«Ընկերութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: using AWB
Տող 11. Տող 11.
=== Մանկութիւն ===
=== Մանկութիւն ===
[[Image:Childhood friends at a carnival.jpg|thumb|Մանկութեան ընկերներ:]]
[[Image:Childhood friends at a carnival.jpg|thumb|Մանկութեան ընկերներ:]]
Մանկութեան ընթացքին կազմուած ընկերութիւնները հիմնուած կ'ըլլան խաղերու կամ խաղալիքներու ու խաղալու հաճոյքին վրայ: Այս ընկերութիւնները կը պահպանուին ու կը շարունակուին երբ կը պարունակեն սէր եւ ստեղծագործական խաղեր: Երբ մանուկները կը մեծնան, անոնք կը սկսին շրջապատուիլ տարբեր անձերու կողմէ ու նկատի կ'առնեն իրենց ընկերներուն հետաքրքրութիւնները: Անոնք նաեւ կ'ունենան ընկերային մերժումներ, որոնք կ'ազդեն իրենց մանկական տարիները: Զօրաւոր ընկերային կապ մը հաստատելը մանուկ տարիքէն, օգտակար կը դառնայ անձին ապագայ յարաբերութիւններուն<ref name="Newman, B. M. 2012">Newman, B. M. & Newman, P.R. (2012). Development Through Life: A Psychosocial Approach. Stanford, CT.</ref><ref>{{Cite web|url=http://elitedaily.com/life/culture/childhood-friends-most-important-friends/1063153/|title=Your Childhood Friendships Are The Best Friendships You’ll Ever Have|last=|first=|date=17 Jun 2015|website=|publisher=|access-date=21 June 2016}}</ref>: [[1975]] թուականի<ref name="Newman, B. M. 2012"/><ref>Cited in Brace, N. & Byford, J. (Ed.) (2010) Discovering psychology: ''What is friendship''. The Open university. ISBN 1-84873-466-2.</ref> ուսումնասիրութիւն մը որ կատարուած է [[Պիկելօ|Պիկելոյի]] եւ [[Լա Կայփա|Լա Կայփայի]] կողմէ ցոյց կու տայ թէ «մտերիմ բարեկամ»-ի հասկացողութիւնները կը դառնան աւելի բարդ երբ մանուկը կը մեծնայ: Ուսումնասիրութիւն մը որ կատարուած է [[Պերնտթ]]ի կողմէ կը փաստէ թէ մանուկները կը նախընտրեն այդ ընկերութիւնները որ իրենց վրայ կ'ունենան դրական ազդեցութիւններ եւ իրենց կը պատճառեն ուրախութիւն, սակայն այս ընկերութիւնները կը խանգարուին անձերու կողմէ որոնք ունին ժխտական յատկանիշեր, օրինակ՝ վիճաբանութիւն, տիրապետութիւն, մրցակցութիւն եւ այլն:
Մանկութեան ընթացքին կազմուած ընկերութիւնները հիմնուած կ'ըլլան խաղերու կամ խաղալիքներու ու խաղալու հաճոյքին վրայ: Այս ընկերութիւնները կը պահպանուին ու կը շարունակուին երբ կը պարունակեն սէր եւ ստեղծագործական խաղեր: Երբ մանուկները կը մեծնան, անոնք կը սկսին շրջապատուիլ տարբեր անձերու կողմէ ու նկատի կ'առնեն իրենց ընկերներուն հետաքրքրութիւնները: Անոնք նաեւ կ'ունենան ընկերային մերժումներ, որոնք կ'ազդեն իրենց մանկական տարիները: Զօրաւոր ընկերային կապ մը հաստատելը մանուկ տարիքէն, օգտակար կը դառնայ անձին ապագայ յարաբերութիւններուն<ref name="Newman, B. M. 2012">Newman, B. M. & Newman, P.R. (2012). Development Through Life: A Psychosocial Approach. Stanford, CT.</ref><ref>{{Cite web|url=http://elitedaily.com/life/culture/childhood-friends-most-important-friends/1063153/|title=Your Childhood Friendships Are The Best Friendships You’ll Ever Have|last=|first=|date=17 Jun 2015|website=|publisher=|access-date=21 June 2016}}</ref>: [[1975]] թուականի<ref name="Newman, B. M. 2012"/><ref>Cited in Brace, N. & Byford, J. (Ed.) (2010) Discovering psychology: ''What is friendship''. The Open university. ISBN 1-84873-466-2.</ref> ուսումնասիրութիւն մը որ կատարուած է [[Պիկելօ|Պիկելոյի]] եւ [[Լա Կայփա]]յի կողմէ ցոյց կու տայ թէ «մտերիմ բարեկամ»-ի հասկացողութիւնները կը դառնան աւելի բարդ երբ մանուկը կը մեծնայ: Ուսումնասիրութիւն մը որ կատարուած է [[Պերնտթ]]ի կողմէ կը փաստէ թէ մանուկները կը նախընտրեն այդ ընկերութիւնները որ իրենց վրայ կ'ունենան դրական ազդեցութիւններ եւ իրենց կը պատճառեն ուրախութիւն, սակայն այս ընկերութիւնները կը խանգարուին անձերու կողմէ որոնք ունին ժխտական յատկանիշեր, օրինակ՝ վիճաբանութիւն, տիրապետութիւն, մրցակցութիւն եւ այլն:


Սակայն զօրաւոր ընկերութիւնները կ'ազդեն մանուկին ընկերային կեանքին դրական ձեւով, անոր ապահովելով յաջողութիւն եւ անձնահաճութիւն<ref name="www2.psych.purdue.edu">Berndt, T. J. (2002). [http://www2.psych.purdue.edu/~berndt/Friendship%20quality%20and%20social%20development.pdf Friendship Quality and Social Development]. American Psychological Society. Purdue University.</ref><ref>Kennedy-Moore, E. (2013). What Friends Teach Children. http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201305/what-friends-teach-children</ref>: Մանուկը յատուկ ընկերութենէ կամ մտերիմ բարեկամէ մը կը սորվի արտայայտուիլ, հաճոյք զգալ եւ բաժնեկցիլ<ref>Kennedy-Moore, E. (2012). How children make friends (part 1). http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201209/how-children-make-friends-part-1</ref><ref>Kennedy-Moore, E. (2012). How children make friends (part 2). http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201209/how-children-make-friends-part-2</ref><ref>Kennedy-Moore, E. (2012). How children make friends (part 3). http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201209/how-children-make-friends-part-3</ref>: Ծնողքը նաեւ կ'օգնէ զաւակին անոր ծանօթացնելով ընկերային կանոններու<ref>Elman, N. M. & Kennedy-Moore, E. (2003). The Unwritten Rules of Friendship: Simple Strategies to Help Your Child Make Friends. New York: Little, Brown.</ref><ref>Kennedy-Moore, E. (2012). Children's Growing Friendships. http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201202/childrens-growing-friendships</ref>:
Սակայն զօրաւոր ընկերութիւնները կ'ազդեն մանուկին ընկերային կեանքին դրական ձեւով, անոր ապահովելով յաջողութիւն եւ անձնահաճութիւն<ref name="www2.psych.purdue.edu">Berndt, T. J. (2002). [http://www2.psych.purdue.edu/~berndt/Friendship%20quality%20and%20social%20development.pdf Friendship Quality and Social Development]. American Psychological Society. Purdue University.</ref><ref>Kennedy-Moore, E. (2013). What Friends Teach Children. http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201305/what-friends-teach-children</ref>: Մանուկը յատուկ ընկերութենէ կամ մտերիմ բարեկամէ մը կը սորվի արտայայտուիլ, հաճոյք զգալ եւ բաժնեկցիլ<ref>Kennedy-Moore, E. (2012). How children make friends (part 1). http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201209/how-children-make-friends-part-1</ref><ref>Kennedy-Moore, E. (2012). How children make friends (part 2). http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201209/how-children-make-friends-part-2</ref><ref>Kennedy-Moore, E. (2012). How children make friends (part 3). http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201209/how-children-make-friends-part-3</ref>: Ծնողքը նաեւ կ'օգնէ զաւակին անոր ծանօթացնելով ընկերային կանոններու<ref>Elman, N. M. & Kennedy-Moore, E. (2003). The Unwritten Rules of Friendship: Simple Strategies to Help Your Child Make Friends. New York: Little, Brown.</ref><ref>Kennedy-Moore, E. (2012). Children's Growing Friendships. http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201202/childrens-growing-friendships</ref>:
Տող 25. Տող 25.
* [http://armenianportal.com/dir/ynkerurtyan_masin_aforizmnner/3- Ասոյթներ ընկերութեան մասին]
* [http://armenianportal.com/dir/ynkerurtyan_masin_aforizmnner/3- Ասոյթներ ընկերութեան մասին]


[[Կատեգորիա:Ընկերութիւն]]
[[Ստորոգութիւն:Ընկերութիւն]]

14:39, 17 Յուլիս 2020-ի տարբերակ

Portrait of Two Friends գծուած՝ Փոնթորմոյին կողմէ, 1522:

Ընկերութիւն (մարդկային յարաբերութիւններ), փոխադարձ սիրով լեցուն յարաբերութիւն մըն է որ զօրաւոր կապ կը հաստատէ անձերու միջեւ[1]: Ընկերութիւնը ուսումնասիրուած է տարբեր ճիւղերու ու ասպարէզներու, ինչպէս՝ ընկերաբանութեան, հոգեբանութեան, մարդաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան կողմէ: Տարբեր ակադեմական տեսականութիւններ կը փաստեն թէ մտերիմ ընկերութիւններ ու բարեկամութիւններ կը պատճառեն ուրախութիւն եւ միաբանութիւն[2]:

Կը գտնուին զանազան ընկերութեան կերպեր ու ձեւեր որոնք կը տարբերին մէկ շրջանէ միւսը՝ սակայն բոլոր ընկերութիւններուն մէջ կը գտնուին նոյնանման յատկանիշեր: Այս յատկանիշերէն են՝ սէր, համակրութիւն, համակրական հասկացողութիւն, անկեղծութիւն, այլասիրութիւն, փոխադարձ հասկացողութիւն, հաճոյք, վստահութիւն եւ ազատ արտայայտութիւն անձին զգացումներուն մասին:

Բոլոր անձերը կարող են կազմել տարբեր ընկերութիւններ առանց որեւէ սահմանի, սակայն ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ մարդիկ կը ցանկանան կազմել ընկերութիւններ այդ անձերուն հետ, որոնք կը բաժնեկցին նոյն դասակարգը, արհեստը եւ կամ հետաքրքրութիւնները:

Զարգացական հոգեբանութիւն

Ըմկերութիւնը կը խաղայ մեծ դեր իւրաքանչիւր անձի սովորական հոգեկան զարգացման գործունէութեան մէջ: Հոգեբանութիւնը ցոյց կու տայ թէ այդ ընկերութիւնները, որոնք կը կազմուին անձի մը մանկութեան ժամանակ ու անոնց կերպը, կարեւոր դերեր կը խաղան այդ անձին ապագայի յարաբերութիւններուն մէջ[3][4]:

Մանկութիւն

Մանկութեան ընկերներ:

Մանկութեան ընթացքին կազմուած ընկերութիւնները հիմնուած կ'ըլլան խաղերու կամ խաղալիքներու ու խաղալու հաճոյքին վրայ: Այս ընկերութիւնները կը պահպանուին ու կը շարունակուին երբ կը պարունակեն սէր եւ ստեղծագործական խաղեր: Երբ մանուկները կը մեծնան, անոնք կը սկսին շրջապատուիլ տարբեր անձերու կողմէ ու նկատի կ'առնեն իրենց ընկերներուն հետաքրքրութիւնները: Անոնք նաեւ կ'ունենան ընկերային մերժումներ, որոնք կ'ազդեն իրենց մանկական տարիները: Զօրաւոր ընկերային կապ մը հաստատելը մանուկ տարիքէն, օգտակար կը դառնայ անձին ապագայ յարաբերութիւններուն[5][6]: 1975 թուականի[5][7] ուսումնասիրութիւն մը որ կատարուած է Պիկելոյի եւ Լա Կայփայի կողմէ ցոյց կու տայ թէ «մտերիմ բարեկամ»-ի հասկացողութիւնները կը դառնան աւելի բարդ երբ մանուկը կը մեծնայ: Ուսումնասիրութիւն մը որ կատարուած է Պերնտթի կողմէ կը փաստէ թէ մանուկները կը նախընտրեն այդ ընկերութիւնները որ իրենց վրայ կ'ունենան դրական ազդեցութիւններ եւ իրենց կը պատճառեն ուրախութիւն, սակայն այս ընկերութիւնները կը խանգարուին անձերու կողմէ որոնք ունին ժխտական յատկանիշեր, օրինակ՝ վիճաբանութիւն, տիրապետութիւն, մրցակցութիւն եւ այլն:

Սակայն զօրաւոր ընկերութիւնները կ'ազդեն մանուկին ընկերային կեանքին դրական ձեւով, անոր ապահովելով յաջողութիւն եւ անձնահաճութիւն[8][9]: Մանուկը յատուկ ընկերութենէ կամ մտերիմ բարեկամէ մը կը սորվի արտայայտուիլ, հաճոյք զգալ եւ բաժնեկցիլ[10][11][12]: Ծնողքը նաեւ կ'օգնէ զաւակին անոր ծանօթացնելով ընկերային կանոններու[13][14]:

Պատանեկութիւն

Երկու ընկերներ Պութանի մէջ:

Թեքսասի համալսարանը կատարեց ուսումնասիրութիւն մը, ուր քննեց 9,000 Ամերիկացի պատանիներ, որպէսզի գիտնայ եթէ անոնց անստոյգ վարուելակերպը (օրինակ՝ գողնալ, կռուիլ եւ այլն...) կապ ունի անոնց ընկերային շրջանակին հետ: Ուսումնասիրութիւնները մատնանշեցին թէ այդ պատանիները որոնց ընկերները լաւ վարուելակերպ ունին դպրոցական կեանքին մէջ, կը քաշուին այսպիսի վատ յատկանիշերէ: Ուսումնասիրութիւնները նաեւ փաստեցին, թէ այդ պատանիներուն վատ վարուելակերպերը ներշնչուած կ'ըլլան իրենց ընկերներէն: Եւ այս վարուելակերպին հիմնական պատճառը այդ է թէ պատանիները կ'ուզեն ընդունուիլ յատուկ ընկերական շրջանակներու կողմէ[15][16]:

Ծանօթագրութիւններ

  1. «Definition for friend»։ Oxford Dictionaries։ Oxford Dictionary Press։ արտագրուած է՝ 25 May 2012 
  2. «Can we make ourselves happier?»։ BBC News։ 1 July 2013 
  3. Conger John Janeway, Galambos, Nancy (1997)։ Adolescence and youth: psychological development in a changing world (5th հրտրկթն․)։ New York: Longman։ ISBN 978-0-673-99262-8 
  4. Grabmeier, Jeff (January 6, 2004). Friendships play key role in suicidal thoughts of girls, but not boys. Ohio State University.
  5. 5,0 5,1 Newman, B. M. & Newman, P.R. (2012). Development Through Life: A Psychosocial Approach. Stanford, CT.
  6. «Your Childhood Friendships Are The Best Friendships You’ll Ever Have»։ 17 Jun 2015։ արտագրուած է՝ 21 June 2016 
  7. Cited in Brace, N. & Byford, J. (Ed.) (2010) Discovering psychology: What is friendship. The Open university. ISBN 1-84873-466-2.
  8. Berndt, T. J. (2002). Friendship Quality and Social Development. American Psychological Society. Purdue University.
  9. Kennedy-Moore, E. (2013). What Friends Teach Children. http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201305/what-friends-teach-children
  10. Kennedy-Moore, E. (2012). How children make friends (part 1). http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201209/how-children-make-friends-part-1
  11. Kennedy-Moore, E. (2012). How children make friends (part 2). http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201209/how-children-make-friends-part-2
  12. Kennedy-Moore, E. (2012). How children make friends (part 3). http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201209/how-children-make-friends-part-3
  13. Elman, N. M. & Kennedy-Moore, E. (2003). The Unwritten Rules of Friendship: Simple Strategies to Help Your Child Make Friends. New York: Little, Brown.
  14. Kennedy-Moore, E. (2012). Children's Growing Friendships. http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201202/childrens-growing-friendships
  15. Crosnoe, R., & Needham, B. (2004) Holism, contextual variability, and the study of friendships in adolescent development. University of Texas at Austin.
  16. Sparks, Glenn (August 7, 2007). Study shows what makes college buddies lifelong friends. Purdue University.

Արտաքին յղումներ