«Լէօ Թոլսթոյ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 43. Տող 43.
[[Պատկեր:VolkonskayaMN.jpg|200px|thumb|left|Մ․ Վոլքոնսքաիայի ուրուապատկերը՝ գրողին մօր միակ նկարը, 1810-ական թուականներուն]]
[[Պատկեր:VolkonskayaMN.jpg|200px|thumb|left|Մ․ Վոլքոնսքաիայի ուրուապատկերը՝ գրողին մօր միակ նկարը, 1810-ական թուականներուն]]
[[Պատկեր:Nicolay Ilyich Tolstoy.jpg|200px|right|thumb|Նիքոլայ Իլէիչ Թոլսթոյ՝ գրողին հայրը, 1820-ական թուականներուն]]
[[Պատկեր:Nicolay Ilyich Tolstoy.jpg|200px|right|thumb|Նիքոլայ Իլէիչ Թոլսթոյ՝ գրողին հայրը, 1820-ական թուականներուն]]
Լէօ Թոլսթոյ ծնած է [[28 Օգոստոս]] 1828-ին, Թուլսքի նահանգի Քրափիվէնյըն գաւառը, մօր ժառանգական կալուածին մէջ՝ Եասնաիա Փոլիանա։ Ընտանիքին չորրորդ զաւակն էր։ 1830-ին, երբ տակաւին երկու տարեկան չէր դարձած, մայրը կը մահանայ՝ դստեր ծնունդէն կէս տարի ետք, այսպէս կոչուած՝ «յետծննդեան տենդէն»<ref group="Ն">«Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպին մէջ նոյն պայմաններով կը մահանայ Լիզա Բոլկոնսկայան՝ Անտրէյ Բոլկոնսկիի կինը, իսկ «Աննա Կարենինա» վեպում գլխավոր հերոսուհին երազում ձայն է լսում, որը կանխագուշակում էր մահ ծննդաբերության ժամանակ։</ref>։
Լէօ Թոլսթոյ ծնած է [[28 Օգոստոս]] 1828-ին, Թուլսքի նահանգի Քրափիվէնյըն գաւառը, մօր ժառանգած կալուածին մէջ՝ Եասնաիա Փոլիանա։ Ընտանիքին չորրորդ զաւակն էր։ 1830-ին, երբ տակաւին երկու տարեկան չէր դարձած, մայրը կը մահանայ՝ դստեր ծնունդէն կէս տարի ետք, այսպէս կոչուած՝ «յետծննդեան տենդէն»<ref group="Ն">«Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպին մէջ նոյն պայմաններով կը մահանայ Լիզա Բոլկոնսկայան՝ Անտրէյ Բոլկոնսկիի կինը, իսկ «Աննա Կարենինա» վեպում գլխավոր հերոսուհին երազում ձայն է լսում, որը կանխագուշակում էր մահ ծննդաբերության ժամանակ։</ref>։


Որբացած մանուկներուն դաստիարակութիւնը կը ստանձնէ հեռաւոր ազգական մը՝ Թ. Երկոլսքաիան։ 1837-ին ընտանիքը կը տեղափոխուի [[Մոսկուա]]՝ հաստատուելով Փլիւշչիխա, քանի որ անդրանիկ որդին կը պատրաստուէր համալսարան ընդունուելու։ Շուտով յանկարծամահ կ'ըլլայ հայրը՝ Նիքոլայ Իլէիչը, անկատար ձգելով գործերը (նեռարեալ՝ ընտանեկան ունեցուածքին հետ կապուած որոշ դատական խնդիրներ):Երեք կրտսեր երեխաները կրկին կը հաստատուին Եասնաիա Փոլիանա (ուր կը գտնուի Թոլսթոյի թանգարանը): Անոնց կ'ուղեկցին Երկոլսքաիան եւ Թոլսթոյի հօրաքրոջ երեխաներուն խնամակալ նշանակուած կոմսուհի Ա․ Օսթըն Սաքընը։ Հոս Լէօ Նիքոլայեւիչ կը մնայ մինչեւ կոմսուհի Օսթըն Սաքընի մահը՝ 1840: Մանուկները ստիպուած կը տեղափոխուին Քազան՝ իրենց նոր խնամակալին՝ հօրը զարմուհիին, Պ. Ի. Եուշքովային քով։
Որբացած մանուկներուն դաստիարակութիւնը կը ստանձնէ հեռաւոր ազգական մը՝ Թ. Երկոլսքաիան։ 1837-ին ընտանիքը կը տեղափոխուի [[Մոսկուա]]՝ հաստատուելով Փլիւշչիխա, քանի որ անդրանիկ որդին կը պատրաստուէր համալսարան ընդունուելու։ Շուտով յանկարծամահ կ'ըլլայ հայրը՝ Նիքոլայ Իլէիչը, անկատար ձգելով գործերը (նեռարեալ՝ ընտանեկան ունեցուածքին հետ կապուած որոշ դատական խնդիրներ):Երեք կրտսեր երեխաները կրկին կը հաստատուին Եասնաիա Փոլիանա (ուր կը գտնուի Թոլսթոյի թանգարանը): Անոնց կ'ուղեկցին Երկոլսքաիան եւ Թոլսթոյի հօրաքրոջ երեխաներուն խնամակալ նշանակուած կոմսուհի Ա․ Օսթըն Սաքընը։ Հոս Լէօ Նիքոլայեւիչ կը մնայ մինչեւ կոմսուհի Օսթըն Սաքընի մահը՝ 1840: Մանուկները ստիպուած կը տեղափոխուին Քազան՝ իրենց նոր խնամակալին՝ հօրը զարմուհիին, Պ. Ի. Եուշքովային քով։
Տող 54. Տող 54.
Առաջին շրջանին իր կրթութեամբ կը զբաղէր ֆրանսացի տնային դաստիարակ՝ Սեն Թոման («Պատանեկութիւն» վիպակի հերոս St.-Jérôme-ի նախատիպը), որ կը փոխարինէ բարեհոգի գերմանացի Ռեսրլմանը. վերջինս Թոլսթոյ ներկայացուցած է «Մանկութիւն» վիպակի հերոս Քարլ Իվանովիչի դերով։
Առաջին շրջանին իր կրթութեամբ կը զբաղէր ֆրանսացի տնային դաստիարակ՝ Սեն Թոման («Պատանեկութիւն» վիպակի հերոս St.-Jérôme-ի նախատիպը), որ կը փոխարինէ բարեհոգի գերմանացի Ռեսրլմանը. վերջինս Թոլսթոյ ներկայացուցած է «Մանկութիւն» վիպակի հերոս Քարլ Իվանովիչի դերով։


1843-ին Պ. Ի. Եուշկովան, իր վրայ վերցնելով իր անչափահաս եղբօրորդիներու խնամակալութեան դերը (չափահաս էր միայն մեծը՝ Նիքոլայը)՝ զանոնք կը բերէ [[Քազան]] (Ռուսիա)։ Իր եղբայրներուն՝ Նիքոլայի, Տմիթրիի եւ Սերկէյի օրինակով, Լէօ կ'որոշէ յաճախել Քազանի արքայական համալսարանը, ուր թուաբանութեան բաժանմունքին մէջ կ՝աշխատէր Լոպաչեւսկին, իսկ Արեւելագիտականին մէջ՝ Քովալէօսքին։ [[3 Հոկտեմբեր|3 Հոկտեմբեր]] 1844 -ին Լէօ Թոլսթոյ կ'ընդունուի արեւելեան լեզուներու (արաբա-թուրքական) բաժինը՝ որպէս վճարեալ ուսանող{{Sfn|Эйхенбаум Б. М.|1969|loc=|էջ=92}}։ Ընդունելութեան քննութիւններուն, մասնաւորապէս «թուրք-թաթարերէն»ին, գերազանց արդիւնք ցոյց կու տայ։ Սակայն տարուան ընթացքին տուեալ նիւթերէն թերանալով՝ կը ստիպուի կրկին յանձնել առաջին տարուան ծրագիրը։
1843-ին Պ. Ի. Եուշկովան, իր վրայ վերցնելով իր անչափահաս եղբօրորդիներուն խնամակալութեան դերը (չափահաս էր միայն մեծը՝ Նիքոլայը)՝ զանոնք կը բերէ [[Քազան]] (Ռուսիա)։ Իր եղբայրներուն՝ Նիքոլայի, Տմիթրիի եւ Սերկէյի օրինակով, Լէօ կ'որոշէ յաճախել Քազանի արքայական համալսարանը, ուր թուաբանութեան բաժանմունքին մէջ կ՝աշխատէր Լոպաչեւսկին, իսկ Արեւելագիտականին մէջ՝ Քովալէօսքին։ [[3 Հոկտեմբեր|3 Հոկտեմբեր]] 1844 -ին Լէօ Թոլսթոյ կ'ընդունուի արեւելեան լեզուներու (արաբա-թուրքական) բաժինը՝ որպէս վճարեալ ուսանող{{Sfn|Эйхенбаум Б. М.|1969|loc=|էջ=92}}։ Ընդունելութեան քննութիւններուն, մասնաւորապէս «թուրք-թաթարերէն»ին, գերազանց արդիւնքով դուրս կու գայ։ Սակայն տարուան ընթացքին տուեալ նիւթերէն կը թերանայ եւ չի յաջողիր յաջորդ ծրագիրին անցնիլ։


Ամբողջ տարուան կրկնութենէն խուսափելով՝ կը տեղափոխուի իրաւագիտական բաժանմունք, ուր որոշ նիւթերու գնահատականներու հետ կապուած խնդիրները կը շարունակուին։ [[1846]]-ի մայիսեան փոխադրական քննութիւնները բաւարար յանձնելով կը տեղափոխուի երկրորդ կարգ{{sfn|Бирюков П. Н.|2000|loc=Глава 6. Юность|էջ=}}։ Իրաւագիտական բաժանմունքին մէջ Լէօ Թոլսթոյ ուսանեցաւ ընդամէնը երկու տարի։ «Բարդ էր իրեն համար ամէն պարտադրուած բան։ Այն ամէնը, ինչ ան կեանքին մէջ սորված է, սորված է անկախ, արագ, անմիջապէս, յամառ աշխատանքով», - գրած է Ս. Ա. Թոլսթայեան իր «Լ. Ն. Թոլսթոյի կենսագրութեան վերաբերեալ նիւթեր» {{sfn|ЛМ|1978|loc=Том 1. Материалы к биографии Л. Н. Толстого и сведения о семействе Толстых и преимущественно гр. Льва Николаевича Толстого|էջ=34}}։ 1904 թուականին Թոլսթոյը կը յիշէր. «․․․առաջին տարին ես ոչինչ չկատարեցի։ Երկրորդ տարին սկսայ վարժուիլ․․․ այնտեղ էր Փրոֆէսօր Մայըրը, որ ինձ յանձնարարութիւն տուաւ. Եկատերինայի «Խրատի» եւ Մոնթեսքիոյի «Օրէնքի ոգու» համեմատութիւնը․․․ այդ աշխատանքն զիս գրաւեց, եւ ես մեկնեցայ գիւղ, սկսայ կարդալ Մոնթեսքիօ, այդ ընթերցանութիւնը անծայրածիր հորիզոններ բացաւ իմ առջեւս, ես սկսայ կարդալ Ռուսօ եւ ձգեցի համալսարանը՝ նոյն այն պատճառով, որ փափաքեցայ վարժուիլ»{{sfn|Эйхенбаум Б. М.|1969|loc=|էջ=97}}։
Ամբողջ տարուան կրկնութենէն խուսափելով՝ կը տեղափոխուի իրաւագիտական բաժանմունք, ուր որոշ նիւթերու գնահատականներու հետ կապուած խնդիրները կը շարունակուին։ [[1846]]-ի մայիսեան փոխադրական քննութիւնները բաւարար յանձնելով կը տեղափոխուի երկրորդ կարգ{{sfn|Бирюков П. Н.|2000|loc=Глава 6. Юность|էջ=}}։ Իրաւագիտական բաժանմունքին մէջ Լէօ Թոլսթոյ կ'ուսանի ընդամէնը երկու տարի։ «Բարդ էր իրեն համար ամէն պարտադրուած բան։ Այն ամէնը, ինչ որ ան կեանքին մէջ սորված է, սորված է անկախ, արագ, անմիջապէս, յամառ աշխատանքով», - գրած է Ս. Ա. Թոլսթայեան իր «Լ. Ն. Թոլսթոյի կենսագրութեան վերաբերեալ նիւթեր» {{sfn|ЛМ|1978|loc=Том 1. Материалы к биографии Л. Н. Толстого и сведения о семействе Толстых и преимущественно гр. Льва Николаевича Толстого|էջ=34}}։ 1904-ին Թոլսթոյ կը յիշէր. «․․․առաջին տարին ես ոչինչ կատարեցի։ Երկրորդ տարին սկսայ վարժուիլ․․․ այնտեղ էր Փրոֆ. Մայըրը, որ ինծի յանձնարարութիւն մը տուաւ. Եկատերինայի «Խրատի» եւ Մոնթեսքիոյի «Օրէնքի ոգու» համեմատութիւնը․․․ այդ աշխատանքը զիս գրաւեց, եւ ես մեկնեցայ գիւղ, սկսայ կարդալ Մոնթեսքիօ, այդ ընթերցանութիւնը անծայրածիր հորիզոններ բացաւ իմ առջեւս, ես սկսայ կարդալ Ռուսօ եւ ձգեցի համալսարանը՝ նոյն այե պատճառով է, որ փափաքեցայ վարժուիլ»{{sfn|Эйхенбаум Б. М.|1969|loc=|էջ=97}}։


=== Գրական Գործունէութեան Սկիզբ ===
=== Գրական Գործունէութեան Սկիզբ ===
[[Պատկեր:Diary of Leo Tolstoy.jpg|thumb|right|225px|Իր օրագիրը Թոլսթոյ վարած է երիտասարդ տարիներէն մինչեւ կեանքի աւարտը։ Արձանագրութիւններ 1891-1895 թթ օրագրէն։</center>]]
[[Պատկեր:Diary of Leo Tolstoy.jpg|thumb|right|225px|Իր օրագիրը Թոլսթոյ վարած է երիտասարդ տարիներէն մինչեւ կեանքի աւարտը։ Արձանագրութիւններ 1891-1895 օրագիրէն։</center>]]


[[1847]] թուականի [[11 Մարտ|Մարտ 11]]-էն Թոլսթոյ Քազանի հիւանդանոցին մէջ էր։ [[17 Մարտ|Մարտ 17]]-էն ան սկսաւ օրագիր պահել, ուր [[Պենճամին Ֆրանքլին]]ի օրինակով, իր առջեւ ինքնակատարելագործման խնդիրներ ու նպատակներ կը դնէր, նշելով այդ խնդիրներու իրագործման հետ կապուած նուաճումներն ու անյաջողութիւնները, կը վերլուծէր իր թերութիւններն ու մտքի ընթացքը, իր արարքներու շարժառիթները<ref>{{cite web| author =Алексеева Г., Пешкова М.| date =2010-09-19| url =http://www.echo.msk.ru/programs/time/711331-echo/ | title =Լև Տոլստոյ: Ամերիկյան երկխոսություններ| work = |publisher =Эхо Москвы| accessdate = 2013-03-28| lang =|archiveurl=http://www.webcitation.org/6Fd7NKL7q|archivedate=2013-04-04}}</ref>։ Այդ օրագիրը, որոշ ընդմիջումներով, ան պահեց ողջ կեանքի ընթացքին։
[[11 Մարտ|11 Մարտ]][[1847]]-էն Թոլսթոյ Քազանի հիւանդանոցին մէջ էր։ [[17 Մարտ|Մարտ 17]]-էն կը սկսի օրագիր պահել, ուր [[Պենճամին Ֆրանքլին]]ի օրինակով, իր առջեւ ինքնակատարելագործման խնդիրներ ու նպատակներ կը դնէ, նշելով այդ խնդիրներու իրագործման հետ կապուած նուաճումներն ու ձախողութիւնները, կը վերլուծէ իր թերութիւններն ու մտածելակերպը, իր գործած արարքներուն շարժառիթները<ref>{{cite web| author =Алексеева Г., Пешкова М.| date =2010-09-19| url =http://www.echo.msk.ru/programs/time/711331-echo/ | title =Լև Տոլստոյ: Ամերիկյան երկխոսություններ| work = |publisher =Эхо Москвы| accessdate = 2013-03-28| lang =|archiveurl=http://www.webcitation.org/6Fd7NKL7q|archivedate=2013-04-04}}</ref>։ Այդ օրագիրը, որոշ ընդմիջումներով, ան կը պահէ ողջ կեանքին ընթացքին։


Դարմանման աւարտին՝ [[1847]] թուականի գարնան, Թոլսթոյ ձգեց համալսարանական ուսումը եւ մեկնեցաւ «Եասնաիա Փոլիանա» ստանալու համար կալուածի բաժանումի ցուցակէն իրեն հասած բաժինը<ref>{{Ռուսերեն գիրք|автор = |часть = |заглавие =Краткий биографический очерк, написанный со слов графа Л. Н. Толстого его женой гр. С. А. Толстой 25 октября 1878 года |ссылка =http://feb-web.ru/feb/litnas/texts/l691/ln1-5104.htm |ответственный = |место = |издательство = |год =1910 |том = |страницы = 510|isbn = }}</ref>։ Այստեղ իր գործունէութիւնը նկարագրուած է մասնաւորապէս «Կալուածատիրոջ Առաւօտը» ստեղծագործութեան մէջ. Թոլսթոյ կը ձգտէր կրկին կառուցել իր յարաբերութիւնները գիւղացիներուն հետ։ Ժողովուրդին առջեւ երիտասարդ կալուածատիրոջ մեղքի զգացումը կերպով մը մեղմացնելու իր փորձերը կը վերաբերէին նոյն թուականին լոյս տեսած՝ Դ. Վ. Գրիգորովիչի «Անտոն-Կորեմիքան» եւ [[Իւան Թուրգենեւ|Ի. Ս. Թուրգենեւ]]ի «Որսորդի Յիշատակարան»ի սկիզբը։
Դամանուելէ ետք՝ [[1847]] գարնան, Թոլսթոյ կը ձգէ համալսարանական ուսումը եւ կը մեկնի «Եասնաիա Փոլիանա» ստանալու համար կալուածի բաժանումի ցուցակէն իրեն հասած բաժինը<ref>{{Ռուսերեն գիրք|автор = |часть = |заглавие =Краткий биографический очерк, написанный со слов графа Л. Н. Толстого его женой гр. С. А. Толстой 25 октября 1878 года |ссылка =http://feb-web.ru/feb/litnas/texts/l691/ln1-5104.htm |ответственный = |место = |издательство = |год =1910 |том = |страницы = 510|isbn = }}</ref>։ Հոն իր գործունէութիւնը կը նկարագրէ յատկապէս «Կալուածատիրոջ Առաւօտը» ստեղծագործութեան մէջ: Թոլսթոյ կը ձգտէր կրկին յարաբերութիւններ մշակել գիւղացիներուն հետ։ Ժողովուրդին առջեւ երիտասարդ կալուածատիրոջ մեղքի զգացումը ձեւով մը մեղմացնելու իր փորձերը կը վերաբերէին նոյն թուականին, երբ լոյս կը տեսնեն՝ Դ. Վ. Գրիգորովիչի «Անտոն-Կորեմիքան» եւ [[Իւան Թուրգենեւ|Ի. Ս. Թուրգենեւ]]ի «Որսորդի Յիշատակարան»ին սկիզբը։


Իր օրագիրին մէջ Թոլսթոյ իրեն համար ձեւակերպած էր մեծ քանակութեամբ կեանքի կանոններ եւ նպատակներ, սակայն կը յաջողէր անոնց միայն չնչին մասին հետեւիլ։ Յաջողածներու ցանկին մաս ը կազմէին [[անգլերէն]]ի, [[Երաժշտութիւն|երաժշտութեան]] եւ իրաւագիտութեան լուրջ դասընթաքները կամ վարժութիւնները: Բացի այդ, ո՛չ օրագիրին, ո՛չ ալ նամակներուն մէջ արտացոլած է Թոլսթոյի մանկավարժական եւ բարեգործական գործունէութեան սկիզբը, հակառակ, որ [[1849]] թուականին ան առաջին անգամ գիւղացի երեխաներու համար դպրոց բացաւ, ուր հիմնական մանկավարժը ճորտ գիւղացի Ֆոքա Տեմիտովիչն էր, սակայն յաճախ Լէօ Նիկոլայեւիչը ինքը կը վարէր դասընթացքները<ref name="Никитина"/>։
Իր օրագիրին մէջ Թոլսթոյ ինքն իրեն համար ձեւակերպած էր մեծ թիւով կեանքի կանոններ եւ նպատակներ, սակայն կը յաջողէր անոնց միայն չնչին մասին հետեւիլ։ Յաջողածներու ցանկին մաս կը կազմէին [[անգլերէն]]ի, [[Երաժշտութիւն|երաժշտութեան]] եւ իրաւագիտութեան լուրջ դասընթաքները կամ վարժութիւնները: Բացի ատկէ, ո՛չ օրագիրին, ո՛չ ալ նամակներուն մէջ արտացոլած է Թոլսթոյի մանկավարժական եւ բարեգործական գործունէութեան սկիզբը, հակառակ, որ [[1849]]-ին անիկա առաջին անգամ գիւղացի երեխաներու համար դպրոց մը կը բանայ, ուր հիմնական մանկավարժը ճորտ գիւղացի Ֆոքա Տեմիտովիչն էր, սակայն յաճախ Լէօ Նիկոլայեւիչը ինք կը վարէր դասընթացքները<ref name="Никитина"/>։
[[Պատկեր:L.N.Tolstoy Prokudin-Gorsky.jpg|մինի|Թոլսթոյ՝ Մայիս 1908-ին, Եասնաիա Փոլիանայի մէջ, իր 80-րդ տարեդարձէն չորս ամիս առաջ]]
[[Պատկեր:L.N.Tolstoy Prokudin-Gorsky.jpg|մինի|Թոլսթոյ՝ Մայիս 1908-ին, Եասնաիա Փոլիանայի մէջ, իր 80-րդ տարեդարձէն չորս ամիս առաջ]]
1848-ի Հոկտեմբերի կէսին Թոլսթոյ կը մեկնի Մոսկուա՝ հաստատուելով Արպատի շրջանին մէջ, ուր կ՝ապրէին իր բարեկամներէն եւ ընկերներէն շատերը։ Ան կը հաստատուի բնակելով Իվանովայի տունը, որ կը գտնուէր Նիքոլոփեսքովեան նրբանցքը։ Մոսկուայի մէջ ան կ'որոշէ պատրաստուիլ թեկնածուական քննութիւններուն, սակայն դասընթացքներն այդպէս ալ չսկսան։ Անոր փոխարէն իրեն գրաւեց կեանքի մէկ այլ կողմը՝ աշխարհիկ կեանքը։ Բացի այդ, 1848-1849 թուականներու ձմրան Լէօ Նիկոլաեւիչը տարուեցաւ թղթախաղով եւ, քանի որ անզգոյշ եւ անյոգ խաղցող էր ե՛ւ ոչ միշտ իր քայլերը կը կշռադատէր՝ յաճախ կը պարտուէր{{sfn|Гусев Н. Н. 1828 — 1855|1954|loc=Глава шестая. От выхода из университета до отъезда на Кавказ (1847—1851) VII|էջ=251—253}}։
1848-ի Հոկտեմբերի կէսին Թոլսթոյ կը մեկնի Մոսկուա՝ հաստատուելով Արպատի շրջանին մէջ, ուր կ'ապրէին իր բարեկամներէն եւ ընկերներէն շատերը։ Ան կը հաստատուի բնակելով Իվանովայի տունը, որ կը գտնուէր Նիքոլոփեսքովեան նրբանցքը։ Մոսկուայի մէջ ան կ'որոշէ պատրաստուիլ թեկնածուական քննութիւններուն, սակայն դասընթացքներն այդպէս չեն սկսիր։ Անոր փոխարէն իրեն գրաւեց կեանքի մէկ այլ կողմը՝ աշխարհիկ կեանքը։ Բացի այդ, 1848-1849 թուականներու ձմրան Լէօ Նիկոլաեւիչը տարուեցաւ թղթախաղով եւ, քանի որ անզգոյշ եւ անյոգ խաղցող էր ե՛ւ ոչ միշտ իր քայլերը կը կշռադատէր՝ յաճախ կը պարտուէր{{sfn|Гусев Н. Н. 1828 — 1855|1954|loc=Глава шестая. От выхода из университета до отъезда на Кавказ (1847—1851) VII|էջ=251—253}}։


[[1849]] թուականի Փետրուարին, մեկնելով [[Սենթ Փեթերսպուրկ|Փեթերսպուրկ]], ժամանակը կ՝անցնէր իր ապագայ կնոջ քեռիի՝ Կ. Ա. Իսլավինի հետ, մշտական խրախճանքներուն ընթացքին («Իսլավինի հանդէպ ունեցածս համակրանքի պատճառով ես փեթերսպուրկեան կեանքէս ութը ամիս կորսնցուցի»)։ Թոլսթոյ Գարնան սկսաւ իրաւունքի թեկնածուի քննութիւններ յանձնել. երկու քննութիւնները՝ քրէական իրաւունքէն եւ քրէական դատաւարութենէն, յաջողութեամբ յանձնեց, սակայն առանց երրորդ քննութիւնը յանձնելու՝ մեկնեցաւ [[գիւղ]]{{sfn|Эйхенбаум Б. М.|1969|}}։
[[1849]] թուականի Փետրուարին, մեկնելով [[Սենթ Փեթերսպուրկ|Փեթերսպուրկ]], ժամանակը կ՝անցնէր իր ապագայ կնոջ քեռիի՝ Կ. Ա. Իսլավինի հետ, մշտական խրախճանքներուն ընթացքին («Իսլավինի հանդէպ ունեցածս համակրանքի պատճառով ես փեթերսպուրկեան կեանքէս ութը ամիս կորսնցուցի»)։ Թոլսթոյ Գարնան սկսաւ իրաւունքի թեկնածուի քննութիւններ յանձնել. երկու քննութիւնները՝ քրէական իրաւունքէն եւ քրէական դատաւարութենէն, յաջողութեամբ յանձնեց, սակայն առանց երրորդ քննութիւնը յանձնելու՝ մեկնեցաւ [[գիւղ]]{{sfn|Эйхенбаум Б. М.|1969|}}։

16:42, 18 Օգոստոս 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Լէօ Նիքոլայ Թոլսթոյ[Ն 1] (ռուս.՝ Лев Никола́евич Толсто́й, Կաղապար:IPA-ru 9 Սեպտեմբեր 1828 - 7 Նոյեմբեր 1910), ռուս եւ համաշխարհային մեծագոյն գրողներէն ու մտածողներէն մէկը, 1854-1855 թուականներու Սեւասթոփոլի, Խրիմի թերակղզիի (անգլ.՝ Sevastopol - The Crimean Peninsula) պաշտպանութեան մասնակից։ Լուսաւորական, հրապարակախօս, կրօնական մտածող, որու հեղինակաւոր կարծիքը յառաջացուցած է կրօնաբարոյական նոր հոսանք մը՝ թոլսթոյականութիւնը։ Կայսերական Գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից-անդամ (1873), «պելեթրիսէիքայի» «belletrist» (գեղարուեստական արձակ գրականութիւն - Ֆրանս.՝ ՝ Belles-lettres . անգլ.՝belletrist) պատուաւոր ակադեմիկոս (1900)[1]։ Ռուսական գրականութեան ռահվիրաներէն համարուող [2], Լէօ Թոլսթոյի արուեստը ռուսական եւ համաշխարհային իրապաշտութեան (անգլ.՝ realism) զարգացման նոր փուլ մը կը բանայ՝ իւրայատուկ կամուրջ մը դառնալով Ժը. դարու դասական վէպի եւ Ի. դարու գրականութեան աւանդոյթներուն միջեւ։ Լէօ Թոլսթոյ մեծ ազդեցութիւն կ'ունենայ եւրոպական մարդասիրական յեղափոխութեան վրայ (անգլ.՝European Humanism Evolution), ինչպէս նաեւ՝ համաշխարհային գրականութեան իրապաշտական աւանդոյթներուն զարգացման վրայ։ Լէօ Թոլսթոյի ստեղծագործութիւնները բազմիցս շարժանկարի վերածուելով ցուցադրուած են եւ բեմականացուած են ԽՍՀՄ-ի եւ արտասահմանի մէջ, իր թատրերգութիւնները (անգլ.՝ plays) բեմադրուած են աշխարհի բեմերուն վրայ[2]։

Կենսագրութիւն

Ծագում

Սերած է ազնուական ընտանիքէ մը։ Հօրենական նախնիներէն էր կոմս Պետրոս Անտրէ Թոլսթոյը, որ յայտնի է արքայազուն Ալեքսէյ Պետրոսի հետաքննութեան մէջ իր ունեցած դերով, որու համար ալ ան նշանակուած է «Գաղտնի գրասենեակ»ի ղեկավար:[3]։ Պետրոս Անտրէեւիչի թոռան՝ Իլիա Անտրէեւիչի նկարագրութիւնը տրուած է Թոլսթոյի «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» ստեղծագործութեան մէջ, ուր կը մարմնաւորէ բարեհոգի կոմս Ռոսթովը։ Իլիա Անտրէեւիչի տղան՝ Նիքոլայ Անտրէեւիչ Թոլսթոյը (1794-1837) Լէօ Նիքոլաեւիչ Թոլսթոյի հայրն էր։ Լէօ Թոլսթոյի հայրը որոշ կենսագրական եւ բնաւորութեան գիծերով նմանութիւններ ունէր Նիքոլայի հօրը՝ Նիքոլայ Ռոստովի «Մանկութիւն» (Childhood) եւ «Պատանեկութիւն» (Boyhood) ստեղծագործութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» (War and Peace) ստեղծագործութեան մէջ։ Բայց իրական կեանքին մէջ ան տարբեր էր Նիքոլայ Ռոսթովէն ոչ միայն լաւ կրթութեամբ, այլեւ համոզումներով, որոնք չէին թոյլատրեր ծառայել Նիքոլայ Առաջինին։ Ան կը մասնակցի Ռուսաստանի կողմէ Նափոլէոնի դէմ կազմակերպուած Ռուսաստանի արտասահմանեան բանակի արշաւանքին, միաժամանակ կը մասնակցի Լէյփզիկի «Ժողովուրդներու Պայքարին», կալանուելով ֆրանսացիներէն, սակայն կը յաջողի փախուստի դիմել եւ հաշտութիւն կնքուելէն ետք կը ձգէ Փաւլոկրատեան գուսարական գունդի (հեծելազօրքի) գնդապետի իր պաշտօնը։ Անմիջապէս պաշտօնէն հեռանալէն ետք կը ստիպուի անցնիլ ծառայողական աշխատանքի, որպէսզի հօր՝ Քազանի (Kazan -Volga region) նահանգապետին, պարտքերուն պատճառով երկար ժամանակով չբանտարկուի, որ մահացած էր պաշտօնի չարաշահման համար կիրառուած հետաքննութեան ընթացքին։ Հօր բացասական կերպարը կ'օգնէ, որ Նիքոլայ Իլյիչը ընտրէ իր կեանքի իտէալը․ անկախ անձնական կեանք՝ ընտանեկան երջանկութեամբ[4]։ Իր գործերը կարգաւորելու համար Նիքոլայ Իլյիչ (ինչպէս Նիքոլայ Ռոստով) կ'ամուսնանայ ո՛չ այնքան երիտասարդ իշխանուհի՝ Մարիա Նիքոլայեւնայի հետ, 1822-ին, վերջինս Վոլքոնսքիներու տոհմէն էր, ուստի ամուսնութիւնը կը յաջողի։ Անոնք կ'ունենան հինգ զաւակներ՝ Նիքոլայ (1823-1860), Սերգէյ (1826-1904), Տմիթրի (1827-1856), Լէօ եւ Մարիա (1830-1912)։

Լէօ Թոլսթոյի մօր մեծ հայրը եքաթերինեան սպայ էր՝ Նիքոլայ Սերգէեւիչ Վոլքոնսքի, որ քանի մը նմանութիւններ ունէր դաժան ծերուկ Պոլքոնսքի իշխանին «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» (War and Peace) ստեղծագործութեան մէջ։ Լէօ Թոլսթոյի մայրը որոշ դրուագներու մէջ նման է Իշխանուհի Մարիային՝ կրկին «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն»-էն, որ հիանալի պատմասաց էր։

Բացի Վոլքոնսքիներէն, Լէօ Թոլսթոյ բարեկամական կապեր ունէր նաեւ այլ ազնուական ընտանիքներու հետ, ինչպէս Կորչաքովները, Թրուպեցքիները եւ այլն։

Մանկութիւն

Մ․ Վոլքոնսքաիայի ուրուապատկերը՝ գրողին մօր միակ նկարը, 1810-ական թուականներուն
Նիքոլայ Իլէիչ Թոլսթոյ՝ գրողին հայրը, 1820-ական թուականներուն

Լէօ Թոլսթոյ ծնած է 28 Օգոստոս 1828-ին, Թուլսքի նահանգի Քրափիվէնյըն գաւառը, մօր ժառանգած կալուածին մէջ՝ Եասնաիա Փոլիանա։ Ընտանիքին չորրորդ զաւակն էր։ 1830-ին, երբ տակաւին երկու տարեկան չէր դարձած, մայրը կը մահանայ՝ դստեր ծնունդէն կէս տարի ետք, այսպէս կոչուած՝ «յետծննդեան տենդէն»[Ն 2]։

Որբացած մանուկներուն դաստիարակութիւնը կը ստանձնէ հեռաւոր ազգական մը՝ Թ. Երկոլսքաիան։ 1837-ին ընտանիքը կը տեղափոխուի Մոսկուա՝ հաստատուելով Փլիւշչիխա, քանի որ անդրանիկ որդին կը պատրաստուէր համալսարան ընդունուելու։ Շուտով յանկարծամահ կ'ըլլայ հայրը՝ Նիքոլայ Իլէիչը, անկատար ձգելով գործերը (նեռարեալ՝ ընտանեկան ունեցուածքին հետ կապուած որոշ դատական խնդիրներ):Երեք կրտսեր երեխաները կրկին կը հաստատուին Եասնաիա Փոլիանա (ուր կը գտնուի Թոլսթոյի թանգարանը): Անոնց կ'ուղեկցին Երկոլսքաիան եւ Թոլսթոյի հօրաքրոջ երեխաներուն խնամակալ նշանակուած կոմսուհի Ա․ Օսթըն Սաքընը։ Հոս Լէօ Նիքոլայեւիչ կը մնայ մինչեւ կոմսուհի Օսթըն Սաքընի մահը՝ 1840: Մանուկները ստիպուած կը տեղափոխուին Քազան՝ իրենց նոր խնամակալին՝ հօրը զարմուհիին, Պ. Ի. Եուշքովային քով։

Քազանի մէջ Եուշքովներու տունը կը համարուէր ամէնէն ուրախ տուներէն մէկը. ընտանիքին բոլոր անդամները բարձր կը գնահատէին արտաքին երեւոյթները։ «Բարի հօրաքոյրս, - կը պատմէր Թոլսթոյ, - մաքուր եւ պարկեշտ էակ մը, միշտ կ՝ըսէր, որ ամէն ինչ կը ցանկար ինծի համար, բացի այն իրողութենէն որ ես կապ ունենայի ամուսնացած կնոջ մը հետ»[5]։

Լէօ Նիքոլայեւիչ կը փափաքէր փայլիլ հասարակութեան մէջ, բայց զինք կը խանգարէին բնածին ամչկոտութիւնն ու անհրապոյր արտաքինը։ Մեր կեանքի կարեւորագոյն գաղափարներուն՝ կեանքի, մահուան, Աստուծոյ, սիրոյ, յաւերժութեան մասին, ինչպէս ինք՝ Թոլսթոյ կը բնորոշէր, որ «տարաբնոյթ խոհերը իրենց դրոշմը ձգած էին իր կեանքին այդ հանգրուանի բնաւորութեան վրայ»։ «Յարութիւն» վէպին, «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» վիպակներուն մէջ նկարագրուած՝ Իրթենեւի եւ Նեխլիւտովի՝ ինքնակատարելագործման տենչերը վերցուած են գրողին այդ ժամանակուան անձնական ճգնաւորական փորձառութիւններէն։

Կրթութիւն

Այն տունը, ուր ծնած է Լ․ Թոլսթոյ (1898)

Առաջին շրջանին իր կրթութեամբ կը զբաղէր ֆրանսացի տնային դաստիարակ՝ Սեն Թոման («Պատանեկութիւն» վիպակի հերոս St.-Jérôme-ի նախատիպը), որ կը փոխարինէ բարեհոգի գերմանացի Ռեսրլմանը. վերջինս Թոլսթոյ ներկայացուցած է «Մանկութիւն» վիպակի հերոս Քարլ Իվանովիչի դերով։

1843-ին Պ. Ի. Եուշկովան, իր վրայ վերցնելով իր անչափահաս եղբօրորդիներուն խնամակալութեան դերը (չափահաս էր միայն մեծը՝ Նիքոլայը)՝ զանոնք կը բերէ Քազան (Ռուսիա)։ Իր եղբայրներուն՝ Նիքոլայի, Տմիթրիի եւ Սերկէյի օրինակով, Լէօ կ'որոշէ յաճախել Քազանի արքայական համալսարանը, ուր թուաբանութեան բաժանմունքին մէջ կ՝աշխատէր Լոպաչեւսկին, իսկ Արեւելագիտականին մէջ՝ Քովալէօսքին։ 3 Հոկտեմբեր 1844 -ին Լէօ Թոլսթոյ կ'ընդունուի արեւելեան լեզուներու (արաբա-թուրքական) բաժինը՝ որպէս վճարեալ ուսանող[6]։ Ընդունելութեան քննութիւններուն, մասնաւորապէս «թուրք-թաթարերէն»ին, գերազանց արդիւնքով դուրս կու գայ։ Սակայն տարուան ընթացքին տուեալ նիւթերէն կը թերանայ եւ չի յաջողիր յաջորդ ծրագիրին անցնիլ։

Ամբողջ տարուան կրկնութենէն խուսափելով՝ կը տեղափոխուի իրաւագիտական բաժանմունք, ուր որոշ նիւթերու գնահատականներու հետ կապուած խնդիրները կը շարունակուին։ 1846-ի մայիսեան փոխադրական քննութիւնները բաւարար յանձնելով կը տեղափոխուի երկրորդ կարգ[7]։ Իրաւագիտական բաժանմունքին մէջ Լէօ Թոլսթոյ կ'ուսանի ընդամէնը երկու տարի։ «Բարդ էր իրեն համար ամէն պարտադրուած բան։ Այն ամէնը, ինչ որ ան կեանքին մէջ սորված է, սորված է անկախ, արագ, անմիջապէս, յամառ աշխատանքով», - գրած է Ս. Ա. Թոլսթայեան իր «Լ. Ն. Թոլսթոյի կենսագրութեան վերաբերեալ նիւթեր» [8]։ 1904-ին Թոլսթոյ կը յիշէր. «․․․առաջին տարին ես ոչինչ կատարեցի։ Երկրորդ տարին սկսայ վարժուիլ․․․ այնտեղ էր Փրոֆ. Մայըրը, որ ինծի յանձնարարութիւն մը տուաւ. Եկատերինայի «Խրատի» եւ Մոնթեսքիոյի «Օրէնքի ոգու» համեմատութիւնը․․․ այդ աշխատանքը զիս գրաւեց, եւ ես մեկնեցայ գիւղ, սկսայ կարդալ Մոնթեսքիօ, այդ ընթերցանութիւնը անծայրածիր հորիզոններ բացաւ իմ առջեւս, ես սկսայ կարդալ Ռուսօ եւ ձգեցի համալսարանը՝ նոյն այե պատճառով է, որ փափաքեցայ վարժուիլ»[9]։

Գրական Գործունէութեան Սկիզբ

Իր օրագիրը Թոլսթոյ վարած է երիտասարդ տարիներէն մինչեւ կեանքի աւարտը։ Արձանագրութիւններ 1891-1895 օրագիրէն։

11 Մարտ1847-էն Թոլսթոյ Քազանի հիւանդանոցին մէջ էր։ Մարտ 17-էն կը սկսի օրագիր պահել, ուր Պենճամին Ֆրանքլինի օրինակով, իր առջեւ ինքնակատարելագործման խնդիրներ ու նպատակներ կը դնէ, նշելով այդ խնդիրներու իրագործման հետ կապուած նուաճումներն ու ձախողութիւնները, կը վերլուծէ իր թերութիւններն ու մտածելակերպը, իր գործած արարքներուն շարժառիթները[10]։ Այդ օրագիրը, որոշ ընդմիջումներով, ան կը պահէ ողջ կեանքին ընթացքին։

Դամանուելէ ետք՝ 1847-ի գարնան, Թոլսթոյ կը ձգէ համալսարանական ուսումը եւ կը մեկնի «Եասնաիա Փոլիանա» ստանալու համար կալուածի բաժանումի ցուցակէն իրեն հասած բաժինը[11]։ Հոն իր գործունէութիւնը կը նկարագրէ յատկապէս «Կալուածատիրոջ Առաւօտը» ստեղծագործութեան մէջ: Թոլսթոյ կը ձգտէր կրկին յարաբերութիւններ մշակել գիւղացիներուն հետ։ Ժողովուրդին առջեւ երիտասարդ կալուածատիրոջ մեղքի զգացումը ձեւով մը մեղմացնելու իր փորձերը կը վերաբերէին նոյն թուականին, երբ լոյս կը տեսնեն՝ Դ. Վ. Գրիգորովիչի «Անտոն-Կորեմիքան» եւ Ի. Ս. Թուրգենեւի «Որսորդի Յիշատակարան»ին սկիզբը։

Իր օրագիրին մէջ Թոլսթոյ ինքն իրեն համար ձեւակերպած էր մեծ թիւով կեանքի կանոններ եւ նպատակներ, սակայն կը յաջողէր անոնց միայն չնչին մասին հետեւիլ։ Յաջողածներու ցանկին մաս կը կազմէին անգլերէնի, երաժշտութեան եւ իրաւագիտութեան լուրջ դասընթաքները կամ վարժութիւնները: Բացի ատկէ, ո՛չ օրագիրին, ո՛չ ալ նամակներուն մէջ արտացոլած է Թոլսթոյի մանկավարժական եւ բարեգործական գործունէութեան սկիզբը, հակառակ, որ 1849-ին անիկա առաջին անգամ գիւղացի երեխաներու համար դպրոց մը կը բանայ, ուր հիմնական մանկավարժը ճորտ գիւղացի Ֆոքա Տեմիտովիչն էր, սակայն յաճախ Լէօ Նիկոլայեւիչը ինք կը վարէր դասընթացքները[4]։

Թոլսթոյ՝ Մայիս 1908-ին, Եասնաիա Փոլիանայի մէջ, իր 80-րդ տարեդարձէն չորս ամիս առաջ

1848-ի Հոկտեմբերի կէսին Թոլսթոյ կը մեկնի Մոսկուա՝ հաստատուելով Արպատի շրջանին մէջ, ուր կ'ապրէին իր բարեկամներէն եւ ընկերներէն շատերը։ Ան կը հաստատուի բնակելով Իվանովայի տունը, որ կը գտնուէր Նիքոլոփեսքովեան նրբանցքը։ Մոսկուայի մէջ ան կ'որոշէ պատրաստուիլ թեկնածուական քննութիւններուն, սակայն դասընթացքներն այդպէս չեն սկսիր։ Անոր փոխարէն իրեն գրաւեց կեանքի մէկ այլ կողմը՝ աշխարհիկ կեանքը։ Բացի այդ, 1848-1849 թուականներու ձմրան Լէօ Նիկոլաեւիչը տարուեցաւ թղթախաղով եւ, քանի որ անզգոյշ եւ անյոգ խաղցող էր ե՛ւ ոչ միշտ իր քայլերը կը կշռադատէր՝ յաճախ կը պարտուէր[12]։

1849 թուականի Փետրուարին, մեկնելով Փեթերսպուրկ, ժամանակը կ՝անցնէր իր ապագայ կնոջ քեռիի՝ Կ. Ա. Իսլավինի հետ, մշտական խրախճանքներուն ընթացքին («Իսլավինի հանդէպ ունեցածս համակրանքի պատճառով ես փեթերսպուրկեան կեանքէս ութը ամիս կորսնցուցի»)։ Թոլսթոյ Գարնան սկսաւ իրաւունքի թեկնածուի քննութիւններ յանձնել. երկու քննութիւնները՝ քրէական իրաւունքէն եւ քրէական դատաւարութենէն, յաջողութեամբ յանձնեց, սակայն առանց երրորդ քննութիւնը յանձնելու՝ մեկնեցաւ գիւղ[13]։

Յետագային ան ժամանակ առ ժամանակ կու գար Մոսկուա, ուր յաճախ ժամանակը կ՝ անցնէր բաղդախաղերով, ինչ, որ երբեմն վատ կ՝ անդրադառնար իր նիւթական վիճակին վրայ։ Կեանքի այդ շրջանին Թոլսթոյ յատկապէս կը հետաքրքրուէր երաժշտութեամբ (Ան վատ չէր նուագեր դաշնամուր եւ բարձր կը գնահատէր այլոց կատարմամբ իր սիրած ստեղծագործութինները)։ Երաժշտութեամբ տարուիլը յետագային արդիւնք տուաւ «Կրէյցերի սոնատը»ի ստեղծման[14]։

Թոլսթոյի սիրած երգահաններն էին՝ Պախը, Հենտելը և Շոփէնը։ Երաժշտութեան հանդէպ հակուածութեան զարգացման նպաստեց նաեւ այն հանգամանքը, որ 1848 թուականին Փեթերսպուրկի մէջ, պարի դասի ոչ այնքան յարմար իրավիճակին ան հանդիպեցաւ գերմանացի տաղանդաւոր, սակայն ճամբէն շեղած երաժիշտի մը հետ, որ յետագային դարձաւ «Ալպերթ» վիպակի հերոսը։ 1849 թուականին Լէօ Նիկոլաեւիչը իր տանը՝ Եասնայա Փոլիանայի մէջ բնակեցուց երաժիշտ Ռուտոլֆը, որուն հետ չորս ձեռքով կը նուագէին դաշնամուրի վրայ։ Այդ ընթացքին երաժշտութեամբ տարուելով՝ ան օրական քանի մը ժամ կը նուագէր՝ Շումէնի, Շոփէնի, Մոցարթի, Մենտըլսընի ստեղծագործութիւնները։ 1840-ական թուականներու վերջերը, իր ծանօթներէն մէկուն՝ Զիպինի հետ համահեղինակութեամբ, Թոլսթոյ յօրինեց վալս մը, որ 1900-ականներու սկիզբը կատարեց երգահան Ս. Ի. Թանէեւի ներկայութեամբ, եւ այդ ստեղծագործութեան ալ իրականացաւ շնորհիւ այդ նոթաներու արձանագրութեամբ (Թոլսթոյի միակ երաժշտական ստեղծագործութիւնը)[15]։ Շատ ժամանակ կը վատնէր նաեւ խրախճանքներու, թղթախաղի եւ որսորդութեան շրջանակներէն ներս։

1850-1851 թուականներու ձմրան Թոլսթոյ սկսաւ գրել «Մանկութիւնը»։ 1851 թուականի Մարտին գրեց «Անցած օրուայ պատմութիւնը»։ Թոլսթոյի՝ կամովին, համալսարանէն հեռանալէ չորս տարի ետք Եասնայա Փոլիանա եկաւ Կովկաս ծառայող իր եղբայրը՝ Նիքոլայը, որ առաջարկեց կրտսեր եղբօրը իրեն միանալ՝ զինուորական ծառայութեան անցնելով Կովկասի մէջ։ Լէօը անմիջապէս չհամաձայնեցաւ, սակայն Մոսկուայի մէջ մեծ թիւով ունեցած պարտութիւնները արագացուց վերջնական որոշումը։ Գրողին կենսագիրները կը նշեն եղբօր՝ Նիքոլայի զգալի եւ դրական ազդեցութիւնը կենսական հարցերուն անփորձ պատանի Լէօի վրայ։ Ծնողներու բացակայութեան պարագային աւագ եղբայրը իրեն համար եւ՛ ընկեր էր, եւ՛ ուսուցիչ[16]։

Պարտքերը փակելու համար անհրաժեշտ էր կրճատել սեփական ծախսերը, եւ 1851 թուականի գարնան Թոլսթոյ աճապարանքով, առանց որոշակի նպատակի, Մոսկուայէն մեկնեցաւ Կովկաս։ Շուտով ան որոշեց անցնիլ զինուորական ծառայութեան, սակայն անոր համար կը պակսէին Մոսկուա ձգած որոշ փաստաթուղթեր, որոնց սպասելով՝ Թոլսթոյ մօտ հինգ ամիս ապրեցաւ Փիաթիկորսք՝ հասարակ հիւղակի մէջ։ Ժամանակին մեծ մասը ան կ՝ անցնէր որսորդութեամբ՝ կազակ Եփիշքայի հետ, որ դարձաւ «Կազակներ» վիպակի հերոսներէն մէկուն՝ Երոշքայի նախատիպը[5]:

Թոլսթոյ եւ իր եղբայր Նիքոլայը Կովկաս մեկնելէն առաջ, 1851

1851 թուականի աշնան, Թիֆլիսի մէջ քննութիւն յանձնելով, Թոլսթոյ կ՛ընդունուի 20-րդ հրաձգային ջոկատի 4-րդ գումարտակ՝ որպէս ենթասպայ, Թերեքի ափին, Կիզլեարի մօտ գտնուող Սթարոկլատովեան կազակական աւանի մէջ։ Որոշ փոփոխութիւններով այն պատկերուած է «Կազակներ» վիպակին մէջ։ Վիպակը կ՝ արտացոլէ մոսկովեան կեանքէն փախած երիտասարդ ազնուականի ներաշխարհը։ Կազակական աւանին մէջ Թոլսթոյ կրկին սկսաւ գրել եւ 1852 թուականի Յուլիսին այն ժամանակ առաւել յայտնի դարձած «Սովրեմեննիք» ամսագիրի խմբագրութիւն ուղարկեց ապագայ ինքնակենսագրական եռագրութեան առաջին՝ «Մանկութիւն» հատուածը՝ ստորագրուած լոկ «Լ. Ն. Տ.» սկզբնատառերով[5]։ Ձեռագիրին հետ ան խմբագրութիւն ուղարկեց նաեւ նամակ մը, որուն մէջ կ՝ ըսուէր. «...ես անհամբերութեամբ կը սպասեմ ձեր գնահատականին, որ կամ կ՝ոգեւորէ զիս՝ սիրած զբաղմունքս շարունակելու հարցով, կամ ալ կը ստիպէ այրել ամբողջ սկսուածը»[17]։

Ստանալով «Մանկութեան» ձեռագիրը՝ «Սովրեմեննիքի» խմբագիր Ն. Ա. Նեքրասովը իսկոյն նկատեց անոր գրական արժէքը եւ սիրալիր նամակ մը գրեց հեղինակին, որ վերջինիս վրայ բաւականին ոգեւորիչ ազդեցութիւն ունեցաւ։ Ի. Ս. Թուրգենեւին ուղղուած նամակին մէջ Նեքրասովը նշած է. «Այս նոր եւ, կը կարծեմ, յուսալի տաղանդ է»[18]։ Տակաւին անյայտ հեղինակին ձեռագիրը հրատարակուեցաւ արդէն Սեպտեմբերին։ Այդ ընթացքին սկսնակ եւ ոգեշնչուած հեղինակը ձեռնամուխ եղաւ «Զարգացման չորս դարաշրջան» քառագրութեան շարունակութեան, որուն վերջին՝ «Երիտասարդութիւն» մասը այդպէս ալ մնաց անաւարտ։ Ան (ֆապուլա) առասպելական առակագրութիւն կը մտածէր «Կալուածատիրոջ Առաւօտը» (աւարտուած պատմուածքը զուտ հատուած էր «Ռուս կալուածատիրոջ վէպին»), «Յարձակում» եւ «Կազակներ» ստեղծագործութիւններու համար։ 1852 թուականի Սեպտեմբեր 18-ին «Սովրեմեննիքում» տպագրուած «Մանկութիւն»-ը բացառիկ յաջողութիւն ունեցաւ. հրապարակումէն ետք հեղինակին անմիջապէս սկսան դասել ականաւոր երիտասարդ գրական գործիչներու շարքին՝ այն ժամանակ արդէն յայտնի դարձած Ի. Ս. Թուրգենեւի, Կոնչարովի, Դ. Վ. Գրիգորովիչի, Օսթրովսքիի հետ միասին։ Գրաքննադատներ Գրիգորեւը, Աննենքովը, Տրուժինինը եւ Չերնիշեւսքին գնահատեցին հոգեբանական վերլուծութեան խորութիւնը, հեղինակի մտադրութիւններու լրջութիւնն ու իրատեսական գաղափարներու պայծառութիւնը[5]։

Համեմատաբար աւելի ուշ շրջանի գործունէութիւնը բնորոշ է Թոլսթոյի համար. ան երբեւիցէ իրեն չէ համարած արհեստավարժ գրական գործիչ՝ ընկալելով մտարուեստականութիւն ոչ թէ ապրելու պայմաններ ապահովող մասնագիտութեան իմաստով, այլ՝ գրական հետաքրքրութիւններու գերիշխանութեան։ Ան սրտին մօտ չէր ընդուներ գրական կուսակցութիւններու հետաքրքրութիւնները, տհաճութեամբ կը զրուցէր գրականութեան մասին՝ գերադասելով հաւատի, բարոյականութեան եւ հասարակական յարաբերութիւններու մասին զրոյցները[5]։

Լէօ Թոլսթոյ

Գործերը

Թոլսթոյի ստեղծագործութիւններէն են՝ «Պատերազմ Եւ Խաղաղութիւն» «War and Peace», «Աննա Քարենինա» «Anna Karenina», «Յարութիւն» վէպերը, «Մանկութիւն» «Childhood», «Պատանեկութիւն» «Boyhood», «Երիտասարդութիւն» «Youth»[Ն 3] ինքնակենսագրական եռագրութիւնը[5][2] (այսինքն՝ եռամաս թատերախաղ - անգլ.՝ Trilogy), «Քազաքներ» «The Cossacks», «Իվան Իլյիչի մահը» «The Death of Ivan Ilyich», «Քրեյցերեան Սոնաթ» «The Kreutzer Sonata», «Հաճի Մուրատ» «Hadji Murad» վիպակները, «Սեւասթոփոլեան Պատմութիւններ» «Sevastopol Sketches» ակնարկներու շարքը, «Կենդանի Դիակ» եւ «Խաւարի Իշխանութիւն» թատերախաղերը (անգլ.՝ drama), «Խոստովանութիւն» «A Confession», եւ «Ո՞րն Է Իմ Հաւատքը» ինքնակենսագրական կրօնափիլիսոփայական ստեղծագործութիւնները եւայլն։

Նշումներ

  1. Տոլստոյը, ստեղծված ժողովրդական արտասանական ավանդույթին համապատասխան, ինքնիրեն անվանում էր «Լյով», այդպես էին նրան անվանում նաև կինը, որդին՝ Սերգեյը, և Վ. Չերտկովը։ Դրանով հանդերձ, նրա շատ ընկերներ, օրինակ՝ Ն. Ստրախովը, Պ. Բիրյուկովը, Իվան Գորբունով-Պոսադովը, նրան անվանում էին Լև Նիկոլաևիչ, ոչ թե Լյով Նիկոլաևիչ։
  2. «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպին մէջ նոյն պայմաններով կը մահանայ Լիզա Բոլկոնսկայան՝ Անտրէյ Բոլկոնսկիի կինը, իսկ «Աննա Կարենինա» վեպում գլխավոր հերոսուհին երազում ձայն է լսում, որը կանխագուշակում էր մահ ծննդաբերության ժամանակ։
  3. Ինքը՝ Տոլստոյը, իր վէպի գաղափարը կտ տեսներ աւելի լայն, քան պարզապէս ինքնակենսագրական ստեղծագործութիւն

Ծանօթագրութիւններ

  1. ։
  2. 2,0 2,1 2,2 БСЭ, 1977
  3. Անատոլի Շիկման «Պատմական գործիչներ․ Կենսագրական տեղեկատու», Մոսկվա, 1997, էջ 896
  4. 4,0 4,1 Նինա Նիկիտինա «Լեւ Տոլստոյի առօրեան Յասնայա Պոլյանայում», Մոսկվա, 2007, էջ 113
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 5,5 , Толстой Лев НиколаевичЭнциклопедический словарь Брокгауза и Ефрона, հ. 33, СПб, էջ 478։ Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; name "ЭСБЕ" defined multiple times with different content
  6. Эйхенбаум Б. М., 1969, էջ 92
  7. Бирюков П. Н., 2000, Глава 6. Юность
  8. ЛМ, 1978, Том 1. Материалы к биографии Л. Н. Толстого и сведения о семействе Толстых и преимущественно гр. Льва Николаевича Толстого, էջ 34
  9. Эйхенбаум Б. М., 1969, էջ 97
  10. Алексеева Г., Пешкова М. (2010-09-19)։ «Լև Տոլստոյ: Ամերիկյան երկխոսություններ»։ Эхо Москвы։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-04-04-ին։ արտագրուած է՝ 2013-03-28 
  11. Կաղապար:Ռուսերեն գիրք
  12. Гусев Н. Н. 1828 — 1855, 1954, Глава шестая. От выхода из университета до отъезда на Кавказ (1847—1851) VII, էջ 251—253
  13. Эйхенбаум Б. М., 1969
  14. «Биографический словарь»։ Толстой Лев Николаевич։ Slovarus.ru։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-04-04-ին։ արտագրուած է՝ 2013-03-29 
  15. Воззрение Толстого на музыку էջ 308։
  16. Толстой С. М., 1990, Глава VIII. Николай Николаевич Толстой, էջ 166—169
  17. Калюжная Л. С.։ «Лев Николаевич Толстой (1828—1910)»։ Великие писатели։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-05-03-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ մայիսի 3 
  18. Некрасов Н. А. Полн. собр. соч. и писем, т. 10. — М., «Правда», 1952, с. 179


Կատեգորիա:Ռուս արձակագիրներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Մանկագիրներ այբբենական կարգով Կատեգորիա:1828 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:9 Սեպտեմբերի ծնածներ Կատեգորիա:Պոլիգլոտներ Կատեգորիա:1910 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:7 Նոյեմբերի մահացածներ