«Գերմանիոյ Խորհրդային Պատերազմ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 57. Տող 57.


Գրեթէ բոլոր [[Համակեդրոնացման Ճամբար|համակեդրոնացման ճամբարները]] Արեւելաեւրոպական ռազմաբեմին եւ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ կը գտնուէին, այստեղ տեղի ունեցած են [[Հոլոքոստ (արեւմտահայերէն)|Հոլոքոստի]] գործողութիւններէն շատերը, այստեղ գտնուած են նաեւ [[Հիթլերականներ (արեւմտահայերէն)|հիթլերականներու]] կողմէն գրաւուած եւրոպական տարածքներու [[Հրէական Թաղեր|հրէական թաղերէն]] շատերը:
Գրեթէ բոլոր [[Համակեդրոնացման Ճամբար|համակեդրոնացման ճամբարները]] Արեւելաեւրոպական ռազմաբեմին եւ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ կը գտնուէին, այստեղ տեղի ունեցած են [[Հոլոքոստ (արեւմտահայերէն)|Հոլոքոստի]] գործողութիւններէն շատերը, այստեղ գտնուած են նաեւ [[Հիթլերականներ (արեւմտահայերէն)|հիթլերականներու]] կողմէն գրաւուած եւրոպական տարածքներու [[Հրէական Թաղեր|հրէական թաղերէն]] շատերը:

[[Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Մարդկային Կորուստներ|Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին մահացած մօտաւորապէս 70 միլիոն մարդկային կորուստներէն]] աւելի քան 30 միլիոնը [[Արեւելաեւրոպական Ռազմաբեմ|Արևելաեվրոպական ռազմաբեմին]] կը վերագրուի,<ref name=30m />, որոնցմէ շատերը՝ քաղաքացիական բնակչութենէն մաս մը, զոհուած են [[խորհրդա-գերմանական Ռազմաբեմ|խորհրդա-գերմանական ռազմաբեմին]] վրայ ընթացող մարտական գործողութիւններու հետեւանքով:


== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==

11:57, 18 Հոկտեմբեր 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Ճակատամարտ (արեւմտահայերէն) Գերմանիոյ խորհրդային պատերազմ, ԽՍՀՄ-ի մէջ յայտնի էր եւ ժամանակակից Ռուսաստանի մէջ յայտնի է որպէս Հայրենական մեծ պատերազմ (ռուս.՝ Великая Отечественная война), 1941-1945-ններուն Խորհրդային Միութեան կողմէն Հիթլերական Գերմանիոյ եւ անոր դաշնակիցներու (Իտալիա, Հունգարիա, Ռումանիա, Ֆինլանտա, 1945-էն նաեւ Ճափոն) դէմ մղուած պատերազմը, որ կազմած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի մէկ մասը։ Այս եզրը նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն մէջ կ՛օգտագործուի։ Գերմանիոյ մէջ Արեւելեան ճակատ (die Ostfront), Արեւելեան արշաւանք (der Ostfeldzug), Ռուսական արշաւանք (der Rußlandfeldzug) եւ Գերմանիոյ խորհրդային պատերազմ տարբերակները կ՛օգտագործուին։

Պատերազմի հիմնական պատճառը Գերմանիոյ կողմէն Եւրոպայի մէջ ազգային-ընկերվարութեան տարածումը եղած է[1][2]:

Անուանում

«Հայրենական մեծ պատերազմ» անուանումը սկսած է գործածուիլ ԽՍՀՄ-ի մէջ Ստալինի ժողովուրդին ուղղուած ռատիօ-ի ուղերձի միջոցով՝ 3 Յուլիս 1941 -ին։[3] Ուղերձին մէջ «մեծ» եւ «հայրենական» բառերը առանձին կը գործածուէին։

1914-1915-ններուն «Մեծ Հայրենական պատերազմ» անուանումը երբեմնկը կիրառուէր Առաջին համաշխարհային պատերազմին վերաբերող ոչ պաշտօնական հրապարակումներուն մէջ։ Առաջին անգամ այս բառակապակցութիւնը կիրառուեցաւ ԽՍՀՄ-ի Գերմանիոյ հետ պատերազմի առիթով «Պրավդա» թերթի 23 Յուլիս 1941-ի եւ 24-ի յօդուածներուն մէջ եւ սկզբէն նշմարուած էր ոչ թէ որպէս կոչում, այլ որպէս թերթային քլիշէ, այլ բառակապակցութիւններու հետ միասին, ինչպէս օրինակ «սրբազան ժողովրդական պատերազմ», «յաղթական հայրենական պատերազմ» եւ այլն։[4][5] «Հայրենական պատերազմ» կոչումը ամրագրուեցաւ 20 Մայիս 1942-ին, ԽՍՀՄ Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան Հրամանագիրով սահմանուած Հայրենական պատերազմի զինուորական ուխտով։ Անուանումը հետխորհրդային պետութիւններուն մէջ կը պահպանուի(ուքր.՝ Велика Вітчизняна війна, պելառուս․՝ Вялікая Айчынная вайна, աբխ.՝ Аџьынџьтәылатәи Еибашьра եւ այլն)։ ԽՍՀՄ կազմին մէջ չգտնուող երկիրներուն մէջ, ուր ռուսերէնը հիմնական շփման լեզու չի հանդիսանար, «Հայրենական մեծ պատերազմ» անուանումը գործնականին մէջ չի կիրառուիր։ Այն երկրներուն մէջ, ուր հիմնական լեզուն անգլերէն է, կոչումը կը փոխարինուի Eastern Front (World War II)-ով ((Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի) արեւելեան ճակատ), գերմանական պատմագիտութեան մէջ՝ Deutsch-Sowjetischer Krieg, Russlandfeldzug, Ostfeldzug (գերմանիոյ խորհրդային պատերազմ, ռուսական արշաւ, արեւելեան արշաւ)։

Վերջին ժամանակներու ընթացքին, ռուսական զանգուածային մշակոյթին մէջ գերմանիոյ խորհրդային պատերազմը յիշատակելու համար պարբերաբար «Մեծ պատերազմ» բառակապակցութիւնը կը գործածուի,[6][7] որ պատմականօրէն ամբողջական ճիշդ չէ. 1910-ականներու վերջերուն, այդ կոչումը կը գործածուէր Առաջին համաշխարհային պատերազմին համար։ Անուանումներու համար կան նաեւ այլ տարբերակներ. օրինակ՝ խորհրդա-հոթլերական պատերազմ (1941-1945)։[8] Թուրքմենիստանի մէջ արգիլուած է պատերազմը «Մեծ Հայրենական» անուանել. «1941-1945-ններու պատերազմ» անուանումը կը գործածուի։[9]

Հիմնականին մէջ այս պատերազմը «Հայրենական մեծ պատերազմ» է միայն Ռուսաստանի եւ ռուս ժողովուրդի համար: Միւս բոլոր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն համար այս պատերազմը պարզապէս «1941-1945-ի խորհրդա-գերմանական պատերազմ» կը հանդիսանայ:

Պատերազմի Նշանակութիւնը

Խորհրդա-գերմանական պատերազմի ճակատամարտները համաշխարհային ռազմական պատմութեան մէջ մղուած ամենամեծ ճակատամարտներէն են:[10]

Անոնք կը բնութագրուին աննախադէպ կատաղութեամբ, ամբողջական ոչնչացումներով, զանգուածային բռնագաղթերով, մարտական վիթխարի կորուստներով, զանգուածային սովամահութիւններով, մարդկային մեծ զանգուածներու ահաւոր տառապանքներով, հիւանդութիւններով, կոտորածներով ու ցեղասպանութիւններով:

Գրեթէ բոլոր համակեդրոնացման ճամբարները Արեւելաեւրոպական ռազմաբեմին եւ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ կը գտնուէին, այստեղ տեղի ունեցած են Հոլոքոստի գործողութիւններէն շատերը, այստեղ գտնուած են նաեւ հիթլերականներու կողմէն գրաւուած եւրոպական տարածքներու հրէական թաղերէն շատերը:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին մահացած մօտաւորապէս 70 միլիոն մարդկային կորուստներէն աւելի քան 30 միլիոնը Արևելաեվրոպական ռազմաբեմին կը վերագրուի,[11], որոնցմէ շատերը՝ քաղաքացիական բնակչութենէն մաս մը, զոհուած են խորհրդա-գերմանական ռազմաբեմին վրայ ընթացող մարտական գործողութիւններու հետեւանքով:

Ծանօթագրութիւններ

  1. История Второй мировой войны 1939-1945 (в 12 томах) / редколл., гл. ред. А. А. Гречко. — М.: Воениздат, 1982. — Т. 12. — С. 33-34. — 495 с.
  2. Макс Хейстингс Вторая мировая война: Ад на земле = All Hell. Let Loose The World At War 1939–1945. — М.: Альпина нон-фикшн, 2015. — P. 433. — 698 p. — ISBN 978-5-91671-352-7
  3. И. В. Сталин, Выступление по радио 3 июля 1941 года.
  4. Душенко К. Словарь современных цитат
  5. Газетные публикации 24 июня 1941 года
  6. Победители. Солдаты Великой войны
  7. «Великая война». Цикл документальных фильмов
  8. Двухтомник «История России XX век: 1939-2007» / под ред. А. Б. Зубова. - М.: Астрель И90 АСТ, 2009. С. 37
  9. В Туркмении запретили называть войну 1941-1945 годов Великой Отечественной
  10. «World War II: The Eastern Front»։ The Atlantic։ September 18, 2011։ արտագրուած է՝ November 26, 2014 
  11. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named 30m
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Կատեգորիա:Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ Կատեգորիա:Գերմանիոյ խորհրդային պատերազմ