«Սողոմոն Թեհլիրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

No edit summary
Չ GeoO տեղափոխեց էջը «Սողոմոն Թեհլերեան»-ից «Սողոմոն Թեհլիրեան» վերահղման վրայով
(Տարբերութիւն չկայ)

15:53, 26 Հոկտեմբեր 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Սողոմոն Թեհլերեան (2 Ապրիլ 1897 - 23 Մայիս 1960), Հայոց ցեղասպանութեան վերապրող եւ ազգային հերոս, որ գնդակահարած է երիտթուրքերու ներքին գործոց նախարար եւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ՝ Թալէաթ Փաշային։

Կենսագրութիւն

Սողոմոն Թեհլերեան ծնած է 1896 թուականին Պակառիճ, որ կը գտնուի արեւելիան Հայաստանի մէջ, ուր առած է նախնական կրթութիւն։ Ապա ուսումը շարունակած է Էրզնկայի Կեդրոնական ուսումնարանը եւ աւարտած է 1912 թուականին, որմէ ետք փոխադրուած է Սեբիա 1913ին։ Երբ հազիւ սկսաւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը, ան մեկնեցաւ Հայաստան, ուր մասնակցեցաւ կամաւորական շարժումին՝ Անդրանիկ Գունդին մէջ։ 1915 թուականին Թեհլերեանը վերապրած է ցեղասպանութիւնը, եւ, որ շատ մեծ ազդեցութիւն մը ունեցած է անոր կեանքի ընթացքին։

1921 թուականին Թեհլերեանը մասնակցած է Դաշնակցութեան Նեմեսիս գործողութեանը՝ իբրեւ պարտականութիւն ստանալով սպաել Եղեռնի գլխաւոր կազմակերպիթին՝ Թալէաթ փաշային։ Նոյն տարին՝ Մարտ 15ին Պեռլինի Շարլոտենբուրկ թաղամասին Հաէտենպերկ փողոցը Սողոմոն Թըհլիրեան կը գնդակահարէ Թալէաթին եւ ապա զինք կը ձերբակալեն։ Սակայն 1921 Յունիս 2-ին գերմանական դատարանը կը ճանչնայ Սողոմոն Թեհլերեանը իբրեւ անպարտ։ Անոր կը պաշտպանէին երեք դատապաշտպաններ, որոնցմէ մէկը տոքթոր Թէոտոր Նիմայերն էր՝ օրէնսդրութեան Փրոֆ. Քիլի համալսարանէն։

Թեհլերեան՝ արդէն իսկ արդարացուած, երկար տարիներ ապրած է Հարաւսլաւեայի մայրաքաղաք՝ Պելկրատի Տալմատինսկա փողոցի թիւ 78 տունը։ 1945 թուականէն ետք բնակութիւն հաստատած է ԱՄՆ-ի Ֆրեզնօ քաղաքը, եւ մահացած է 1960 թուականի Մայիս 23-ին այստեղ։ Ի յիշատակ Թեհլերեանի՝ Ֆրէզնոյի, Թալին շրջանին Մաստարա գիւղի եւ Երեւանի մէջ կառուցուած է յուշարձան։

Սողոմոն Թեհլերեանը՝ արուեստի մէջ

  • Պոպկան Վերտեան, Ծաղիկներս մնացին հեռու /վէպ Ս.Թեհլերեանի մասին/, Երեւան, 1991։
  • Ռոպերթ Կարաեան, Արդարահատոյց /վիպակ նուիուած Ս. Թեհլերեանին, պատմուածքներ, յօդուածներ/, Երեւան, 2004։
  • Պերճ Զէյթունցեան, Ոտքի, դատարանն է գալիս/ դրամա նուիրուած Ս. Թեհլերեանի/, տես ,, մեծ լռութիւն/ դրամաներ/՛՛, Երեւան, 1985։

Գրականութիւն

  • Սողոմոն Թեհլերեան, Վերյիշումներ, Երեւան, 1993։
  • Սողոմոն Թեհլերյանի դատավարութիւնը /սղագրական նիւթեր/, Երեւան, 1990։
  • Մակիչ Արզումանեան, Հայաստան. 1914-1917/, Երեւան, 1969։
  • Մհեր Կարապետեան, Հայաստանը 1912-1920 թուականներուն, Երեւան, 2003։

Արտաքին յղումներ


Կատեգորիա:1897 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:2 Ապրիլի ծնածներ Կատեգորիա:1960 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:23 Մայիսի մահացածներ Կատեգորիա:Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսներ Կատեգորիա:Նեմեսիս գործողութեան մասնակիցներ Կատեգորիա:Ֆրեզնօ մահացածներ