«Իսրայէլ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Չ 30 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
(Տարբերութիւն չկայ)

14:32, 7 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Երկիր արւմտ.

Իսրայէլ
Իսրայէլի տեսքը արբանեակէն
Իսրայէլի աշխարհագրական քարտէզը

Իսրայէլ (Կաղապար:Լեզու he), պաշտօնական անուանումը՝ Իսրայէլի պետութիւն (Կաղապար:Լեզու he, Կաղապար:Լեզու ar), պետութիւն Միջին Արեւելքին մէջ՝ Միջերկրական ծովու հարաւ-արեւելքին մէջ։ Հիւսիսէն, սահմանակից է Լիբանանին, արեւելքէն՝ Սուրիոյ եւ Հորդանանին, իսկ հարաւ-արեւմուտքէն՝ Եգիպտոսին։

Անուան Ծագում

«Մերնեփթահի Կոթողը» (Ք.ա. 13րդ դար), որուն վրայ հիէրոկլիֆներով առաջին անգամ գրուած է «Իսրայէլ» անունը:

Ամբողջ երեք հազարամեակի ընթացքին, Իսրայէլ անունը նշանակած է «Իսրայէլի երկիր» (եբրայերէն՝. אֶרֶץ יִשְׂרָאֵל‎, Էրեց-Իսրայէլ), ինչպէս նաեւ ամբողջ հրեայ ժողովուրդը։ Այս անուան աղբիւր կը համարուի Աստուածաշունչը, ըստ որուն Իսահակի որդի՝ Յակոբը կը մենամարտէ Աստուծոյ հրեշտակի հետ եւ կը ստանայ Իսրայէլ անունը. «Բաց արտօնէ զիս, որովհետեւ լոյս ծագեց.», Յակոբը ըսաւ հրեշտակին «Բաց չեմ արտօներ, մինչեւ զիս չօրհնես», հրեշտակը ըսաւ. «ինչ է անունդ», պատասխանեց «Յակոբ է». եւ անոր հետ մենամարտողը ըսաւ. «Այսուհետ քու անունը ոչ թէ Յակոբ, այլ Իսրայէլ պիտի ըլլայ, որովհետեւ դուն մենամարտեցիր Աստոուծոյ հետ, եւ պիտի յաղթես մարդկանց» (Ծննդոց 32։29)։ Կայ տարբերակ, որ այդ անունը ծագած է սարա բայէն, որ կը նշանակէ ղեկավարել, ըլլալ հզոր, ունենալ իշխանութիւն, որ տրուած է երկնքէն, այլ տարբերակով՝ Աստուծոյ սկզբունք, կամ Աստուծոյ մենամարտ։ Ատկէ ետք, հրեայ ժողովուրդը որպէս Յակոբի սերունդ սկսաւ կոչուիլ «Իսրայէլի որդիներ», «Իսրայէլի ժողովուրդ», կամ իսրայէլցիներ։ Առաջին անգամ «Իսրայէլ» բառը յիշատակուած է Մերնեփթաղի կոթողներուն մէջ, հին Եգիպտոսի տարածքին մէջ' (մ.թ.ա. XIII դարուն վերջ), եւ կը վերաբերէր ժողովուրդին, այլ ոչ երկրին։

Ներկայիս պետութիւնը կոչուած է Մէտինաթ Իսրայէլ (Կաղապար:Լեզու he՝ Իսրայէլի Պետութիւն)։ Նախատեսուած են նաեւ այլ անուններ՝ Էղեց Յիսղաէլ (Իսրայէլի Երկիր), Հրեաստան, Սիոն, Հուդաj, սակայն ատոնք մերժուած են[1]։

Անկախութեան առաջին շաբաթուան նորաստեղծ պետութեան կառավարութիւնը երկրի քաղաքացիներուն նշելու համար օգտագործած է «իսրայէլցիներ» եզրը (եբր.՝ ישראלים‎ - «իսրաէլի՛մ»)։ Առաջին անգամ ան պաշտօնապէս յայտարարուած է արտաքին գործերու նախարար Մոշէ Շարետի ելոյթի ժամանակ[2]։

Պատմութիւն

19րդ դար
Հրէաները Արեւմտեան պատի մօտ
Թէոտոր Հերզլը սիոնիզմի հիմնադիրն է

Պետութեան Ձեւաւորում

Իսրայէլի պետութիւնը ստեղծուած է 1948Մայիս 14-ին՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր խորհուրդի 1947Նոյեմբեր 29-ի որոշմամբ, ըստ որուն Մեծ Բրիտանիայի ենթամանդատային Պաղեստինը կը հռչակուէր անկախ եւ անոր տարածքին մէջ, ստեղծուած էին երկու ինքնուրոյն՝ արաբական եւ հրեական պետութիւններ։ Հրեական պետութեան՝ Իսրայէլին, կը յատկացուէր 14 հզ. քքմ2 (Պաղեստինի տարածքի 56%-ը) տարածութիւն՝ խառը բնակչութեամբ։ Երուսաղէմը կը յանձնուէր ՄԱԿ-ի կառավարման։ 1948Մայիսին, Իսրայէլի մէջ ստեղծուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւն, որ կազմուած էր բացառապէս սիոնիստական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն։ Կառավարութեան առաջին իսկ՝ «Անկախութեան հռչակագիրով» սիոնիզմը յայտարարուեցաւ Իսրայէլի պաշտօնական գաղափարախօսութիւն եւ քաղաքականութիւն։

Արաբա-Իսրայէլական Պատերազմներ

1948-1949 թուականներու արաբա-իսրայէլական պատերազմի հետեւանքով Իսրայէլը Պաղեստինի արաբական պետութենէն նուաճեցաւ 6.7 հզ. քքմ2 տարածք, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի արեւմտեան մասը։ Ինչպէս իրեն յատկացուած, նոյնպէս ալ զաւթած տարածքէն, Իսրայէլի կառավարութիւնը արտաքսեց մօտ 1 մլն արաբներու։ 1949-ին Իսրայէլը Եգիպտոսի, Լիբանանի, Յորդանանի եւ Սուրիոյ հետ ստորագրեցաւ զինադադարի ժամանակաւոր համաձայնագիրներ, որոնք սակայն չփոխարինուեցան հաշտութեան պայմանագիրներով։ 1949-ին կայացան խորհրդարանական ընտրութիւններ, գլխաւոր կառավարող կուսակցութիւնը դարձաւ ՄԱՊԱԻ-ն։ 1952-ին ԱՄՆ-ի հետ համաձայնագրով Իսրայէլը փաստօրէն պարտաւորուեցաւ մասնակցիլ ԱՄՆ-ի բոլոր գործողութիւններուն Մերձաւոր Արեւելքին մէջ։
1952-ին Իսրայէլի եւ Գերմանիոյ միջեւ կնքուած պայմանագիրով Իսրայէլը Գերմանիայէն ստացաւ (մինչեւ 1966-ը) 822 մլն տոլլար այսպէս կոչուած ռազմատուգանք եւ 1.7 մլր տոլլար փոխհատուցման մէջ՝ 1939-1945Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին հրեաներուն պատճառած վնասի դիմաց։
1956-ին Իսրայէլը Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի հետ ակրեսիա սանձազերծեցաւ Եգիպտոսի դէմ։ 1957-ին միացաւ Այզենհաուէրի հայեցակարգին եւ 1958-ին աջակցութիւն ցոյց տուաւ Լիբանանի եւ Յորդանանի դէմ անգլա-ամերիկեան ներխուժումին։ 1960-ականներուն խիստ սրւեցին արաբա-իսրայէլական յարաբերութիւնները։ 1967Յունիս 2-ին առաւել հետադէմ եւ ծայրահեղ ուժերու մասնակցութեամբ ստեղծուեցաւ ազգային միասնութեան կառավարութիւն, որ արաբական երկիրներու դէմ պատերազմ սանձազերծելու միջոցով, կը ձգտէր իրագործել «Մեծ Իսրայէլ» ստեղծելու սիոնիստական ծրագիրը։ 1967Յունիս 5-ին Իսրայէլը նոր պատերազմ սկսաւ արաբական երկիրներու (Եգիպտոս, Սուրիա, Յորդանան) դէմ։ 1967 Նոյեմբեր 22-ին Անվտանգութեան խորհուրդը բանաձեւ ընդունեցաւ Մերձաւոր Արեւելքին մէջ, ճգնաժամի քաղաքական կարգաւորման վերաբերեալ։ 1968-ին աջ «ընկերականներու», սիոնիստական կուսակցութիւններու եւ պուրժուական ՌԱՖԻ կուսակցութեան միաւորումէն, ստեղծուեցաւ Իսրայէլի բանուորական կուսակցութիւնը (ՄԱԻ)։ 1969-ին իշխանութեան գլուխ կանգնեց Կոլտայ Մէիրի կառավարութիւնը։ Այդ կառավարութիւնը ձեռնամուխ եղաւ գրաւուած տարածքներու յուրացման ու բնական հարստութիւններու շահագործման։ Իսրայէլի կառավարող շրջաններու քաղաքականութիւնը 1973Հոկտեմբերին հանեցուց, արաբա-իսրայէլական նոր պատերազմի, որուն հետեւանքով Իսրայէլը մարդկային ոյժի եւ տեխնիկայի մեծ կորուստներ կրեց։ Արաբական պետութիւններու աճած մարտունակութիւնն ու Իսրայէլի միջազգային մեկուսացումը Իսրայէլի կառավարութեան ստիպեցին մասնակցիլ (1973Դեկտեմբեր) Ժնեւի հաշտարար համաժողովին։ 1974Յունուարին եւ 1975Սեպտեմբերին Եգիպտոսի, իսկ 1974Մայիսին Սուրիոյ հետ Իսրայէլը կնքեց զորքերու տարանջատման եւ անոնց միջեւ պուֆերային գօտիներ ստեղծելու համաձայնագրեր։
1979-ին Եգիպտոսը՝ առաջին արաբական երկիրն էր, որ խաղաղութեան դաշինք կնքեց Իսրայէլի հետ։ Արդիւնքով, Իսրայէլ Սինայի թերակղզին Եգիպտոսին հետ վերադարձուց։ Յորդանանը եւ Իսրայէլը խաղաղութեան դաշինք կնքեցին 1994 թուականին։ Իսկ 2005-ին Իսրայէլը իր բանակը դուրս բերաւ Կազայի շրջանէն։

Սահմաններ

Իսրայէլի քաղաքական քարտէզը։

Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն Իսրայէլի սահմանները վերջնականապէս յստակեցուած չեն։ Իսրայէլը տարբեր փաստերու արդիւնք է, ինչպէս նաեւ ձեռնպահ կը մնայ իր սահմաններու պաշտօնապէս հստակեցումէն։ Իսրայէլացի որոշ իրաւաբաններ կը համարեն, որ սահմանները ընդհանրապէս պետութեան տարր չեն համարուիր։

Իսրայէլի սահմաններու հստակեցման համար գոյութիւն ունին քանի մը հնարաւոր ձեւեր՝

  • ՄԱԿ ԳԱ 1947. Նոյեմբեր 29-ի թիւ 181/11 որոշումը, որ չէ ճանաչցուած եւ իրականացուած արաբական երկիրներու կողմէն, կը մնայ միայն միջազգային-իրաւական փաստաթուղթ, ուր նշուած է հրեական պետութեան տարածքը։ Այդ փաստաթուղթը կ'ենթադրէր հրեական պետութեան տարածք ընդգրկած Արեւելեան Գալիլիան, Իսրայէլեան դաշտահովիտը, ծովու երկայնքի մեծ մասը եւ Նեկեւ անապատը, իսկ արաբական՝ Արեւմտեան Գալիլիան, Հուդայի սարերը, Սամարիան (բացառութեամբ Երուսաղէմը) եւ Աշդոդի դաշտահովիտը՝ մինչեւ Եգիպտոսի հետ սահման։ Երուսաղէմն ու Բեթղեհեմը պետք է ըլլան միջազգային վերահսկողութեան տակ։
  • Իսրայէլի սուվերէն տարածքը, որ ձեւաւորուած է 1949 թուականի Անկախութեան համար պայքարի ժամանակ եւ տե-ֆակտո ճանչցուած է աշխարհի շատ պետութիւններու կողմէն, մօտաւորապէս 20 770 կմ2 է, որուն 2% ջրային տարածքները կը կազմեն։
  • Տարածքը, որ աւելի ուշ Իսրայէլը յայտարարած է իր սուվերենութիւնը, իր մէջ կ'ընդգրկէ Արեւելեան Երուսաղէմն ու Կոլանի բարձունքները, կը կազմէ 22 072 կմ2։
  • Իսրայէլի տարածքի մակերեսը, որ կը վերահսկուի Իսրայէլի կողմէն, Պաղեստինի վարչակազմը, եւ այն տարածքները, որ Իսրայէլը զբաղեցուցած է Վեցօրեայ պատերազմի ժամանակ, կը կազմէ 27 799 քմ2։

Եգիպտոս-Իսրայէլ սահմանը հաստատուած է Պաղեստինի սահմանի մանդատով, եւ ամրապնդուած 1979 թ-ի Մարտ 26-ի համաձայնագրով։

Իսրայէլ-Հորդանան սահմանը նշուած է 1994 թ. Հոկտեմբեր 26-ի համաձայնագրի, Բրիտանական նախահանձնագրի գծով Պաղեստինի եւ Էմիրատներու Տրանսհորդանով՝ մի քանի աննշան բացառութիւններով։

Իսրայէլի սահմանները Լիբանանի եւ Սուրիոյ հետ պաշտօնապէս կարգաւորուած չեն։ Գոյութիւն ունեցող այսպէս կոչուած «կապոյտ գիծը» Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ճանաչցուած է ՄԱԿ-ի կողմէն, սակայն վիճելի կը մնան Շերմա Շեբաա տարածքները։ Իսրայէլն ու Սուրիան իրարմէ կը բաժնէ «հրադադարի գիծը», ուր ՄԱԿ-ի որոշումով Դատաստանի օրուան պատերազմէն ետք անվտանգութեան գօտի ստեղծուած է։

Վիճելի տարածքներ

Անվտանգութեան պատ, Արեւմտեան ափ
Արեւմտեան ափի եւ Գազայի սեկտորի քարտէզը, 2007 թ.

ՄԱԿ-ը «Օկուպացուած տարածքներ կը համարիՀորդանան գետի արեւմտեան ափը, Արեւելեան Երուսաղէմի եւ Գոլանի բարձունքները։ Այդ տարածքները Իսրայէլը սկսած է վերահսկել Վեցօրյա պատերազմի յաղթանակէն ետք (1967 թ.): Այդ տարածքներու բանակցութիւններու հիմք կը հանդիսանայ 1967 թ. ՄԱԿ-ի թիւ 242 բանաձեւը, որ կոչ կ'ընէ Իսրայէլին դուրս գալ իր կողմէն զբաղեցուցած որոշ տարածքներէն, որուն դիմաց կը ստանայ խաղաղութիւն արաբական երկրներու հետ (Խաղաղութիւն տարածքներու դիմաց սկզբունք):

Իսրայէլը կը վիճարկէ «օկուպացուած տարածքներ» կարգավիճակը եւ պնդում, որ այդ հողերը կը պատկանին Իսրայէլի Պետութեան։ Որպէս հիմք կ'ընդունուի այն փաստը, որ Վեցօրեայ պատերազմը (1967) եղած է ինքնապաշպանական մարտը ընդդէմ Եգիպտոսի, Հորդանանի եւ Իրաքի բանակներու դէմ։ Միջազգային իրաւունքը չի արգելում հողերու այդպիսի ձեռքբերումը եւ անոր բռնակցումը (ինչպէս Գոլանի բարձունքներու եւ Արեւելեան Երուսաղէմի դէպքին մէջ) կը համարուի օրինական։ Փաստարկ կը նըերկայացուի նաեւ Հուդայի, Սամարիայի (Արեւմտեան ափ), Գազայի սեկտորի եւ Արեւելեան Երուսաղէմի անորոշ կարգավիճակի մասին։ Համաձայն 1947 թ. Պաղեստինի բաժանման պլանի այդ տարածքները անցած են արաբական պետութեան (բացի Երուսաղէմէն, որ կը գտնուէր Միջազգային յմիրութիւններու եւ շարք մը այլ արաբական երկիրներու ագրեսիայի համար Իսրայէլի հանդէպ, (Արաբ-իսրայէլական պատերազմ 1948-1949., կամ «Պայքար անկախության համար»), ՄԱԿ-ի բանաձևը չի կատարվել, Եգիպտոսը զավթել է Գազայի սեկտորը, իսկ Հորդանանը օկուպացրել է Հուդան, Սամարիան եւ Արեւելեան Երուսաղէմը։ 1967 թ-ին Իսրայէլը որպէս յաղթանակած կողմ սկսաւ տիրապետել այդ տարածքներու վրայ։ Որովհետեւ Եգիպտոսն ու Հորդանանը անօրէն էին գրաւել այդ տարածքները, ապա Իսրայէլը «օկուպացրած է» օկուպացուած տարածքներ։ Եւ այսպէս, չկայ միջազգային իրաւունքի սուբյեկտ (բացի Իսրայէլէն), որ օրէնքով իրաւունք ունի այդ տարածքներու վրայ, որովհետեւ Պաղեստինը երբեք անկախ պետութիւն չէ եղած։ Այդկերպ Իսրայէլի կողմէն այդ տարածքներու իւրացումը կարելի չէ համարել օկուպացին մէջ, որովհետեւ մինչեւ 1967, օրինական սեփականատեր չէ եղած։ Այդ տարածքներու վերաբերեալ տարբեր փաստեր հաշուի առնելով, ուղիղ եւ չեզոք ձեւը վիճելի տարածքներ տերմինն է։

Արեւմտեան ափը եւ Գազայի հատուածը հիմնականին մէջ, բնակած են պաղեստինցի արաբներով, որոնց զգալի մասը փախստականներ են։ 1967 թ-ից մինչեւ 1993 թ. այդ տարածքներու բնակչութիւնը կը գտնուէր Իսրայէլի ռազմական վարչակազմի վերահսկողութեան տակ։ 1973 թ. Դատաստանի պատերազմէն ետք, Հուդային, Սամարիայի, Գազայի հատուածին մէջ հրեական պատմական բնակավայրերը վերականգնելու համար կը ստեղծուի վերաբնակեցման շարժումը։ 1980 թ. Իսրայէլը Գոլանի բարձունքները եւ Արեւելեան Երուսաղէմը պաշտօնապէս իր տարածքը կը յայտարարէ եւ տեղի բնակչութեան կ'առաջարկէ Իսրայէլի քաղաքացիութիւն։

Իսրայէլի կառավարութեան եւ Պաղեստինի վարչակազմի ղեկավարութեան միջեւ համաձայնութենէն ետք, Արեւմտեան ափի եւ Գազայի հատուածի արաբական բնակավայրերու մասը մը կ'անցնի Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավարութեան տակ։ Այնուամենայնիւ, այդ տարածքներու զգալի մասը մնացած են Իսրայէլի ռազմական վերահսկողութեան տակ։ Երկրորդ ինտիֆադի ահաբեկիչներու յարձակումներու յաճախացման որպէս պատասխան Իսրայէլը Գազայի հատուածի օրինակով կը սկսի կառուցել երկրորդ Անվտանգութեան պատը։

Անցեալին «օկուպացուած» տերմինը կը գործածէր նաեւ Սինայի թերակղզու դէպքին մէջ, որ Եգիպտոսին յանձնուած է 1979 թ. Իսրայէլա-եգիպտական խաղաղ պայմանագրի կնքման ժամանակ։

ՄԱԿ-ի կողմէն Գազայի հատուածը կը համարուէր որպէս օկուպացուած տարածքներ։ 2005. վարչապետ Արիել Շարոնի միակողմանի բաժանահատման արդիւնքով, Իսրայէլը դուրս բերած է իր զորքերը Գազայի հատուածէն եւ անհետացուց բոլոր հրեական բնակավայրերը (ուր կ'ապրէր 8500 մարդ), ինչպէս նաեւ վերացուած են 4 բնակավայր Սամարիայի մէջ։

Աշխարհագրութիւն

Կաղապար:Ուիքիաթլաս

Նեկեւ անապատը

Իսրայէլը տեղակայուած է Ասիոյ մէջ, հարաւ-արեւմուտքին մէջ, անոր ափերը արեւմուտքէն կ'ողողեն Միջերկրական, հարաւէն՝ Կարմիր ծովերը, արեւելքէն սահմանը կը գծէ Հորդանան գետը։

Չնայած փոքր տարածքին, Իսրայէլը կ'առանձնանայ իր աշխարհագրական բազմազանութեամբ։

Բնութիւնը

Ծովափնեայ նեղ հարթավայրին արեւելքին մէջ, կը փոխարինէ 500-1000 մ. բարձրութեան սարավանդը, որ շեշտակի կ'իջնէ դէպի Գհորի (Էլ-Գոր) եւ Վադի-էլ-Արաբա տեկտոնական իջուածքները։ Սարաւանդը կազմուած է կրաքարերէն (զարգացած է կարստը), աւազաքարերէն, բազալտներէն։ Կան ֆոսֆորիտներու, քուարցային աւազի, կաւերու, մարմարի, պղինձի, երկաթի հանքավայրեր, տորֆ, նաւթի եւ կազի ոչ մեծ հանքաշերտեր (Նեկեւ անապատին մէջ)։ Մեռեալ ծովու ջուրերը հարուստ են կալիումի, նատրիումի աղերով ու բրոմով։ Կլիման մերձարեւադարձային է։ Միջին ջերմաստիճանը Յուլիսին եւ Օգոստոսին 24°—28 °C է, Գհորին մէջ՝ մինչեւ 36 °C, Յունուարին՝ 6°—14 °C, Մեռեալ ծովու հարաւին մէջ՝ մինչեւ 18 °C։

Ալկիոն

Տարեկան տեղումները հիւսիսին մէջ եւ Միջերկրական ծովու մերձափնեայ հարթավայրին մէջ, 400—800 մմ են, Մեռեալ ծովու ափին, Գհոր իջուածքին մէջ եւ Նեգեւ անապատին մէջ՝ 100—200 մմ, տեղտեղ՝ աւելի պակաս։ Մակերեսային ջուրերը սակաւ են։ Մշտական հոսք ունեցող միակ գետը Իսրայէլի տարածքով հոսող Հորդանանի վերին հոսանքն է։ Հարաւն մէջ, տարածուած են վադիներ։ Կ'օգտագործուին աղբիւրներու, ջրհորներու եւ ծովու աղազերծուած ջուրերը (80% ֊ը կը ծախսուի ոռոգման համար)։ Հողերը շագանակագոյն են, լեռնային գորշ-շագանակագոյն եւ գորշ, հարաւին մէջ՝ անապատային։ Կը գերակշռէ թփուտային եւ թփուտածառային բուսածածկոյթը (մակվիս, գարիգա), հարաւին մէջ տարածուած են անապատային, աղուտային բոյսեր եւ տափաստաններ։ Բնորոշ կենդանիներն են շերտաւոր բորենին, շնագայլը, կրծողներ, թռչուններ, սողուններ։ Բնական շրջաններն են.

  • Մերձափնեայ հարթավայրը,
  • Սարաւանդը (ծալքաբեկորային խիստ պենեպլենացած լեռներ),
  • Գհոր եւ Վադի-էլ-Արաբա տեկտոնական իջուածքները։

Ջրային Ռեսուրսներ

Իսրայէլի մէջ, ջրային ռեսուրսները սուղ են, որուն պատճառով, օրինակ, 2008 թուականը պաշտօնապէս յայտարարուած է երաշտի տարի։ Իսրայէլի մեծագոյն ջրային ռեսուրսը Մեռեալ ծովն է։

Բնակչութիւն

Ըստ Իսրայէլի Կեդրոնական վիճակագրական վարչութեան տուեալներու, որ հրապարակուած է 2013 թ. Սեպտեմբերին, Իսրայէլի ընդհանուր համարքը կազմած է 8.08 միլիոն բնակիչ։ Ատորմէ 6,067 (75,4 %) հրեաներ, 1,658 միլիոն (20,6 %) արաբներ (այդ թիւին մէջ արաբ-մուսուլմաններ, պաղեստինացիներ, բեդվիններ, արաբ-քրիստոնեաներ), եւ 320 հազար (4,3 %) զրուզներ, չերքեզներ, ռուսներ, հայեր եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններ։

2000 թ. սկսած հրեական բնակչութեան աստիճանը նուազած է 2,4 %, մուսուլմաններինը աճած են 1,8 %։ Քրիստոնեաներու աստիճանը, այդ ատեն արաբ-քրիստոնեաներու, չէ փոխուած, իսկ զրուզներու աստիճանը աճած է 0,7 %։

Հրեաներէն 3,1 միլիոն (56 %) Իսրայէլի մէջ ծնած են, իսկ 2,39 միլիոն (44 %) հայրենադարձներ։ Շուրջ 1,1 միլիոն ծննդով նախկին ԽՍՀՄ-էն, 500 հազար Մարոկկոյէն, 240 հազար Իրաքէն, 230 հազար Ռումինիայէն, 210 հազար Լեհաստանէն, 105 հազար Եթովպիայէն։ Աշկենազները կը նկազմեն բնակչութեան մեծ մասը՝ 2,2 մլն., կամ՝ 40 %, սեֆարդները՝ 0,9 միլիոն մարդ։ Իսրայելի մէջ կ'ապրի աշխարհի հրեայ բնակչութեան 43,5 % -ը։

Իսրայէլը տարբեր կրօններու երկիր է

270 հազար Իսրայէլի քաղաքացիրներ կ'ապրին Արեւմտեան ափին մէջ գտնուող բնակավայրերուն մէջ, ինչպիսին են Մաալե Ադումիմ, եւ ամենամեծ հրեական քաղաքը տարածքին մէջ՝ Արիել։ Որոշ բնակավայրեր, ինչպիսին են Հեբրոնը եւ Հուշ Էցիոնը գոյութիւն ուներուն մինչեւ պետութեան կազմաւորումը, եւ Վեցօրեայ պատերազմէն ետք, նորէն վերաբնակցեցուեցան հրեաներով։ Հրեական վերաբնակիչներու ընդհանուր քանակը կը գերազանցէ 500 հազար մարդ (մօտաւորապէս 6,5 % Իսրայելի ամբողջ բնակչութենէն)։ 7800 հազար մարդ կ'ապրէր Գազայի սեկտորում, մինչեւ անոնց ստիպողական տեղահանումը 2005-ին։ 18 հազար հրեաներ կ'ապրին Կոլանի բարձունքներուն։ 2006 թ. 250 հազար մարդ կ'ապրէր Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ։

Ռուսական հրեաները մեծ դեր ունեցած են սիոնիստական շարժման ժամանակ եւ Իսրայէլի ստեղծման գործին մէջ, իսկ 1970 թուականէն ետք, նշանակալի մասնակցութիւն ունեցած են երկրի կրթութեան եւ տնտեսութեան զարգացման համար։ Այսօր ռուսախոս հրեաները կը կազմեն հրեայ բնակչութեան 1/5 մասը և 1/7 ամբողջ երկրի։

Վերջին տասնամեակին, ներգաղթ սկսած է Ռումինիայէն, Թայլանդէն, Ափրիկեան տարբեր երկրներէն, Լատինական Ամերիկայէն։ Այսպիսի չգրանցուած բնակիչներու թիւը որոշել հնարաւոր չէ, սակայն տարբեր գնահատականներու համաձայն այն կը կազմէ շուրջ 200 հազար։ Գաղթը Իսրայէլէն փորձագետներու կողմէն պատշաճ կը գնահատուի։ Մարդկանց այդ հոսքը հիմնականին մէջ, ուղղուած դէպի ԱՄՆ եւ Կանադա։

Բնկաչութեան խտութեան առումով (330 մարդ/կմ2) Իսրայէլը աշխարհին մէջ կը զբաղեցնէ 24-րդ տեղը։

Իսրայէլի Ազգային ապահովագրութեան հիմնարկի տուեալներով բնակչութեան 20% աղքատ կ'ապրի։ Չնայած Իսրայէլին մէջ «աղքատ ապրող» հասկացութիւնը իր մէջ կը ներառէ սեփական փոխադրութեան, անշարժ գոյքի տէր եւ այլն Կաղապար:Fact։

Լեզուներ

Անգլերէն, եբրայերէն, արաբերէն եւ ռուսերէն գրութիւններով դիտահորի կափարիչ Թէլ Աւիվի մէջ, Իսրայէլ

Իսրայէլն ունէ երկու պաշտօնական լեզու՝ եբրայերէն եւ արաբերէն: Եբրայերէնը պետութեան առաջին լեզուն է, արաբերէնը՝ արաբ փոքրամասնութեան լեզուն։ Անգլերէնը պաշտօնական լեզու եղած է Մանտաթի ժամանակաշրջանին, այն կորցրած է իր կարգավիճակը Իսրայէլ պետութեան կազմաւորումէն ետք, սակայն ներկայիս վերականգնած է իր կարեւորութիւնը,[3][4][5] ինչպէս որ ատիկա կ'երեւայ ուղենշաններու եւ վրայ եւ պաշտօնական գրագրութեան մէջ։ Շատ իսրայէլցիներ ազատ կը հաղորդակցուէն անգլերէնով, շատ հեռուստահաղորդումներ կը հեռարձակուէն անգլերէն ենթագիրներով եւ լեզուն կը դասաւանդուի տարրական դպրոցներուն ներս, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի համալսարանները կը տրամադրէն զանազան անգլերէն դասընթացքներ։[6] Որպէս ներգաղթեալներու երկիր, փողոցներուն վրայ կը լսուէն շատ լեզուներ։ Աւելի քան մէկ միլիոն ռուսերէնախօսներ ներգաղթած են նախկին Խորհրդային Միութենէ 1990-էն մինչեւ 2004 թուականները։[7] Ֆրանսերէնը կը գործածէն մօտաւորապէս 700 հզ իսրայէլցիներ,[8] որոնցմէ մեծ մասը եկած է Ֆրանսայէն եւ հիւսային Ափրիկէէն:

Պետական Կառավարում

Գործադիր Իշխանութիւն

Իսրայէլը կը կառավարուէ խորհրդարանական համակարգի միջոցով եւ կը հանդիսանայ ժողովրդավարական պետութիւն։ Սահմանադրութիւն չունի, ան կը փոխարինուի շարք մը օրենսդրական փաստերով։ Իսրայէլի նախագահը պետութեան գլխաւորն է, սակայն անոր պարտականութիւնները մեծաւ մասամբ արարողակարգային են։[9]. 2000 թուականին ընդունուած օրէնքի համաձայն նախագահը կ'ընտրուէ քնեսեթի կողմէ 7 տարի ժամկետով[10] Ընտրական իրաւունքէն կ'օգտուին 18 տարեկան դարձած քաղաքացիները։ Վարչապետը կառավարութեան գլխաւորն է, պաշտօնավարման առաւելագոյն ժամկետը 4 տարի է, մինչեւ քնեսեթի հերթական ընտրութիւնները։

Օրենսդիր Իշխանութիւն

Քնեսեթը՝ Իսրայէլի խորհրդարանը կազմւած է 120 պատգամաւորներէ, որոնք կ'ընտրուէն քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէ համամասնական կարգով։[11] Խորհրդարանի ընտրութիւնները կը կայանան չորս տարին մէկ։

Կուսակցութիւնները

  • Աւոտայ
  • Մերէց
  • Լիքուտ

Տնտեսութիւն

Տնտեսաաշխարհագրական Ակնարկ

Իսրայէլը ռազմականացուած տնտեսութեամբ ագրարային-արդիւնաբերական երկիր է։ Արդիւնաբերութիւնը կը զարգանայ ռազմատնտեսական պոտենցիալի հզորացման ուղղութեամբ, հիմնականին մէջ օտարերկրեայ կապիտալի հաշուին։ 1970-ին երկրի պիւտճէի 40% ֊ը յատկացուած է ռազմական ծախսերուն։ Կապիտալի ներմուծումը 1948—1970-ին կազմած է 12 միլիար տոլլար (1967—1970-ին՝ աւելի քան 4 մլրդ)։ Ռազմական արդիւնաբերութեան համալիրը կը ֆինանսաւորուի «Կուր» կոնցեռնի, «Բանկ Դիսկոնտ» եւ այլ ֆինանսական ընկերութիւններու կողմէն։ Կը գործեն նաեւ օտարերկրեայ մոնոպոլիստական հզոր միաւորումներ («Պալիստայն էկոնոմիկ կորպորեյշն», «Ամերիկան Իսրայէլ կորպորեյշն» եւ այլն)։

Գիւղտնտեսութիւն

Գիւղատնտեսութիւնը մշակուող հողատարածութիւններու մեծ մասը սիոնիստական գաղութարարներու եւ պետութեան սեփականութիւնն է։ Հողօգտագործման հիմնական ձեւը խմբային վարձակալութիւնն է, կան նաեւ ֆերմերային տնտեսութիւններ։ Հողային ֆոնդի (ներառեալ նաեւ զաղթած շրջանները) միայն 21,2%-ն կը մշակուի (1970-1971)։ Կը մշակեն ցիտրուսային կուլտուրաներ, ցորեն, գարի, սորգո, եգիպտացորեն, շաքարի ճակնդեղ, գետնընկույզ, բամբակ, վուշ, ծխախոտ, բանջարեղեն, կարտոֆիլ։ Կը զբաղին նաեւ անասնաբուծութեամբ, թռչնաբուծութեամբ եւ ձկնորսութեամբ։

Արդիւնաբերութիւն

Արդիւնաբերութիւն Իսրայէլի արդիւնաբերութեան բնորոշ են տնայնագործական եւ արհեստագործական տիպի մանր ձեռնարկութիւնները։ Միաժամանակ տեղի կ'ունենայ արտադրութեան համակենտրոնացման մէջ։ Ձեռնարկութիւններու մեծ մասը կը պատկանի մասնաւոր կապիտալին։ 1967-ից արագ տեմպերով կը զարգանայ ելեկտրատեխնիկական, քիմիական, մեքենաշինական, ավիացիոն, կարի, ռետինի արդիւնաբերութիւնը։ Արդիւնաբերութիւնը ու էներգետիկան զգալի չափով հիմնուած են ներմուծուող հումքի վրայ։ Արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու մօտ 60%-ը կեդրոնացած է Թել-Ավիւի մէջ եւ Հայֆայի մէջ։ 1974-ին արտադրուած է 9156 միլիոն կվտ-ժ էլեկտրաէներգիա։ Լեռնահանքային արդիւնաբերութիւնը թոյլ զարգացած է։ Կ'արդիւնահանեն կալիումական եւ կերակուրի աղ, բրոմ, քուարցային աւազներ, կաւեր, ֆոսֆորիտներ, տորֆ, նավթ, երկաթի և պղինձի հանքանիւթ եւ այլն։ Արդիւնաբերութեան հիմնական կեդրոններն են Թել-Աւիվը, Հայֆան։ Թել-Աւիվի եւ Տիմոնի մօտ կը գործեն 2 ատոմային ռեակտոր։

Փոխադրութիւն

Փողոց Թել Աւիւի մէջ

Երկաթուղիներու երկարութիւնը 994 քմ է, աւտոխճուղիներինը՝ 4,2 հզ. քմ (1974)։ Կը գործեն էյլաթ—մինի, Հայֆա—Թել Աւիւ, էյլաթ-Աշքելոն նաւթամուղները։ Զարգացած է ծովային փոխադրութիւնը։ Գլխաւոր նաւահանգիստներն են Հայֆան, Աշտոտը, էյլաթը։

Արտաքին առեւտուր

Իսրայէլին բնորոշ է արտաքին առեւտուրի բացասական հաշուեկշիռը։ Կ'արտահանէ նիստաւորուած ալմաստ, մանուածքային արտադրանք, միրգեր (հիմնականում՝ ցիտրուսներ), միրգի պահածոներ, կը ներմուծէ՝ մեքենաներ եւ սարքաւորումներ, չմշակուած ալմաստ, սեւմետաղի գլանուածք, հում նաւթ, քիմիական ապրանքներ, հացահատիկ։ Առեւտրական գործընկերներն են Միացեալ Նահանգները, Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւնը, Մեծ Բրիտանիան, Նետերլանտներն, Պելժիան, Ֆրանսան, Իտալիան։

Զինուած Ուժեր

Իսրայէլի օդուժի F-16s ռազմական օդանաւերը

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Բանակը (ՑԱՀԱԼ) կազմուած է ցամաքի զօրքերէ, ծովու ուժերէ եւ օդուժէ։ Անոնք ստեղծուած են 1948-ի Անկախութեան պատերազմի ժամանակ[12]. ՑԱՀԱԼը նաեւ կ'օգտագործէ Ռազմական հետախուզութեան տուեալները, որ կ'աշխատէ Մոսատի եւ Շապաքի հետ[13]. Ռազմական ընդհարումներու եւ պատերազմներու մէջ ՑԱՀԱԼի անընդհատ ներգրաւուած լինելու հանգամանքը անոր դարձուցած են աշխարհի ամենէ մարտունակ բանակներէն մէկը։[14]

Իսրայէլի մէջ արտադրուող Մերքաւա-4 հրասայլը

Իսրայէլցիներու մեծ մասը բանակ կը զօրակոչուի տասնութ տարեկանին։ Տղամարդեր կը ծառայէն երեք տարի, կիները՝ երկու։[15]. Ժամկետային ծառայութենէ ետք տղամարդիկ կ'անցնեն պահեստազօրային եւ տարուայ մէջ մի քանի շաբաթ կը մասնակցէն հաւաքներուն մինչեւ 40 տարեկանը։ Իսրայէլցի արաբները (տրուզներէն բացի) եւ բարձրագոյն կրօնական ուսումնական հաստատութիւններու՝ եշիւներու սովորողները ազատ են բանակի մէջ ծառայութենէ։ Վերջին ժամանակները քաղաքական հարթակներու վրայ փորձեր կ'ըրուէն վերացնելու այդ արտօնութիւնները։[16][17] ՑԱՀԱԼի ժամկետային ծառայողներու քանակը կը կազմէ 168 հազ. զինծառայող եւ եւս 408 հազ. պահեստազօրային։ Այս ցուցանիշներով Իսրայէլի բանակի քանակութիւնը համեմատելի է հարեւան բազմամիլիոն երկիրներու բանակներու հետ։

Գիտութիւն

Պարտադիր տարրական կրթութեան մասին օրէնք ընդունուած է 1949-ին։ 1968-ին անգրագէտ էր հրեաներու 10,4%-ը, արաբներու՝ 42,8%֊ը։ Հրեայ բնակչութեան ուսուցումն ու դաստիարակութիւնը ազգայնական եւ կրօնական բնոյթ ունի, կ'ենթարկուի սիոնիզմի գաղափարախոսութեան։ Պարտադիր զինուորական դասընթացներ կ'անցնին պատանիները (3 տարի) եւ աղջիկները (2 տարի)։ 3—5 տարեկան երեխաներու համար կը գործեն մանկապարտեզներ (պետական եւ մասնաւոր)։ Տարրական դպրոցը 6-ամեայ է (1969-ից)։ Պետական աշխարհիկ դպրոցներու կողքին կը գործեն մեծ թիւով պետական կրօնական (28% սովորող) եւ մասնաւոր կրօնական (6,5% սովորող) դպրոցներ։ Աստուածաշունչի եւ Թորայի ուսուցումը բոլոր դպրոցներուն մէջ, պարտադիր է։ Արաբական դպրոցներուն մէջ 3-րդ դասարանէն կը դասաւանդուի եբրայերէն։ Միջնակարգ դպրոցը 6-ամեայ է, ունի 2 աստիճան. 2 աստիճան ունի 2 ցիկլ՝ հումանիտար եւ բնագիտական՝։ Տարրակաէ դպրոցի հիմքի վրայ կը գործեն 4-ամեայ միջնակարգ պրոֆտեխնիկական, իսկ միջնակարգ դպրոցի հիմքի վրայ՝ գիւղատնտեսական դպրոցներ։

Գիտական Հիմնարկներ

Գիտական հիմնարկները կը ղեկավարուին գիտական հետազոտութիւններու ազգային խորհուրդը։ Գիտութիւններու ակադեմիան հիմնուած է 1959-ին։ Իտշոր գիտական կեդրոններէն են Վեյցմանի անվ. գիտահետազոտական հիմնարկը (հիմնուած է 1934-ին, Ռեխովոտ), որ հետազոտութիւններ կը կատարէ բժշկութեան, մաթեմատիկայի, ֆիզիկայի, Էլեկտրոնիկայի եւ այլ բնագաւառներու մէջ (Ատոմային Էներգիայի օգտագործման պետական հանձնաժողովի հետ կազմած է ռադիոկենսաբանութեան մէջ ռադիոիզոտոպներու կիրառման ուսումնասիրութեան կեդրոն), Նեգեւեան գիտահետազոտական ինստ-ը (հիմնուած Է 1956-ին) կ'ուսումնասիրէ Նեգեւ անապատի հանքային պաշարները։ Գիտահետազոտական տարբեր աշխատանքներ են տարուան մէջ, նաեւ Երկրաբանական, նաֆթի եւ գեոֆիզիկայի (հիմնուած է 1957-ին, իյոլեն), Գիւղատնտեսական (հիմնուած է 1959-ին, Ռեխովոտ) հիմնարկներուն մէջ, Տեխնոլոգիական հիմնարկին կից հետազոտական հիմնարկին մէջ (Հայֆա), Կեդրոնական ֆիզիկական լաբորատորիայի մէջ (հիմնուած Է 1950-ին, Երուսաղէմ), Կենսաբանութեան գիտահետազոտական հիմնարկին մէջ։ Մեծագոյն բուհերն են. Հրեական համալսարանը (Երուսաղէմ, հիմնադրուած է 1918-ին, պաշտօնապէս բացուած 1925-ին), Թել-Ավիվի համալսարանը (հիմնադրուած է 1953-ին), տեխնոլոգիական հիմնարկը (հիմնադրուած Է 1912-ին) Հայֆայի մէջ։ Գրադարաններէն յայտնի են. Հրեական ազգային եւ համալսարանական գրադարանները Երուսաղէմի մէջ, (հիմնադրուած է 1884-ին), համալսարանական գրադարանը՝ Թել-Ավիւի մէջ (հիմնադրուած՝ 1954-ին)։ Գլխաւոր թանգարաններն են՝ Իսրայէլի Ազգային թանգարանը Երուսաղէմի մէջ (հիմն. 1965-ին), Հաարեց թանգարանը՝ Թել-Ավիւի մէջ (հիմնադրուած է 1958-ին)։

ԶԼՄ

Իսրայէլի մէջ, կը հրատարակուին աւելի քան 400 թերթ եւ հանդէս։ Առաւել տարածուածներն են՝ «Հաարեցը», որն ամենէ հինն է (1919-էն եւ լոյս կը տեսնի եբրայերէն ու նաեւ՝ անգլերէն, «Ճերուզալեմ փոսթ» (անգլերէն՝ Jerusalem Post 1932-էն, ), «Ետիօթ ահրոնօթ» (1939-էն, եբրայերէն)։ «Շիտուրէյ Իսրայէլ» կառավարական ձայնասփիւռի կայանը հիմնուած Է 1968-ին, մինչ այդ գործած է «Կոլ Իսրայէլ» ձայնասփիւռի կայանը։ Հաղորդումները կը տրուին 11 լեզուով։ Հեռուստակեդրոնը ստեղծուած է 1968-ին (եբրայերէն եւ արաբերէն)։

Արժոյթ

50 եւ 20 շեքել արժեքով թղթադրամներ

1985 Սեպտեմբեր 4-էն Իսրայէլի արժոյթը կը հանդիսանայ Նոր իսրայէլական շեքելը (Կաղապար:Լեզու he, անգլերէն՝ New Israeli Sheqel)։ Նշանն է՝ , NIS, ըստ ISO-4217-ի անուանակարգման՝ ILS:

2010-ի վերջի դրութեամբ շրջանառութեան մէջ կանխիկ դրամի գումարը կազմած է մօտաւորապէս 45 միլիար շեքել[18].

Մշակոյթ

Գրականութիւնը եւ Արուեստը

Գրականութիւն

Ամոս Օզի գործերը թարգմանուած են 36 լեզուներով, աւելի, քան որեւէ այլ իսրայէլցի գրագէտինը[19]

Իսրայէլական գրականութիւնը հիմնականին մէջ, կը ստեղծուի եբրայերէն, թէեւ կը հանդիպէն նաեւ այլ լեզուներով, ինչպէս օրինակ՝ անգլերէնով:։ «Եբրայական գրողներու միութիւն»-ը (հիմնուած է 1940-ական թուականներու) իր շարքերուն մէջ, չ'ընդունիր յիտիշ եւ արաբ լեզուներով գրողներուն։ Որպէս կանոն, Իսրայէլի մէջ հրատարակուած բոլոր գործերու երկուական օրինակները կը տեղադրուէն Երուսաղէմի հրեական համալսարանի մէջ գտնուող Իսրայէլի Ազգային գրադարանի ներսը։ 2001-ին փոփոխուած օրէնքով նոյն պահանջները մտցուեցան նաեւ տեսա եւ ձայնագրութիւններու եւ այլ ոչ տպագրական միջոցներու վերաբերեալ։[20] 2013-ին գրադարան փոխադրուած գիրքերու 91 %-ը եղած է եբրայերէն:[21]

1966-ին Շմուէլ Ակնոնը գերմանացի հրեա գրագէտ Նելլի Զաքսին հետ միասին ստացաւ Գրականութեան Նոպելեան մրցանակ։.[22] Առաջատար գրագէտներ կը համարուին Ամոս Օզը, Եթկար Քերեթը եւ Տաւիտ Կրոսմանը։ Եբրայերէնով գրող իսրայէլացի արաբ երգիծագիր Սայէտ Քաշուան նույնպէս ունէ համաշխարհային ճանաչում։ Պաղեստինցի յայտնի գրագէտներ Եմիլ Հապիպին, Թաուֆիք Զիյեադան եւ Մահմուտ Տարուիշը նոյնպէս կը ստեղծագործէն Իսրայէլի մէջ։

Հայերը Իսրայէլի Մէջ

Հայաստանի եւ հայերու առաջին առնչութիւնները Հրեաստանի հետ սկսած են դեռեւս մ.թ.ա. 1-ին դարուն՝ Տիգրան Բ Մեծի ժամանակաշրջանին մէջ, երբ այդ երկիրը կարճ ժամանակ մը յայտնուեցաւ հայոց թագաւորի գերիշխանութեան տակ։ Հետագային այդ կապերը ընդլայնուեցան յատկապէս քրիստոնէութեան տարածման առաջին շրջանին մէջ, եւ արդեն 4-րդ դարում հայերը եկեղեցիներ ունեին Երուսաղեմում։ Հայ աշխարհիկ համայնքը «սրբազան քաղաքին մէջ» կազմաւորուեցաւ աւելի ուշ՝ 7-րդ դարուն, երբ այստեղ մուտք գործեցին հայ վաճառականներն ու արհեստաւորները, որոնք հիմնականին մէջ կը բնակէին Սիոն թաղամասի Հայկական կոչուած փողոցին մէջ։ Հայերու թիւը Երուսաղէմի մէջ եւ միւս քաղաքներուն մէջ, ստուարացաւ 10-11-րդ դարերուն, երբ եւրոպական խաչակիրները գրաւեցին երկիրը եւ հիմնեցին Երուսաղէմի թագաւորութիւնը. անոնք հիմնականին մէջ, Կիլիկեան Հայաստանի մէջ խաչակիրներուն միացած հայ ռազմիկներն էին։ 19-20-րդ դարերուն հայերու թիւը այստեղ աւելցաւ յատկապէս թրքական յաթաղանէն փախած գաղթականներու հաշուին, որոնց մէկ մասը հետագային ներգաղթեց Հայաստան։ Այսօր Երուսաղէմի մէջ, կը բնակի շուրջ 3 հզ. հայ՝ հիմնականին մէջ արհեստաւորներ, բժիշկներ, ձեռնարկատերեր, հոգեւորականներ, մտաւորականներ։ Այստեղ կը գտնուի Երուսաղրմի հայոց պատրիարքութիւնը՝ Սրբոց Հակոբեանց վանքով ու վանքապատկան կալուածքներով, հայկական տպարանով։

Դուրսի Յղումներ

  • Իսրայէլը [1] The World Factbook-ին մէջ

Տե՛ս նաեւ

Աղբիւրներ

  1. «Popular Opinion» (անգլերեն)։ The Palestine Post։ Դեկտեմբեր 7 1947։ էջ 1 
  2. «On the Move» (անգլերեն)։ TIME Magazine։ 31 մայիս 1948։ արտագրուած է՝ 1 հուլիսի 2008 
  3. Spolsky Bernard (1999)։ Round Table on Language and Linguistics։ Washington, D.C.: Georgetown University Press։ էջեր 169–70։ ISBN 0-87840-132-6։ «In 1948, the newly independent state of Israel took over the old British regulations that had set English, Arabic, and Hebrew as official languages for Mandatory Palestine but, as mentioned, dropped English from the list. In spite of this, official language use has maintained a de facto role for English, after Hebrew but before Arabic.» 
  4. Bat-Zeev Shyldkrot Hava (2004)։ «Part I: Language and Discourse»։ in Diskin Ravid Dorit, Bat-Zeev Shyldkrot Hava։ Perspectives on Language and Development: Essays in Honor of Ruth A. Berman։ Kluwer Academic Publishers։ էջ 90։ ISBN 1-4020-7911-7։ «English is not considered official but it plays a dominant role in the educational and public life of Israeli society. ... It is the language most widely used in commerce, business, formal papers, academia, and public interactions, public signs, road directions, names of buildings, etc. English behaves 'as if' it were the second and official language in Israel.» 
  5. Shohamy Elana (2006)։ Language Policy: Hidden Agendas and New Approaches։ Routledge։ էջեր 72–73։ ISBN 0-415-32864-0։ «In terms of English, there is no connection between the declared policies and statements and de facto practices. While English is not declared anywhere as an official language, the reality is that it has a very high and unique status in Israel. It is the main language of the academy, commerce, business, and the public space.» 
  6. «English programs at Israeli universities and colleges»։ Israel Ministry of Foreign Affairs 
  7. «Study: Soviet immigrants outperform Israeli students»։ Haaretz։ 10 Փէտրուար 2008 
  8. «French radio station RFI makes aliyah»։ Ynetnews։ 5 December 2011 
  9. «Field Listing — Executive Branch»։ The World Factbook (անգլերեն)։ ԿՀՎ։ արտագրուած է՝ 20 Յուլիս 2007 
  10. «Excerpts from the Basic Law: The President» (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 23 Յուլիս 2008 
  11. «The Electoral System in Israel»։ The Knesset։ արտագրուած է՝ 8 օգոստոս = 2007 
  12. «History: 1948» (անգլերեն)։ Israel Defense Forces։ արտագրուած է՝ 31 Յուլիս 2007 
  13. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  14. «Israel Defense Forces» (անգլերեն)։ GlobalSecurity.org։ արտագրուած է՝ 16 Սեպտեմբեր 2007 
  15. «The Israel Defense Forces» (անգլերեն)։ Իսրայէլի ՆԳՆ։ արտագրուած է՝ 7 Յուլիս 2008 
  16. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  17. Nehemia Shtrasler.։ «Cool law, for wrong population» (անգլերեն)։ Haaretz։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 7 Յուլիս 2008 
  18. Annual Report of the Bank of Israel Currency Department for 2010.
  19. «Amos Oz is most translated Israeli author»։ Ynetnews։ 10 Փէտրուար 2009 
  20. «Depositing Books to The Jewish National & University Library»։ Jewish National and University Library։ արտագրուած է՝ 21 Օգոստոս 2007 
  21. «Statistics for 2013»։ National Library of Israel։ 2013։ արտագրուած է՝ 17 April 2016 
  22. «The Nobel Prize in Literature 1966»։ Nobel Foundation։ արտագրուած է՝ 12 Օգոստոս 2007 

Կաղապար:ՎՊԵԱ Կաղապար:Ասիոյ Երկիրներ