«Արամ Քերովբեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 19. Տող 19.

=== «Կոչնակ» ===
=== «Կոչնակ» ===
1980-ին Ռուբէն Յարութիւնեանի, Վերժին (Վիրճինիա) Փաթթի Քերովբեանին հետ կը հիմնեն «Կոչնակ» համոյթը։ Համոյթին պարբերաբար մաս կը կազմեն՝ քամանչահար Մահմուտ Թապրիզի-Զատէհը, տհոլ ու տապ նուագող Էտմոնտ Զարդարեան, տապահար Մաժիտ Խալաժը եւ քամանչահար Անուշ Տօնապետեան-Գրիգորեանը։ Հետագային համոյթը հանդէս կու գայ զուգերգ-զուգանուագով եւ կամ եռեակի կազմով՝ տապահար Վահան Քերովբեան եւ երբեմն Մարալ եւ Շուշան Քերովբեաններ։ «Կոչնակ»ը համերգներ կ'ունենայ [[Եւրոպա|Եւրոպայի]] տարածքին եւ [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ|Ա․Մ․Նահանգներուն]] մէջ։
1980-ին Ռուբէն Յարութիւնեանի, Վերժին (Վիրճինիա) Փաթթի- Քերովբեանին հետ կը հիմնեն «Կոչնակ» համոյթը։ Համոյթին պարբերաբար մաս կը կազմեն՝ քամանչահար Մահմուտ Թապրիզի-Զատէհը, տհոլ ու տապ նուագող Էտմոնտ Զարդարեան, տապահար Մաժիտ Խալաժը եւ քամանչահար Անուշ Տօնապետեան-Գրիգորեանը։ Հետագային համոյթը հանդէս կու գայ զուգերգ-զուգանուագով եւ կամ եռեակի կազմով՝ տապահար Վահան Քերովբեան եւ երբեմն Մարալ եւ Շուշան Քերովբեաններ։ «Կոչնակ»ը համերգներ կ'ունենայ [[Եւրոպա|Եւրոպայի]] տարածքին եւ [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ|Ա․Մ․Նահանգներուն]] մէջ։

=== «Ակն» ===
=== «Ակն» ===
Տող 27. Տող 27.

=== Երգեցողութեան աշխատանոցներ ===
=== Երգեցողութեան աշխատանոցներ ===
Ձայնեղանակներու ընկալման նիւթով Արամ Քերովբեանի 1990-ին սկսած փորձառական աշխատանքները տարիներու ընթացքին իրեն առիթ կու տան իւրայատուկ մեթոտ մը կերտելու, որուն զարգացման մէջ դեր կ'ունենան երաժշտական տարբեր մակարդակի ճանաչողութիւն ունեցող մեծ թիւով մասնակիցներ եւ աշատկերտներ։ Յատկապէս 2010-էն սկսեալ [[Լեհաստան|Լեհաստանի]] մէջ Կռոթովսքի հիմնարկին կապուած Զար թատերախումբին հետ տարած աշխատանքը աւելի կ'ընդլայնէ ձեւին տարողութիւնը։
Ձայնեղանակներու ընկալման նիւթով Արամ Քերովբեանի 1990-ին սկսած փորձառական աշխատանքները տարիներու ընթացքին իրեն առիթ կու տան իւրայատուկ ոճ մը կերտելու, որուն զարգացման մէջ դեր կ'ունենան երաժշտական տարբեր մակարդակի ճանաչողութիւն ունեցող մեծ թիւով մասնակիցներ եւ աշատկերտներ։ Յատկապէս 2010-էն սկսեալ [[Լեհաստան|Լեհաստանի]] մէջ Կռոթովսքի հիմնարկին կապուած Զար թատերախումբին հետ տարած աշխատանքը աւելի կ'ընդլայնէ ձեւին տարողութիւնը։

Ձեւը գրեթէ կը բացառէ տեսական գիտելիքներու փոխանցումը։ Ան կը միտի աշակերտը մղել՝ գործնական միջոցներով, այսինքն փորձարկութեամբ պատրաստուելու, որուն համար կը պահանջուի՝ ջղային պրկումներէ ձերբազատուիլ, աշխատանքի ընթացքին մտային վերլուծումներէ կամ փնտռտուքներէ խուսափիլ, կեդրոնանալ բայց սխալելէ չվախնալ։ Մեթոտը կը հիմնուի վարպետ-աշկերտ դրութեան վրայ, որուն կարեւորագոյն յատկանիշերն են կապկումը եւ երկար ժամանակ տրամադրելու հարկաւորութիւնը։
Ձեւը գրեթէ կը բացառէ տեսական գիտելիքներու փոխանցումը։ Ան կը միտի աշակերտը մղել՝ գործնական միջոցներով, այսինքն փորձարկութեամբ պատրաստուելու, որուն համար կը պահանջուի՝ ջղային պրկումներէ ձերբազատում, աշխատանքի ընթացքին մտային վերլուծումներէ կամ փնտռտուքներէ խուսափում, կեդրոնացում՝ առանց սխալելէ վախնալէ։ Ձեւը կը հիմնուի վարպետ-աշկերտ դրութեան վրայ, որուն կարեւորագոյն յատկանիշերն են կապկումը եւ երկար ժամանակ տրամադրելու հարկաւորութիւնը։

Մեթոտին մէկ այլ իւրայատկութիւնն է՝ «երգ սորվելու» բացակայութիւնը։ Ընդհակառակը, կարեւոր կը նկատուի բնական ձայնամիջոցներու իւրացումը, անոնց հիման վրայ ստեղծուած բազմաթիւ ձայնամիջոցներու ներքին յարաբերութիւններուն տիրապետելը։
Ձեւին մէկ այլ իւրայատկութիւնն է՝ «երգ սորվելու» բացակայութիւնը։ Ընդհակառակը, կարեւոր կը նկատուի բնական ձայնամիջոցներու իւրացումը, անոնց հիման վրայ ստեղծուած բազմաթիւ ձայնամիջոցներու ներքին յարաբերութիւններուն տիրապետելը։

Այս բոլորը կը կիրարկուին, նկատի առնելով ա՛յն իրողութիւնը, որ բնական ձայնամիջոցներու հիման վրայ կերտուած ձայնային յարաբերութիւնները, ձայնային այդ հնաւանդ միջավայրը այլեւս մաս չեն կազմեր արդի կեանքի առօրեային։ Հետեւաբար, ըստ Արամ Քերովբեանին, հարկաւոր է աշխատանք տանիլ, որպէսզի այդ ձայնաշխարհը կարենայ իր տեղն ունենալ անհատի ինքնութեան մէջ, անկախ անոր մշակութային, ազգային, կամ ցեղային բաղադրիչներէն։

Այս իւրայատուկ աշխատանոցները տեղի կ՚ունենան, մէկ կողմէ՝ Ակն ընկերակցութեան Փարիզի մէջ կայացող կանոնաւոր, շաբաթական հանդիպումներուն ընթացքին, եւ միւս կողմէ՝ այլ քաղաքներու մէջ ատեն ատեն հետաքրքրուած անձերու կամ կազմակերպութիւններու հրաւէրով։
Այս իւրայատուկ աշխատանոցները տեղի կ'ունենան, մէկ կողմէ՝ «Ակն» ընկերակցութեան Փարիզի մէջ կայացող կանոնաւոր, շաբաթական հանդիպումներուն ընթացքին, եւ միւս կողմէ՝ այլ քաղաքներու մէջ ատեն ատեն հետաքրքրուած անձերու կամ կազմակերպութիւններու հրաւէրով։

=== «Աքսորեալ երգեր''»'' վաւերագրականը եւ Զար թատրոնին հետ գործակցութիւնը (կը պատրաստուի) ===
=== «Աքսորեալ երգեր''»'' վաւերագրականը եւ Զար թատրոնին հետ գործակցութիւնը (կը պատրաստուի) ===
Տող 50. Տող 50.
* ''Klasik Osmanlı Müziği ve Ermeniler (Օսմանեան Դասական Երաժշտութիւնը եւ Հայերը)'', Արամ Քերովբեան եւ Ալթուղ Եըլմազ, Հրատ. Պոլսոյ [[Հայոց Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց|Հայոց Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի]], 2010

* ''Manuel de Notation musicale arménienne moderne'' (Հայկական արդի ձայնագրութեան դասագիրք), Musica Mediævalis Europæ Orientalis, n<sup>o</sup> 2, Ed. H. Schneider, Tützing, 2001
* ''Manuel de Notation musicale arménienne moderne'' (Հայկական արդի ձայնագրութեան դասագիրք), Musica Mediævalis Europæ Orientalis, n<sup>o</sup> 2, Ed. H. Schneider, Tützing, 2001
* ''Երաժշտութիւն. որ է համառօտ տեղեկութիւն երաժշտական սկզբանց, ելեւէջութեանց եղանակաց եւ նշանագրաց խազից․'' Խմբագրութիւն եւ ուսումնասիրութիւն՝ Հ. Մինաս Բժշկեանի Հայ Արդի Ձայնագրութեան մասին գրած, 1815 թուակիր անտիպ ձեռագրին։ Աշխատասիրութիւն՝ Արամ Քերովբեան։ Հրատ.՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարան, [[Երեւան]], 1997 (հայերէն)։
* ''Երաժշտութիւն. որ է համառօտ տեղեկութիւն երաժշտական սկզբանց, ելեւէջութեանց եղանակաց եւ նշանագրաց խազից․'' Խմբագրութիւն եւ ուսումնասիրութիւն՝ Հ. Մինաս Բժշկեանի Հայ Արդի Ձայնագրութեան մասին գրած, 1815 թուակիր անտիպ ձեռագիրին։ Աշխատասիրութիւն՝ Արամ Քերովբեան։ Հրատ.՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարան, [[Երեւան]], 1997 (հայերէն)։

=== Յօդուածներ ===
=== Յօդուածներ ===
Արամ Քերովբեան գրած է բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են երաժշտական, գրական, համալսարանական հանդէնսերու մէջ։ Ինչպէս օրինակ՝
Արամ Քերովբեան գրած է բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են երաժշտական, գրական, համալսարանական հանդէսներու մէջ, ինչպէս՝

* «L’écriture musicale et l’interprétation du chant arménien: relever et traiter les incohérences» (''հայկական գրական երաժշտութիւնը եւ անոր մեկնաբանումը'') հրատարակուած «''Solange Corbin et les débuts de la musicologie médiévale»'' Ռենի Համալսարանի պարբերաթերթին մէջ, ''Presses Universitaires de Rennes'', 2015

Տող 59. Տող 59.
* «Յիշողութիւնը եւ գիրը Հայոց եկեղեցական երաժշտութեան մէջ», ''Arménie. Impressions d’une civilisation'' ([[իտալերէն]], անգլերէն եւ հայերէն), Սքիրա, [[Միլանօ]] 2012
* «Յիշողութիւնը եւ գիրը Հայոց եկեղեցական երաժշտութեան մէջ», ''Arménie. Impressions d’une civilisation'' ([[իտալերէն]], անգլերէն եւ հայերէն), Սքիրա, [[Միլանօ]] 2012
* ''«Le système de notation neumatique arménienne''» ''(''«Հայկական խազագրութեան դրութիւնը»), հրատարակութիւն՝ ''Armeniaca'', Էքս ան Փրովանս, 2007. ''Illuminations d’Arménie'', [[Ժընեւ]] 2007. ''La magie de l’écrit'', [[Մարսէյ]], 2007

* «Vers une théorie de la structure modale des Charakan, chants liturgiques arméniens» («Դէպի շարականներու ձայեղանակային կառոյցը»), Արամ Քերովբեան եւ Սիլվիա Գասպարեան (Մոնքթոնի Համալսարան, [[Քանատա]]), հրատ․՝ ''Lexicometrica'' բացառիկը 2004
* «Vers une théorie de la structure modale des Charakan, chants liturgiques arméniens» («Դէպի շարականներու ձայնեղանակային կառոյցը»), Արամ Քերովբեան եւ Սիլվիա Գասպարեան (Մոնքթոնի Համալսարան, [[Քանատա]]), հրատ․՝ ''Lexicometrica'' բացառիկը 2004
*«Die Künstlerisch ausführenden des Armenischen Kirchengesans: Die Dpir», in: ''Armenische Liturgien'', ed. Erich Renhart & Jasmine Dum-Tragut, Graz-Salzburg, 2001.
*«Die Künstlerisch ausführenden des Armenischen Kirchengesans: Die Dpir», in: ''Armenische Liturgien'', ed. Erich Renhart & Jasmine Dum-Tragut, Graz-Salzburg, 2001.
* «Komitas» («Կոմիտաս») վերաքննութիւն Ռ․ Աթայեանի յօդուածին ''The New Grove Dictionnary of Music and Musicians'', նոր տպագրութիւն Stanley Sadie, 2001, [[Լոնտոն]]
* «Komitas» («Կոմիտաս») վերաքննութիւն Ռ․ Աթայեանի յօդուածին ''The New Grove Dictionnary of Music and Musicians'', նոր տպագրութիւն Stanley Sadie, 2001, [[Լոնտոն]]
*«Armenian liturgical chant – the system and reflections on the present situation», ''Saint Nerses Theological Review'', 1996, New York, vol. 1, no. 1. Հայերէն թարգմանութիւնը՝ ''Սիոն'', Երուսաղէմ, հտ. 69, 1995, հտ. 70, 1996.

*«Mündliche und schriftliche Überlieferung in der Musik der Armenier», in: ''Armenien – Wiederentdeckung einer alten Kulturlandschaft'', 1995, Bochum. Հայերէն թարգմանութիւնը՝ ''Հասկ'', 1997, Անթիլիաս, Լիբանան, էջ. 367-374.

* «Les charakan et l’octoéchos arménien selon le charaknots édité en 1875» («Շարական եւ հայկական ութնաձայնը, [[1875 թուական|1875]] տպագրութիւն») ''Aspects de la musique liturgique au moyen-âge (Միջնադարի եկեղեցական երաժշտութեան երեւոյթներ)'', Créaphis, 1991, Փարիզ
* «Les charakan et l’octoéchos arménien selon le charaknots édité en 1875» («Շարական եւ հայկական ութնաձայնը, 1875 տպագրութիւն») ''Aspects de la musique liturgique au moyen-âge (Միջնադարի եկեղեցական երաժշտութեան երեւոյթներ)'', Créaphis, 1991, Փարիզ
* «Armenian Folk Music» («Հայկական ժողովրդային երաժշտութիւն») Արամ եւ Վիրճինիա Քերովբեան։ Անգլերէն թարգմանութիւն եւ ծանօթագրութիւններ՝ [[Կոմիտաս Վարդապետ|Կոմիտաս Վարդապետի]] «La musique populaire arménienne» յօդուածին. Fondation Ararat, [[1988 թուական|1988]], [[Ամսթերտամ]]

18:01, 26 Նոյեմբեր 2021-ի տարբերակ

Արամ Քերովբեան
Ծնած է 29 Մարտ 1953
Ծննդավայր Կոստանտնուպոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ազգութիւն հայ
Ուսումնավայր Բարձրագոյն հետազօտութիւններու գործնական դպրոց[1]
Բարձրագոյն հետազօտութիւններու գործնական դպրոց[2]
Երկեր/Գլխաւոր գործ «Ձայն Յանապատի», «Klasik Osmanlı Müziği ve Ermeniler» (Օսմանեան Դասական Երաժշտութիւնը եւ Հայերը), «Manuel de Notation musicale arménienne moderne» (Հայկական արդի երաժշտութեան նշանագրութեան դասագիրք), Musica Mediævalis Europæ Orientalis, «Երաժշտութիւն. որ է համառօտ տեղեկութիւն երաժշտական սկզբանց, ելեւէջութեանց եղանակաց եւ նշանագրաց խազից», «Րուրի»՝ հայկական օրօրներու գիրք եւ սկաւառակ, Հայկական եկեցեցական շարականներու բազմաթիւ սկաւառակներ
Մասնագիտութիւն երաժիշտ, յօրինող, խմբավար, քանոնահար, հայ շարականներու աւանդական մեկնաբանող, հայ աւանդական հոգեւոր երաժշտութեան եւ երգասացութեան մասնագէտ
Կայքէջ akn-chant.org/hy

Արամ Քերովբեան (29 Մարտ 1953, Կոստանդնուպոլիս, Թուրքիա),  հայ երաժիշտ, յօրինող, խմբավար, քանոնահար, աւանդական շարականներու մեկնաբանող, հայ աւանդական հոգեւոր երաժշտութեան եւ երգասացութեան մասնագէտ։ Հեղինակն է հայկական ձայնային երաժշտութեան, եկեղեցական երգեցողութեան պատմութեան եւ փոխանցման, համակարգի նիւթերով բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու։

Կենսագրութիւն

Պոլիս

Կը յաճախէ «Անառատ յղութիւն» կաթոլիկ մայրապետներու մանկապարտէզը (շէնքին մէջ այժմ Հրանդ Տինք հիմնարկին գրասենեակները տեղափոխուած են),  ապա կ'աւարտէ Թարլապաշըի Մխիթարեան (Վենետիկեան) նախակրթարանը (այժմ կը գտնուի Պոլսոյ Պոմոնթի թաղը)։ Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը կը շարունակէ թրքական դպրոցներու մէջ։

Կ'աւարտէ Պոլսոյ Համալսարանին Ելեկտրական Ճարտարագիտութեան բաժինը։ Երկրորդական դպրոցի եւ համալսարանի ուսման զուգահեռ, քանոնի դասերու կը հետեւի ծանօթ թուրք վարպետ Սաատետին Էօքթէնայի Saadeddin Öktenay դասերուն։

Փարիզ

1977-ին Փարիզ կը փոխադրուի, ուր կ'աւարտէ «École Pratique des Hautes Études» ուսումնարանը եւ կ'արժանանայ «Երաժշտագիտութեան դոկտոր»ի տիտղոսին։

Այնուհետեւ կը հետազօտէ, կ'ուսումնասիրէ, կ'ուսուցանէ, կը մեկնաբանէ եւ կը տարածէ հայ աւանդական եւ հոգեւոր երաժշտութիւնը, գործակից ունենալով՝ Վիրճինիա Փաթթի – Քերովբեանը։

Գործունէութեան ընթացք

Երաժշտապետ

Արամ Քերովբեան 1990-էն մինչեւ Նոյեմբեր 2019, Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր Եկեղեցւոյ երաժշտապետը եղած է[3], յաջորդելով Արամանեակ Արապեանին (1898-1990)։

«Կոչնակ»

1980-ին Ռուբէն Յարութիւնեանի, Վերժին (Վիրճինիա) Փաթթի- Քերովբեանին հետ կը հիմնեն «Կոչնակ» համոյթը։ Համոյթին պարբերաբար մաս կը կազմեն՝ քամանչահար Մահմուտ Թապրիզի-Զատէհը, տհոլ ու տապ նուագող Էտմոնտ Զարդարեան, տապահար Մաժիտ Խալաժը եւ քամանչահար Անուշ Տօնապետեան-Գրիգորեանը։ Հետագային համոյթը հանդէս կու գայ զուգերգ-զուգանուագով եւ կամ եռեակի կազմով՝ տապահար Վահան Քերովբեան եւ երբեմն Մարալ եւ Շուշան Քերովբեաններ։ «Կոչնակ»ը համերգներ կ'ունենայ Եւրոպայի տարածքին եւ Ա․Մ․Նահանգներուն մէջ։

«Ակն»

1990-ին Արամ Քերովբեան խմբային փորձառական աշխատանքի մը կը ձեռնարկէ հայ հոգեւոր երգեցողութեան շուրջ, որուն իբրեւ արդիւնք 1998-ին կը հիմնէ ու մինչեւ այսօր կը ղեկավարէ Փարիզի Հայկական Ձայնային Ուսմանց կեդրոնը «ԱԿՆ» Center for Armenian Modal Chant Studies AKN եւ «Ակն» երգչախումբը։ 

«Ակն» կեդրոնը բազմաթիւ գիրքեր եւ ձայնապնակներ հրատարակած է, որոնք առնչուած են հայ եկեղեցւոյ շարականներու աւանդական ձայնեղանակներուն եւ գրութիւններուն հարուստ ժառանգութեան հետ։

Երգեցողութեան աշխատանոցներ

Ձայնեղանակներու ընկալման նիւթով Արամ Քերովբեանի 1990-ին սկսած փորձառական աշխատանքները տարիներու ընթացքին իրեն առիթ կու տան իւրայատուկ ոճ մը կերտելու, որուն զարգացման մէջ դեր կ'ունենան երաժշտական տարբեր մակարդակի ճանաչողութիւն ունեցող մեծ թիւով մասնակիցներ եւ աշատկերտներ։ Յատկապէս 2010-էն սկսեալ Լեհաստանի մէջ Կռոթովսքի հիմնարկին կապուած Զար թատերախումբին հետ տարած աշխատանքը աւելի կ'ընդլայնէ ձեւին տարողութիւնը։

Ձեւը գրեթէ կը բացառէ տեսական գիտելիքներու փոխանցումը։ Ան կը միտի աշակերտը մղել՝ գործնական միջոցներով, այսինքն փորձարկութեամբ պատրաստուելու, որուն համար կը պահանջուի՝ ջղային պրկումներէ ձերբազատում, աշխատանքի ընթացքին մտային վերլուծումներէ կամ փնտռտուքներէ խուսափում, կեդրոնացում՝ առանց սխալելէ վախնալէ։ Ձեւը կը հիմնուի վարպետ-աշկերտ դրութեան վրայ, որուն կարեւորագոյն յատկանիշերն են կապկումը եւ երկար ժամանակ տրամադրելու հարկաւորութիւնը։

Ձեւին մէկ այլ իւրայատկութիւնն է՝ «երգ սորվելու» բացակայութիւնը։ Ընդհակառակը, կարեւոր կը նկատուի բնական ձայնամիջոցներու իւրացումը, անոնց հիման վրայ ստեղծուած բազմաթիւ ձայնամիջոցներու ներքին յարաբերութիւններուն տիրապետելը։

Այս բոլորը կը կիրարկուին, նկատի առնելով ա՛յն իրողութիւնը, որ բնական ձայնամիջոցներու հիման վրայ կերտուած ձայնային յարաբերութիւնները, ձայնային այդ հնաւանդ միջավայրը այլեւս մաս չեն կազմեր արդի կեանքի առօրեային։ Հետեւաբար, ըստ Արամ Քերովբեանին, հարկաւոր է աշխատանք տանիլ, որպէսզի այդ ձայնաշխարհը կարենայ իր տեղն ունենալ անհատի ինքնութեան մէջ, անկախ անոր մշակութային, ազգային, կամ ցեղային բաղադրիչներէն։

Այս իւրայատուկ աշխատանոցները տեղի կ'ունենան, մէկ կողմէ՝ «Ակն» ընկերակցութեան Փարիզի մէջ կայացող կանոնաւոր, շաբաթական հանդիպումներուն ընթացքին, եւ միւս կողմէ՝ այլ քաղաքներու մէջ ատեն ատեն հետաքրքրուած անձերու կամ կազմակերպութիւններու հրաւէրով։

«Աքսորեալ երգեր» վաւերագրականը եւ Զար թատրոնին հետ գործակցութիւնը (կը պատրաստուի)

Վիրճինիա (Վերժին) Փաթթի-Քերովբեան

Վիրճինիա Փաթթի ծնած է 14 Յունիս 1953-ին Ուաշինկթըն Ա․Մ․Ն․։ Նախնական ուսումը ստացած է տեղական վարժարաններուն մէջ, ապա Քանսասի Համալսարանին մէջ երկու տարի երաժշտագիտութիւն եւ լեզուներ ուսանած է։ 1974-ին Փարիզ կը տեղափոխուի եւ երաժշտութիւն կ'ուսանի «Ecole Normale de Music» ուսումնարանին մէջ։ Կ' աշխատի Փարիզի Ազգային Երաժշտանոցը զանազան խումբերու հետ, ինչպէս օրինակ՝ «Ծաղկեալ Արուեստները» Les Arts florissants խումբին հետ։

Փարիզ, կը ծանօթանայ Արամ Քերովբեանին։ Այնուհետեւ կը գործակցին եւ միասին կը վարեն երգեցողութեան աշխատանոցներ եւ հանդէս կու գան իբրեւ համերգի եւ թատրոնի երաժիշտներ։

Գործեր

Հրատարակութիւններ

  • Ձայն Յանապատի, Արամ Քերովբեան, Փարիզ, 2017։ Հրատ.՝ Ակն ընկերակցութեան[3]։
  • Klasik Osmanlı Müziği ve Ermeniler (Օսմանեան Դասական Երաժշտութիւնը եւ Հայերը), Արամ Քերովբեան եւ Ալթուղ Եըլմազ, Հրատ. Պոլսոյ Հայոց Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի, 2010
  • Manuel de Notation musicale arménienne moderne (Հայկական արդի ձայնագրութեան դասագիրք), Musica Mediævalis Europæ Orientalis, no 2, Ed. H. Schneider, Tützing, 2001
  • Երաժշտութիւն. որ է համառօտ տեղեկութիւն երաժշտական սկզբանց, ելեւէջութեանց եղանակաց եւ նշանագրաց խազից․ Խմբագրութիւն եւ ուսումնասիրութիւն՝ Հ. Մինաս Բժշկեանի Հայ Արդի Ձայնագրութեան մասին գրած, 1815 թուակիր անտիպ ձեռագիրին։ Աշխատասիրութիւն՝ Արամ Քերովբեան։ Հրատ.՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարան, Երեւան, 1997 (հայերէն)։

Յօդուածներ

Արամ Քերովբեան գրած է բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են երաժշտական, գրական, համալսարանական հանդէսներու մէջ, ինչպէս՝

  • «L’écriture musicale et l’interprétation du chant arménien: relever et traiter les incohérences» (հայկական գրական երաժշտութիւնը եւ անոր մեկնաբանումը) հրատարակուած «Solange Corbin et les débuts de la musicologie médiévale» Ռենի Համալսարանի պարբերաթերթին մէջ, Presses Universitaires de Rennes, 2015
  • «Observations on a “lost” language: the Armenian neumatic notation» (Դիտարկութիւններ կորսուած լեզուի մը շուրջ․ հայկական իմաստային նշանագրութիւնը), հրատարակուած՝ El canto mozárabe y su entorno, Sedm (Sociedad Espagñola de Musicología), Մատրիտ, 2013
  • «Յիշողութիւնը եւ գիրը Հայոց եկեղեցական երաժշտութեան մէջ», Arménie. Impressions d’une civilisation (իտալերէն, անգլերէն եւ հայերէն), Սքիրա, Միլանօ 2012
  • «Le système de notation neumatique arménienne» («Հայկական խազագրութեան դրութիւնը»), հրատարակութիւն՝ Armeniaca, Էքս ան Փրովանս, 2007. Illuminations d’Arménie, Ժընեւ 2007. La magie de l’écrit, Մարսէյ, 2007
  • «Vers une théorie de la structure modale des Charakan, chants liturgiques arméniens» («Դէպի շարականներու ձայնեղանակային կառոյցը»), Արամ Քերովբեան եւ Սիլվիա Գասպարեան (Մոնքթոնի Համալսարան, Քանատա), հրատ․՝ Lexicometrica բացառիկը 2004
  • «Die Künstlerisch ausführenden des Armenischen Kirchengesans: Die Dpir», in: Armenische Liturgien, ed. Erich Renhart & Jasmine Dum-Tragut, Graz-Salzburg, 2001.
  • «Komitas» («Կոմիտաս») վերաքննութիւն Ռ․ Աթայեանի յօդուածին The New Grove Dictionnary of Music and Musicians, նոր տպագրութիւն Stanley Sadie, 2001, Լոնտոն
  • «Armenian liturgical chant – the system and reflections on the present situation», Saint Nerses Theological Review, 1996, New York, vol. 1, no. 1. Հայերէն թարգմանութիւնը՝ Սիոն, Երուսաղէմ, հտ. 69, 1995, հտ. 70, 1996.
  • «Mündliche und schriftliche Überlieferung in der Musik der Armenier», in: Armenien – Wiederentdeckung einer alten Kulturlandschaft, 1995, Bochum. Հայերէն թարգմանութիւնը՝ Հասկ, 1997, Անթիլիաս, Լիբանան, էջ. 367-374.
  • «Les charakan et l’octoéchos arménien selon le charaknots édité en 1875» («Շարական եւ հայկական ութնաձայնը, 1875 տպագրութիւն») Aspects de la musique liturgique au moyen-âge (Միջնադարի եկեղեցական երաժշտութեան երեւոյթներ), Créaphis, 1991, Փարիզ
  • «Armenian Folk Music» («Հայկական ժողովրդային երաժշտութիւն») Արամ եւ Վիրճինիա Քերովբեան։ Անգլերէն թարգմանութիւն եւ ծանօթագրութիւններ՝ Կոմիտաս Վարդապետի «La musique populaire arménienne» յօդուածին. Fondation Ararat, 1988, Ամսթերտամ

Սկաւառակներ

Եկեղեցական երաժշտութիւն (Ակն երգչախումբ)

  • 2013, «Յարութեան» նուիրուած երգեր. AKN 004
  • 2007, «Ծննդեան եւ Աստուածածնի երգեր. AKN 003
  • 2005,  Մեծ Պահքի շրջանի երգեր. Ակն երգչախումբը Մխիթարեան վարդապետ Հ. Վրթանէս Ուլուհոճեանի հետ. OEMME/MUSICAM
  • 2004, Ս. Խաչին նուիրուած երգեր. AKN 002
  • 2003, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ սուրբերուն նուիրուած շարականներ. կը մեկնաբանէ Վերժին Քերովբեան. AKN 001
  • 2002․ Ապաշխարութիւն եւ Յարութիւն. CDAL 274

Ժողովրդական եւ աշուղական երաժշտութիւն (Կոչնակ)

  • 1997. Ժողովրդական երգեր. CDAL 228
  • 1987. Կոմիտաս վարդապետին հաւաքած ժողովրդական երգերէն փունջ մը
  • 1983. Սայեաթ Նովային երգերը. Ocora 558608

Գիրք եւ սկաւառակ

Րուրի, Հայկական օրօրներ՝ քնանալու եւ քնացնելու համար։ Վիրճինիա Քերովբեան՝ երգ. Արամ Քերովբեան՝ քանոն. Մարալ Քերովբեան՝ նկարազարդում։ Հրատ.՝ Ակն ընկերակցութեան, 2016, Փարիզ։

Տեսերիզներու շարք մը՝ վկայութիւններ, աշխատանոցներու ծրագրեր, յիշատակներ

ԱԿՆ երգչախումբի ներկայացումներ

  • 18 Նոյեմբեր, 2018․ Marnay sur Seine-ի գիւղի եկեղեցւոյ մէջ մտերիմ ներկայացում
  • 2017․ Ֆրանսական հեռատեսիլի FR2 կայանէն «Արեւելեան Քրիստոնեաներ» յայտագիր,  «Արեւելցիները կ'երգեն Աստուածածինը» ներկայացում
  • 2014․ «Խորհուրդ խորին», «Սուրբ Սուրբ», «Տէր Ողորմիա»ներու շարք, «Երգ գիշերուան ժամերգութեան» շարականներու ներկայացում Զար թատերախումբին հետ, Լոնտոն
  • 2014․ Festival delle Nazioni, Փերուճիա
  • 2013․ Օլաուա, Վարշաուա, Լեհաստան
  • 2012․ Վրոցւաֆ, Լեհաստան
  • 2011․ «Maison de la Radio France», Փարիզ
  • 2010․ «Չինի հիմնարկ» Giorgio Cini, Սուրբ Ճիորճօ կղզի, Վենետիկ
  • 2007․ «Cité de la musique» Փարիզ,  Ժընեւի համալսարան եւ Սէնթ Էթիեն Համալսարան, Ֆրանսա
  • 2006․ Օքսֆորտ Համալսարան, Մեծն Բրիտանիա
  • 2005․ «Chemins de musique» Լիկիւժէ արեւմտեան Ֆրանսա, «Clarendon House» Լոնտոն
  • 2004 եւ 2003․ «Nuit Blanche» Փարիզ, «Երաժշտութեան Տօն» Փարիզ
  • 2002․ Վըցպըրք Գերմանիա, Հայկական Հիմնարկ Լոնտոն, «Աշխարհի սուրբ ձայները»  Sylvanès վանք  (Օքսիթանի, Ֆրանսա), «Զատկուան Փառատօն» վանք Ֆոնթընվրօ (Լուար գետի հովիտ)
  • 2000․ «Musica instrumentum coeli» Թորինօ, Իտալիա
  • 1999․«Giving Voice» Ձայնի միջազգային փառատօն, Ապըրիսուիթ, Անգլիա
  • 1998․ «Conférences de Carême» Նոթր Տամ, Փարիզ, «Canti da Cieli Lontani» Վենետիկ, «IIe festival de musique sacrée de Ligugé» Լիկիւժէ
  • 1995․ «Զատկուան փառատօն», Լոնտոնի Համալսարան
  • 1994․ «XVIIe festival international de musique sacrée» Sylvanès վանք 
  • 1992․ «Աշխարհի սուրբ երաժշտութիւններ» Փանթէոն հրապարակ, Փարիզ
  • 1986․ Հին Միջերկրականի սուրբ երաժշտութիւններ» Սէն Սեվըրին եկեղեցի, Փարիզ

[4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13]

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

  1. Փարիզի «École Pratique des Hautes Études» ուսումնարան(ֆր.)
  2. Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր Եկեղեցիհայ.՝ 
  3. «Ակն» կեդրոն
  4. Փարիզի «Ecole Normale de Music» ուսումնարան(ֆր.)
  5. «Ծաղկեալ Արուեստները» Les Arts florissants խումբ, Փարիզ(ֆր.)