«Գառնիկ Դաւիթեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Չ 10 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
(Տարբերութիւն չկայ)

14:14, 7 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Գառնիկ Դաւիթեան( 6 Յունուար 1874, Կարմիր (Կերմեր, Կեսարիոյ գիւղաքաղաք) - 15 Օգոստոս 1949), հայ ուսուցիչ, յօդուածագիր ու տնօրէն:

Կենսագրութիւն

Նախնական եւ երկրորդական ուսումն ստացած է ծննդավայրի Պարթեւեան վարժարանի եւ Ճեմարանին մէջ: Միեւնոն վարժարանին մէջ պաշտօնվարած է իբրեւ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ, ապա եղած է միեւնոյն վարժարանի տնօրէնը. պաշտօններ վարած է նաեւ այլ վարժարաններու մէջ:

1909-ին, Ատանայի աղէտէն ետք, Մերսին բացուած Որբանոցի տնօրութենէն անցած է Իբրանոսեան եղբարց Մերսինի վաճառատան տնօրէնութեան:

Կիլիկիայէն գաղթելէն ետք, կարճ ժամանակ կրթական իր պաշտօնէն հեռանալէ ետք, դարձեալ կը վարէ տեղւոյն Ազգ. Սահակեան երկսեռ վարժարանի եւ Անդրանիկեան մանկապարտէզի ընդհանուր տնօրէնութեան պաշտօնը:

Կիլիկիոյ եւ Լիբանանի մէջ, ամէն պարագային, ան շարունակ գրած եւ ուսումնասիրութիւններ կատարած է. ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ երկար տարիներ Ուսումնական Խորհուրդի Ատենապետի պաշտօնը վարած է եւ մէկ տարի Լիբանանի բոլոր ազգային վարժարաններուն քննիչը եղած է:

1949-ի Օգոստոս 15-ին հոգին յանձնեցինք քաղաքիս ծանօթ մտաւորականներէն Գառնիկ Ս. Դաւիթեանը որ մեկնեցաւ այս աշխարհէն 75 ձիգ տարիներու բեռան տակ, գրական բեղուն գործունէութեան մը ունենալէ եւ տիպար հայու կեանք մը բոլորելէ յետոյ։

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ.Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939 Պուքրէշ, հատոր Դ., էջ 607:
  • Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ:
  • «Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի», Պէյրութ, «Լիբանահայ նախապատերազմեան (1914) գաղութի հրատարակչական յանձնախումբ», 1981, էջ 410:


Կատեգորիա:Հայ ուսուցիչներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայ տնօրէններ Կատեգորիա:1874 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:6 Յունուարի ծնածներ Կատեգորիա:Կեսարիա ծնածներ Կատեգորիա:1949 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:15 Օգոստոսի մահացածներ