«Մատթէոս Զարիֆեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 18. Տող 18.
Զարիֆեան պատգամեց՝
Զարիֆեան պատգամեց՝


Ու խելայեղ ու մոլեգին,
'''Ու խելայեղ ու մոլեգին,


Հայ Ասպետի ծիրանին ուսիդ,
Հայ Ասպետի ծիրանին ուսիդ,
Տող 33. Տող 33.


Կարմիր Ուխտդ որոտալու․․․
Կարմիր Ուխտդ որոտալու․․․
'''
Եւ ինչպէս որ «Ապրիլի գիշեր» քերթուածով Զարիֆեան կը յորդորէ՝


'''Պէտք է կոխել ու անցնի՜լ,
Եւ ինչպէս որ «Ապրիլի գիշեր» քերթուածով

Զարիֆեան կը յորդորէ՝

Պէտք է կոխել ու անցնի՜լ,


Պէտք է մոռնա՜լ...
Պէտք է մոռնա՜լ...
Տող 50. Տող 48.
Մատուըներովն իր բորբոս՝
Մատուըներովն իր բորբոս՝


Մահավճիռն երկնաբնակ Դահիճին...
Մահավճիռն երկնաբնակ Դահիճին...'''


== ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՇԻՐԻՄԸ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ==
== ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՇԻՐԻՄԸ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ==

16:44, 18 Յունուար 2020-ի տարբերակ

Պատկեր:Զարիֆյան.jpeg
Մատթէոս Զարիֆեան

Մատթէոս Զարիֆեան (16 Յունուար 1894, Կէտիկ-Փաշա (Պոլիս)[1] - 9 Ապրիլ 1924), հայ բանաստեղծ։

Ծնած է Պոլիս։ Կեանքին մեծագոյն մասը անցուցած է Սկիւտարի մէջ, որուն գեղածիծաղ ծովը եւ երկինքը ազդած են ինչպէս Պետրոս Դուրեանի նոյնպէս իր վրայ: Կրթութիւնը ստացած է Իճատիէի դպրոցին մէջ, ապա Պարտիզակի Ռոպէրթ Գոլէճին եւ Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է 1913-ին՝ «Պսակաւոր Արուեստից» տիտղոսով։ Ուշադրութիւն գրաւած է իր մարզիկի շնորհներով եւ ըմբոստ հոգիով, որուն հետեւանքը, մասամբ մը, եղած են իր տեղափոխումները դպրոցէ դպրոց։

1913–ին՝ տակաւին պատանի, ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Ատանա, որպէս անգլերէնի եւ մարմնամարզութեան ուսուցիչ։ Հոս է որ, մարզական փորձերու ընթացքին, կը զգայ առաջին նշանները թոքախտին։ Կ'ընդհատէ ուսուցչական գործը։ Պահ մը կը մնայ Լիբանան` փորձելու համար լեռնային օդի շնորհիւ վերագտնել առողջութիւնը։

Նոյեմբեր 1914-ին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ կը մտնէ, կը զօրակոչուի իբր պահեստի ենթասպայ։ Զինադադարին պահ մը կրկին կը դառնայ ուսուցչութեան, բայց թոքախտին գործած աւերը զգալի է արդէն[1]։ Այս փուլին է, որ երբեմնի մարզիկը կը յայտնուի իբր բանաստեղծ` պատերազմէն ետք, սկսած «ճակատամարտ» թերթին մէջ լոյս ընծայած իր բանաստեղծութիւններով։ Ուստի իր առաջին գործը մամուլի մէջ տպագրուած է 1918-ի զինադադարէն ետք։ Իսկ առաջին գիրքը 1921-ին՝ «Տրտմութեան Եւ Խաղաղութեան Երգեր»ը։ Զարիֆեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ երգած է սէրը, տրտմութիւնն ու մահը։

Դուրեանի, Մեծարենցի եւ Տէրեանի այս բախտակիցը` սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրէն կը զանազանուի իրեն բնորոշ մի քանի գիծերով։

1921-ին լոյս կը տեսնէ քերթուածներու առաջին հատորը, իսկ 1922–ին՝ երկրորդը։

1924 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ կը մահանայ[2], 30 տարեկան հասակին։

Սիրոյ եւ ցաւի թախծոտ ու քնքշալի իր յուզաշխարհով՝ Զարիֆեան արժանաւորապէս եղաւ ականատես ՎԿԱՆ Հայաստանի եւ հայութեան դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան։ Զարիֆեանի «արտասուահիւծ» երգերը վերընձիւղման իւրայատուկ աւիւն ներարկեցին մեր սերունդներուն։ Ինչպէս որ «Որբուհին՝ Որբին» խորագրուած իր բանաստեղծութեամբ Զարիֆեան պատգամեց՝

Ու խելայեղ ու մոլեգին,

Հայ Ասպետի ծիրանին ուսիդ,

Ու վրէժէդ տժգունած,

Այդ ապիրատ ոստաններեն փոթորկելով հեռանաս,

Դժոխածին նժոյգիդ հետ,

Արարատի ձիւներուն մէջ հողմածածան

կարմիր Դրօշն համբուրելու․․․

Կարմիր Ուխտդ որոտալու․․․ Եւ ինչպէս որ «Ապրիլի գիշեր» քերթուածով Զարիֆեան կը յորդորէ՝

Պէտք է կոխել ու անցնի՜լ,

Պէտք է մոռնա՜լ...

Պէտք է խենթի պէս խնդա՜լ...

Պէտք է թողուլ որ ժամանակն ալեւոր

Օր մը գըրէ՝

Մատուըներովն իր բորբոս՝

Մահավճիռն երկնաբնակ Դահիճին...

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՇԻՐԻՄԸ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018 Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի վերանորոգեալ շիրմի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ շիրիմը եւ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Մատթէոս Զարիֆեանի ի յիշատակ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Աշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի գլխաւորութեամբ։

Մատթէոս Զարիֆեանի շիրիմը վերանորոգուեցաւ «Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ։ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզըեան եղբայրներու հովանաւորութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որու հեղինակն է ճարտարապետ Դաւիթ Այնալը։

Վերանորոգեալ շիրմի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, համայնքային զանազան վարժարաններէ սաներ, կրթական մշակներ, արուեստագէտներ եւ հայ գրականութեան համակիրներ։ «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Գործեր

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՇԻՐԻՄԸ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Որբուհին՝ որբին Մատթէոս Զարիֆեան

Ապրիլի գիշեր Մատթէոս Զարիֆեան