«Թովմա Արծրունի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ը ։ Ա → ը։ Ա (4) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 4. Տող 4.

== Կենսագրութիւն ==
== Կենսագրութիւն ==
Իր կեանքին մասին քիչ տեղեկութիւններ հասած են մեզի։ Եղած է բարձրաստիճան եկեղեցական։ Ան կը ներկայանայ իբրեւ հմուտ, հետաքրքիր եւ բարձրորակ նիւթերով գրող անձ մը ։ Արծրունի իր գիրքը գրած է Գրիգոր-Դերենիկ իշխանի խնդրանքով։
Իր կեանքին մասին քիչ տեղեկութիւններ հասած են մեզի։ Եղած է բարձրաստիճան եկեղեցական։ Ան կը ներկայանայ իբրեւ հմուտ, հետաքրքիր եւ բարձրորակ նիւթերով գրող անձ մը։ Արծրունի իր գիրքը գրած է Գրիգոր-Դերենիկ իշխանի խնդրանքով։

== Գործը ==
== Գործը ==
Տող 19. Տող 19.
Ա. Դպրութիւնը ունի 11 գլուխներ։ Կը սկսի աշտարակաշինութենէն եւ կը հասնի մինչեւ Թէոդոսի թագաւորութիւնը՝ Յունաց վրայ, Դ դարու վերջը։
Ա. Դպրութիւնը ունի 11 գլուխներ։ Կը սկսի աշտարակաշինութենէն եւ կը հասնի մինչեւ Թէոդոսի թագաւորութիւնը՝ Յունաց վրայ, Դ դարու վերջը։
Բ. Դպրութիւնը ունի 7 մեծ գլուխներ, որոնց մէջ կը պատմէ արաբ ամիրաներու դառն տիրապետութեան, հայ իշխաններու ապստամբութեան ու գործերուն մասին։ Արծրունի իր նիւթերը քաղած է նախորդ պատմագիրներէն եւ հետեւաբար մեծ արժէք մը չեն ներկայացներ անոնք։ Իր բուն նորութիւնները կը սկսին Ե գլուխէն անդին։

Գ. Դպրութիւնը ունի 29 գլուխներ,իսկ Դ դպրութիւնը ունի 12 գլուխներ։ Այս երկու դպրութեանց մէջ Արծրունի մանրամասն ու երկարօրէն կը պատմագրէ Թ դարու դէպքերը , որոնք տեղի ունեցան են, ընդհանրապէս հայաստանի մէջ, եւ մասնաւորաբար Արծրունեաց նահանգի [[Վասպուրական]]ի մէջ։ Գլխաւորաբար երկարօրէն կը պատմէ Արծրունի իշխաններ՝ [[Գուրգեն Ա Արծրունի|Գուրգէն]]ի, Դերենիկի, [[Աշոտ Արծրունի (այլ կիրառումներ)|Աշոտ]]ի եւ [[Գագիկ Ա Արծրունի|Գագիկ]]ի մասին, որ յետոյ թագաւոր եղաւ։ Իր գործին վերջին մասը յետոյ շարունակուած է ուրիշ անանուն հեղինակի մը կողմէ, որուն յիշատակարանը եւս գրուած է։
Գ. Դպրութիւնը ունի 29 գլուխներ, իսկ Դ դպրութիւնը ունի 12 գլուխներ։ Այս երկու դպրութեանց մէջ Արծրունի մանրամասն ու երկարօրէն կը պատմագրէ Թ դարու դէպքերը, որոնք տեղի ունեցան են, ընդհանրապէս հայաստանի մէջ, եւ մասնաւորաբար Արծրունեաց նահանգի [[Վասպուրական]]ի մէջ։ Գլխաւորաբար երկարօրէն կը պատմէ Արծրունի իշխաններ՝ [[Գուրգեն Ա Արծրունի|Գուրգէն]]ի, Դերենիկի, [[Աշոտ Արծրունի (այլ կիրառումներ)|Աշոտ]]ի եւ [[Գագիկ Ա Արծրունի|Գագիկ]]ի մասին, որ յետոյ թագաւոր եղաւ։ Իր գործին վերջին մասը յետոյ շարունակուած է ուրիշ անանուն հեղինակի մը կողմէ, որուն յիշատակարանը եւս գրուած է։

== Թովմա Արծրունի իբրեւ պատմիչ ==
== Թովմա Արծրունի իբրեւ պատմիչ ==
Թովմա Արծրունի կրած է մեծ ազդեցութիւնը՝ Ս. Գիրքի, [[Խորենացի]]ի եւ [[Եղիշէ]]ի։ Ի դէպ յայտնենք, որ ինք առաջինն է [[Խորենացի]]ն եւ [[Եղիշէ]]ն յիշատակողը։ Շատ կարեւոր է, որ Արծրունեաց այս պատմիչը յստակօրէն կը վկայէ, թէ Խորենացին իր «Պատմութեան» շարադրանքը հասցուցած է մինչեւ Հռոմէական (Բիւզանդական) Զենոն կայսեր ժամանակ (474-475թթ., ապա՝ [[475]] - [[491]] թթ.), այսինքն Պատմահօր երկն ունեցած է նաեւ չորրորդ մաս։ Այս փաստը կարելի է բացատրել Խորենացիի հակամամիկոնեանական եւ, փաստօրէն, հակակղերական, ինչպէս նաեւ [[Վասակ Սյունի (մարզպան)|Վասակ]]ամէտ դիրքորոշմամբ (պահպանուած երրորդ գիրքին մէջ՝ Վասակ Սիւնիի մասին, Խորենացիին դրական արտայայտութիւնը)։ Իսկ գիրքեր կամ որոշակի հատուածներ վերացնելը, այդ դարերուն, խորթ չէ ընդունուած, ինչպէս վերը մենք արդէն նշեցինք հետաքրքրական օրինակ մը, թէ Վարդանանց պատերազմին ատեն փայլող Արծրունի իշխան չկայ [[Եղիշէ]]ի գրքին մէջ։ Թովմա Արծրունիին ուշադրութիւնը կը գրաւէ այդ պակասը ու իբրեւ մեկնաբանութիւն կը յիշէ, թէ [[ասորի]] չար վանական մը, Բարծումա անուն, որ թշնամութեամբ լեցուած էր Արծրունեաց հանդէպ, Եղիշէի գործին մէջէն վերցուցած, հանած էր Արծրունեաց վերաբերեալ մասը։ Այսինքն՝ սովորական բան էր գրքերի խմբագրումը եւ անգամ ոչնչացումը։

Իբրեւ պատմիչ Թովման իր գործը չափազանց կենդանի կերպով գրած է Հայաստանի հողին վրայ եւ ժողովուրդին հետ մեծ հաղորդակցութեան մը բարիքովը ։ Ունի իբր թերութիւն՝ ճոռոմաբանութիւններ, ծանօթ նիւթերու անհարկի թուումներ և կողմնակալութիւն։
Իբրեւ պատմիչ Թովման իր գործը չափազանց կենդանի կերպով գրած է Հայաստանի հողին վրայ եւ ժողովուրդին հետ մեծ հաղորդակցութեան մը բարիքովը։ Ունի իբր թերութիւն՝ ճոռոմաբանութիւններ, ծանօթ նիւթերու անհարկի թուումներ և կողմնակալութիւն։

== Ազգային դիւցազնավէպը Արծրունիի գործին մէջ ==
== Ազգային դիւցազնավէպը Արծրունիի գործին մէջ ==

04:05, 9 Յունիս 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Թովմա Արծրունի, տոհմական պատմագիր, Արծրունի տան, կամ նախարարութեան պատմիչը։ Արծրունիք, Թ. դարուն, մրցորդ եղած են Բագրատունիներուն։ Նշանաւոր եղած են Արծրունի երկու իշխաններ՝ Գրիգոր-Դերենիկ եւ Գագիկ, որոնց օրով կը զօրանան Արծրունիք։ Մամիկոնեանները արդէն հեռացած էին հայկական թատերաբեմէն ու սկսած էին փայլիլ՝ Բիւզանդական կայսրութեան մէջ։

Կենսագրութիւն

Իր կեանքին մասին քիչ տեղեկութիւններ հասած են մեզի։ Եղած է բարձրաստիճան եկեղեցական։ Ան կը ներկայանայ իբրեւ հմուտ, հետաքրքիր եւ բարձրորակ նիւթերով գրող անձ մը։ Արծրունի իր գիրքը գրած է Գրիգոր-Դերենիկ իշխանի խնդրանքով։

Գործը

Արծրունի գրած է «Պատմութիւն Արծրունեաց տան» երկասիրութիւնը։ Հայոց Պատմութիւն մը ըլլալէ աւելի տոհմի մը պատմութիւնն է ան։ Իր գործին շարադրութիւնը երկար ժամանակ առած է, որովհետեւ ան գրած է մաս առ մաս, կամ երբեմն իր կեանքի ընթացքին պատահող միջադէպերը աւելցուցած է գրած պատմութեան վրայ։

= Գործին բաժանումները

Թովմա Արծրունի իր գործը բաժնած է չորս դպրութիւններու։ Այս բաժանումը սակայն ձեւական եղած է, մինչդեռ, ըստ նիւթի՝ կարելի է զայն բաժնել երկու հիմնական մասերու.

Ա.- ՀԻՆ ՇՐՋԱՆ։ Ադամէն մինչեւ 850 թուականը։ Այս շրջանին համար Արծրունի օգտագործած է հին պատմագիրներու գործերը, ինչպէս Ագաթանգեղոս, Փաւստոս, Կորիւն, Փարպեցի, Եղիշէ, Խորենացի, եւայլն եւ անյայտ աղբիւրներ ու տոհմական զրոյցներ, որոնք մեծ արժէք կը ներկայացնեն։ Այս շրջանին մէջ Արծրունի կը ջանայ մասնակից դարձնել Արծրունիները՝ բոլոր լաւ դէպքերուն եւ ձեռնարկներուն։ Հետաքրքրական է հետեւեալը, թէ՝ Վարդանանց պատերազմի ատեն փայլող Արծրունի իշխան չկայ Եղիշէի մէջ։ Թովմա Արծրունիի ուշադրութիւնը կը գրաւէ այդ պակասը եւ իբրեւ մեկնաբանութիւն կը յիշէ, թէ ասորի չար վանական մը, Բարծումա անուն, որ թշնամութեամբ լեցուած էր Արծրունեաց հանդէպ, Եղիշէի գործին մէջէն վերցուցած ու հանած է Արծրունեաց վերաբերեալ բաժինը։ Թովմա Արծրունի արագ կ'անցնի այն դէպքերու վրայէն (ուր Արծրունիք հեղինակ են վատ արարքներու)։

Բ.- ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ։ Իր ժամանակաշրջանը։ Իր գործին ամէնէն հետաքրքրական եւ արժէքաւոր մասն է, որ կը սկսի 851 թուականէն։ Թովմա Արծրունի այսպէս կ'ըսէ. «Արդ, մեզ կայ առաջի ունել Ջափրայ եւ չար գործոց նորա, ԱՆԳԻՐՍ ՄՆԱՑԵԱԼ ՅԱՅԼՈՑ, զոր կատարեաց ի վերայ աշխարհին Հայոց երկայնագոյն ժամանակաւ...»։ Թ. Արծրունի, գործի այս Բ մասին մէջ, մեզի կու տայ նոր նիւթեր մանրամասնօրէն, իբրեւ ականատես կամ ականատեսներէ քաղուած։ Ուրեմն գործը արժէքաւոր է, թէ՛ մեզի մատուցած իր նիւթերու նորութեամբ եւ թէ՛ անոնց ստուգութեամբ։ Թովմա Արծրունի, իբրեւ պատմիչ, շատ բան կը շահի իր ստուգապատում ըլլալէն։ Յաճախ ինք անձամբ կատարած է հետազօտութիւններ եւ ճանապարհորդութիւններ՝ իր հաղորդած տեղեկութիւնները ստուգելու եւ պատմած դէպքերու միջավայրը սերտելու համար։ Իր աւագ ու միակ թերութիւնը, զոր յատուկ է առհասարակ բոլոր հայ պատմիչներուն, իր կողմնակալութիւնն է։ Անիկա եւս իր տոհմը մեծարելու թերեւս արդարանալի թերութիւնը ունի մեծ չափով։

Գործին բովանդակութիւնը

Ա. Դպրութիւնը ունի 11 գլուխներ։ Կը սկսի աշտարակաշինութենէն եւ կը հասնի մինչեւ Թէոդոսի թագաւորութիւնը՝ Յունաց վրայ, Դ դարու վերջը։ Բ. Դպրութիւնը ունի 7 մեծ գլուխներ, որոնց մէջ կը պատմէ արաբ ամիրաներու դառն տիրապետութեան, հայ իշխաններու ապստամբութեան ու գործերուն մասին։ Արծրունի իր նիւթերը քաղած է նախորդ պատմագիրներէն եւ հետեւաբար մեծ արժէք մը չեն ներկայացներ անոնք։ Իր բուն նորութիւնները կը սկսին Ե գլուխէն անդին։ Գ. Դպրութիւնը ունի 29 գլուխներ, իսկ Դ դպրութիւնը ունի 12 գլուխներ։ Այս երկու դպրութեանց մէջ Արծրունի մանրամասն ու երկարօրէն կը պատմագրէ Թ դարու դէպքերը, որոնք տեղի ունեցան են, ընդհանրապէս հայաստանի մէջ, եւ մասնաւորաբար Արծրունեաց նահանգի Վասպուրականի մէջ։ Գլխաւորաբար երկարօրէն կը պատմէ Արծրունի իշխաններ՝ Գուրգէնի, Դերենիկի, Աշոտի եւ Գագիկի մասին, որ յետոյ թագաւոր եղաւ։ Իր գործին վերջին մասը յետոյ շարունակուած է ուրիշ անանուն հեղինակի մը կողմէ, որուն յիշատակարանը եւս գրուած է։

Թովմա Արծրունի իբրեւ պատմիչ

Թովմա Արծրունի կրած է մեծ ազդեցութիւնը՝ Ս. Գիրքի, Խորենացիի եւ Եղիշէի։ Ի դէպ յայտնենք, որ ինք առաջինն է Խորենացին եւ Եղիշէն յիշատակողը։ Շատ կարեւոր է, որ Արծրունեաց այս պատմիչը յստակօրէն կը վկայէ, թէ Խորենացին իր «Պատմութեան» շարադրանքը հասցուցած է մինչեւ Հռոմէական (Բիւզանդական) Զենոն կայսեր ժամանակ (474-475թթ., ապա՝ 475 - 491 թթ.), այսինքն Պատմահօր երկն ունեցած է նաեւ չորրորդ մաս։ Այս փաստը կարելի է բացատրել Խորենացիի հակամամիկոնեանական եւ, փաստօրէն, հակակղերական, ինչպէս նաեւ Վասակամէտ դիրքորոշմամբ (պահպանուած երրորդ գիրքին մէջ՝ Վասակ Սիւնիի մասին, Խորենացիին դրական արտայայտութիւնը)։ Իսկ գիրքեր կամ որոշակի հատուածներ վերացնելը, այդ դարերուն, խորթ չէ ընդունուած, ինչպէս վերը մենք արդէն նշեցինք հետաքրքրական օրինակ մը, թէ Վարդանանց պատերազմին ատեն փայլող Արծրունի իշխան չկայ Եղիշէի գրքին մէջ։ Թովմա Արծրունիին ուշադրութիւնը կը գրաւէ այդ պակասը ու իբրեւ մեկնաբանութիւն կը յիշէ, թէ ասորի չար վանական մը, Բարծումա անուն, որ թշնամութեամբ լեցուած էր Արծրունեաց հանդէպ, Եղիշէի գործին մէջէն վերցուցած, հանած էր Արծրունեաց վերաբերեալ մասը։ Այսինքն՝ սովորական բան էր գրքերի խմբագրումը եւ անգամ ոչնչացումը։ Իբրեւ պատմիչ Թովման իր գործը չափազանց կենդանի կերպով գրած է Հայաստանի հողին վրայ եւ ժողովուրդին հետ մեծ հաղորդակցութեան մը բարիքովը։ Ունի իբր թերութիւն՝ ճոռոմաբանութիւններ, ծանօթ նիւթերու անհարկի թուումներ և կողմնակալութիւն։

Ազգային դիւցազնավէպը Արծրունիի գործին մէջ

Թովմա Արծրունիի գործին մէջ հետաքրքրական է այն բաժինը, ուր կը պատմէ հայոց մեծ ապստամբութեան մասին, արաբներու ԵուսուՖ ամիրային դէմ։ Այս ապստամբութիւնը մեր ժողովրդական մեծ դիւցազնավէպին կազմիչ մէկ տարրն է։

Կաղապար:Միջնադարեան հայ պատմագիրներ եւ ժամանակագիրներ

Կատեգորիա:Հայ պատմիչներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Թ. դարու պատմիչներ