«Արածանի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 28. Տող 28.
|Երկիր = [[Պատկեր:Flag of Turkey.svg|24px]] [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|Թուրքիա]]
|Երկիր = [[Պատկեր:Flag of Turkey.svg|24px]] [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|Թուրքիա]]
|Երկրամաս =
|Երկրամաս =
|Վիքիպահեստ = River Murat
|Վիքիպահեստ = Murat River
}}
}}
'''Արածանի''', գետ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ։ Հին յունա-հռոմէական աղբուրներուն մէջ՝ կոչուած է «''Արսանիաս''» ({{Լեզու la|Arsanias}}), ներկայիս թուրքերը կը կոչեն՝ '''Մուրաթ գետ''' ({{Լեզու tr|Murat Nehri}}): Կոչուած է նաեւ՝ '''Արեւելեան Եւփրատ''', Արզանիա(ս), Արսինէս եւ այլն<ref>{{Գիրք:ՏԲ|385}}</ref>։ Միանալով Արեւմտեան Եւփրատին՝ կ'առաջացնէ [[Եփրատ գետ (արեւմտահայերէն)|Եւփրատ գետը]]։ Երկարութիւնը 722 քմ. է, աւազանը՝ 40000 քմ<sup>2</sup>։ Հին ժամանակներուն՝ գետը ամբողջութեամբ հոսած է [[Մեծ Հայք (արեւմտահայերէն)|Մեծ Հայք]] թագաւորութեան տարածքով։ Ներկայիս՝ կը հոսի [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|Թուրքիոյ]] տարածքով։
'''Արածանի''', գետ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ։ Հին յունա-հռոմէական աղբուրներուն մէջ՝ կոչուած է «''Արսանիաս''» ({{Լեզու la|Arsanias}}), ներկայիս թուրքերը կը կոչեն՝ '''Մուրաթ գետ''' ({{Լեզու tr|Murat Nehri}}): Կոչուած է նաեւ՝ '''Արեւելեան Եւփրատ''', Արզանիա(ս), Արսինէս եւ այլն<ref>{{Գիրք:ՏԲ|385}}</ref>։ Միանալով Արեւմտեան Եւփրատին՝ կ'առաջացնէ [[Եփրատ գետ (արեւմտահայերէն)|Եւփրատ գետը]]։ Երկարութիւնը 722 քմ. է, աւազանը՝ 40000 քմ<sup>2</sup>։ Հին ժամանակներուն՝ գետը ամբողջութեամբ հոսած է [[Մեծ Հայք (արեւմտահայերէն)|Մեծ Հայքի]] թագաւորութեան տարածքով։ Ներկայիս՝ կը հոսի [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|Թուրքիոյ]] տարածքով։


Հին մատենագիրները՝ Արածանին կը յիշեն իբրեւ ինքնուրոյն գետ եւ ո'չ իբրեւ Եւփրատի վտակ։ Սկիզբ կ'առնէ Ծաղկանց լեռներու հիւսիսային մասէն՝ մօտ 3060 մ. բարձրութենէն։ Վերին հոսանքին մէջ կ'անցնի խոր կիրճով դէպի հիւսիս, ապա հիւսիս–արեւմուտք, դուրս կու գայ Ալաշկերտի դաշտ եւ կը հոսի հարաւ–արեւմտեան ուղղութեամբ։ Արածանիի գլխաւոր վտակներն են՝ [[Բագրեւանդ (արեւմտահայերէն)|Բագրեւանդ]]ը, [[Խնուս (արեւմտահայերէն)|Խնուս]]ը, Բիւրակնը (աջէն), Մանազկերտը, Մեղրագետը, Ճապաղջուրը (ձախէն)։ Կը յորդի ապրիլ–մայիսին, դաշտային մասերուն մէջ կ'ողողէ շրջակայ տարածութիւնները. ցածր մակարդակը՝ [[Յուլիս]]–[[Օգոստոս (արեւմտահայերէն)|Օգոստոսին]]։ Ձմրան՝ կը սառցակալէ։ Դեռեւս ուրարտական ժամանակներէն կ'օգտագործուի ոռոգման նպատակներով։
Հին մատենագիրները՝ Արածանին կը յիշեն իբրեւ ինքնուրոյն գետ եւ ո'չ իբրեւ Եւփրատի վտակ։ Սկիզբ կ'առնէ Ծաղկանց լեռներու հիւսիսային մասէն՝ մօտ 3060 մ. բարձրութենէն։ Վերին հոսանքին մէջ կ'անցնի խոր կիրճով դէպի հիւսիս, ապա հիւսիս–արեւմուտք, դուրս կու գայ Ալաշկերտի դաշտ եւ կը հոսի հարաւ–արեւմտեան ուղղութեամբ։ Արածանիի գլխաւոր վտակներն են՝ [[Բագրեւանդ (արեւմտահայերէն)|Բագրեւանդ]]ը, [[Խնուս (արեւմտահայերէն)|Խնուս]]ը, Բիւրակնը (աջէն), Մանազկերտը, Մեղրագետը, Ճապաղջուրը (ձախէն)։ Կը յորդի ապրիլ–մայիսին, դաշտային մասերուն մէջ կ'ողողէ շրջակայ տարածութիւնները. ցածր մակարդակը՝ [[Յուլիս]]–[[Օգոստոս (արեւմտահայերէն)|Օգոստոսին]]։ Ձմրան՝ կը սառցակալէ։ Դեռեւս ուրարտական ժամանակներէն կ'օգտագործուի ոռոգման նպատակներով։
[[Պատկեր:Սուլուխ կամուրջ-1.JPG|մինի|ձախից|240px|Սուլուխի կամուրջը]]
[[Պատկեր:Սուլուխ կամուրջ-1.JPG|մինի|ձախից|240px|[[Սուլուխ (արեւմտահայերէն)|Սուլուխի]] կամուրջը]]
Արածանիի աւազանին մէջ կը գտնուին [[Վաղարշակերտ]], [[Մուշ (աեւմտահայերէն)|Մուշ]], [[Բալու (արեւմտահայերէն)|Բալու]], [[Խարբերդ (արեւմտահայերէն)|Խարբերդ]] քաղաքները։ Արածանին, որուն հովիտը հայ ժողովուրդի բնօրրաններէն է՝ Հայաստանի սրբազան պաշտամունքի գետը։ Անոր ակունքներու մօտ կը գտնուէր Հայոց զորքի գլխաւոր բանակատեղին՝ Շահապիւանը, ուր կը գումարուէին աշխարհաժողովներ եւ կը կատարուէին նաւասարդի տօները։ Ք.Ա. 68-ին, Արածանիի ափին տեղի ունեցաւ [[Արածանիի ճակատամարտ (արեւմտահայերէն)|Արածանիի ճակատամարտը]]՝ հայոց եւ հռոմէական զօրքերու միջեւ։ Հայաստանի մէջ, քրիստոնէութիւնը պաշտօնական կրօն հռչակելէն՝ Արածանիի մէջ մկրտուեցան՝ Հայոց թագաւոր՝ [[Տիգրան Գ. (արեւմտահայերէն)|Տիգրան Գ.]] , զօրքը եւ ժողովուրդը։ Արածանիի աւազանի բնակչութիւնը մինչեւ [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|Մեծ եղեռնը]]՝ հիմնականին մէջ կը կազմէին հայերը։ Ըստ անոնց մեջ տարածուած աւանդութեան, Արածանիի հովիտին մէջ Է եղած դրախտը։
Արածանիի աւազանին մէջ կը գտնուին [[Վաղարշակերտ]], [[Մուշ (աեւմտահայերէն)|Մուշ]], [[Բալու (արեւմտահայերէն)|Բալու]], [[Խարբերդ (արեւմտահայերէն)|Խարբերդ]] քաղաքները։ Արածանին, որուն հովիտը հայ ժողովուրդի բնօրրաններէն է՝ Հայաստանի սրբազան պաշտամունքի գետն է։ Անոր ակունքներու մօտ կը գտնուէր Հայոց զօրքի գլխաւոր բանակատեղին՝ Շահապիւանը, ուր կը գումարուէին աշխարհաժողովներ եւ կը կատարուէին [[Նաւասարդ]]ի տօները։ Ք.Ա. 68-ին, Արածանիի ափին տեղի ունեցաւ [[Արածանիի ճակատամարտ (արեւմտահայերէն)|Արածանիի ճակատամարտը]]՝ հայոց եւ հռովմէական զօրքերու միջեւ։ Հայաստանի մէջ, քրիստոնէութիւնը պաշտօնական կրօն հռչակելէն՝ Արածանիի մէջ մկրտուեցան՝ Հայոց թագաւոր՝ [[Տիգրան Գ. (արեւմտահայերէն)|Տիգրան Գ.]] , զօրքը եւ ժողովուրդը։ <br />
Արածանիի աւազանի բնակչութիւնը մինչեւ [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|Մեծ եղեռնը]]՝ հիմնականին մէջ կը կազմէին հայերը։ Ըստ անոնց մեջ տարածուած աւանդութեան, Արածանիի հովիտին մէջ Է եղած դրախտը։


== Ծանոթագրութիւններ ==
== Ծանոթագրութիւններ ==

03:15, 25 Յուլիս 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Գետ (արեւմտահայերէն) Արածանի, գետ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ։ Հին յունա-հռոմէական աղբուրներուն մէջ՝ կոչուած է «Արսանիաս» (Կաղապար:Լեզու la), ներկայիս թուրքերը կը կոչեն՝ Մուրաթ գետ (Կաղապար:Լեզու tr): Կոչուած է նաեւ՝ Արեւելեան Եւփրատ, Արզանիա(ս), Արսինէս եւ այլն[1]։ Միանալով Արեւմտեան Եւփրատին՝ կ'առաջացնէ Եւփրատ գետը։ Երկարութիւնը 722 քմ. է, աւազանը՝ 40000 քմ2։ Հին ժամանակներուն՝ գետը ամբողջութեամբ հոսած է Մեծ Հայքի թագաւորութեան տարածքով։ Ներկայիս՝ կը հոսի Թուրքիոյ տարածքով։

Հին մատենագիրները՝ Արածանին կը յիշեն իբրեւ ինքնուրոյն գետ եւ ո'չ իբրեւ Եւփրատի վտակ։ Սկիզբ կ'առնէ Ծաղկանց լեռներու հիւսիսային մասէն՝ մօտ 3060 մ. բարձրութենէն։ Վերին հոսանքին մէջ կ'անցնի խոր կիրճով դէպի հիւսիս, ապա հիւսիս–արեւմուտք, դուրս կու գայ Ալաշկերտի դաշտ եւ կը հոսի հարաւ–արեւմտեան ուղղութեամբ։ Արածանիի գլխաւոր վտակներն են՝ Բագրեւանդը, Խնուսը, Բիւրակնը (աջէն), Մանազկերտը, Մեղրագետը, Ճապաղջուրը (ձախէն)։ Կը յորդի ապրիլ–մայիսին, դաշտային մասերուն մէջ կ'ողողէ շրջակայ տարածութիւնները. ցածր մակարդակը՝ Յուլիս–Օգոստոսին։ Ձմրան՝ կը սառցակալէ։ Դեռեւս ուրարտական ժամանակներէն կ'օգտագործուի ոռոգման նպատակներով։

Սուլուխի կամուրջը

Արածանիի աւազանին մէջ կը գտնուին Վաղարշակերտ, Մուշ, Բալու, Խարբերդ քաղաքները։ Արածանին, որուն հովիտը հայ ժողովուրդի բնօրրաններէն է՝ Հայաստանի սրբազան պաշտամունքի գետն է։ Անոր ակունքներու մօտ կը գտնուէր Հայոց զօրքի գլխաւոր բանակատեղին՝ Շահապիւանը, ուր կը գումարուէին աշխարհաժողովներ եւ կը կատարուէին Նաւասարդի տօները։ Ք.Ա. 68-ին, Արածանիի ափին տեղի ունեցաւ Արածանիի ճակատամարտը՝ հայոց եւ հռովմէական զօրքերու միջեւ։ Հայաստանի մէջ, քրիստոնէութիւնը պաշտօնական կրօն հռչակելէն՝ Արածանիի մէջ մկրտուեցան՝ Հայոց թագաւոր՝ Տիգրան Գ. , զօրքը եւ ժողովուրդը։
Արածանիի աւազանի բնակչութիւնը մինչեւ Մեծ եղեռնը՝ հիմնականին մէջ կը կազմէին հայերը։ Ըստ անոնց մեջ տարածուած աւանդութեան, Արածանիի հովիտին մէջ Է եղած դրախտը։

Ծանոթագրութիւններ

  1. Յակոբեան Թ. Խ., Մելիք-Բախշեան Ստ. Տ., Բարսեղեան Հ. Խ., Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, հ. 1 [Ա-Գ] (խմբ. Մանուկեան Լ. Գ.), Երեւան, «Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն», 1986, էջ 385։

Կատեգորիա:Գետեր (արւմտ․)