«Հայկական Տաւրոս» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 12. Տող 12.
Արեւելեան Տիգրիսի մեծ թիւով վտակներ կը սնուին կարստային հզօր աղբիւրներէ։ Օգտակար հանածոներէն կան նաւթ, պղինձ եւ բազմամետաղներ, քրոմիտ, ծծումբ, առատ են շինանիւթեր։ Լեռնահամակարգին գլխաւոր լանջերուն յառաջացած է կլիմայական եւ լադշաֆտային առանձնայատկութիւններ։ Հիւսիսային լանջին կլիման ցամաքային է՝ տաք ամառներով եւ ցուրտ ձմեռներով։
Արեւելեան Տիգրիսի մեծ թիւով վտակներ կը սնուին կարստային հզօր աղբիւրներէ։ Օգտակար հանածոներէն կան նաւթ, պղինձ եւ բազմամետաղներ, քրոմիտ, ծծումբ, առատ են շինանիւթեր։ Լեռնահամակարգին գլխաւոր լանջերուն յառաջացած է կլիմայական եւ լադշաֆտային առանձնայատկութիւններ։ Հիւսիսային լանջին կլիման ցամաքային է՝ տաք ամառներով եւ ցուրտ ձմեռներով։


Տարեկան տեղումները կ'աճին 300 մմ-էն մինչեւ 1000 մմ։ Ստորոտներուն վրայ մոխրագոյն հողերու վրայ տարածուած են կիսանապատային, միջին մասերու մէջ, շագանակագոյն հողերու վրայ՝ չոր տափաստաններ, լեռնակատարներուն՝ ենթալպեան բարձրախոտ մարգագետիններ եւ քարացրոններ։ Հարաւային լանջի կլիման բնորոշ է շոգ ամառներով եւ մեղմ ձմեռներով, տեղումները 400-500 մմ-էն 1000-1500 մմ։ Միջին բարձրութիւններուն վրայ, գորշ անտառային եւ սրճագոյն հողերուն վրայ կ'աճին [[սոճի]], [[Լիբանանեան Մայրի|լիբանանեան մայրի]], [[կաղնի]], մշտադալար մերձարեւադարձային անտառներ, որոնք դէպի ստորոտ տեղի կու տան ֆրիգանայի, կիսանապատային եւ անապատային խմբակցութիւններու։
Տարեկան տեղումները կ'աճին 300 մմ-էն մինչեւ 1000 մմ։ Ստորոտներուն վրայ մոխրագոյն հողերու վրայ տարածուած են կիսանապատային, միջին մասերու մէջ, շագանակագոյն հողերու վրայ՝ չոր տափաստաններ, լեռնակատարներուն՝ ենթալպեան բարձրախոտ մարգագետիններ եւ քարացրոններ։ Հարաւային լանջին կլիման բնորոշ է տաք ամառներով եւ մեղմ ձմեռներով, տեղումները 400-500 մմ-էն 1000-1500 մմ։ Միջին բարձրութիւններուն վրայ, գորշ անտառային եւ սրճագոյն հողերուն վրայ կ'աճին [[սոճի]], [[Լիբանանեան Մայրի|լիբանանեան մայրի]], [[կաղնի]], մշտադալար մերձարեւադարձային անտառներ, որոնք դէպի ստորոտ տեղի կու տան ֆրիգանայի, կիսանապատային եւ անապատային խմբակցութիւններու։


== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==

03:38, 15 Հոկտեմբեր 2021-ի տարբերակ

Հայկական Տաւրոս
Տեսակ Լեռնաշղթայ
Երկիր  Թուրքիա
Լեռնաշղթայ Տաւրոսեան Լեռներ
Երկարութիւն 650 քմ

Հայկական Տաւրոս (թրք.՝ Toros Dağları), լեռնային համակարգ Հայկական լեռնաշխարհին[1], ներկայիս Թուրքիոյ մէջ։ Կ'երկարի Կիլիկեան Դրունք կիրճէն մինչեւ Բոհտան գետը։ Երկայնքը՝ 650 քմ է, լայնքը՝ 35-100 քմ, միջին բարձրութիւնը՝ 1800-2300 մ։ Իշխանասար, Սիմսար, Մարութա լեռ գագաթները ունին 3000 մ բարձրութիւն։

Աշխարհագրութիւն

Հայկական Տաւրոսին մակերեւոյթը մասնատուած է Եփրատի, Տիգրիսի եւ իրենց վտակներուն հովիտներով։ իրենցմէ քանի մը հատը միջանցիկ կիրճեր են, որոնցով Հայկական Տաւրոսը կը բաժնուի 3 մասերու. Կիլիկիոյ եւ Եփրատի կիրճերուն միջեւ, միջին՝ մինչեւ Պիթլիսի կիրճը եւ արեւելեան՝ մինչեւ Բոհտանի կիրճը։

Հայկական Տաւրոսին արեւելեան մասին առանձին լեռնաճիւղերը կը տարածուին դէպի Վանայ լիճ, հասնելով Վարագասար՝ կը տրոհուի առանձին լեռնազանգուածներու եւ կը ձուլուի Հայոց ձորի հովիտին բլուրային տարածքին։

Հայկական Տաւրոսին բուռն ծալքաւորուած պալեոզոեան եւ մեզոզոեան կրաքարերու եւ թերթաքարերու դէպի հարաւային շրջուած թեփուկներով եւ վրաշարժային կառուցուածքի լեռնային համակարգ է, բարդացած նորագոյն կերտուածական կամարաձեւ բարձրացումներով եւ բարձրակողմանի խզումներով։ Պիթլիսի շրջանին մէջ նստուածքային շերտերը ճեղքուած են եւ ներարկուած օձաքարային հզօր զանգուածներով։ Հիւսիսային լանջը ենթարկուած է հզօր խորքային բեկուածքի, որ ուղղութեամբ կը ձգուի Խարբերդի, Բալուի, Մուշի, Վանայ լիճի իջուածքային գոգաւորութիւններու գօտին։ Յաճախակի են բարձրաքանդակային ձեւերը, բնորոշ կառային դաշտերով։ Կան ստորերկրեայ քարանձաւներ։

Արեւելեան Տիգրիսի մեծ թիւով վտակներ կը սնուին կարստային հզօր աղբիւրներէ։ Օգտակար հանածոներէն կան նաւթ, պղինձ եւ բազմամետաղներ, քրոմիտ, ծծումբ, առատ են շինանիւթեր։ Լեռնահամակարգին գլխաւոր լանջերուն յառաջացած է կլիմայական եւ լադշաֆտային առանձնայատկութիւններ։ Հիւսիսային լանջին կլիման ցամաքային է՝ տաք ամառներով եւ ցուրտ ձմեռներով։

Տարեկան տեղումները կ'աճին 300 մմ-էն մինչեւ 1000 մմ։ Ստորոտներուն վրայ մոխրագոյն հողերու վրայ տարածուած են կիսանապատային, միջին մասերու մէջ, շագանակագոյն հողերու վրայ՝ չոր տափաստաններ, լեռնակատարներուն՝ ենթալպեան բարձրախոտ մարգագետիններ եւ քարացրոններ։ Հարաւային լանջին կլիման բնորոշ է տաք ամառներով եւ մեղմ ձմեռներով, տեղումները 400-500 մմ-էն 1000-1500 մմ։ Միջին բարձրութիւններուն վրայ, գորշ անտառային եւ սրճագոյն հողերուն վրայ կ'աճին սոճի, լիբանանեան մայրի, կաղնի, մշտադալար մերձարեւադարձային անտառներ, որոնք դէպի ստորոտ տեղի կու տան ֆրիգանայի, կիսանապատային եւ անապատային խմբակցութիւններու։

Ծանօթագրութիւններ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։