«Գուսան (Կոմիտասի երգչախումբը)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Ծանօթագրութիւններ: replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (2) using AWB
Տող 39. Տող 39.
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{Ծնթ․ցանկ}}


[[Կատեգորիա:Թուրքահայ մշակութային կազմակերպութիւններ]]
[[Ստորոգութիւն:Թուրքահայ մշակութային կազմակերպութիւններ]]
[[Կատեգորիա:Թուրքահայ երաժշտութիւն]]
[[Ստորոգութիւն:Թուրքահայ երաժշտութիւն]]

14:42, 17 Յուլիս 2020-ի տարբերակ

Գուսան (Կոմիտասի երգչախումբը)

«Գուսան» (Կոմիտասի Երգչախումբը), Կոմիտաս Վարդապետին հիմնած 300 հոգինոց երկսեռ երգչախումբ (Կոստանդնուպոլիս):

Նկարագրութիւն

Գուսան, Կոմիտասի երկսեռ երգչախումբն է։ Գործած է 1910 - 1915 թուականներուն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: 1914 - 1915 թուականներուն կոչուած է «Հայ Գուսան»)։ Համերգները տեղի ունեցած են Բերայի «Պտի-Շան» թատրոնի, «Եունիոն Ֆրանսեզ»-ի եւ այլ սրահներու մէջ։ Երգչախումբին անձնակազմը հիմնուած տարիներուն 300 երգողներէ կը բաղկանար, սակայն 1912 թուականէն սկսեալ երգողներուն թիւը 200 հոգի կը կազմէր։

Կատարումներ

«Գուսան»-ը բարձրորակ երգեցողութեամբ զանազան քաղաքներու մէջ հանդէս եկած է բազմաձայն կազմով, մեծաթիւ ձայնաբաժանումներով ու մեներգողներով, ինչպէս նաեւ որպէս կրկնակ խումբ։ Կատարած է Կոմիտասի խմբերգային երգերու, պարերգերու, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ստեղծագործութիւններու ընդարձակ շարքերը, «Պատարագ»-ը, հայրենասիրական երգերու մշակումները, հայ ժողովրդական երգերը[1], արեւմտաեւրոպական հեղինակներու կարգ մը գործեր (մասնաւորապէս Վերտիի եւ Վագների օփերաներէն հատուածներ)։ Համերգներու ընթացքին կը ներկայացուէին Կոմիտասի բանաւոր կամ տպագիր բացատրականները։ «Գուսան»-ի ելոյթները եղած են Կոստանդնուպոլսոյ ընդհանուր երաժշտական, հայ ազգային կեանքի կարեւոր երեւոյթը (25 Հոկտեմբեր 1913-ին ելոյթը դարձած է հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակին եւ տպագրութեան 400-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան կարեւոր օղակներէն մէկը)։

Կոմիտասեան Հանրայայտ Սաներ

«Գուսան»-ի մէջ մասնագիտական հմտութիւն ձեռք բերած են «Կոմիտասեան հինգ սաները»՝ Բարսեղ Կանաչեանը, Միհրան Թումաճեանը, Վարդան Սարգիսեանը, Վաղարշակ Սրուանձտեանը, Հայկ Սեմերճեանը[2]։

Աղբիւրներ

Ծանօթագրութիւններ

  1. ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
  2. Adalian, Rouben Paul (2010). Historical Dictionary of Armenia. Lanham, Maryland: Scarecrow Press.