, եթէ յիշենք, որ մէկ երկվայրկեանի ընթացքին կ’անցնի [[30 քմ]]:


Տարուան գաղափարը առաջին անգամ ծագած է Հին Արեւելքի մշակութային կենդրոններէն մէկուն` [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոսի]] մէջ։ Անիկա կապուած է [[Նեղոս]] գետի վարարման հետ։ Անով պայմանաւորուած էր եգիպտացիներու կեանքը, երկրագործական աշխատանքները։ [[Նեղոս Գետ (արեւմտահայերէն)|Նեղոս]]<nowiki/>ի վարարման սկիզբը կը համընկնէր Սիրիուս աստղի երեւնալուն հետ։ Այդ պատճառով ալ աստղին եւ Նեղոսի վարարման միջեւ ինկած ժամանակաշրջանը կը կոչեն տարի։
Տարուան գաղափարը առաջին անգամ ծագած է Հին Արեւելքի մշակութային կենդրոններէն մէկուն` [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոսի]] մէջ: Անիկա կապուած է [[Նեղոս]] գետի վարարման հետ: Անով պայմանաւորուած էր եգիպտացիներու կեանքը, երկրագործական աշխատանքները: [[Նեղոս Գետ (արեւմտահայերէն)|Նեղոս]]<nowiki/>ի վարարման սկիզբը կը համընկնէր Սիրիուս աստղի երեւնալուն հետ: Այդ պատճառով ալ աստղին եւ Նեղոսի վարարման միջեւ ինկած ժամանակաշրջանը կը կոչեն տարի:


Հակառակ այն իրողութեան որ «տարի» հասկացողութիւնը ծնած է [[Հին Եգիպտոս]]ի մէջ, այն ժամանակէն, երբ կը սկսի գոյութիւն ունենալ թուականութիւնը (ժամանակը համրանքը), բայց տարբեր ժողովուրդներ տարբեր ամիսներ համարած են տարուան առաջին ամիսը, եւ տարբեր եղած է անոնց նոր տարին։
Հակառակ այն իրողութեան որ «տարի» հասկացողութիւնը ծնած է [[Հին Եգիպտոս]]ի մէջ, այն ժամանակէն, երբ կը սկսի գոյութիւն ունենալ թուականութիւնը (ժամանակը համրանքը), բայց տարբեր ժողովուրդներ տարբեր ամիսներ համարած են տարուան առաջին ամիսը, եւ տարբեր եղած է անոնց նոր տարին:


Այսպէս, օրինակ, հին պարսիկներու նոր տարին կը սկսէր գարնան օրահաւասարէն եւ կը կոչուէր «վարդի» եւ գինիի» օր։ Հետագային անիկա կ’ընդունուի իսլամական աշխարհի կողմէ եւ կը ստանայ «[[Նովրուզ]]» անունը, որ այսօր ալ կը նշեն մեծ շուքով։
Այսպէս, օրինակ, հին պարսիկներու նոր տարին կը սկսէր գարնան օրահաւասարէն եւ կը կոչուէր «վարդի» եւ գինիի» օր: Հետագային անիկա կ’ընդունուի իսլամական աշխարհի կողմէ եւ կը ստանայ «[[Նովրուզ]]» անունը, որ այսօր ալ կը նշեն մեծ շուքով:


Ռուսերը նոր տարին կը նշէին 1 [[Սեպտեմբեր]]ին, անգլիացիները` [[26 Մարտ]]ին, իսկ [[Ֆրանսա|Ֆրանսայի]] մէջ անիկա կը զուգադիպէր [[Զատիկ|Զատկուան]] տօնին։
Ռուսերը նոր տարին կը նշէին 1 [[Սեպտեմբեր]]ին, անգլիացիները` [[26 Մարտ]]ին, իսկ [[Ֆրանսա]]յի մէջ անիկա կը զուգադիպէր [[Զատիկ|Զատկուան]] տօնին:


[[Հայեր]]ու մօտ տարուան առաջին ամիսը [[Օգոստոս (արեւմտահայերէն)|Օգոստոսն]] էր եւ Նաւասարդ կը կոչուէր։
[[Հայեր]]ու մօտ տարուան առաջին ամիսը [[Օգոստոս (արեւմտահայերէն)|Օգոստոսն]] էր եւ Նաւասարդ կը կոչուէր:


Նման բազմազանութիւնը ժողովուրդներու տնտեսական ու մշակութային փոխյարաբերութիւններուն մէջ դժուարութիւններ կը յառաջացնէր։ Ուստի, 16-րդ դարու վերջաւորութենէն սկսեալ՝ ([[1582]])-ին, կ’որոշուի Նոր Տարուան սկիզբը համարել 1 [[Յունուար]]ը, որ կ’ընդունուի մեր ներկայ օրացոյցի հիմքին մէջ։ Տարեգրութեան մէջ, ժամանակի ընթացքին ստեղծուած էին երկու տոմարներ, որոնք կը հիմնուէին աստղաբաշխական հաշիւներու վրայ։ Անոնցմէ մէկը կը կոչուէր Հին կամ Յուլեան, միւսը` Նոր կամ Գրիգորեան։
Նման բազմազանութիւնը ժողովուրդներու տնտեսական ու մշակութային փոխյարաբերութիւններուն մէջ դժուարութիւններ կը յառաջացնէր: Ուստի, 16-րդ դարու վերջաւորութենէն սկսեալ՝ ([[1582]])-ին, կ’որոշուի Նոր Տարուան սկիզբը համարել 1 [[Յունուար]]ը, որ կ’ընդունուի մեր ներկայ օրացոյցի հիմքին մէջ: Տարեգրութեան մէջ, ժամանակի ընթացքին ստեղծուած էին երկու տոմարներ, որոնք կը հիմնուէին աստղաբաշխական հաշիւներու վրայ: Անոնցմէ մէկը կը կոչուէր Հին կամ Յուլեան, միւսը` Նոր կամ Գրիգորեան:


Նոր տոմարը մուծուած է [[Հռոմի պապ]]ին՝ Գրիգոր 13-րդի կողմէ, Յուլեան օրացոյցին փոխարէն։ Այդ երկու տոմարներու միջեւ եղած տարբերութիւնը տասներեք օր է։
Նոր տոմարը մուծուած է [[Հռոմի պապ]]ին՝ Գրիգոր 13-րդի կողմէ, Յուլեան օրացոյցին փոխարէն: Այդ երկու տոմարներու միջեւ եղած տարբերութիւնը տասներեք օր է:


Այսպիսով, [[1 Յունուարը|1 Յունուար]]ը [[Նոր տարի|Նոր Տարուան]] սկիզբը համարելը բնաւ ալ պատմական իրադարձութեան հետ կապ չունի եւ ընդունուած է պայմանականօրէն։ Բայց ժամանակի ընթացքին անիկա աւանդոյթի ուժ կը ստանայ։ Այդ օրը, որ այսօր մեզի համար այնքան հարազատ ու անփոխարինելի դարձած է, ունի համեմատաբար նոր պատմութիւն։
Այսպիսով, [[1 Յունուարը|1 Յունուար]]ը [[Նոր տարի|Նոր Տարուան]] սկիզբը համարելը բնաւ ալ պատմական իրադարձութեան հետ կապ չունի եւ ընդունուած է պայմանականօրէն: Բայց ժամանակի ընթացքին անիկա աւանդոյթի ուժ կը ստանայ: Այդ օրը, որ այսօր մեզի համար այնքան հարազատ ու անփոխարինելի դարձած է, ունի համեմատաբար նոր պատմութիւն:


Թէեւ միջազգային առումով 1 Յունուարը պաշտօնապէս ընդունուած է իբրեւ Նոր տարի, բայց Միջին եւ [[Մերձաւոր Արեւելք]]ի շարք մը երկիրներու մէջ ([[Իրան (արեւմտահայերէն)|Իրանի]] մէջ, [[Աֆղանիստան|Աֆղանիստանի]] մէջ, արաբական քանի մը երկիրներու մէջ՝ կը շարունակուին պահպանել իրենց աւանդական նոր տարին։
Թէեւ միջազգային առումով 1 Յունուարը պաշտօնապէս ընդունուած է իբրեւ Նոր տարի, բայց Միջին եւ [[Մերձաւոր Արեւելք]]ի շարք մը երկիրներու մէջ ([[Իրան (արեւմտահայերէն)|Իրանի]] մէջ, [[Աֆղանիստան]]ի մէջ, արաբական քանի մը երկիրներու մէջ՝ կը շարունակուին պահպանել իրենց աւանդական նոր տարին:


== Նաւասարդի Պատմութիւնը ==
== Նաւասարդի Պատմութիւնը ==
Նաւասարդ անունը պարթեւ-իրանական ծագում ունի եւ կազմուած է երկու բառերէ` ''նաւա'' - նոր եւ ''սարդ'' - տարի, այսինքն` [[Նոր Տարի]]:
Նաւասարդ անունը պարթեւ-իրանական ծագում ունի եւ կազմուած է երկու բառերէ` ''նաւա'' - նոր եւ ''սարդ'' - տարի, այսինքն` [[Նոր Տարի]]:


Նաւասարդը ամրան վերջին ամիսն է, «ոսկէ աշնան» նախադուռը։ Նաւասարդի օրերուն կը հասնին հայկական հողի ու [[Ջուր (արեւմտահայերէն)|ջուրի]] բարիքները` [[Խաղող (արեւմտահայերէն)|խաղող]]<nowiki/>ն ու [[Տանձ (արեւմտահայերէն)|տանձ]]<nowiki/>ը, [[Դեղձենի (արեւմտահայերէն)|դեղձ]]<nowiki/>ն ու [[Ձմերուկ (արեւմտահայերէն)|ձմերուկ]]<nowiki/>ը։
Նաւասարդը ամրան վերջին ամիսն է, «ոսկէ աշնան» նախադուռը: Նաւասարդի օրերուն կը հասնին հայկական հողի ու [[Ջուր (արեւմտահայերէն)|ջուրի]] բարիքները` [[Խաղող (արեւմտահայերէն)|խաղող]]<nowiki/>ն ու [[Տանձ (արեւմտահայերէն)|տանձ]]<nowiki/>ը, [[Դեղձենի (արեւմտահայերէն)|դեղձ]]<nowiki/>ն ու [[Ձմերուկ (արեւմտահայերէն)|ձմերուկ]]<nowiki/>ը:


=== Տօնակատարութիւնը ===
=== Տօնակատարութիւնը ===
Նաւասարդեան օրերը հայերը կը տօնէին առանձին շուքով, որ կը համարուէր ամենահանդիսաւոր եւ ուրախալի տօնը։
Նաւասարդեան օրերը հայերը կը տօնէին առանձին շուքով, որ կը համարուէր ամենահանդիսաւոր եւ ուրախալի տօնը:


Նոր տարին կը սկսէր 1 Նաւասարդէն ([[Օգոստոս (արեւմտահայերէն)|Օգոստոս]]) էն եւ կը տեւէր մէկ շաբաթ։
Նոր տարին կը սկսէր 1 Նաւասարդէն ([[Օգոստոս (արեւմտահայերէն)|Օգոստոս]]) էն եւ կը տեւէր մէկ շաբաթ:


Բոլոր հայ ընտանիքները Նաւասարդը կը դիմաւորէին մեծ խրախճանքով։ Այդ օրը իւրայատուկ կերակուրներ եւ ուտելիքներ կը պատրաստէին։ Ճոխ սեղան կը սարքէին եւ ընտանիքի բոլոր անդամները ուրախութեամբ կը դիմաւորէին Նաւասարդը։
Բոլոր հայ ընտանիքները Նաւասարդը կը դիմաւորէին մեծ խրախճանքով: Այդ օրը իւրայատուկ կերակուրներ եւ ուտելիքներ կը պատրաստէին: Ճոխ սեղան կը սարքէին եւ ընտանիքի բոլոր անդամները ուրախութեամբ կը դիմաւորէին Նաւասարդը:


Կար նաեւ տոպրակ կախելու սովորութիւնը։ Երդիքներէն կը կախէին գոյնզգոյն գուլպաներ, այն ակնկալութեամբ, որ անոնց մէջէն՝ Նոր տարուան, նուէրներ կը յայտնուէին։
Կար նաեւ տոպրակ կախելու սովորութիւնը: Երդիքներէն կը կախէին գոյնզգոյն գուլպաներ, այն ակնկալութեամբ, որ անոնց մէջէն՝ Նոր տարուան, նուէրներ կը յայտնուէին:


Նաւասարդեան օրերը կը կրէին փաստօրէն ազգային–ժողովրդական բնոյթ։ Կ’իշխէին զուարճութիւնը, տօնահանդէսները, երգն ու պարը։ Կը մեծարէին [[Անահիտ (արեւմտահայերէն)|Անահիտ]] ու [[Աստղիկ (արեւմտահայերէն)|Աստղիկ]] աստուածուհիները, ինչպէս նաեւ [[Վահագն (արեւմտահայերէն)|Վահագն]] դիւցազնը, որոնք ժողովուրդին համար բարի համբաւ ունէին։
Նաւասարդեան օրերը կը կրէին փաստօրէն ազգային–ժողովրդական բնոյթ: Կ’իշխէին զուարճութիւնը, տօնահանդէսները, երգն ու պարը: Կը մեծարէին [[Անահիտ (արեւմտահայերէն)|Անահիտ]] ու [[Աստղիկ (արեւմտահայերէն)|Աստղիկ]] աստուածուհիները, ինչպէս նաեւ [[Վահագն (արեւմտահայերէն)|Վահագն]] դիւցազնը, որոնք ժողովուրդին համար բարի համբաւ ունէին:


==== Տօնակատարութեան Վայրերը ====
==== Տօնակատարութեան Վայրերը ====
[[Պատմական Հայաստան (արեւմտահայաստան)|Պատմական Հայաստանի]] մէջ Նոր տարին կը կրէր համաժողովրդական բնոյթ, որու կը մասնակցէին ազգին բոլոր ներկայացուցիչները։ Այդ տօնը կը նշուէր նախ [[Բագաւան]]ի, ապա Աշտիշատի մէջ։ Այդ շրջաններուն մէջ, տարեմուտին, Նաւասարդ ամսուան սկիզբը մեծ խրախճանքներ ու տօնախմբութիւններ կ’ըլլային։
[[Պատմական Հայաստան (արեւմտահայաստան)|Պատմական Հայաստանի]] մէջ Նոր տարին կը կրէր համաժողովրդական բնոյթ, որու կը մասնակցէին ազգին բոլոր ներկայացուցիչները: Այդ տօնը կը նշուէր նախ [[Բագաւան]]ի, ապա Աշտիշատի մէջ: Այդ շրջաններուն մէջ, տարեմուտին, Նաւասարդ ամսուան սկիզբը մեծ խրախճանքներ ու տօնախմբութիւններ կ’ըլլային:


Հին հայերու մօտ ջուրի եւ գետի նկատմամբ եղած է պաշտամունք։ Նուիրական գետ համարուած է [[Արածանի (արեւմտահայերէն)|Արածանին]]: Անոր նկատմամբ եղած պաշտամունքը կ՚արտայայտուէր նաեւ անով, որ անոր ափին կը գտնուէին հայոց նշանաւոր դիցաւանները` [[Բագաւան]]<nowiki/>ն ու [[Աշտիշատ]]ը:
Հին հայերու մօտ ջուրի եւ գետի նկատմամբ եղած է պաշտամունք: Նուիրական գետ համարուած է [[Արածանի (արեւմտահայերէն)|Արածանին]]: Անոր նկատմամբ եղած պաշտամունքը կ՚արտայայտուէր նաեւ անով, որ անոր ափին կը գտնուէին հայոց նշանաւոր դիցաւանները` [[Բագաւան]]<nowiki/>ն ու [[Աշտիշատ]]ը:


=== Նշման Արարողութիւնը ===
=== Նշման Արարողութիւնը ===
[[Պատկեր:Saryan-001.jpg|մինի|300px|[[Մարտիրոս Սարեան]]]]
[[Պատկեր:Saryan-001.jpg|մինի|300px|[[Մարտիրոս Սարեան]]]]


Նաւասարդի օրերուն Բագաւանը հանդիսաւոր տեսք կը ստանար։ Տօնակատարութեան ներկայ կը գտնուէր թագաւորը իր շքախումբով.կը մասնակցէր նաեւ հայոց բանակը։
Նաւասարդի օրերուն Բագաւանը հանդիսաւոր տեսք կը ստանար: Տօնակատարութեան ներկայ կը գտնուէր թագաւորը իր շքախումբով.կը մասնակցէր նաեւ հայոց բանակը:


Կը պատմեն, որ շուրջ հարիւր քսան հազար զինուորականներ կը մասնակցէին։ Այդ օրը [[Արածանի (արեւմտահայերէն)|Արածանիի]] ափին կարելի էր տեսնել գոյնզգոյն վրաններ, գետափը կը ստանար վրանաքաղաքի տեսք` տարածուելով դաշտերու եւ բլուրներու վրայ։ Վրաններուն մէջ շքեղագոյնը կ’ըլլար ոսկեդիպակ վրանը, որ թագաւորինը կ’ըլլար, ապա աչքի կը զարնէին նախարարներուն վրանները՝ մէկը միւսէն գեղեցիկ։ Ուխտաւորներու բազմութեան մեծ մասը ժամանակը կ’անցնէր ծառերու տակ։ Հին ժամանակ [[Բագրեւանդ]]ը, ինչպէս նաեւ Բագաւանը ծառազարդ եղած են, զորս հետագային կտրատուած են նուաճողներու կողմէ։
Կը պատմեն, որ շուրջ հարիւր քսան հազար զինուորականներ կը մասնակցէին: Այդ օրը [[Արածանի (արեւմտահայերէն)|Արածանիի]] ափին կարելի էր տեսնել գոյնզգոյն վրաններ, գետափը կը ստանար վրանաքաղաքի տեսք` տարածուելով դաշտերու եւ բլուրներու վրայ: Վրաններուն մէջ շքեղագոյնը կ’ըլլար ոսկեդիպակ վրանը, որ թագաւորինը կ’ըլլար, ապա աչքի կը զարնէին նախարարներուն վրանները՝ մէկը միւսէն գեղեցիկ: Ուխտաւորներու բազմութեան մեծ մասը ժամանակը կ’անցնէր ծառերու տակ: Հին ժամանակ [[Բագրեւանդ]]ը, ինչպէս նաեւ Բագաւանը ծառազարդ եղած են, զորս հետագային կտրատուած են նուաճողներու կողմէ:


Ուխտաւորները զոհաբերութեան համար կը բերէին [[խոյ]]<nowiki/>եր, [[աղաւնի]]<nowiki/>ներ, մեծ եղջերաւոր անասուններ, որոնց եղջիւրները կը ներկէին զանազան գոյներով։ Գիշերները խարոյկ կը վառէին, որոնց բոցերուն վրայէն կը ցատկէին երեխաները եւ պատանիները, չար ոգիներէն ձերբազատելու համար։
Ուխտաւորները զոհաբերութեան համար կը բերէին [[խոյ]]<nowiki/>եր, [[աղաւնի]]<nowiki/>ներ, մեծ եղջերաւոր անասուններ, որոնց եղջիւրները կը ներկէին զանազան գոյներով: Գիշերները խարոյկ կը վառէին, որոնց բոցերուն վրայէն կը ցատկէին երեխաները եւ պատանիները, չար ոգիներէն ձերբազատելու համար:


Նաւասարդեան տօնի առթիւ հաւաքուած բազմութիւնը իրեն հետ կը բերէր նաեւ տարուան պտուղներու առաջին բերքը։ Այդ ժամանակ կը կատարուէին հանդիսաւոր արարողութիւններ, տեղի կ’ունենային ձիարշաւներ, եղջերուներու վազք եւ հազարաւոր աղաւնիներ կը թռցնէին։ Նաւասարդի կամ [[Նոր Տարի (արեւմտահայերէն)|Ամանորի]] աստուածը հայ դիցաբանութեան մէջ կը համարուէր պտուղներու պահապանը եւ մարդոց կերակրողը։ Անոր արձանը կը գտնուէր Բագաւանի մէջ, որ, ինչպէս ըսուած է, հեթանոս հայերու նշանաւոր ուխտատեղիներէն մէկն էր։ Այստեղ կառուցուած էր առանձին հիւրանոց մը, ուր պատսպարան կը գտնէին եւ կը կերակրուէին օտարական անցորդներն ու եկուոր ուխտաւորները։
Նաւասարդեան տօնի առթիւ հաւաքուած բազմութիւնը իրեն հետ կը բերէր նաեւ տարուան պտուղներու առաջին բերքը: Այդ ժամանակ կը կատարուէին հանդիսաւոր արարողութիւններ, տեղի կ’ունենային ձիարշաւներ, եղջերուներու վազք եւ հազարաւոր աղաւնիներ կը թռցնէին: Նաւասարդի կամ [[Նոր Տարի (արեւմտահայերէն)|Ամանորի]] աստուածը հայ դիցաբանութեան մէջ կը համարուէր պտուղներու պահապանը եւ մարդոց կերակրողը: Անոր արձանը կը գտնուէր Բագաւանի մէջ, որ, ինչպէս ըսուած է, հեթանոս հայերու նշանաւոր ուխտատեղիներէն մէկն էր: Այստեղ կառուցուած էր առանձին հիւրանոց մը, ուր պատսպարան կը գտնէին եւ կը կերակրուէին օտարական անցորդներն ու եկուոր ուխտաւորները:


[[Նոր Տարի (արեւմտահայերէն)|Ամանոր]]<nowiki/>ը կը կոչուի նաեւ «կաղանդ», որ [[յունարէն]]է փոխ առնուած է ու կը նշանակէ «ամսեգլխու օր», «ամսագլուխ», «ամսամուտ»: [[Ժամանակ (արեւմտահայերէն)|Ժամանակի]] ընթացքին «Ամանոր», «Կաղանդ» եւ «Տարեմուտ» հասկացողութիւնները նոյն իմաստը կը ստանան։
[[Նոր Տարի (արեւմտահայերէն)|Ամանոր]]<nowiki/>ը կը կոչուի նաեւ «կաղանդ», որ [[յունարէն]]է փոխ առնուած է ու կը նշանակէ «ամսեգլխու օր», «ամսագլուխ», «ամսամուտ»: [[Ժամանակ (արեւմտահայերէն)|Ժամանակի]] ընթացքին «Ամանոր», «Կաղանդ» եւ «Տարեմուտ» հասկացողութիւնները նոյն իմաստը կը ստանան:


Նաւասարդեան խրախճանքի օրերուն կ’երգէին ու կը պարէին։ Տեղի կ’ունենային նաեւ մրցումներ, ու մարզիկները կը ցուցադրէին իրենց բազուկի, միտքի ու [[հոգի|հոգիի]] կարողութիւնները։
Նաւասարդեան խրախճանքի օրերուն կ’երգէին ու կը պարէին: Տեղի կ’ունենային նաեւ մրցումներ, ու մարզիկները կը ցուցադրէին իրենց բազուկի, միտքի ու [[հոգի]]ի կարողութիւնները:


Նաւասարդը մեծ հանդէսով տօնելու յիշատակը մնացած է նաեւ [[Արտաշէս Ա․]] թագաւորին վերագրած այն [[Առասպել (արեւմտահայերէն)|առասպել]]<nowiki/>ին մէջ, որ մեզի հասած է [[Գրիգոր Մագիստրոս Պահլավունի|Գրիգոր Մագիստրոսի]] միջոցով`
Նաւասարդը մեծ հանդէսով տօնելու յիշատակը մնացած է նաեւ [[Արտաշէս Ա․]] թագաւորին վերագրած այն [[Առասպել (արեւմտահայերէն)|առասպել]]<nowiki/>ին մէջ, որ մեզի հասած է [[Գրիգոր Մագիստրոս Պահլավունի|Գրիգոր Մագիստրոսի]] միջոցով`
Տող 68. Տող 68.
Ինչպէս օրէնքն էր թագաւորներու:</poem>
Ինչպէս օրէնքն էր թագաւորներու:</poem>


Նաւասարդեան աշխարհախումբ տօնակատարութիւնները, այնուհետեւ կը շարունակուէին Աշտիշատի մէջ։ Այսինքն` Բագրեւանդ գաւառէն կը տեղափոխուէին [[Տարօն]] ([[Մուշ (արեւմտահայերէն)|Մուշ]]), ուր կը գտնուէին Հայոց «եօթը բագինները». ([[հայեր]]ը թիւ եօթն ընդունած են որպէս նուիրական թիւ։ Հեթանոս հայերն ալ նախընտրած էին կառուցել «եօթը բագիններ», այսինքն «եօթը զոհասեղաններ»` նուիրուած [[Արամազդ (արեւմտահայերէն)|Արամազդին]], [[Անահիտ (արեւմտահայերէն)|Անահիտին]], [[Միհր (արեւմտահայերէն)|Միհրին]], [[Նանէ]]ին, [[Աստղիկ (արեւմտահայերէն)|Աստղիկին]], [[Տիր (արեւմտահայերէն)|Տիրին]] եւ [[Վահագն (արեւմտահայերէն)|Վահագնին]] ):
Նաւասարդեան աշխարհախումբ տօնակատարութիւնները, այնուհետեւ կը շարունակուէին Աշտիշատի մէջ: Այսինքն` Բագրեւանդ գաւառէն կը տեղափոխուէին [[Տարօն]] ([[Մուշ (արեւմտահայերէն)|Մուշ]]), ուր կը գտնուէին Հայոց «եօթը բագինները». ([[հայեր]]ը թիւ եօթն ընդունած են որպէս նուիրական թիւ: Հեթանոս հայերն ալ նախընտրած էին կառուցել «եօթը բագիններ», այսինքն «եօթը զոհասեղաններ»` նուիրուած [[Արամազդ (արեւմտահայերէն)|Արամազդին]], [[Անահիտ (արեւմտահայերէն)|Անահիտին]], [[Միհր (արեւմտահայերէն)|Միհրին]], [[Նանէ]]ին, [[Աստղիկ (արեւմտահայերէն)|Աստղիկին]], [[Տիր (արեւմտահայերէն)|Տիրին]] եւ [[Վահագն (արեւմտահայերէն)|Վահագնին]] ):
[[Պատկեր:Saryan-002.jpg|մինի|300px|[[Մարտիրոս Սարեան]]]]
[[Պատկեր:Saryan-002.jpg|մինի|300px|[[Մարտիրոս Սարեան]]]]
Աշտիշատի մէջ եւս մեծ հանդիսաւորութեամբ կը նշուէր Նաւասարդի տօնը: Հայ ժողովուրդը այդ աւանդական տօնին, թէ’ Բագաւանի մէջ, թէ’ Աշտիշատի մէջ իր դիւցազուններուն եւ աստուածներուն պէտք էր հաշուետուութիւն ներկայացնէր անցեալ տարուան համար. Վահագնին` քաջութեան, Անահիտին` արուեստի եւ Աստղիկին` արուեստի, սիրոյ եւ բանաստեղծութեան գործերէն ներս։ Այսպիսով` Վահագնը` անվեհեր էր, Անահիտը` պահպանող, Աստղիկը` պարկեշտ, որոնք ձեւով մը կը մարմնաւորէին հայ ժողովուրդի առաքինութիւնները։
Աշտիշատի մէջ եւս մեծ հանդիսաւորութեամբ կը նշուէր Նաւասարդի տօնը: Հայ ժողովուրդը այդ աւանդական տօնին, թէ’ Բագաւանի մէջ, թէ’ Աշտիշատի մէջ իր դիւցազուններուն եւ աստուածներուն պէտք էր հաշուետուութիւն ներկայացնէր անցեալ տարուան համար. Վահագնին` քաջութեան, Անահիտին` արուեստի եւ Աստղիկին` արուեստի, սիրոյ եւ բանաստեղծութեան գործերէն ներս: Այսպիսով` Վահագնը` անվեհեր էր, Անահիտը` պահպանող, Աստղիկը` պարկեշտ, որոնք ձեւով մը կը մարմնաւորէին հայ ժողովուրդի առաքինութիւնները:


=== Կազմակերպուող խաղերը ===
=== Կազմակերպուող խաղերը ===
Աշտիշատի մէջ,  համանման յունական [[Ողիմպիական խաղեր]]<nowiki/>ուն համանման, կը կազմակերպուէին մրցումներ։ Այստեղ նոյնպէս մարզական խաղերու ժամանակ երիտասարդները կը ցուցադրէին իրենց բազուկի, միտքի եւ հոգիի կարողութիւնները։
Աշտիշատի մէջ,  համանման յունական [[Ողիմպիական խաղեր]]<nowiki/>ուն համանման, կը կազմակերպուէին մրցումներ: Այստեղ նոյնպէս մարզական խաղերու ժամանակ երիտասարդները կը ցուցադրէին իրենց բազուկի, միտքի եւ հոգիի կարողութիւնները:


Մրցոյթներու ընթացքին բանաստեղծը իր յօրինած երգը կ’արտասանէր կամ կ’երգէր, [[Երաժշտութիւն|երաժիշտ]]<nowiki/>ը իր բամբիռը կը նուագէր․ ըմբիշը՝ բազուկներու զօրութիւնը, արհեստաւորը՝ իր պատրաստած ընտիր գործերը, գիւղացին` իր հողի ճոխ բարիքները կը ցուցադրէր։ Յաղթողներուն կը յանձնէին վարդերէ շինուած վառվռուն պսակներ եւ վարդաջուրով կ’օծէին։ [[Աղաւնի]]ներ կ՚արձակէին եւ իրարու վրայ վարդաջուր կը սրսկէին։ Ընդհանրապէս կը զարդարուէին վարդերով։ Այստեղէն ալ յառաջացած է [[Վարդավառ (արեւմտահայերէն)|Վարդավառը]], որ կը նշանակէ վարդերով զարդարուիլ։ Կազմուած է ''վարդ'' եւ ''վառ'' բառերէն։ Վառ բառը տուեալ պարագային կը գործածուի փայլուն, պայծառ իմաստով։ Մեր հեթանոս պապերէն, նաւասարդի օրերէն մեզի հասած [[աւանդոյթ|աւանդութիւն]] է Վարդավառը։ Յատկապէս իրարու վրայ ջուր սրսկելու սովորութիւնը։
Մրցոյթներու ընթացքին բանաստեղծը իր յօրինած երգը կ’արտասանէր կամ կ’երգէր, [[Երաժշտութիւն|երաժիշտ]]<nowiki/>ը իր բամբիռը կը նուագէր․ ըմբիշը՝ բազուկներու զօրութիւնը, արհեստաւորը՝ իր պատրաստած ընտիր գործերը, գիւղացին` իր հողի ճոխ բարիքները կը ցուցադրէր: Յաղթողներուն կը յանձնէին վարդերէ շինուած վառվռուն պսակներ եւ վարդաջուրով կ’օծէին: [[Աղաւնի]]ներ կ՚արձակէին եւ իրարու վրայ վարդաջուր կը սրսկէին: Ընդհանրապէս կը զարդարուէին վարդերով: Այստեղէն ալ յառաջացած է [[Վարդավառ (արեւմտահայերէն)|Վարդավառը]], որ կը նշանակէ վարդերով զարդարուիլ: Կազմուած է ''վարդ'' եւ ''վառ'' բառերէն: Վառ բառը տուեալ պարագային կը գործածուի փայլուն, պայծառ իմաստով: Մեր հեթանոս պապերէն, նաւասարդի օրերէն մեզի հասած [[աւանդոյթ|աւանդութիւն]] է Վարդավառը: Յատկապէս իրարու վրայ ջուր սրսկելու սովորութիւնը:


== Հեթանոսական Տօներու Փոխարինումը Քրիստոնէականով ==
== Հեթանոսական Տօներու Փոխարինումը Քրիստոնէականով ==


Երբ չորրորդ դարու սկիզբը [[Գրիգոր Լուսաւորիչ]] [[Մեծ Հայք (արեւմտահայերէն)|Մեծ Հայքի]] մէջ տարածեց [[քրիստոնէութիւն|քրիստոնէական]] կրօնը, հեթանոսական տօներէն շատերը փոխարինուեցան քրիստոնէականով։ Այսպէս, Վարդավառը, որ Աստղիկի տօնը կը համարուէր, փոխարինուեցաւ [[Յիսուս Քրիստոս]]ի պայծառակերպութեան անունը կրող տօնով։ Այդ տօնն ալ բնականաբար պէտք է յարմարէր Ս.Զատկուան տօնին եւ դառնար շարժական։ Այսինքն` Ս.Զատիկէն իննսուն օր ետք պէտք է նշուէր անիկա, որ չէր համընկնէր հեթանոսական Վարդավառի օրուան հետ։ Այդ պատճառով ալ հեթանոսական շրջանէն մեզի հասած Վարդավառը միշտ չէ, որ Օգոստոսին կը նշուի, երբեմն կը զուգադիպի [[Յուլիս]]ին:
Երբ չորրորդ դարու սկիզբը [[Գրիգոր Լուսաւորիչ]] [[Մեծ Հայք (արեւմտահայերէն)|Մեծ Հայքի]] մէջ տարածեց [[քրիստոնէութիւն|քրիստոնէական]] կրօնը, հեթանոսական տօներէն շատերը փոխարինուեցան քրիստոնէականով: Այսպէս, Վարդավառը, որ Աստղիկի տօնը կը համարուէր, փոխարինուեցաւ [[Յիսուս Քրիստոս]]ի պայծառակերպութեան անունը կրող տօնով: Այդ տօնն ալ բնականաբար պէտք է յարմարէր Ս.Զատկուան տօնին եւ դառնար շարժական: Այսինքն` Ս.Զատիկէն իննսուն օր ետք պէտք է նշուէր անիկա, որ չէր համընկնէր հեթանոսական Վարդավառի օրուան հետ: Այդ պատճառով ալ հեթանոսական շրջանէն մեզի հասած Վարդավառը միշտ չէ, որ Օգոստոսին կը նշուի, երբեմն կը զուգադիպի [[Յուլիս]]ին:
Չորրորդ դարուն քրիստոնէ<nowiki/>[[Քրիստոնէութիւն|ութեան]] մուտքը Հայաստան չէր կրնար վերացնել ժողովուրդին մէջ արմատացած ու դարերով սրբագործուած հեթանոսական շատ աւանդոյթներ, ուստի ժողովրդական կարգ մը տօներ պահպանուեցան, անոնցմէ շատերու որոշ չափով տրուեցաւ նոր բովանդակութիւն։ Ժողովուրդը շարունակեց պահել իր խրախճանքները, [[Թմբուկ (արեւմտահայերէն)|թմբուկ]]<nowiki/>ն ու [[Զուռնայ|զուռնա]]<nowiki/>ն, երգն ու [[Պար (արեւմտահայերէն)|պար]]<nowiki/>ը։ Զոհը փոխարինուեցաւ մատաղով, կրակ վառելը փոխարինուեցաւ մոմ վառելով եւ այլ աւանդոյթներ։
Չորրորդ դարուն քրիստոնէ<nowiki/>[[Քրիստոնէութիւն|ութեան]] մուտքը Հայաստան չէր կրնար վերացնել ժողովուրդին մէջ արմատացած ու դարերով սրբագործուած հեթանոսական շատ աւանդոյթներ, ուստի ժողովրդական կարգ մը տօներ պահպանուեցան, անոնցմէ շատերու որոշ չափով տրուեցաւ նոր բովանդակութիւն: Ժողովուրդը շարունակեց պահել իր խրախճանքները, [[Թմբուկ (արեւմտահայերէն)|թմբուկ]]<nowiki/>ն ու [[Զուռնայ|զուռնա]]<nowiki/>ն, երգն ու [[Պար (արեւմտահայերէն)|պար]]<nowiki/>ը: Զոհը փոխարինուեցաւ մատաղով, կրակ վառելը փոխարինուեցաւ մոմ վառելով եւ այլ աւանդոյթներ:


Այնպէս որ ջուրի հետ կապուած հեթանոսական սովորութիւնը պահպանուեցաւ ժողովուրդին մօտ։ Վարդավառին ամէնուրեք, իրարու վրայ ջուր կը սրսկեն։ Ինչպէս կը տեսնենք Վարդավառի աւանդոյթը ունի շատ հին պատմութիւն եւ կապուած է պատմական Հայաստանի մէջ նշուող նաւասարդեան աշխարհախումբ տօնակատարութեան հետ։
Այնպէս որ ջուրի հետ կապուած հեթանոսական սովորութիւնը պահպանուեցաւ ժողովուրդին մօտ: Վարդավառին ամէնուրեք, իրարու վրայ ջուր կը սրսկեն: Ինչպէս կը տեսնենք Վարդավառի աւանդոյթը ունի շատ հին պատմութիւն եւ կապուած է պատմական Հայաստանի մէջ նշուող նաւասարդեան աշխարհախումբ տօնակատարութեան հետ:


=== Ջուրի Պաշտամունքը ===
=== Ջուրի Պաշտամունքը ===
Ջուրի պաշտամունքին հետ կապուած է այն երեւոյթը, որ շատ աղբիւրներ սրբագործուած եւ դարձած էին ժողովուրդի համար ուխտատեղի։ Հայաստանի մէջ, գրեթէ, բոլոր գաւառները ունեցած են իրենց «կաթնաղբիւրը» կամ «[[Լուսաղբիւր]]»ը։ Այդպէս կը կոչուէին բոլոր այն աղբիւրները, որոնց ջուրը ժողովուրդը համարած է մաքրիչ, առողջացուցիչ եւ զովացուցիչ։ Ժողովուրդը այդ տեղերը դարձուցած էր ուխտատեղի։ Ժողովրդական դիցաբանութեան աւանդութիւնէն մեզի յայտնի է նաեւ այն, որ [[Սասունցի Դաւիթ]] ''Կաթնաղբիւր''էն ջուր խմած եւ հզօրացած է։
Ջուրի պաշտամունքին հետ կապուած է այն երեւոյթը, որ շատ աղբիւրներ սրբագործուած եւ դարձած էին ժողովուրդի համար ուխտատեղի: Հայաստանի մէջ, գրեթէ, բոլոր գաւառները ունեցած են իրենց «կաթնաղբիւրը» կամ «[[Լուսաղբիւր]]»ը: Այդպէս կը կոչուէին բոլոր այն աղբիւրները, որոնց ջուրը ժողովուրդը համարած է մաքրիչ, առողջացուցիչ եւ զովացուցիչ: Ժողովուրդը այդ տեղերը դարձուցած էր ուխտատեղի: Ժողովրդական դիցաբանութեան աւանդութիւնէն մեզի յայտնի է նաեւ այն, որ [[Սասունցի Դաւիթ]] ''Կաթնաղբիւր''էն ջուր խմած եւ հզօրացած է:


Ուխտատեղի դարձած են [[Արեւմտեան Հայաստան]]ի մէջ նաեւ շատ գետեր, որոնցմէ կը յիշուի Արածանին (Բագրեւանդին մէջ), իսկ Կոգովիտ գաւառի մէջ ալ այդպիսին կը համարուէր, Գետ–Վարդանը, որու հետ գեղեցիկ աւանդութիւն մը կապուած է։ Կը պատմեն, որ [[Վարդան Մամիկոնեան]] իր բանակով պարսիկներու դէմ [[Աւարայրի Ճակատամարտ|Աւարայր]]<nowiki/>ի դաշտ երթալու ատեն, անցնելով այս տեղէն, ջուր չի գտներ։ Ամբողջ զօրքը ծարաւէն ուժասպառ եղած, չի կրնար շարունակել ճանապարհը։ Վարդան ծնկաչոք կ’աղօթէ. այդ աղօթքէն աղբիւրներ կը բխին ու կը յագեցնեն զօրքին ծարաւը։ Այդ աղբիւրներն ալ միախառնուելով կը կազմեն գետ մը, որ [[հայեր]]ը Վարդանի անունով կը կոչեն Գետ-Վարդանայ։
Ուխտատեղի դարձած են [[Արեւմտեան Հայաստան]]ի մէջ նաեւ շատ գետեր, որոնցմէ կը յիշուի Արածանին (Բագրեւանդին մէջ), իսկ Կոգովիտ գաւառի մէջ ալ այդպիսին կը համարուէր, Գետ–Վարդանը, որու հետ գեղեցիկ աւանդութիւն մը կապուած է: Կը պատմեն, որ [[Վարդան Մամիկոնեան]] իր բանակով պարսիկներու դէմ [[Աւարայրի Ճակատամարտ|Աւարայր]]<nowiki/>ի դաշտ երթալու ատեն, անցնելով այս տեղէն, ջուր չի գտներ: Ամբողջ զօրքը ծարաւէն ուժասպառ եղած, չի կրնար շարունակել ճանապարհը: Վարդան ծնկաչոք կ’աղօթէ. այդ աղօթքէն աղբիւրներ կը բխին ու կը յագեցնեն զօրքին ծարաւը: Այդ աղբիւրներն ալ միախառնուելով կը կազմեն գետ մը, որ [[հայեր]]ը Վարդանի անունով կը կոչեն Գետ-Վարդանայ:


== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==

02:09, 14 Ապրիլ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Արեւելահայերէն Նաւասարդ, Հայկական տոմարի առաջին ամիսը: Կազմուած է «նաւ» (նոր) եւ «սարդ» (տարի) բառերէն եւ կը նշանակէ «Նոր Տարի»: Նաւասարդ ամիսը ունեցած է 30 օր, սկսած է 11 Օգոստոսին եւ վերջացած՝ 9 Սեպտեմբերին: Հին հայերուն համար 1 Նաւասարդը (11 Օգոստոսը) եղած է ժողովրդական խրախճանքներու տօն:[1]

Տարուան Գաղափարը Եւ Սկիզբը

Տարին ժամանակի սահմանն է, զոր առած է բնութենէն: Ատիկա այն ժամանակաշրջանն է, որու ընթացքին Երկիր մոլորակը կը կատարէ ամբողջական պտոյտ մը Արեւուն շուրջ: Երկրին կատարած շրջապտոյտը հաւասար է 934 միլիոն քմ.-ի, որ կ’անցնի մեծ արագութեամբ, եթէ յիշենք, որ մէկ երկվայրկեանի ընթացքին կ’անցնի 30 քմ:

Տարուան գաղափարը առաջին անգամ ծագած է Հին Արեւելքի մշակութային կենդրոններէն մէկուն` Եգիպտոսի մէջ: Անիկա կապուած է Նեղոս գետի վարարման հետ: Անով պայմանաւորուած էր եգիպտացիներու կեանքը, երկրագործական աշխատանքները: Նեղոսի վարարման սկիզբը կը համընկնէր Սիրիուս աստղի երեւնալուն հետ: Այդ պատճառով ալ աստղին եւ Նեղոսի վարարման միջեւ ինկած ժամանակաշրջանը կը կոչեն տարի:

Հակառակ այն իրողութեան որ «տարի» հասկացողութիւնը ծնած է Հին Եգիպտոսի մէջ, այն ժամանակէն, երբ կը սկսի գոյութիւն ունենալ թուականութիւնը (ժամանակը համրանքը), բայց տարբեր ժողովուրդներ տարբեր ամիսներ համարած են տարուան առաջին ամիսը, եւ տարբեր եղած է անոնց նոր տարին:

Այսպէս, օրինակ, հին պարսիկներու նոր տարին կը սկսէր գարնան օրահաւասարէն եւ կը կոչուէր «վարդի» եւ գինիի» օր: Հետագային անիկա կ’ընդունուի իսլամական աշխարհի կողմէ եւ կը ստանայ «Նովրուզ» անունը, որ այսօր ալ կը նշեն մեծ շուքով:

Ռուսերը նոր տարին կը նշէին 1 Սեպտեմբերին, անգլիացիները` 26 Մարտին, իսկ Ֆրանսայի մէջ անիկա կը զուգադիպէր Զատկուան տօնին:

Հայերու մօտ տարուան առաջին ամիսը Օգոստոսն էր եւ Նաւասարդ կը կոչուէր:

Նման բազմազանութիւնը ժողովուրդներու տնտեսական ու մշակութային փոխյարաբերութիւններուն մէջ դժուարութիւններ կը յառաջացնէր: Ուստի, 16-րդ դարու վերջաւորութենէն սկսեալ՝ (1582)-ին, կ’որոշուի Նոր Տարուան սկիզբը համարել 1 Յունուարը, որ կ’ընդունուի մեր ներկայ օրացոյցի հիմքին մէջ: Տարեգրութեան մէջ, ժամանակի ընթացքին ստեղծուած էին երկու տոմարներ, որոնք կը հիմնուէին աստղաբաշխական հաշիւներու վրայ: Անոնցմէ մէկը կը կոչուէր Հին կամ Յուլեան, միւսը` Նոր կամ Գրիգորեան:

Նոր տոմարը մուծուած է Հռոմի պապին՝ Գրիգոր 13-րդի կողմէ, Յուլեան օրացոյցին փոխարէն: Այդ երկու տոմարներու միջեւ եղած տարբերութիւնը տասներեք օր է:

Այսպիսով, 1 Յունուարը Նոր Տարուան սկիզբը համարելը բնաւ ալ պատմական իրադարձութեան հետ կապ չունի եւ ընդունուած է պայմանականօրէն: Բայց ժամանակի ընթացքին անիկա աւանդոյթի ուժ կը ստանայ: Այդ օրը, որ այսօր մեզի համար այնքան հարազատ ու անփոխարինելի դարձած է, ունի համեմատաբար նոր պատմութիւն:

Թէեւ միջազգային առումով 1 Յունուարը պաշտօնապէս ընդունուած է իբրեւ Նոր տարի, բայց Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը երկիրներու մէջ (Իրանի մէջ, Աֆղանիստանի մէջ, արաբական քանի մը երկիրներու մէջ՝ կը շարունակուին պահպանել իրենց աւանդական նոր տարին:

Նաւասարդի Պատմութիւնը

Նաւասարդ անունը պարթեւ-իրանական ծագում ունի եւ կազմուած է երկու բառերէ` նաւա - նոր եւ սարդ - տարի, այսինքն` Նոր Տարի:

Նաւասարդը ամրան վերջին ամիսն է, «ոսկէ աշնան» նախադուռը: Նաւասարդի օրերուն կը հասնին հայկական հողի ու ջուրի բարիքները` խաղողն ու տանձը, դեղձն ու ձմերուկը:

Տօնակատարութիւնը

Նաւասարդեան օրերը հայերը կը տօնէին առանձին շուքով, որ կը համարուէր ամենահանդիսաւոր եւ ուրախալի տօնը:

Նոր տարին կը սկսէր 1 Նաւասարդէն (Օգոստոս) էն եւ կը տեւէր մէկ շաբաթ:

Բոլոր հայ ընտանիքները Նաւասարդը կը դիմաւորէին մեծ խրախճանքով: Այդ օրը իւրայատուկ կերակուրներ եւ ուտելիքներ կը պատրաստէին: Ճոխ սեղան կը սարքէին եւ ընտանիքի բոլոր անդամները ուրախութեամբ կը դիմաւորէին Նաւասարդը:

Կար նաեւ տոպրակ կախելու սովորութիւնը: Երդիքներէն կը կախէին գոյնզգոյն գուլպաներ, այն ակնկալութեամբ, որ անոնց մէջէն՝ Նոր տարուան, նուէրներ կը յայտնուէին:

Նաւասարդեան օրերը կը կրէին փաստօրէն ազգային–ժողովրդական բնոյթ: Կ’իշխէին զուարճութիւնը, տօնահանդէսները, երգն ու պարը: Կը մեծարէին Անահիտ ու Աստղիկ աստուածուհիները, ինչպէս նաեւ Վահագն դիւցազնը, որոնք ժողովուրդին համար բարի համբաւ ունէին:

Տօնակատարութեան Վայրերը

Պատմական Հայաստանի մէջ Նոր տարին կը կրէր համաժողովրդական բնոյթ, որու կը մասնակցէին ազգին բոլոր ներկայացուցիչները: Այդ տօնը կը նշուէր նախ Բագաւանի, ապա Աշտիշատի մէջ: Այդ շրջաններուն մէջ, տարեմուտին, Նաւասարդ ամսուան սկիզբը մեծ խրախճանքներ ու տօնախմբութիւններ կ’ըլլային:

Հին հայերու մօտ ջուրի եւ գետի նկատմամբ եղած է պաշտամունք: Նուիրական գետ համարուած է Արածանին: Անոր նկատմամբ եղած պաշտամունքը կ՚արտայայտուէր նաեւ անով, որ անոր ափին կը գտնուէին հայոց նշանաւոր դիցաւանները` Բագաւանն ու Աշտիշատը:

Նշման Արարողութիւնը

Պատկեր:Saryan-001.jpg
Մարտիրոս Սարեան

Նաւասարդի օրերուն Բագաւանը հանդիսաւոր տեսք կը ստանար: Տօնակատարութեան ներկայ կը գտնուէր թագաւորը իր շքախումբով.կը մասնակցէր նաեւ հայոց բանակը:

Կը պատմեն, որ շուրջ հարիւր քսան հազար զինուորականներ կը մասնակցէին: Այդ օրը Արածանիի ափին կարելի էր տեսնել գոյնզգոյն վրաններ, գետափը կը ստանար վրանաքաղաքի տեսք` տարածուելով դաշտերու եւ բլուրներու վրայ: Վրաններուն մէջ շքեղագոյնը կ’ըլլար ոսկեդիպակ վրանը, որ թագաւորինը կ’ըլլար, ապա աչքի կը զարնէին նախարարներուն վրանները՝ մէկը միւսէն գեղեցիկ: Ուխտաւորներու բազմութեան մեծ մասը ժամանակը կ’անցնէր ծառերու տակ: Հին ժամանակ Բագրեւանդը, ինչպէս նաեւ Բագաւանը ծառազարդ եղած են, զորս հետագային կտրատուած են նուաճողներու կողմէ:

Ուխտաւորները զոհաբերութեան համար կը բերէին խոյեր, աղաւնիներ, մեծ եղջերաւոր անասուններ, որոնց եղջիւրները կը ներկէին զանազան գոյներով: Գիշերները խարոյկ կը վառէին, որոնց բոցերուն վրայէն կը ցատկէին երեխաները եւ պատանիները, չար ոգիներէն ձերբազատելու համար:

Նաւասարդեան տօնի առթիւ հաւաքուած բազմութիւնը իրեն հետ կը բերէր նաեւ տարուան պտուղներու առաջին բերքը: Այդ ժամանակ կը կատարուէին հանդիսաւոր արարողութիւններ, տեղի կ’ունենային ձիարշաւներ, եղջերուներու վազք եւ հազարաւոր աղաւնիներ կը թռցնէին: Նաւասարդի կամ Ամանորի աստուածը հայ դիցաբանութեան մէջ կը համարուէր պտուղներու պահապանը եւ մարդոց կերակրողը: Անոր արձանը կը գտնուէր Բագաւանի մէջ, որ, ինչպէս ըսուած է, հեթանոս հայերու նշանաւոր ուխտատեղիներէն մէկն էր: Այստեղ կառուցուած էր առանձին հիւրանոց մը, ուր պատսպարան կը գտնէին եւ կը կերակրուէին օտարական անցորդներն ու եկուոր ուխտաւորները:

Ամանորը կը կոչուի նաեւ «կաղանդ», որ յունարէնէ փոխ առնուած է ու կը նշանակէ «ամսեգլխու օր», «ամսագլուխ», «ամսամուտ»: Ժամանակի ընթացքին «Ամանոր», «Կաղանդ» եւ «Տարեմուտ» հասկացողութիւնները նոյն իմաստը կը ստանան:

Նաւասարդեան խրախճանքի օրերուն կ’երգէին ու կը պարէին: Տեղի կ’ունենային նաեւ մրցումներ, ու մարզիկները կը ցուցադրէին իրենց բազուկի, միտքի ու հոգիի կարողութիւնները:

Նաւասարդը մեծ հանդէսով տօնելու յիշատակը մնացած է նաեւ Արտաշէս Ա․ թագաւորին վերագրած այն առասպելին մէջ, որ մեզի հասած է Գրիգոր Մագիստրոսի միջոցով`

Ո՞վ կու տայ ինծի ծխանի ծուխը
Եւ առաւօտը նաւասարդեան,
Եղնիկներու վազելը եւ եղջերուներու վարգելը,
Մենք փող կը փչէինք եւ թմբուկ կը զարնէինք...
Ինչպէս օրէնքն էր թագաւորներու:

Նաւասարդեան աշխարհախումբ տօնակատարութիւնները, այնուհետեւ կը շարունակուէին Աշտիշատի մէջ: Այսինքն` Բագրեւանդ գաւառէն կը տեղափոխուէին Տարօն (Մուշ), ուր կը գտնուէին Հայոց «եօթը բագինները». (հայերը թիւ եօթն ընդունած են որպէս նուիրական թիւ: Հեթանոս հայերն ալ նախընտրած էին կառուցել «եօթը բագիններ», այսինքն «եօթը զոհասեղաններ»` նուիրուած Արամազդին, Անահիտին, Միհրին, Նանէին, Աստղիկին, Տիրին եւ Վահագնին ):

Պատկեր:Saryan-002.jpg
Մարտիրոս Սարեան

Աշտիշատի մէջ եւս մեծ հանդիսաւորութեամբ կը նշուէր Նաւասարդի տօնը: Հայ ժողովուրդը այդ աւանդական տօնին, թէ’ Բագաւանի մէջ, թէ’ Աշտիշատի մէջ իր դիւցազուններուն եւ աստուածներուն պէտք էր հաշուետուութիւն ներկայացնէր անցեալ տարուան համար. Վահագնին` քաջութեան, Անահիտին` արուեստի եւ Աստղիկին` արուեստի, սիրոյ եւ բանաստեղծութեան գործերէն ներս: Այսպիսով` Վահագնը` անվեհեր էր, Անահիտը` պահպանող, Աստղիկը` պարկեշտ, որոնք ձեւով մը կը մարմնաւորէին հայ ժողովուրդի առաքինութիւնները:

Կազմակերպուող խաղերը

Աշտիշատի մէջ,  համանման յունական Ողիմպիական խաղերուն համանման, կը կազմակերպուէին մրցումներ: Այստեղ նոյնպէս մարզական խաղերու ժամանակ երիտասարդները կը ցուցադրէին իրենց բազուկի, միտքի եւ հոգիի կարողութիւնները:

Մրցոյթներու ընթացքին բանաստեղծը իր յօրինած երգը կ’արտասանէր կամ կ’երգէր, երաժիշտը իր բամբիռը կը նուագէր․ ըմբիշը՝ բազուկներու զօրութիւնը, արհեստաւորը՝ իր պատրաստած ընտիր գործերը, գիւղացին` իր հողի ճոխ բարիքները կը ցուցադրէր: Յաղթողներուն կը յանձնէին վարդերէ շինուած վառվռուն պսակներ եւ վարդաջուրով կ’օծէին: Աղաւնիներ կ՚արձակէին եւ իրարու վրայ վարդաջուր կը սրսկէին: Ընդհանրապէս կը զարդարուէին վարդերով: Այստեղէն ալ յառաջացած է Վարդավառը, որ կը նշանակէ վարդերով զարդարուիլ: Կազմուած է վարդ եւ վառ բառերէն: Վառ բառը տուեալ պարագային կը գործածուի փայլուն, պայծառ իմաստով: Մեր հեթանոս պապերէն, նաւասարդի օրերէն մեզի հասած աւանդութիւն է Վարդավառը: Յատկապէս իրարու վրայ ջուր սրսկելու սովորութիւնը:

Հեթանոսական Տօներու Փոխարինումը Քրիստոնէականով

Երբ չորրորդ դարու սկիզբը Գրիգոր Լուսաւորիչ Մեծ Հայքի մէջ տարածեց քրիստոնէական կրօնը, հեթանոսական տօներէն շատերը փոխարինուեցան քրիստոնէականով: Այսպէս, Վարդավառը, որ Աստղիկի տօնը կը համարուէր, փոխարինուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան անունը կրող տօնով: Այդ տօնն ալ բնականաբար պէտք է յարմարէր Ս.Զատկուան տօնին եւ դառնար շարժական: Այսինքն` Ս.Զատիկէն իննսուն օր ետք պէտք է նշուէր անիկա, որ չէր համընկնէր հեթանոսական Վարդավառի օրուան հետ: Այդ պատճառով ալ հեթանոսական շրջանէն մեզի հասած Վարդավառը միշտ չէ, որ Օգոստոսին կը նշուի, երբեմն կը զուգադիպի Յուլիսին: Չորրորդ դարուն քրիստոնէութեան մուտքը Հայաստան չէր կրնար վերացնել ժողովուրդին մէջ արմատացած ու դարերով սրբագործուած հեթանոսական շատ աւանդոյթներ, ուստի ժողովրդական կարգ մը տօներ պահպանուեցան, անոնցմէ շատերու որոշ չափով տրուեցաւ նոր բովանդակութիւն: Ժողովուրդը շարունակեց պահել իր խրախճանքները, թմբուկն ու զուռնան, երգն ու պարը: Զոհը փոխարինուեցաւ մատաղով, կրակ վառելը փոխարինուեցաւ մոմ վառելով եւ այլ աւանդոյթներ:

Այնպէս որ ջուրի հետ կապուած հեթանոսական սովորութիւնը պահպանուեցաւ ժողովուրդին մօտ: Վարդավառին ամէնուրեք, իրարու վրայ ջուր կը սրսկեն: Ինչպէս կը տեսնենք Վարդավառի աւանդոյթը ունի շատ հին պատմութիւն եւ կապուած է պատմական Հայաստանի մէջ նշուող նաւասարդեան աշխարհախումբ տօնակատարութեան հետ:

Ջուրի Պաշտամունքը

Ջուրի պաշտամունքին հետ կապուած է այն երեւոյթը, որ շատ աղբիւրներ սրբագործուած եւ դարձած էին ժողովուրդի համար ուխտատեղի: Հայաստանի մէջ, գրեթէ, բոլոր գաւառները ունեցած են իրենց «կաթնաղբիւրը» կամ «Լուսաղբիւր»ը: Այդպէս կը կոչուէին բոլոր այն աղբիւրները, որոնց ջուրը ժողովուրդը համարած է մաքրիչ, առողջացուցիչ եւ զովացուցիչ: Ժողովուրդը այդ տեղերը դարձուցած էր ուխտատեղի: Ժողովրդական դիցաբանութեան աւանդութիւնէն մեզի յայտնի է նաեւ այն, որ Սասունցի Դաւիթ Կաթնաղբիւրէն ջուր խմած եւ հզօրացած է:

Ուխտատեղի դարձած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ նաեւ շատ գետեր, որոնցմէ կը յիշուի Արածանին (Բագրեւանդին մէջ), իսկ Կոգովիտ գաւառի մէջ ալ այդպիսին կը համարուէր, Գետ–Վարդանը, որու հետ գեղեցիկ աւանդութիւն մը կապուած է: Կը պատմեն, որ Վարդան Մամիկոնեան իր բանակով պարսիկներու դէմ Աւարայրի դաշտ երթալու ատեն, անցնելով այս տեղէն, ջուր չի գտներ: Ամբողջ զօրքը ծարաւէն ուժասպառ եղած, չի կրնար շարունակել ճանապարհը: Վարդան ծնկաչոք կ’աղօթէ. այդ աղօթքէն աղբիւրներ կը բխին ու կը յագեցնեն զօրքին ծարաւը: Այդ աղբիւրներն ալ միախառնուելով կը կազմեն գետ մը, որ հայերը Վարդանի անունով կը կոչեն Գետ-Վարդանայ:

Ծանօթագրութիւններ

  1. Խաչատրեան Հայկ (2003)։ Հայոց Հնօրեայ Զուարճախօսները։ Երեւան: «Ամարաս»։ էջ 118 

Կաղապար:Օրվա հոդված նախագծի մասնակից