«Միքայէլ Կիւրճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
Չ →‎Ծանօթագրուիւններ: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (3) using AWB
Տող 12. Տող 12.


{{DEFAULTSORT:Կիւրճեան, Միքայէլ}}
{{DEFAULTSORT:Կիւրճեան, Միքայէլ}}
[[Ստորոգութիւն:Հայ արձակագիրներ]]

[[Ստորոգութիւն:Հայ հրապարակագիրներ]]
[[Կատեգորիա:Հայ արձակագիրներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ երգիծաբաններ]]
[[Կատեգորիա:Հայ հրապարակագիրներ]]
[[Կատեգորիա:Հայ երգիծաբաններ]]

18:14, 16 Սեպտեմբեր 2019-ի տարբերակ

Միքայէլ Կիւրճեան
Ծնած է 1879[1][2]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս[1][2]
Մահացած է 3 Յուլիս 1965(1965-07-03)[1]
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս[1][2]
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Սկիւտարի Ճեմարան
Պէրպէրեան Վարժարան[1]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թարգմանիչ, հրապարակախօս, քննադատ, թատերագիր
Աշխատավայր Բանկ Օտոման?[1]
Շիրակ (հանդէս)[1]

Միքայէլ Կիւրճեան (1879[1][2], Կոստանդնուպոլիս[1][2] - 3 Յուլիս 1965(1965-07-03)[1], Գահիրէ, Եգիպտոս[1][2]), հայ արձակագիր, հրապարակագիր եւ երգիծագիր։

Ծնած է Պոլիս։ Պէրպէրեան Վարժարանէն նոր շրջանաւարտ՝ 1896-ի (սարսափի օրերուն), կ'անցնի Աղեքսանդրիա՝ Եգիպտոս, բնակութիւն հաստատելով Գահիրէին մէջ, ապրած է ցմահ։ Այստեղ սկսած է իր գրական գործունէութիւնը։ 1898 թուականին Լոնտոնի լոյս տեսնող «Նոր Կեանք» պարբերականին մէջ մաս-մաս տպագրած է «Մարտիկ Աղա» վէպը։ Այդ տարիներուն աշխատակցած է Փարիզ «Անահիտ», Բեթեսպուրկի «Բանբեր Գրականութեան եւ արուեստի», Աղեքսանդրիոյ «Շիրակ» եւ այլ պարբերականներու, հիմնականօրէն գրելով արձակ երկեր։

Նոյն տարիներուն են լոյս տեսած են անոր լաւագոյն պատմուածքներէն մի քանին՝ «Փախած Ձիեր», «Սրճարանը», «Իմաստուն Վճիռ» եւ այլն։ Մեծ եղեռնէն ետք հազուադէպ կը հանդիպինք մամլոյ մէջ։ Այդ տարիներու անոր միակ ծաւալուն գործը «Քսան տարի ետք» կատակերգութիւնն է՝ «Չարշըլը Արթին Աղայի»։ Մամլոյ մէջ տպագրուած է նաեւ ուշագրաւ յօդուածներ արեւմտա-եւրոպական դասական գրողներու մասին։

Ունի մեծ թիւով անտիպ էջեր՝ պատմուածքներ, թատերախաղեր, քննադատական էջեր եւ որակաւոր թարգմանութիւններ՝ ֆրանսական գրականութենէն[3]։

Ծանօթագրուիւններ