«Գիտութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 23. Տող 23.


== Լոյս ==
== Լոյս ==
[[Պատկեր:Light dispersion conceptual waves350px.gif|մինի|Եռանկիւն ապակի, որուն մէջէն կ'անցնի լոյսը]]


Արեւուն լոյսը սպիտակ կ'երեւի, սակայն իրականութեան մէջ բազմաթիւ գոյներէ կը բաղկանայ: Լոյսը մեզի կը հայթայթէ անհրաժեշտ ջերմութիւն: Առանց լոյսի, կեանք գոյութիւն պիտի չունենար աշխարհի վրայ:
Արեւուն լոյսը սպիտակ կ'երեւի, սակայն իրականութեան մէջ բազմաթիւ գոյներէ կը բաղկանայ: Լոյսը մեզի կը հայթայթէ անհրաժեշտ ջերմութիւն: Առանց լոյսի, կեանք գոյութիւն պիտի չունենար աշխարհի վրայ:
Տող 46. Տող 47.


Լոյսի ներկայութեան կը տեսնենք բոլոր գոյները: Առարկաները տեսանելի են, որովհետեւ լոյսը կը ցոլացնեն: Օդը անտեսանելի է, որովհետեւ լոյսը չի ցոլացներ:
Լոյսի ներկայութեան կը տեսնենք բոլոր գոյները: Առարկաները տեսանելի են, որովհետեւ լոյսը կը ցոլացնեն: Օդը անտեսանելի է, որովհետեւ լոյսը չի ցոլացներ:

== Աղբիւրներ ==
== Աղբիւրներ ==
Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտակս, Գիտութիւն, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, պԷՅՐՈՒԹ
Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտակս, Գիտութիւն, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, պԷՅՐՈՒԹ

13:46, 5 Օգոստոս 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

/Ղուրը իր երեք վիճակներուն մէջ՝ հեղուկ, պինդ եւ կազ

Գիտութիւնը ճանաչողական գործունէութեան յատուկ տեսակ է՝ ուղղուած բնութեան, հասարակութեան եւ մտածելակերպի վերաբերեալ օպճեգթիւ համակարգուած գիտելիքներու ստացման, ճշդման եւ ստեղծման:

Ջուր

Ջուրը աշխարհին վրայ ամէնէն տարածուած բաղադրութիւնն է: Երկրագունդին մակերեսին 70 տոկոսը ծածկուած է ջուրով: Զուտ ջուրը անգոյն, անհոտ եւ անհամ հեղուկ մըն է: Մեր խմածը յաճախ թեթեւ համ մը ունի, որովհետեւ կը պարունակէ կարգ մը հանքային աղեր եւ լուծուած կազեր: Ջուրը սքանչելի լուծիչ մըն է. կարող է շատ մը հաստատուն մարմիններ իր մէջ լուծել:

Ջուրը շոգիի կը վերածուի 100°Cէն սկսեալ եւ սառոյցի՝ 0°Ckէն վար:

Ջուրի մոլեկուլը կազմուած է երկու ջրածինի եւ մէկ թթուածինի հիւլեներէ:

Տարօրինակօրէն՝ ջուրը սառելով կ'ընդլայնի, հակառակ որ միւս նիւթերու մեծամասնութիւնը աւելի կը խտանայ, երբ հաստատուն մարմինի վերածուի: Այսպէսով, սառոյցը ջուրէն աւելի թեթեւ կ'ըլլայ եւ կը ծփայ:

Ջուրը անհրաժեշտ է կեանքի բոլոր տեսակներուն համար: Անձ մը առանց ուտելու կրնայ բազմաթիւ օրեր ապրիլ, սակայն առանց ջուրի՝ միայն քանի մը օր:

Ջուրին Շրջանառութիւն

Անձրեւին ջուրը կը թափանցէ հողին մէջ՝ սնուցանելով բոյսերը կամ հոսելով կը թափի առուակի կամ գետի մը մէջ: Արեւուն ճառագայթներու ազդեցութեան տակ ջուրը կը շոգիանայ: Մթնոլորտին մէջ կը խտանայ եւ կը կազմէ ամպերը, որոնցմէ կը ստացուի վերստին անձրեւ: Ամպերու մէջ խտացած ջուրը կու գայ գետակներէն, լիճերէն, գետերէն, ծովերէն, ինչպէս նաեւ բոյսերէն եւ անասուններէն:

Հիտրոելեկտրականութիւն

Ելեկտրականութիւն կարելի է արտադրել ջուրէն, շնորհիւ ջրանիւներու վրայ բանեցուած անոր մղումի ուժին. այս՝ հիտրոելեկտրականութիւն կոչուող ուժանիւթն է: Կը կառուցուի գետին հոսքը ընդմիջող հսկայական ամբարտակ մը: Ջուրը բարձունքէ մը գահավիժելով՝ կը դարձնէ ելեկտրակային ջրանիւները, որոնց շարժումը կը փոխանցուի ելեկտրականութիւն արտադրող սարքածներու:

Լոյս

Եռանկիւն ապակի, որուն մէջէն կ'անցնի լոյսը

Արեւուն լոյսը սպիտակ կ'երեւի, սակայն իրականութեան մէջ բազմաթիւ գոյներէ կը բաղկանայ: Լոյսը մեզի կը հայթայթէ անհրաժեշտ ջերմութիւն: Առանց լոյսի, կեանք գոյութիւն պիտի չունենար աշխարհի վրայ:

Շուքեր

Մարդոց Շուքը

Երբ լոյսը իյնայ անթափանց մարմինի մը վրայ, շուք մը կը գոյանայ մարմինին ետեւը, հո՛ն, ուր լոյսը չի կրնար թափանցել:

Պրիսմակ

Սպիտակ երեւցող լոյսը իրականութեան մէջ կը պարունակէ Ծիածանին բոլոր գոյները: երբ սպիտակ լոյսի ճառագայթախուրձ մը պրիսմակ մը մէջէն կ'անցնի, կը տարբաղադրուի զայն կազմող բոլոր գոյներուն մէջէն:

Գունաւոր առարկաները կը ներծծեն որոշ գոյներ եւ կը ցոլացնեն իրենց գոյնը: Օրինակի համար, կանաչ բոյս մը կը ներծծէ արեւու լոյսին մէջ գտնուող կարմիրն ու կապոյտը եւ կը ցոլացնէ կանաչը:

Ծիածան կամ Ծիրանի Գօտի

Պատկեր:Rainbow 02.jpg
Ծիածան կամ Ծիրան

Արեւուն լոյսը, հակառակ ճերմակ երեւնալուն, կը պարունակէ Ծիածանին բոլոր գոյները: Երբ տեղ մը կ'անձրեւէ եւ մօտակայ շրջանի մը մէջ արեւը կ'երեւի, ճառագայթները կը տարբաղադրուին անցնելով կաթիլներու ընդմէջէն եւ կը ստանան կարմիր, նարնջագոյն, դեղին, կանաչ, կապոյտ, լեղկագոյն եւ մանիշակագոյն գոյները: Այսպէսով, երկինքի մէջ կը ստացուի գունաւոր գունաւոր հսկայ կամար մը, որ կը կոչուի Ծիածան կամ Ծիրանի գօտի:

Գոյներ

Մութին մէջ բոլոր գոյները մոխրագոյն կ'երեւին:

Լոյսի ներկայութեան կը տեսնենք բոլոր գոյները: Առարկաները տեսանելի են, որովհետեւ լոյսը կը ցոլացնեն: Օդը անտեսանելի է, որովհետեւ լոյսը չի ցոլացներ:

Աղբիւրներ

Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտակս, Գիտութիւն, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, պԷՅՐՈՒԹ