«Մատթէոս Զարիֆեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 45. Տող 45.
[[Ստորոգութիւն:Հայ բանաստեղծներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ բանաստեղծներ]]
[[Ստորոգութիւն:Արեւմտահայ բանաստեղծներ]]
[[Ստորոգութիւն:Արեւմտահայ բանաստեղծներ]]

== Աղբիւրներ ==
[http://213.232.51.219/content/%D5%AC%D6%80%D5%A1%D5%B0%D5%B8%D5%BD/8-10-2018-%D5%A2%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A5%D5%B2%D5%AE-%D5%B4%D5%A1%D5%BF%D5%A9%D5%A7%D5%B8%D5%BD-%D5%A6%D5%A1%D6%80%D5%AB%D6%86%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D5%AB-%D5%BE%D5%A5%D6%80%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%80%D5%B8%D5%A3%D5%A5%D5%A1%D5%AC-%D5%B7%D5%AB%D6%80%D5%AB%D5%B4%D5%A8-%D5%A2%D5%A1%D6%81%D5%B8%D6%82%D5%A5%D6%81%D5%A1%D6%82-%D5%BD%D5%AF%D5%AB%D6%82%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%AB ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՇԻՐԻՄԸ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ]

19:15, 10 Նոյեմբեր 2019-ի տարբերակ

Պատկեր:Զարիֆյան.jpeg
Մատթէոս Զարիֆեան

Մատթէոս Զարիֆեան (16 Յունուար 1894, Կէտիկ-Փաշա (Պոլիս)[1] - 9 Ապրիլ 1924), հայ բանաստեղծ։

Ծնած է Պոլիս։ Կեանքին մեծագոյն մասը անցուցած է Սկիւտարի մէջ, որուն գեղածիծաղ ծովը եւ երկինքը ազդած են ինչպէս Պետրոս Դուրեանի նոյնպէս իր վրայ: Կրթութիւնը ստացած է Իճատիէի դպրոցին մէջ, ապա Պարտիզակի Ռոպէրթ Գոլէճին եւ Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է 1913-ին՝ «Պսակաւոր Արուեստից» տիտղոսով։ Ուշադրութիւն գրաւած է իր մարզիկի շնորհներով եւ ըմբոստ հոգիով, որուն հետեւանքը, մասամբ մը, եղած են իր տեղափոխումները դպրոցէ դպրոց։

1913–ին՝ տակաւին պատանի, ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Ատանա, որպէս անգլերէնի եւ մարմնամարզութեան ուսուցիչ։ Հոս է որ, մարզական փորձերու ընթացքին, կը զգայ առաջին նշանները թոքախտին։ Կ'ընդհատէ ուսուցչական գործը։ Պահ մը կը մնայ Լիբանան` փորձելու համար լեռնային օդի շնորհիւ վերագտնել առողջութիւնը։

Նոյեմբեր 1914-ին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ կը մտնէ, կը զօրակոչուի իբր պահեստի ենթասպայ։ Զինադադարին պահ մը կրկին կը դառնայ ուսուցչութեան, բայց թոքախտին գործած աւերը զգալի է արդէն[1]։ Այս փուլին է, որ երբեմնի մարզիկը կը յայտնուի իբր բանաստեղծ` պատերազմէն ետք, սկսած «ճակատամարտ» թերթին մէջ լոյս ընծայած իր բանաստեղծութիւններով։ Ուստի իր առաջին գործը մամուլի մէջ տպագրուած է 1918-ի զինադադարէն ետք։ Իսկ առաջին գիրքը 1921-ին՝ «Տրտմութեան Եւ Խաղաղութեան Երգեր»ը։ Զարիֆեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ երգած է սէրը, տրտմութիւնն ու մահը։

Դուրեանի, Մեծարենցի եւ Տէրեանի այս բախտակիցը` սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրէն կը զանազանուի իրեն բնորոշ մի քանի գիծերով։

1921-ին լոյս կը տեսնէ քերթուածներու առաջին հատորը, իսկ 1922–ին՝ երկրորդը։

1924 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ կը մահանայ[2], 30 տարեկան հասակին։

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՇԻՐԻՄԸ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018 Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի վերանորոգեալ շիրմի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ շիրիմը եւ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Մատթէոս Զարիֆեանի ի յիշատակ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Աշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի գլխաւորութեամբ։

Մատթէոս Զարիֆեանի շիրիմը վերանորոգուեցաւ «Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ։ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզըեան եղբայրներու հովանաւորութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որու հեղինակն է ճարտարապետ Դաւիթ Այնալը։

Վերանորոգեալ շիրմի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, համայնքային զանազան վարժարաններէ սաներ, կրթական մշակներ, արուեստագէտներ եւ հայ գրականութեան համակիրներ։ «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Գործեր

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՇԻՐԻՄԸ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ