«Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Աղբիւրներ: removed: (արւմտ․) using AWB
Չ →‎Աղբիւրներ: replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (4) using AWB
Տող 54. Տող 54.
* [http://www.armeniancatholic.org/inside.php?lang=am&page_id=4201 Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի:]
* [http://www.armeniancatholic.org/inside.php?lang=am&page_id=4201 Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի:]


[[Կատեգորիա:Հայ կաթոլիկ եկեղեցի]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ կաթոլիկ եկեղեցի]]
[[Կատեգորիա:Միաբանութիւններ]]
[[Ստորոգութիւն:Միաբանութիւններ]]
[[Կատեգորիա:Լիբանանի միաբանութիւն]]
[[Ստորոգութիւն:Լիբանանի միաբանութիւն]]
[[Կատեգորիա:Զմմառու հայ միաբանութիւն]]
[[Ստորոգութիւն:Զմմառու հայ միաբանութիւն]]

14:31, 17 Յուլիս 2020-ի տարբերակ

Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւն, Զմմառ, Լիբանան (1750-1753), Կաթողիկոսական Աթոռին կապուած միաբանութիւն, դպրեվանք։

Ծագումը Զմմառու Միաբանութեան

Աբրահամ Պետրոս Ա. Կաթողիկոսի ժամանակ (1742 - 1749) պատրիարքական կղերը կազմուած էր Եպիսկոպոսներէ եւ մի քանի Անտոնեան կրօնաւորներէ, որոնք, 1750-ին Քրէյմի վանքէն փոխադրուեցան Զմմառու նորակառոյց վանքը։ Հոն սկսան ապրիլ հասարակութեամբ, ինչպէս այդ ժամանակուան հայ վանքերու վարդապետները, ապա Միքայէլ Պետրոս Գ. Գասպարեան Կաթողիկոսի օրով է, որ կանոնական սահմանումը տեղի ունեցաւ։

Յակոբ Պետրոս Բ. Կաթողիկոսը (1749 - 1753) վանքին նիւթական կառուցուածքը աւարտելէ ետք, աշխատեցաւ ամրացնելու բարոյական կառուցուածքը, հիմերը նետելով կազմակերպուած հասարակական կեանքի մը Զմմառու վանքին մէջ։ Այսպէս ծագում առաւ Զմմառու Կաթողիկոսական կղերին Միաբանութիւնը, իբրեւ Կաթողիկոսական Աթոռին կապուած միաբանութիւն, որ տեւապէս եւ առաքելութեան բոլոր մարզերուն համար տրամադրելի ըլլայ Կաթողիկոսին։

Նպատակ

Միաբանութեան մասնայատուկ նպատակն է, ըստ 1986-ին լոյս տեսած եւ Արեւելեան եկեղեցիներու կողմէ վաւերացուած կանոնագիրքին թիւ 4 յօդուածին՝

  • Կաթողիկէ համայնքը քարոզել հայ ազգին մէջ։
  • Քահանայական պաշտօն մատուցանել՝ ի ծառայութեան պատրիարքութեան, միաբանութեան եւ առաքելավայրերուն, ընդ իշխանութեամբ Պատրիարքին, Միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդին եւ թեմերու առաջնորդներուն, ըստ իւրաքանչիւրին իրաւասութեան։
  • Միաբանութեան դպրեվանքին մէջ կազմել միաբանութեան նոր անդամներ եւ Կաթողիկոսին տրամադրութեան դնել զանոնք առաքելութիւններուն ի սպաս։

Առաջին օրէն, Զմմառու միաբանի յատկանիշը եղաւ՝ ցոյց տալ իր ամբողջական տրամադրելիութիւնը ծառայելու հայ ժողովուրդին ուր որ է, հետեւելով Կաթողիկոսին ուղղութիւններուն, որ ի կանոնէ միաբանութեան մեծաւորն է, նոյնիսկ եթէ ինք միաբան չէ։ Կաթողիկոսը, արդարեւ, իր ընտրութեան օրն իսկ կը դառնայ միաբան եւ մեծաւոր միաբանութեան։

Իրենց հնազանդութեան ուխտին զօրութեամբ, Զմմառեանականները կրնան անձամբ սեպուիլ մնայուն կերպով զօրաշարժի ենթարկուած գունդ մը առաքեալներու, որոնք չեն կրնար մերժել իրենց առաջարկուած որեւէ առաքելութիւն, բացի երբ շատ լուրջ ու ծանր պատճառ մը ունին մերժելու։

Անոնք, իրենց ներդրումով ու անձնազոհողութեամբ, հերոսական դրուագներ արձանագրած են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։ Փոքր Ասիոյ գաւառներո մէջ դիմագրաւած են եղբայրասպան կռիւներ, Կովկասի մէջ իրենց առաքելութիւնը կատարած են գաղտնաբար։ Անոնցմէ շատեր աքսորուած, բանտարկուած կամ սպաննուած են։ Մեծ Եղեռնի տմարդկային արհաւիրքին ինկան 15 նահատակներ, որոնցմէ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը՝ տիպարը 21-րդ դարու կղերականին, պարծանքը Հայ Կաթողիկէ ու Տիեզերական Եկեղեցւոյ, հզօր պաշտպանը Զմմառու Միաբանութեան ու անոր մեծ դպրեվանքին։

Վարչաձեւ

Զմմառու միաբանութեան մեծաւորն է Ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ կը կառավարէ միաբանութիւնը իր պատրիարքական փոխանորդով, որ իր կարգին, չորս վարչական հայրերու հետ միասին կը կազմեն վարչական խորհուրդը, որուն պարտականութիւններն են՝ մատակարարել վանապատկան ինչքերը ու հարստութիւնները, արժեւորել միաբանութեան բարոյական վաստակները, ոգեւորել անոր առաքելական խանդը, հրահրել անոր հոգեւոր աւանդը, պայծառացնել անոր ազգային ու մշակութային գանձերը եւ դերը, ամրապնդել անոր պատմական գոյատեւումը նոր միաբաններ պատրաստելով 21-րդ դարու հոգեւոր ու ազգային պահանջքներուն համաձայն։

Միաբանութիւնը կը կառավարուի յատուկ սահմանադրութեամբ վաւերացուած 24 Փետրուարին 1986-ին ինչպէս նաեւ կանոնական ընդհանուր ժողովներուն ցուցմունքներով եւ որոշումներով, որոնք կը գումարուին վեց տարին անգամ մը կամ երբ հարկ է Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ՝ միաբանութեան մեծաւորին եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու յատուկ արտօնութեամբ։

Վիճակագրական Համայնապատկեր

Զմմաու Միաբանութեան մէջ այժմ անդամներու ընդհանուր թիւն է 45 միաբան հայրեր՝ 2 Կաթողիկոս Պատրիարքներ, 7 Եպիսկոպոս Հայրապետներ, 2 Թ. Ծ. Վարդապետներ, 36 Վարդապետ Հայրեր։ Անոնք կը պաշտօնավարեն 16 երկիրներու մէջ։ Լիբանան 18 - Միացեալ Նահանգներ 5 - Ֆրանսա 5 - Սուրիա 4 - Անատա 3 - Իրան 2 - Յորդանան 1 - Երուսաղէմ 1 - Աւստրալիա 1 - Թուրքիա 1 - Արժանդին 1 - Իտալիա 2 - Հայաստան 1 - Ռուսիա 1 Հալէպի փոքր դպրեվանք՝ 8 հոգի Զմմառու փոքր դպրեվանք՝ 3 հոգի Զմմառու մեծ դպրեվանք՝ 9 հոգի

  • Միաբաններու միջին տարիքն է 58 տարեկան
  • Հրաժարեալ միաբաններ՝ 4
  • Միաբանութեան կը պատկանին 3 դպրեվանքեր, որոնց մէջ քահանայութեան կը պատրաստուին։
  • Միաբանութիւնը կը հրատարակէ նաեւ պարբերաթերթ մը "Զուարթնոց" վերնագրին տակ որ կը ծառայէ սերտացնելու ու ամրապնդելու կապերը միաբաններու միջեւ եւ հրատարակելու միաբանութեան պատմութիւնը հետաքրքրող ուսումնասիրութիւններ։

Եզրակացութիւններ ապագայի հեռանկարով

Ներկայիս Միաբանութեան ամէնէն հրատապ հարցերն են՝

  • ա. Կոչումները. կարիքները կ՛աճին օրէ օր։
  • բ. Աշխատիլ լրջօրէն կղերին հոգեւոր ու տոհմային որակաւորման վրայ, ստեղծելով առիթներ։
  • գ. Շօշափելի կարեւորութիւն տալ կղերին հոգեւոր տոհմային եւ մարդկային պատրաստութեան։
  • դ. Տնտեսական աւելի բծախնդիր եւ գիտական կազմակերպում՝ ընդառաջելու հոգեւոր եւ մշակութային ծրագիրներու իրագործման։

Աղբիւրներ