«Հովանոց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 1. Տող 1.


{{ԱՀ}}
{{ԱՀ}}
[[Պատկեր:Gustave Caillebotte - Jour de pluie à Paris.jpg|180px|մինի|աջից|Կուսդաւ Քայպոթ, անձրեւի տակ Փարիզի թաղերուն մէջ]]
[[Պատկեր:Gustave Caillebotte - Jour de pluie à Paris.jpg|180px|մինի|աջից|Կուսթաւ Քայպոթ, անձրեւի տակ Փարիզի թաղերուն մէջ]]
'''Հովանոց'''ը տարածուած իր մըն է որ կը ծառայէ պաշտպանուելու անձրեւին դէմ: Անոր գործածութիւնը կրնայ տարբերիլ եւ ան կրնայ օգտագործուիլ արեւու ճառագայթներուն դէմ: Տեղի ունի նաեւ հովանոցի ուրիշ տարբերակներ, ինչպէս արեւանոցը կամ հովանոցակը, սակայն անոնց կտորը կը սահմանէ իրենց գործածութիւնը միայն արեւուն դէմ:
'''Հովանոց'''ը տարածուած իր մըն է որ կը ծառայէ պաշտպանուելու անձրեւին դէմ: Անոր գործածութիւնը կրնայ տարբերիլ եւ ան կրնայ օգտագործուիլ արեւու ճառագայթներուն դէմ: Տեղի ունի նաեւ հովանոցի ուրիշ տարբերակներ, ինչպէս արեւանոցը կամ հովանոցակը, սակայն անոնց կտորը կը սահմանէ իրենց գործածութիւնը միայն արեւուն դէմ:



15:23, 21 Օգոստոս 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կուսթաւ Քայպոթ, անձրեւի տակ Փարիզի թաղերուն մէջ

Հովանոցը տարածուած իր մըն է որ կը ծառայէ պաշտպանուելու անձրեւին դէմ: Անոր գործածութիւնը կրնայ տարբերիլ եւ ան կրնայ օգտագործուիլ արեւու ճառագայթներուն դէմ: Տեղի ունի նաեւ հովանոցի ուրիշ տարբերակներ, ինչպէս արեւանոցը կամ հովանոցակը, սակայն անոնց կտորը կը սահմանէ իրենց գործածութիւնը միայն արեւուն դէմ:

Կառոյց

Հովանոցը կրնայ տարբերիլ չափով եւ ձեւով բայց անոր շինութիւնը միեւնոյնը կը մնայ՝ ան բաղկացած է փայտէ գաւազանէ մը եւ կմախքէ մը, որ հաստատ կը պահէ անջրանցիկ կտորը: Կեդրոնի փայտը ունի ընդհանրապէս իր ծայրին կոթ մը դիւրացնելու համար անոր բռնելու ձեւը: Իա. դարուն, հովանոցները կը նկատուին իբրեւ առօրեայ գործածուող իրեր, սակայն իրենց որակի պատճառով անոնք կրնան շատ արագ կտրուիլ, եւ քանի մը օրէ աւելի չդիմանալ: Այսպիսով, ուսումնասիրութիւն մը նշմարած է, թէ տասը միլիոնէն աւելի հովանոց աղբ թափուած են Ֆրանսայի մէջ մէկ տարուան ընթացքին:

Պատմութիւն

Հովանոցի գաղափարին ամէնէն հին յղումը Չինաստանի կայսրութեան տակ գտնուած է: Գրական աղբիւր մը կը հաստատէ, թէ Ուանկ Մանկ կայսրը՝ Կզին գերդաստանի հիմնադիրը, յօրինած է առաջին դարու ծալլուող հովանոց-արեւանոց մը, կառքի մը վրայ հաստատուած, որ կ'օգտագործուի կրօնական արարողութեան ատեն.[1].


Միջնադարուն, Եւրոպայի մէջ հովանոցի փոխարէն կը գործածուէր «անձրեւու շուրջառ»-ը, մուշտակապատ լայն վերարկու մը, որ բաղկացած է անջրանցիկ կտաւէ մը: [2].

Առաջին ծալլուող հովանոցը ստեղծուած է Փարիզի մէջ 1705-ին կամ 1710 -ին ժան Մարիւս վաճառականին կողմէ, «Կտրուող հովանոց» անունով, զոր կարելի էր ծալլել եւ տուփիկի մը մէջ դնել: 1759-ին ֆրանսացի գիտնական մը «Նավար» անունով կ՛երեւակայէ հովանոց-գաւզանը, ուր գաւազանը կը գործածուի իբրեւ պայուսակիկ: Այդ ձեւի հովանոցը կը դառնայ Իա, դարու նորոյթի մեղսակից մը Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան ատեն:

Հովանոց-ը մինչեւ այսօր կը շարունակուի բարելաւուիլ: 1852-ին, Սամուէլ Ֆոքս կը յօրինէ զանգակաձեւ հովանոցը, որ աւելի տոկուն կը դարձնէ զայն: Գերմանացի Հանս Հոբդ1930-ին, կը ստեղծէ պզտիկ հովանոց-ը զոր կարելի է զետեղել պայուսակին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

  1. ouvrage|langue=en|auteur=Joseph Needham|titre=Science and Civilisation in China|éditeur=Cambridge University Press|date=1965|passage=71|isbn=|lire en ligne=
  2. ouvrage|auteur=P. L. Jacob|titre=Mœurs, usages et costumes au Moyen âge et à l'époque de la Renaissance|éditeur=Firmin Didot frères, fils et cie|date=1878|passage=576|isbn=|lire en ligne=