«Լէօ Թոլսթոյ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 64. Տող 64.





== Նշումներ ==
{{Նցանկ}}


== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==

18:31, 9 Յունուար 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Լեւ Նիքոլայ Թոլսթոյ[Ն 1] (ռուս.՝ Лев Никола́евич Толсто́й, 16 Օգոստոս 1828 - 7 Նոյեմբեր 1910), ռուս եւ համաշխարհային խոշորագոյն գրողներէն ու մտածողներէն մէկը, 1854-1855 թուականներու Սեւասթոփոլի, Ղրիմի թերակղզի (անգլ.՝ Sevastopol - The Crimean Peninsula) պաշտպանութեան մասնակից։ Լուսաւորական, հրապարակախօս, կրօնական մտածող, որուն հեղինակաւոր կարծիքը առաջացուցած է կրօնաբարոյական նոր հոսանք՝ թոլսթոյականութիւն։ Կայսերական Գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից-անդամ (1873), «պելեթրիսէիքայի» «belletrist» (այսինքն՝ գեղարուեստական արձակ գրականութիւն - Ֆրանս.՝ ՝ Belles-lettres . անգլ.՝belletrist) պատուաւոր ակադեմիկոս (1900)[1]։

Դեռ կենդանութեան օրերուն, որպէս ռուս գրականութեան գագաթ ճանչցուած գրող[2], Լեւ Թոլսթոյի արուեստը նշանաւորուեցաւ ռուսական եւ համաշխարհային ռէալիզմի (այսինքն՝ իրապաշտութիւն, անգլ.՝ realism) զարգացման նոր փուլը՝ իւրայատուկ կամուրջ դառնալով 19-րդ դարուն դասական վէպի եւ 20-րդ դարուն գրականութեան աւանդոյթներուն միջեւ։ Լեւ Թոլսթոյը հսկայական ազդեցութիւն ունեցաւ եւրոպական հումանիզմի եղափոխութեան (այսինքն Եւրոպական մարդկայնապաշտութեան բարեշրջութիւնը, աճումը - անգլ.՝European Humanism Evolution) , ինչպէս նաեւ՝ համաշխարհային գրականութեան ռէալիստական (այսինքն՝ իրապաշտական) աւանդոյթներուն զարգացման վրայ։ Լեւ Թոլսթոյի ստեղծագործութիւնները բազմիցս շարժանկարի վերածուելով ցուցադրուած են եւ բեմականացուած են ԽՍՀՄ-ի եւ արտասահմանի մէջ, իրեն թատրերգութիւնները (անգլ.՝ plays) բեմադրուած են աշխարհի բեմերուն վրայ[2]։


Առաւել յայտնի են Թոլսթոյի այնպիսի ստեղծագործութիւններ, ինչպիսիք են՝ «Պատերազմ Եւ Խաղաղութիւն» «War and Peace» , «Աննա Քարենինա» «Anna Karenina», «Յարութիւն» վէպերը, «Մանկութիւն» «Childhood», «Պատանեկութիւն» «Boyhood», «Երիտասարդութիւն» «Youth» [Ն 2]ինքնակենսագրական եռագրութիւնը[3][2] (այսինքն՝ եռամաս թատերախաղ - անգլ.՝ Trilogy), «Քազաքներ» «The Cossacks», «Իւան Իլյիչի մահը» «The Death of Ivan Ilyich», «Քրեյցերեան Սոնաթ» «The Kreutzer Sonata», «Հաճի Մուրատ» «Hadji Murad» վիպակները, «Սեւասթոփոլեան Պատմութիւններ» «Sevastopol Sketches» ակնարկներու շարքը, «Կենդանի Դիակ» եւ «Խաւարի Իշխանութիւն» թատերախաղերը (անգլ.՝ drama), «Խոստովանութիւն» «A Confession», եւ «Ո՞րն Է Իմ Հաւատքը» ինքնակենսագրական կրօնափիլիսոփայական ստեղծագործութիւնները եւայլն։

Կենսագրութիւն

Ծագում

Ինչպէս կը նշեն յայտնի աղբիւրներ 1351 թուականէն՝ ան ծագում ունէր ազնուական ընտանիքէն։ Հօր կողմէն անոր նախնիներէն էր կոմս Պետրոս Անտրէի Թոլսթոյը, որ յայտնի է արքայազուն Ալեքսէյ Պետրոսի հետաքննութեան մէջ իր ունեցած դերով, որուն համար ալ ան նշանակուեցաւ «Գաղտնի գրասենեակ»ի ղեկավարը[4]։ Պետրոս Անտրէեւիչի թոռան՝ Իլիա Անտրէեւիչի նկարագրութիւնը տրուած է Թոլսթոյի «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» ստեղծագործութեան մէջ, ուր կը մարմնաւորէ բարեհոգի կոմս Ռոսթովին։ Իլիա Անտրէեւիչի տղան՝ Նիքոլայ Անտրէեւիչ Թոլսթոյը (1794-1837) Լեւ Նիքոլաեւիչ Թոլսթոյին հայրն էր։ Լեւ Թոլսթոյի հայրը որոշ կենսագրական եւ բնաւորութեան գիծերով նմանութիւններ ունէր Նիքոլայի հօրը՝ Նիքոլայ Ռոստովին «Մանկութիւն» (Childhood) եւ «Պատանեկութիւն» (Boyhood) ստեղծագործութիւններուն մէջ եւ փոքր մաս մըն ալ «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» (War and Peace) ստեղծագործութեան մէջ։ Բայց իրական կեանքին մէջ ան տարբեր էր Նիքոլայ Ռոսթովէն ոչ միայն լաւ կրթութեամբ, այլ եւ համոզմունքներով, որոնք չէին թոյլատրեր ծառայել Նիքոլայ Առաջինին։ Ան մասնակցած է Ռուսաստանի կողմէն Նափոլէոնի դէմ կազմակերպուած Ռուսաստանի արտասահմանեան բանակի արշաւանքին, միեւնոյն ժամանակ մասնակցեր է նաեւ Լէյփզիկի «Ժողովուրդներու Պայքարին», կալանուելով ֆրանսացիներուն կողմէն, սակայն կրցած է փախուստի դիմել եւ հաշտութիւն կնքուելէն ետք պաշտօնաթող եղած է Փաւլոկրատեան գուսարական գունդին գնդապետի աստիճանով։ Անմիջապէս պաշտօնէն հեռանալէն ետք ստիպուած եղաւ անցնիլ ծառայողական աշխատանքի, որպէսզի հօր՝ Քազանի (Kazan -Volga region) նահանգապետին պարտքերուն պատճառով երկար ժամանակով չբանտարկուի, որ մահացած էր պաշտօնի չարաշահման համար կիրառուած հետաքննութեան ընթացքին։ Հօր բացասական կերպարը օգնեց, որ Նիքոլայ Իլյիչին ընտրէ իր կեանքի իտէալը․ անկախ անձնական կեանք՝ ընտանեկան երջանկութեամբ[5]։ Որպէսզի կարգի բերէ իր գործերը Նիքոլայ Իլյիչը (ինչպես Նիքոլայ Ռոստովը) ամուսնացաւ ո՛չ այնքան երիտասարդ իշխանուհի՝ Մարիա Նիքոլայեւնայի հետ, 1822 թուականին, եւ ան Վոլքոնսքիներու տոհմէն էր․ ամուսնութիւնը յաջողեցաւ։ Անոնք ունեցան հինգ երեխայ՝ Նիքոլայ (1823-1860), Սերգէյ (1826-1904), Տմիթրի (1827-1856), Լեւ եւ Մարիա (1830-1912)։

Լեւ Թոլսթոյի մօր մեծ հայրը եկատերինեան սպայ էր՝ Նիքոլայ Սերգէեւիչ Վոլքոնսքին, քանի մը նմանութիւններ ունէր դաժան ծերուկ Պոլքոնսքի իշխանին հետ «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» (War and Peace) ստեղծագործութեան մէջ[6]։ Լեւ Թոլսթոյի մայրը որոշ դրուագներուն նման է Իշխանուհի Մարիային՝ կրկին «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն»-էն, որ հիանալի պատմասաց էր։

Բացի Վոլքոնսքիներէն, Լեւ Թոլսթոյը բարեկամական կապեր ունէր նաեւ այլ ազնուական ընտանիքներու հետ, ինչպէս Կորչաքովները, Թրուպեցքիները եւ այլք։

Մանկութիւն

Մ․ Վոլքոնսքաիայի ուրուապատկերը՝ գրողի մօր միակ նկարը, 1810-ական թուականներ
Նիքոլայ Իլէիչ Թոլսթոյ՝ գրողի հայրը, 1820-ական թուականներ

Լեւ Թոլսթոյ ծնած է 1828 թուականի Օգոստոս 28-ին, Թուլսքի նահանգի Քրափիվէնյըն գաւառը, մայրական ժառանգական կալուածքին մէջ՝ Եասնաիա Փոլիանա։ Ընտանիքի չորրորդ զաւակն էր։ 1830 թուականին, երբ տակաւին երկու տարեկան ալ չէր դարձած, մայրը մահացաւ՝ դստեր ծնունդէն կէս տարի ետք, այսպէս կոչուած՝ «հետծննդեան տենդէն»[Ն 3]։

Որբացած երեխաներու դաստիարակութիւնը իր վրայ վերցուց հեռաւոր բարեկամուհին՝ Թ. Երկոլսքաիան։ 1837 թուականին ընտանիքը տեղափոխոււեցաւ Մոսկուա՝ հաստատուելով Փլիւշչիխա, քանի որ աւագ որդին կը պատրաստուէր համալսարան ընդունուիլ։ Շուտով յանկարծամահ եղաւ հայրը՝ Նիքոլայ Իլէիչը՝ անկատար թողնելով գործերը (նեռարեալ ՝ ընտանեկան ունեցուածքի հետ կապուած որոշ դատական խնդիրներ), եւ երեք կրտսեր երեխաները կրկին հաստատուեցան Եասնաիա Փոլիանա՝ Երկոլսքաիայի եւ հօրաքրոջ՝ երեխաներու խնամակալ նշանակուած կոմսուհի Ա․ Օսթըն Սաքընի հսկողութեամբ։ Այստեղ Լեւ Նիքոլայեւիչը մնաց մինչեւ 1840 թուական, երբ մահացաւ կոմսուհի Օսթըն Սաքընը, եւ երեխաները տեղափոխուեցան Քազան՝ իրենց նոր խնամակալի՝ հօր զարմուհիի՝ Պ. Ի. Եուշքովայի մօտ։

Քազանի մէջ Եուշքովներու տունը կը համարուէր ամենաուրախ տուներէն մէկը. ընտանիքին բոլոր անդամները բարձր կը գնահատէին արտաքին փայլը։ «Իմ բարի հօրաքոյրը,- կը պատմէր Թոլսթոյ,- պայծառ եւ պարկեշտ էակ, միշտ կ՝ըսէր, որ ոչ մէկ բան չի փափաքիր ինծի համար առաւելապէս, որքան այնքան, որ ես ամուսնանամ կնոջ մը հետ»[3]։

Լեւ Նիքոլայեւիչը կը փափաքէր փայլիլ հասարակութեան մէջ, բայց զինք կը խանգարէին բնածին ամչկոտութիւնն ու անհրապոյր արտաքինը։ Մեր կենցաղի կարեւորագոյն գաղափարներուն՝ կեանքի, մահուան, Աստուծոյ, սիրոյ, յաւերժութեան մասին, ինչպէս ինքը՝ Թոլսթոյ կը բնորոշէր, որ «տարաբնոյթ խոհերը իրենց կնիքն կը դրոշմէին կեանքի այդ շրջանին իր բնաւորութեան վրայ»։ «Յարութիւն» վէպին, «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» վիպակներուն մէջ նկարագրուած՝ Իրթենեւի եւ Նեխլիւտովի՝ ինքնակատարելագործման տենչերը վերցուած են գրողին՝ այդ ժամանակուան սեփական ճգնաւորական փորձառութիւններէն։ Այդ բոլորը, կը գրէ քննադատ Սեմիոն Վենկերովը, պատճառ դարձաւ, որ Թոլսթոյի մօտ ձեւաւորուի, «Պատանեկութիւն» վիպակով իր իսկ արտասանած խօսքերով գրուած, «զգացմունքներու թարմութիւնը եւ միտքի պայծառութիւնը ոչնչացնողը՝ մնայուն եւ անփոփոխ բարոյական վերլուծութեան սովորութիւնն է»[3]։

Կրթութիւն

Այն տունը, ուր ծնած է Լ․ Թոլսթոյ (1898)

Սկիզբը իր կրթութեամբ կը զբաղուէր ֆրանսացի տնային դաստիարակ Սեն Թոման («Պատանեկութիւն» վիպակի հերոս St.-Jérôme-ի նախատիպը), ով փոխարինեց բարեհոգի գերմանացի Ռեսրլմանին. վերջինիս Թոլսթոյը պատկերած է «Մանկութիւն» վիպակի հերոս Քարլ Իվանովիչի դերով։

1843 թուականին Պ. Ի. Եուշկովան, իր վրայ վերցնելով իր անչափահաս եղբօրորդիներու խնամակալութեան դերը (չափահաս էր միայն աւագը՝ Նիքոլայը)՝ անոնց բերաւ Քազան (Ռուսիա)։ Իր եղբայրներուն՝ Նիքոլայի, Տմիթրիի եւ Սերկէյի օրինակով, Լեւը որոշեց ընդունուիլ Քազանի Արքայական համալսարան, ուր մաթեմատիկական բաժանմունքէն մէջ կ՝աշխատէր Լոպաչեւսկին, իսկ Արեւելագիտականին մէջ՝ Քովալեւսքին։ 1844 թուականի Հոկտեմբեր 3-ին Լեւ Թոլսթոյ ընդգրկուեցաւ արեւելեան լեզուներու (արաբա-թուրքական) բաժին՝ որպէս վճարեալ ուսանող[7]։ Ընդունելութեան քննութիւններուն, մասնաւորապէս «թուրք-թաթարենէն»էն, ան գերազանց արդիւնք ցոյց տուաւ։ Սակայն տարուան ընթացքին տուեալ նիւթերէն թերանալով՝ չյանձնեց փոխադրական քննութիւնը եւ ստիպուած էր կրկին յանձնել առաջին տարուան ծրագիրը։

Ամբողջ տարուան կրկնութենէն խուսափելով՝ տեղափոխուեցաւ իրաւագիտական բաժանմունք, ուր որոշ նիւթերու գնահատականներու հետ կապուած խնդիրները շարունակուեցան։ 1846 թուականի մայիսեան փոխադրական քննութիւնները բաւարար յանձնելով (ստացած է մէկ հատ հինգ, երեք հատ չորս եւ չորս հատ երեք. միջին գնահատականը ստացուած է երեք)՝ Լեւ Նիքոլաեւիչը տեղափոխուեցաւ երկրորդ կարգ[8]։ Իրաւագիտական բաժանմունքին մէջ Լեւ Թոլսթոյ ուսանեցաւ ընդամէնը երկու տարի։ «Բարդ էր իրեն համար ամէն պարտադրուած բան։ Այն ամէնը, ինչ ան կեանքին մէջ սորված է, սորված է անկախ, արագ, անմիջապէս, յամառ աշխատանքով», - գրած է Ս. Ա. Թոլսթայեան իր «Լ. Ն. Թոլսթոյի կենսագրութեան վերաբերեալ նիւթեր» [9]։ 1904 թուականին Թոլսթոյը կը յիշէր. «․․․առաջին տարին ես ոչինչ չկատարեցի։ Երկրորդ տարին սկսայ վարժուիլ․․․ այնտեղ էր Փրոֆէսօր Մայըրը, որ ինձ յանձնարարութիւն տուաւ. Եկատերինայի «Խրատի» եւ Մոնթեսքիոյի «Օրէնքի ոգու» համեմատութիւնը․․․ այդ աշխատանքն զիս գրաւեց, եւ ես մեկնեցայ գիւղ, սկսայ կարդալ Մոնթեսքիօ, այդ ընթերցանութիւնը անծայրածիր հորիզոններ բացաւ իմ առջեւս, ես սկսայ կարդալ Ռուսօ եւ ձգեցի համալսարանը՝ նոյն այն պատճառով, որ փափաքեցայ վարժուիլ»[10]։


Նշումներ

  1. Տոլստոյը, ստեղծված ժողովրդական արտասանական ավանդույթին համապատասխան, ինքնիրեն անվանում էր «Լյով», այդպես էին նրան անվանում նաև կինը, որդին՝ Սերգեյը, և Վ. Չերտկովը։ Դրանով հանդերձ, նրա շատ ընկերներ, օրինակ՝ Ն. Ստրախովը, Պ. Բիրյուկովը, Իվան Գորբունով-Պոսադովը, նրան անվանում էին Լև Նիկոլաևիչ, ոչ թե Լյով Նիկոլաևիչ։
  2. Ինքը՝ Տոլստոյը, իր վեպի գաղափարն ավելի լայն էր տեսնում, քան պարզապես ինքնակենսագրական ստեղծագործություն
  3. «Պատերազմ և խաղաղություն» վեպում համապատասխան հանգամանքներում մահանում է Լիզա Բոլկոնսկայան՝ Անդրեյ Բոլկոնսկու կինը, իսկ «Աննա Կարենինա» վեպում գլխավոր հերոսուհին երազում ձայն է լսում, որը կանխագուշակում էր մահ ծննդաբերության ժամանակ։

Ծանօթագրութիւններ

  1. ։
  2. 2,0 2,1 2,2 БСЭ, 1977
  3. 3,0 3,1 3,2 Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named ЭСБЕ
  4. Անատոլի Շիկման «Պատմական գործիչներ․ Կենսագրական տեղեկատու», Մոսկվա, 1997, էջ 896
  5. Նինա Նիկիտինա «Լև Տոլստոյի առօրյան Յասնայա Պոլյանայում», Մոսկվա, 2007, էջ 113
  6. Վոլկոնսկիներ «Ռազմական հանրագիտարան», 1912թ, հատոր 7, էջ 329
  7. Эйхенбаум Б. М., 1969, էջ 92
  8. Бирюков П. Н., 2000, Глава 6. Юность
  9. ЛМ, 1978, Том 1. Материалы к биографии Л. Н. Толстого и сведения о семействе Толстых и преимущественно гр. Льва Николаевича Толстого, էջ 34
  10. Эйхенбаум Б. М., 1969, էջ 97


Կատեգորիա:Ռուս արձակագիրներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Մանկագիրներ այբբենական կարգով Կատեգորիա:1828 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:28 Օգոստոսի ծնածներ Կատեգորիա:Պոլիգլոտներ Կատեգորիա:1910 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:7 Նոյեմբերի մահացածներ