«Հին Ռուսիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

No edit summary
Չ Զաւէն Մարտիրոսեան տեղափոխեց էջը «Ռուսիա (արեւմտահայերէն)»-ից «Հին Ռուսիա (արեւմտահայերէն)»
(Տարբերութիւն չկայ)

14:19, 24 Մարտ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Արեւելահայերէն Կաղապար:Տեղեկաքարտ Երկիր

Ռուսիան 10-րդ դարուն

Ռուսիա[1] (ռուսերէն՝ Русь), սկիզբը արեւելեան սլաւորներու հողերու եւ Հին Ռուսիոյ պետութեան պատմական անուանումը։ Հին ժամանակներէն սկսած՝ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ կը բնակէին սլաւոնական բազմաթիւ ցեղեր։ Անոնք թերեւս կ՛ապրէին նախնադարեան հասարակութեան պայմաններուն մէջ։ 6-8 դարերուն արեւելեան սլաւորներու քով ձեւաւորեցին ցեղային միութիւններ։ Դնեպր գետի միջին հոսանքի շրջանին մէջ՝ Կիեւի քով՝ կ՛ապրէին պոլեանները։ Հայտնի էին նաեւ Կրիվիչներիւ, Դրեւլեաներու, Վյատիչներու Սեւերեաններու ցեղային միութիւնները։ Անոնցմէ ամենազարգացածը պոլեաններն էին։ Վերջերը զբաղած տարածքը կ՛անուանէին ռուս՝ Դնեպրի վտակ Ռոս գետի անունէն։ Այստեղէն ալ կ՛առաջանայ Ռուսիա անուանումը։ Ցեղային միութեան գլուխ կանգնած էին ռազմական առաջնորդները՝ իշխանները (ռուս.՝ կնյազ)։ Անոնք ունէին իրենց զինուած խումբերը, որոնք կը կոչուէին դրուժինա։ Պատերազմի դեպքին հաւաքագրիւին նաեւ աշխարհազոր էր։ Առաջին անգամ կ՛օգտագործուի որպէս պետութեան անուանում 911 թուականի ռուս-բիւզանդական պայմանագրի բնագրին մէջ, աւելի ուշ տեղեկութիւնները գործ ունին ռուս ցեղի մասին։ Ըստ «Տարիներու ժամանակներու վէպ» (ռուսերէն՝ «Повесть временных лет») տարեգրութեան, որ գրուած է 11-12-րդ դարերուն, անուանումը առաջացած է վարյագ «ռուս» ցեղէն, որուն զինագունդը պաշտպանութեան համար կը կանչեն 862 թուականին Մեծ Նովգորոդի սլաւոնները։

Այցելէք նաեւ

Աղբիւրներ

  1. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 53։ ISBN 99941-56-03-9 

Կաղապար:Վիքիպահեստ կատեգորիա