«Գէորգ Կառվարենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

→‎top: Կառվարենցը բանաստեղծ էր, ո՛չ թէ երաժիշտ։ Ճշդուած է Յունաստանէն մեկնումին յաջորդող տարիներու ժամանակագրութիւնը։
Չ 11 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
(Տարբերութիւն չկայ)

14:49, 7 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:Անաղբյուր Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Գէորգ Կառվարենց (Արապաճեան, 18 Մայիս 1892, Կ.Պոլիս - 5 Սեպտեմբեր 1946, Միլան), բանաստեղծ։

Կենսագրութիւն

Նախնական կրթութիւնը ստացած՝ Զմիւռնիոյ Վիենն. Մխիթարեաններուն մօտ, ապա՝ Պարտիզակի ամերիկեան քոլէճին մէջ՝ որուն ընթացքը աւարտած է 1908-ին։

Մինչեւ առաջին աշխարհամարտ (1914) ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Էնկիւրիի հայկական վարժարաններուն, ապա Սկիւտարի Սեմերճեան նախակրթականին մէջ։ Պատերազմի տարիներուն կ'ենթարկուի բանտի եւ աքսորի դառնութիւններուն, ու զինադադարէն ետք մաս կը կազմէ «Ճակատամարտ»ի խմբագրութեան:

Իզմիրի աղէտէն ետք, 1922ին կ'անցնի Յունաստան, ուր մինչեւ 1942 թուականը ուսուցչական պաշտօն կը ստանձնէ զանազան քաղաքներու մէջ:

Երկրորդ աշխարհամարտին անստոյգ օրերուն, 1942ին Աւստրիոյ ճանապարհով Իտալիա անցած է, նախ՝ Վենետիկ, իսկ 1943ին՝ Միլան, ուր սրտի կաթուածի հետեւանքով յանկարծամահ եղած է 1946ի Սեպտեմբերին: Մարմինը ամփոփուած է Ս. Ղազարի գերեզմանատան մէջ:

Ստեղծագործութիւններ

Բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը հրատարակած է 1913ին՝ «Ծովեր» անունով։ 1921ին՝ «Գերեզմանի Ծաղիկներ», ու 1931ին՝ «Տաւիղ Եւոլեան» հատորները։ Մահէն երեսունեւմէկ տարի ետք (1977), իր զաւկին՝ յայտնի երաժշտագէտ-երգահան Ժորժ Կառվարենցի նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցան իր անտիպները, «Բանաստեղծութիւն» անունին տակ։

Քերթողական իր էջերը երաժշտական եւ հնչական բծախնդրութիւններով կը յատկանշուին։ Երաժշտական ձիրքերով օժտուած արուեստագէտ մըն էր նաե՛ւ ինք։ Ձայնական ներդաշնակութեան շեշտուած փոյթով՝ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ կշռոյթին, չափին ու յանգին հաւատարիմ մնացած է աւելի, քան հաղորդակցութեան պահանջներուն եւ իմաստի պայծառութեան։

1930ական թուականներուն՝ Աթէնքի մէջ՝ Անտոն Կազէլի, Գաբրիէլ Լազեանի եւ բանաստեղծ Վազգէն Եսայեանի հետ խմբագրած է «Արեւագալ» գրական պարբերաթերթը։


Կատեգորիա:1892 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:18 Մայիսի ծնածներ Կատեգորիա:1946 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:5 Սեպտեմբերի մահացածներ