«Կանաչ (գոյն)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Բնութեան Մէջ: կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ր , մ → ր, մ (2) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 43. Տող 43.
==Բնութեան Մէջ==
==Բնութեան Մէջ==
Կանաչ գոյնը հիմնական է բնութեան մէջ՝ կանաչ են խոտը, ծառերու սաղարթները: Բոյսերուն կանաչ գոյն կուտայ անոնց կառուցուածքին մէջը եղած [[քլորոֆիլ]] նիւթը:
Կանաչ գոյնը հիմնական է բնութեան մէջ՝ կանաչ են խոտը, ծառերու սաղարթները: Բոյսերուն կանաչ գոյն կուտայ անոնց կառուցուածքին մէջը եղած [[քլորոֆիլ]] նիւթը:
Կանաչ գոյնի կենդանիներ նոյնպէս շատ կը հանդիպին՝ գորտեր, օձեր , մողէսներ , թռչուններ եւ միջատներ: Կենդանիներէն շատեր ատիկա կ՛օգտագործին կանաչ սաղարթներու եւ խոտերու մէջ զինքը քողարկելու համար: Բնութեան մէջ կանաչ ծաղիկներ չեն հանդիպիլ, քանի որ ծաղիկներու համար վառ գոյներ ունենալը կարեւոր է՝ փոշոտելու համար մեղուները գրաւելու:
Կանաչ գոյնի կենդանիներ նոյնպէս շատ կը հանդիպին՝ գորտեր, օձեր, մողէսներ, թռչուններ եւ միջատներ: Կենդանիներէն շատեր ատիկա կ՛օգտագործին կանաչ սաղարթներու եւ խոտերու մէջ զինքը քողարկելու համար: Բնութեան մէջ կանաչ ծաղիկներ չեն հանդիպիլ, քանի որ ծաղիկներու համար վառ գոյներ ունենալը կարեւոր է՝ փոշոտելու համար մեղուները գրաւելու:


<gallery mode="packed" heights="100px">
<gallery mode="packed" heights="100px">

19:53, 11 Մարտ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կանաչին երանգները
Պատկեր:Euronews HQ ©euronews photo Stéphane Audras 2015.10.15 (169).JPG
Euronews-ի կանաչ մասնաշէնքը Լիոնին մէջ:

Կանաչ (նաեւ՝ կանանչ), լոյսի երեք հիմնական գոյներէն (կարմիր, կանաչ, կապոյտ, անգլերէն՝ RGB ) մէկն է: Կը գտնուի տէսանելի լոյսին ալիքներու երկարութեան 500÷600 նանոմեդր տիրոյթին մէջ:

  • Կանաչը բուսականութեան գոյնն է, կանաչ է նաեւ զմրուխտը

Ազդեցութիւնը Մարդուն Վրայ

Կանաչը կեանքի ներդաշնակութեան եւ բնութեան գոյն մըն է: Ան մարդուն կու տայ ինքնայարգանքի, կայունութեան, կամքի ոյժի եւ հաստատակամութեան զգացում, նաեւ կը հանդարտեցնէ ջիղերու համակարգը: Ատոր համար է, որ հիւանդանոցին բժիշկները կանաչ զգեստներ կը հագնին: Կանաչ եւ կապոյտ գոյները մարդու կը զգացնեն պաղութեան եւ հանդարտութեան՝ կարմիրին հակառակ։

Գիտնականները փաստած են, որ կանաչ գոյնը ուրախութիւն եւ կյանքի սէր կը պատճառէ, ատոր համար նախընտրելի է կանաչ գոյնը գործողութեան սենեակներու մէջ, նաեւ յայտնի է այն փորձը, որ կատարուեցաւ Լոնտոնի կամուրջներէն մէկին վրայ, որը գիտցուած էր որպէս «անձնասպանութեան կամուրջ», երբ կամուրջի գոյնը մոխրագոյնեն կանաչի փոխելէն ետք զգացուեցաւ ինքնասպանութիւններու քանակի մէծ տարբերութիւն։

Կարծիք կայ նաեւ, որ կանաչ գոյնի ներկած պատերը ախորժակ կը բացեն:

Մեր Շուրջին Կանաչները

Բառակազմութիւն

Կանաչ գոյականէն առաջացած են՝

  • այլ գոյականներ՝
    • կանաչի՝ ուտելի խոտերու տրցակ
      • փոխաբերական իմաստով «կանաչի» կըսեն նաեւ ամերիկեան տոլարներու տրցակը
  • բայեր՝
    • կանաչիլ՝ երբ դաշտերն ու ծառերը գարնանը կը ստանան կանաչ գոյն
    • կանաչապատել՝ երբ բուսականութենէ զուրկ տարածքների մէջ կանաչ խոտաբոյսեր կը ցանեն: Ներկայ ատենը կանաչապատումը կընեն նաեւ արհեստական խոտածածկոյթով

Կանաչին Տեղը Այլ Գոյներուն Մէջ


Իսլամ

  • Կանաչը կը համարուի մուսլիմներու գոյն
  • Կարգ մը իսլամադաւան երկիրներու դրօշակներու գոյներեն մէկն է՝ Ազրպէյճան[2], Լիպիա[3]
  • Կարգ մը երկիրներու դրօշակներու հիմնական գոյնն է՝
  • Սէուտական Արաբիոյ դրօշակը կանաչ պաստառ մըն է, որուն վրայ իսլամի կարգախօսը գրուած է՝ «Չի կայ Աստուած Ալլահէն զատ, Մուհամմէտ Ալլահին մարգարէն է:»
  • Փաքիստանի դրօշակը եւ զինանշանը կանաչ են:


Բնութեան Մէջ

Կանաչ գոյնը հիմնական է բնութեան մէջ՝ կանաչ են խոտը, ծառերու սաղարթները: Բոյսերուն կանաչ գոյն կուտայ անոնց կառուցուածքին մէջը եղած քլորոֆիլ նիւթը: Կանաչ գոյնի կենդանիներ նոյնպէս շատ կը հանդիպին՝ գորտեր, օձեր, մողէսներ, թռչուններ եւ միջատներ: Կենդանիներէն շատեր ատիկա կ՛օգտագործին կանաչ սաղարթներու եւ խոտերու մէջ զինքը քողարկելու համար: Բնութեան մէջ կանաչ ծաղիկներ չեն հանդիպիլ, քանի որ ծաղիկներու համար վառ գոյներ ունենալը կարեւոր է՝ փոշոտելու համար մեղուները գրաւելու:

Մշակոյթին Մէջ

  • Լիպիոյ պէտական դրօշակը յեղափոխութենէն առաջ մուգ կանաչ գոյնի պաստառ մը եղած է, որը կը համարեին ուրախութիւն եւ հաղթութիւն, Լիպիայի առաջնորդ Մուամըր Քատտաֆի գիրք մը ստեղծած էր եւ կոչած էր «Կանաչ գիրք»:
  • Կանաչը կը համարուի էսփերանթո լեզուին գոյնը
  • Կանաչը Իրլանտայի նշանն է։
  • Ճաբոնի մէջ կանաչ գոյնը կը նշանուակէ խաղաղութեան եւ առողջութեան գոյն, ատոր համար շտապ օգնութեան ինքնաշարժները ներկած են կանաչի:
  • Կանաչ գոյնը զինուորականները կօգտագործին քօղարկութեան նպատակով
  • կանաչ գոյնը կը գործածուի լուսանշանների մէջ, որ կը նշանակէ, որ ուղին բաց է: Հոսէն առաջացած է «Կանաչ ճամբայ երթաք» մաղթանքը
  • Միացեալ Թագաւորութեան Համայնքներու Պալատին մէջ նստարանները կանաչ ներկուած են :
  • Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մեջ կանաչը երբեմն կը նշեր մարդուն կարգավիճակը: Միջին դարերէն մինչեւ 19րդ դարը կանաչ գոյնի հագուստ հաճախ կը հագնեին վաճառականները, դրամատուներու տէրերը, քաղաքում բնակուող ազդեցիկ մարդիկ եւ այլք, ովքեր ունեւոր էին, բայց ոչ՝ ազնուական ծագումով:



Կատեգորիա:Գոյներ Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:Արեւմտահայերեն յօդուածներ

  1. Կարմիր, դեղին, կապոյտ (անգլերէն՝ red, yellow, bleu)