«Գէորգ Կառվարենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 43. Տող 43.
Քերթողական իր էջերը երաժշտական եւ հնչական բծախնդրութիւններով կը յատկանշուին։ Երաժշտական ձիրքերով օժտուած արուեստագէտ մըն էր նաե՛ւ ինք։ Ձայնական ներդաշնակութեան շեշտուած փոյթով՝ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ կշռոյթին, չափին ու յանգին հաւատարիմ մնացած է աւելի, քան հաղորդակցութեան պահանջներուն եւ իմաստի պայծառութեան։

1930ական թուականներուն՝ [[Աթէնք]]ի մէջ՝ Անտոն Կազէլի, Գաբրիէլ Լազեանի եւ բանաստեղծ Վազգէն Եսայեանի հետ խմբագրած է «Արեւագալ» գրական պարբերաթերթը։
1930ական թուականներուն՝ [[Աթէնք]]ի մէջ՝ Անտոն Կազէլի, Գաբրիէլ Լազեանի եւ բանաստեղծ [[Վազգէն Եսայեան]]ի հետ խմբագրած է «Արեւագալ» գրական պարբերաթերթը։

{{DEFAULTSORT:Կառվարենց, Գէորգ}}
{{DEFAULTSORT:Կառվարենց, Գէորգ}}

16:03, 8 Հոկտեմբեր 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:Անաղբյուր Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Գէորգ Կառվարենց (Արապաճեան, 18 Մայիս 1892, Կ.Պոլիս - 5 Սեպտեմբեր 1946) երաժշտահան

Կենսագրութիւն

Նախնական կրթութիւնը ստացած՝ Զմիւռնիոյ Վիենն. Մխիթարեաններուն մօտ, ապա՝ Պարտիզակի ամերիկեան քոլէճին մէջ՝ որուն ընթացքը աւարտած է 1908-ին։

Մինչեւ առաջին աշխարհամարտ (1914) ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Էնկիւրիի հայկական վարժարաններուն, ապա Սկիւտարի Սեմերճեան նախակրթականին մէջ։ Պատերազմի տարիներուն կ'ենթարկուի բանտի եւ աքսորի դառնութիւններուն, ու զինադադարէն ետք մաս կը կազմէ «Ճակատամարտ»ի անգլերէն բաժնի խըմբագրութեան:

Իզմիրի աղէտէն ետք, 1922ին կ'անցնի Յունաստան, ուր մինչեւ 1943 թուականը ուսուցչական պաշտօն կը ստանձնէ զանազան քաղաքներու մէջ:

Երկրորդ աշխարհամարտին անստոյգ օրերուն կ'անցնի Աւստրիա, ապա Միլանոյ (Իտալիա)՝ ուր սրտի կաթուածի հետեւանքով յանկարծամահ եղաւ 1946ի սեպտեմբերին: Մարմինը ամփոփուած է Ս. Ղազարի գերեզմանատան մէջ:

Ստեղծագործութիւններ

Բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը հրատարակած է 1913ին՝ «Ծովեր» անունով։ 1921ին՝ «Գերեզմանի Ծաղիկներ», ու 1931ին՝ «Տաւիղ Եւոլեան» հատորները։ Մահէն երեսունեւմէկ տարի ետք (1977), իր զաւկին՝ յայտնի երաժշտագէտ-երգահան Ժորժ Կառվարենցի նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցան իր անտիպները, «Բանաստեղծութիւն» անունին տակ։

Քերթողական իր էջերը երաժշտական եւ հնչական բծախնդրութիւններով կը յատկանշուին։ Երաժշտական ձիրքերով օժտուած արուեստագէտ մըն էր նաե՛ւ ինք։ Ձայնական ներդաշնակութեան շեշտուած փոյթով՝ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ կշռոյթին, չափին ու յանգին հաւատարիմ մնացած է աւելի, քան հաղորդակցութեան պահանջներուն եւ իմաստի պայծառութեան։

1930ական թուականներուն՝ Աթէնքի մէջ՝ Անտոն Կազէլի, Գաբրիէլ Լազեանի եւ բանաստեղծ Վազգէն Եսայեանի հետ խմբագրած է «Արեւագալ» գրական պարբերաթերթը։

Կատեգորիա:1892 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:18 Մայիսի ծնածներ Կատեգորիա:1946 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:5 Սեպտեմբերի մահացածներ