«Գաբրիէլ Երանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (8) using AWB
No edit summary
Տող 1. Տող 1.
{{Անաղբիւր}}
{{Անաղբիւր}}
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}

'''Գաբրիէլ Երանեան''' ([[1827]]-[[1862]]), հայ երաժշտագէտ, երգահան։
'''Գաբրիէլ Երանեան''' ([[1827]]-[[1862]]), հայ երաժշտագէտ, երգահան։


Տող 18. Տող 18.


{{DEFAULTSORT:Երանեան, Գաբրիէլ}}
{{DEFAULTSORT:Երանեան, Գաբրիէլ}}

[[Ստորոգութիւն:Հայ երաժշտագէտներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ երաժշտագէտներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ երգահաններ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ երգահաններ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ մանկավարժներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ մանկավարժներ]]
[[Ստորոգութիւն:1827 ծնունդներ]]
[[Ստորոգութիւն:1962 մահեր]]
[[Ստորոգութիւն:Վաղամեռիկ անձինք]]
[[Ստորոգութիւն:Վաղամեռիկ անձինք]]
[[Ստորոգութիւն:Պոլիս ծնածներ]]
[[Ստորոգութիւն:Պոլիս մահացածներ]]

10:30, 5 Յունուար 2020-ի տարբերակ

Գաբրիէլ Երանեան
Ծնած է 12 Յուլիս 1827(1827-07-12)[1]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 13 Հոկտեմբեր 1862(1862-10-13) (35 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն երգահան

Գաբրիէլ Երանեան (1827-1862), հայ երաժշտագէտ, երգահան։

Ծնած է 1827-ին, Կ. Պոլիս։ Օհան Երանուն անունով գաւառացի որմնադիրի մը որդին էր։ Աշակերտած է Մայր-վարժարանի մէջ տիրացու Արիստակէս Յովհաննէսեանին։ Ուսման անընդունակ ըլլալուն, ծնողքը ստիպուած են 13-14 տարեկանին գործի դնել զինք։ Երաժշտական ուսման փափաքող ըլլալով, Գաբրիէլ շուտով դպրոց վերադարղած է եւ նոյն Արիստակէսի խնամքին տակ լաւ սորված է հայ ձայնագրութիւնը, իսկ հետագային՝ զայն անբաւարար համարելով, ինքնազարգացումով եւրոպական ձայնագրութիւն սորված է։ Դասաւանդած է Օրթագիւղի, Գուզկունճուգ Կէտիկ-Փաշայի եւ Խասգիւղի վարժարաններուն մէջ։ Խասգիւղի մէջ, որ գլխաւոր գործունէութեան ասպարէզը եղած է, անոր նեցուկ կանգնած են Աղաթօն, Թորոս Նազարեան, Փափազեան եւ ուրիշներ։

1854-ին, ուսուցիչ կարգուած է Ազգ․ Հիւանդանոցի որբանոցին մէջ բացուած երկրագործական դասարանին։

Իր ուսուցիչին հետ, 1857-1858 թուականներուն, Երանեան «Քնար արեւելեան» ամսաթերթը հրատարակած է, նպատակ ունենալով արեւելեան եւ մասնաւորապէս ազգային երգերը եւրոպական ձայնագրութեան առնելով՝ արեւմտեաններուն հաղորդել։

Հայ ձայնանիշերու կիրառութեան այս փորձը, ինչպէս նաեւ եւրոպականին մերձեցման ջանքերը, որոնք Երանեանի գլխաւոր սկզբունքներն էին, պատճառ կ՝ըլլան «Քնար»ի վերերեւման։ Երանեան ու իր աշակերտ Նիկողոս Թաշճեանը Սեպտեմբեր 1861-ին կը ձեռնարկեն «Քնար հայկական» կիսամսեայի հրատարակութեան։ Տիրացու Արիստակէս նիւթապէս օգնած է այս ձեռնարկին։ Հանդէսը երկու թերթէ կը բաղկանար, կը բովանդակէր ազգային երգեր, պարերգեր՝ եւրոպական նոթայով, որուն հմուտ էին երկու հեղինակներն ալ։ Խմբագիրները առաջին թիւով կը ծանուցանեն հասարակութեան, թէ զանազան տեղեր ձրի դասախօսութիւններ հաստատած են, ինչպէս՝ Սկիւտարի ճեմարանին, Իճատիյէի, Օրթագիւղի, Պէշիկթաշի, Բերայի, Խասգիւղի, Քարակէօմրուկի, Սամաթիոյ, Ենի Գաբուի վարժարաններուն մէջ։ Երկու խմբագիրներէն զատ, Սիմէոն Մինէճեան, Ռէթէոս Փափազեան, Եղիա Տնտեսեան, Ստեփան Գալֆայեան եւ Համբարձում Չէրչեան Կիրակի օրերը «Քնար հայկական»-ի բաժանորդներուն կը դասախօսէին թէ՛ եւրոպական եւ թէ՛ հայ երաժշտութեան համառօտ սկզբունքները, զորս արդէն երկու խմբագիրները եւ Համբարձում Զէրչեանը սկսած էին բացատրել «Քնար»-ի մէջ։

Երանեանի քով աւելի դէպի եւրոպականը միտում մը կը տեսնուի, որուն ապացոյցն է Տիգրան Չուխաճեանի՝ 1862 Յունուար 1–էն «Քնար»-ի խմբագրութեան մասնակցիլը։ Բայց թերթը հազիւ թէ բոլորած էր իր առաջին վեցամսեան, երբ կը դադրէր կը դադարի 1862 Փետրուար 15–ին, 12–րդ թիւը հրատարակուելէ ետք։

Երաժշտութեան փափաքը հետզհետէ կը տարածուէր ժողովուրդին մէջ, մանաւանդ՝ Սահմանադրութեան հաստատումէն ետք։ Ամէն կողմէ երգեր կը պատրաստուէին եւ Պէյքօղի տարեդարձի հանդէսներուն փայլը կ՛աւելցնէին։ Եւրոպական գաղափարներ հետզհետէ մուտք կը գործէին ազգայինին մէջ ու Եւրոպա գացող եւ վերադարձող սերունդը կը զգար երաժշտութեան կարեւորութիւնը։ Դաշնակը մուտք գործած էր հայ սալօններու մէջ եւ ահա 1862Մարտին Երանեանի թերթին օգնելու համար երաժշտական ընկերութիւն մը կը կազմուի, նպատակ ունենալով երաժշտութեան ճաշակը մեր մէջ տարածել, նուագածուներ յառաջ բերել, ինչպէս նաեւ «Քնար Հանդէս»ը կանոնաւոր կերպով եւ ժամանակին հրատարակել։ Այդ ընկերութեան հիմնադիրները ժամանակին ամէնէն երեւելի անձնաւորութիւններն էին՝ Աղաթօն, Օտեան, Միւհենտիսեան, Քէօչէեան, Նեւրուղեան, Ռուսինեան եւ ուրիշ անձնաւորութիւններ։ Ասոնք ուսումանկան յանձնաժողով մը ունէին իբրեւ իրենց օժանդակ, որուն մաս կը կազմէին՝ Թորոս Նազարեան, Մ․ Մարուեան, Մ․ Պէշիկթաշլեան, Յակոբ Ոսկան, Սրապիոն Հէքիմեան, Ս․ Փափազեան, Նոյպէս զանազան թաղերու մէջ մասնաժողովներ ունէր, որոնք ձրի դասախօսութիւններ կ՛ընէին։ Այս ընկերութիւնը թերթին երկրորդ շրջանի առաջին թիւը կը հրատարակէ 1862 Ապրիլ 30–ին։

Տարաժամ մահը՝ Գաբրիել Երանեանի, ընտիր դասատու երաժշտութեան, Հոկտեմբերի 13–րդ օրը վերածեց՝ սգոյ օրի մեր երաժշտաց դասուն համար։

  1. Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ