«Արշակ Վռամեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 7. Տող 7.
[[Կատեգորիա:1870 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1870 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1915 մահեր (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1915 մահեր (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Դաշնակցական գործիչներ]]

09:31, 5 Ապրիլ 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Արշակ Վռամեան, բուն անուն՝ Օննիկ Դերձակեան, (1870, Կոստանդնուպոլիս - 4 Ապրիլ 1915), հայ ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Պոլսոյ Սուրէնեան վարժարանին մէջ, ապա 1889-ին Լեւոն Շանթին հետ կ’երթայ Էջմիածին, ուր կ’աւարտէ Գէորգեան Ճեմարանը։ Պոլիս վերադարձին, ռուսական նամակատան մը մէջ կը նպաստէ շոգենաւերու ուժանակի փոխադրութեան գործին։ Օկիմտա ծածկանունով կ’աշխատակցի Շահնազարի հրատարակած «Հայրենիք»-ին։ 10 Օգոստոս 1896-ին կը մասնակցի Պանք Օթոմանի գրաւման աշխատանքներուն, կը հալածուի եւ ամիս մը ռուսական հիւպատոսարանին մէջ պահուըտելէ ետք, կ’ապահովէ Պուլկարական անցագիրը եւ կ’անցնի Ֆիլիպէ, ուր կը զբաղի հրապարակախօսութեամբ։ 1898-ին կը մեկնի Ժընեւ, ուր կը ստանձէ Դաշնակցութեան Արեւմտեան բիւրոյի գործավարութիւնը եւ միաժամանակ կ’աշխատակցի «Դրօշակ»-ին։ Կ’անցնի Ամերիկա, ուր գործօն կերպով կը մասնակցի շրջանին մէջ Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի ստեղծման աշխատանքներուն եւ կը խմբագրէ Պոսթըն«Հայրենիք»-ը։ 1907-ին կը վերադառնայ Կովկաս եւ Սահմանադրութեան հռչակման ատեն, հասարակական գործերու պատասխանատուութեամբ կ՛երթայ Վան, ու ապա կը վերադառնայ Պոլիս՝ աշխատակցելով «Ազատամարտ»-ին։ Կուսակալ Ճեւտէթ «Վանայ Իշխան»-ը կը սպաննէ։ 1908-ին, երիտթուրքերու յեղաշրջումէն ետք, կ’ընտրուի Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան։ 4 Ապրիլ 1915-ին զոհ կ՛երթայ դաւադրութեան մը։

Աղբիւրներ

Կատեգորիա:1870 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:1915 մահեր (արւմտ․)