«Ս. Նիկողայոս Զմիւռնիացի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Սեւան Դանիէլեան Մկրեանը տեղափոխեց էջ Ս. Նիկողայոս Զմիւռնացիէն էջ Ս. Նիկողայոս Զմիւռնիացի առանց վերայղում ձգելու
No edit summary
Տող 2. Տող 2.
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}


'''Ս. Նիկողայոս Հայրապետ''', ծնած է [[Փոքր Ասիա|Փոքր Ասիոյ]] Լիկիա գաւառի Բաթարա քաղաքին՝ Հայկական Գամիրքին մէջ (ներկայիս Անթալիոյ մօտակայքը)<ref>[https://web.archive.org/web/20101010104847/http://www.stnicholascenter.org/Brix?pageID=38 Ս. Նիկողայոս Հայրապետ]</ref>։
'''Ս. Նիկողայոս Հայրապետ''', ծնած է [[Փոքր Ասիա|Փոքր Ասիոյ]] Լիկիա գաւառի Բաթարա քաղաքին՝ Հայկական Գամիրքին մէջ (ներկայիս Անթալիոյ մօտակայքը)<ref>[https://web.archive.org/web/20101010104847/http://www.stnicholascenter.org/Brix?pageID=38 Ս. Նիկողայոս Հայրապետ]</ref>։ Ս. Նիկողայոս հայրապետ Նիկիոյ Ս. ժողովի (325) 318 հայրապետներէն մէկն էր։

== Կեանքը ==
Հօր անունը Եպիփան է, մօրը` Նունէ, որոնք իրենց զաւակը Աստուծմէ ուխտով խնդրած են: Երբ կը ծնի Նիկողայոս, երկու ժամ ետք, իր ոտքերուն վրայ կը կանգնի։ Երբ մօրմէն կը սնուէր Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը մօր ստինքները բերանը չէր առներ, այլ անօթի կը մնար։ Մինչեւ իր կեանքին վախճանը նոյն այդ պահքի օրերը կը պահէ։

Փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ մեծահարուստ եւ բարեպաշտ ծնողները եւ կը մեծնայ իր քեռիին՝ Նիկողայոս Երէց եպիսկոպոսին խնամքին տակ։

Երբ եօթը տարեկան մանուկ էր Նիկողայոս, չորցած ոտքերով կին մը կու գայ իր մօտ աղօթքի համար։ Մինչ սուրբ մանուկը տակաւին կը խաչակնքէր, ծեր կինը կը բժշկուի։

Աւետարանական պատգամը՝ «Վաճառէ՛ ունեցուածքդ եւ բաժնէ՛ աղքատներուն» (հմմտ. Մտթ. ԺԹ 21), իր կեանքին նշանաբանը կը դարձնէ՝ խնամելով աղքատները, հիւանդները, բանտարկեալները եւ որբերը։

19 տարեկանին, սուրբին քեռին՝ Նիկողայոս Եպիսկոպոս, քահանայ կը ձեռնադրէ եւ եկեղեցւոյ կը յանձնէ զինք։ Սուրբ քահանան իր հօտէն շատերը կը բուժէ, որոնց մէջ կային դիւահարներ, լուսնոտներ եւ այլ պարագաներ։

Օր մը Ս. Նիկողայոս կը տեսնէ Քրիստոսն ու Ս. Աստուածածինը. Քրիստոս Աւետարան կու տայ իրեն, իսկ Աստուածածինը՝ քահանայական զգեստ։ Նոյն օրը, ան եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի։ Ահա թէ ինչու, երբ Ս. Նիկողայոսին պատկերը կը ներկայացուի, անոր աջ ձեռքին գծագրուած կ՚ըլլայ Աւետարանը, իսկ ձախին՝ քահանայական զգեստը։ Ժողովուրդին կամքով ան կը դառնայ Զմիւռնիոյ եպիսկոպոսը։ Հալածանքներու ընթացքին կ'աքսորուի, սակայն չի դադրիր ամէնուր Աւետարանը քարոզելէ։ Խաղաղութիւն վերահաստատուելուն պէս կը վերադառնայ իր աթոռը, կը մասնակցի 325-ին [[Նիկիա|Նիկիոյ]] Տիեզերական ժողովին։

Կը մահանայ 326-ին։ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ ամէնէն սիրուած սուրբերէն է. առաւելաբար ծանօթ է Սանթա Քլոս անունով, իսկ հայոց մօտ՝ «Կաղանդ պապուկ» կամ «Ձմեռ Պապա» անունով ։


Փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ մեծահարուստ եւ բարեպաշտ ծնողները եւ կը մեծնայ իր քեռիին՝ Նիկողայոս Երէց եպիսկոպոսին խնամքին տակ։ Աւետարանական պատգամը՝ «Վաճառէ՛ ունեցուածքդ եւ բաժնէ՛ աղքատներուն» (հմմտ. Մտթ. ԺԹ 21), իր կեանքին նշանաբանը կը դարձնէ՝ խնամելով աղքատները, հիւանդները, բանտարկեալները եւ որբերը։ Ժողովուրդին կամքով կը դառնայ Զմիւռնիոյ եպիսկոպոսը։ Հալածանքներու ընթացքին կ'աքսորուի, սակայն չի դադրիր ամէնուր Աւետարանը քարոզելէ։ Խաղաղութիւն վերահաստատուելուն պէս կը վերադառնայ իր աթոռը, կը մասնակցի 325-ին [[Նիկիա|Նիկիոյ]] Տիեզերական ժողովին։ Մահացած է 326-ին։ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ ամէնէն սիրուած սուրբերէն է. առաւելաբար ծանօթ է Սանթա Քլոս անունով։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{Ծնթ․ցանկ}}

11:31, 18 Դեկտեմբեր 2021-ի տարբերակ

Ս. Նիկողայոս Զմիւռնիացի
յուն․՝ Άγιος Νικόλαος
Ծնած է 3-րդ դար[1]
Ծննդավայր Բաթրա, Լիկիա, Հռոմէական Կայսրութիւն
Մահացած է 4-րդ դար[1]
Մահուան վայր Միրա, Լիկիա, Հին Հռոմ
Քաղաքացիութիւն Հին Հռոմ
Կրօնք Քրիստոնէութեան վաղ շրջան եւ Նիկիական հաւատամք
Մասնագիտութիւն Քրիստոնեայ հոգեւորական, Կաթոլիկ եպիսկոպոս
Վարած պաշտօններ Թեմի առաջնորդ

Ս. Նիկողայոս Հայրապետ, ծնած է Փոքր Ասիոյ Լիկիա գաւառի Բաթարա քաղաքին՝ Հայկական Գամիրքին մէջ (ներկայիս Անթալիոյ մօտակայքը)[2]։ Ս. Նիկողայոս հայրապետ Նիկիոյ Ս. ժողովի (325) 318 հայրապետներէն մէկն էր։

Կեանքը

Հօր անունը Եպիփան է, մօրը` Նունէ, որոնք իրենց զաւակը Աստուծմէ ուխտով խնդրած են: Երբ կը ծնի Նիկողայոս, երկու ժամ ետք, իր ոտքերուն վրայ կը կանգնի։ Երբ մօրմէն կը սնուէր Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը մօր ստինքները բերանը չէր առներ, այլ անօթի կը մնար։ Մինչեւ իր կեանքին վախճանը նոյն այդ պահքի օրերը կը պահէ։

Փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ մեծահարուստ եւ բարեպաշտ ծնողները եւ կը մեծնայ իր քեռիին՝ Նիկողայոս Երէց եպիսկոպոսին խնամքին տակ։

Երբ եօթը տարեկան մանուկ էր Նիկողայոս, չորցած ոտքերով կին մը կու գայ իր մօտ աղօթքի համար։ Մինչ սուրբ մանուկը տակաւին կը խաչակնքէր, ծեր կինը կը բժշկուի։

Աւետարանական պատգամը՝ «Վաճառէ՛ ունեցուածքդ եւ բաժնէ՛ աղքատներուն» (հմմտ. Մտթ. ԺԹ 21), իր կեանքին նշանաբանը կը դարձնէ՝ խնամելով աղքատները, հիւանդները, բանտարկեալները եւ որբերը։

19 տարեկանին, սուրբին քեռին՝ Նիկողայոս Եպիսկոպոս, քահանայ կը ձեռնադրէ եւ եկեղեցւոյ կը յանձնէ զինք։ Սուրբ քահանան իր հօտէն շատերը կը բուժէ, որոնց մէջ կային դիւահարներ, լուսնոտներ եւ այլ պարագաներ։

Օր մը Ս. Նիկողայոս կը տեսնէ Քրիստոսն ու Ս. Աստուածածինը. Քրիստոս Աւետարան կու տայ իրեն, իսկ Աստուածածինը՝ քահանայական զգեստ։ Նոյն օրը, ան եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի։ Ահա թէ ինչու, երբ Ս. Նիկողայոսին պատկերը կը ներկայացուի, անոր աջ ձեռքին գծագրուած կ՚ըլլայ Աւետարանը, իսկ ձախին՝ քահանայական զգեստը։ Ժողովուրդին կամքով ան կը դառնայ Զմիւռնիոյ եպիսկոպոսը։ Հալածանքներու ընթացքին կ'աքսորուի, սակայն չի դադրիր ամէնուր Աւետարանը քարոզելէ։ Խաղաղութիւն վերահաստատուելուն պէս կը վերադառնայ իր աթոռը, կը մասնակցի 325-ին Նիկիոյ Տիեզերական ժողովին։

Կը մահանայ 326-ին։ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ ամէնէն սիրուած սուրբերէն է. առաւելաբար ծանօթ է Սանթա Քլոս անունով, իսկ հայոց մօտ՝ «Կաղանդ պապուկ» կամ «Ձմեռ Պապա» անունով ։

Ծանօթագրութիւններ