«Մազեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Մազեր}} using AWB
Չ →‎Աղբիւրներ: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (2) using AWB
Տող 108. Տող 108.
*«Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, [[16 Դեկտեմբեր]], [[2011]]:
*«Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, [[16 Դեկտեմբեր]], [[2011]]:


[[Կատեգորիա:Գիտութիւն]]
[[Ստորոգութիւն:Գիտութիւն]]
[[Կատեգորիա:Հիւանդութիւններ]]
[[Ստորոգութիւն:Հիւանդութիւններ]]

18:02, 16 Սեպտեմբեր 2019-ի տարբերակ

Մազ, մարմինի ամբողջ մակերեսը ծածկուած է մազով, ի բացառեալ՝ շրթունքներէն, ներբաններէն (soles), ափերէն, ականջներուն ետեւի բաժինէն, պորտէն եւ արտաքին սեռային օրկաններու որոշ բաժիններէն:

Բաժիններ

Մազը կազմուած է երկու բաժիններէ.

Մազապարկիկ (hair follicle)

Մազապարկիկը, այլ խօսքով՝ մազի արմատը, անտեսանելի է եւ կը գտնուի մորթին երկրորդ խաւի՝ ենթամորթին (dermis) մէջ շեղակի դիրքաւորումով: Ան կը պարունակէ մազի նորաստեղծ բջիջները (stem cells), որոնք շարունակ կը գործեն նորանոր մազեր արտադրելու համար: Մազապարկիկը մազին կենդանի բաժինն է: Մազապարկիկներուն կը միանան մորթի ճարպագեղձերը (sebacious glands), որոնց արտադրած ճարպը կը իւղոտէ մազի ցօղունները եւ մորթի թելամկանները (erector pili): Մազերու ցօղունները կը տնկուին եւ կ'որդեգրեն ուղղահայեաց դիրք թելամկաններու պռկումով: Մազի պարկիկներուն մէջ կարտադրուին մազին գունաւորում տուող նիւթի՝ melanin-ի երկու տարբերակները, որոնք մազին կու տան տարբեր գունաւորումի երանգներ: Մազի ճերմակ եւ կամ մոխրագոյն ըլլալը հետեւանքն է՝ մելանինի չգոյութեան:

Մազի ցօղուն (hair shaft)

Մազի ցօղունին մէկ մասը կը գտնուի մորթին մէջ: Իսկ մնացեալ մասը կը ցցուի մորթի մակերեսէն դուրս: Մազի ցօղունը մազի անկենդան բաժինն է: Ցօղունը կազմուած է երկու խաւերէ եւ ներքին խողովականման պարապութենէ (medulla): Ցօղունին արտաքին խաւը կը պարունակէ մի քանի բարակ բջիջներ. իսկ ներքին-երկրորդ խաւը կը պարունակէ եղջերանիւթ (keratine) եւ melanin: Եղջերանիւթը մազին կու տայ զօրութիւն եւ կարծրութիւն. իսկ melanin-ը կը գուանաւորէ մազը:

Մեր առօրեայ խօսակցութեան մէջ «մազի ցօղուն»ին փոխարէն կը գործածենք ընդհանրապէս «մազէ» բառը:

Տեսակներ

Մարմինի մազերը երկու տեսակ են.

Բնածին-ընդոծին մազ (congenital)

Երկու սեռերուն մօտ ծնունդէն սկսեալ ամբողջ մարմինը ծածկուած է փափուկ, մանր եւ մեղմ գոյնով մազերով, զորս յաճախ կը կոչենք աղուամազեր: Անոնց խտութիւնը մարմինի մակերեսին վրայ կը տարուբերի անհատէ անհատ: Մարմնական աճին հետ մարմինի ամբողջ աղուամազերը, ի բացառեալ գլխու մազերէն, կը պահեն իրենց յատկութիւնները: Երկու սեռերուն մօտ գլխու մազերը կեանքի ամբողջ տեւողութեան կը կազմաւորուին, կ'աճին, կ'երկարին եւ մարդուն կու տան յատուկ ձեւաւորում եւ անհատականութիւն:

Այրածին-արական մազ (androgenic)

Այս մազերը կը յայտնուին արբունքի շրջանին եւ արբունքէն ետք: Անոնք կը տարբերին գլխու մազերէն եւ ընդոծին մազերէն: Անոնց աճը եւ կազմաւորումը կախեալ է արական սեռական ներազդակներէ (male sex hormones): Տղամարդիկ շատ աւելի արական ներազդակներ կ'ունենան քան աղջիկները եւ այս պատճառով տղաք շատ աւելի արական մազեր կ'ունենան քան աղջիկները: Աղջիկներու մօտ արբունքի շրջանին կը յայտնուին արական մազերը ցայլքի (pubis) եւ անութներու (axilla) վրայ ինչպէս նաեւ արտաքին սեռային օրկաններուն շուրջը: Իսկ տղոց մօտ անոնք կը յայտնուին կրծքավանդակին, անութներուն, փորին, սրունքներուն, թեւերուն եւ դէմքին վրայ, ինչպէս նաեւ արտաքին սեռային օրկաններուն շուրջ: Արբունքի առաջին ազդանշանը ցայլքի մազերու յայտնաբերումն է: Արական ներազդակ testosterone-ի քանակն է որ կ'որոշէ այս բոլոր փոփոխութիւնները: Այս ներազդակը անհատին ծինային կազմաւորումով կ'որոշէ նաեւ մազի զօրութիւնը, խտութիւնը, գոյնը եւ ձեւը:

Տղոց մօտ, երիտասարդութեան ընթացքին, արական մազերը կը ստանան աւելի թուխ գունաւորում, մանաւանդ՝ ոտքերուն, արմուկներուն, կուրծքին եւ կռնակին վրայ:

Իւրաքանչիւր մազ ամէն ամիս բնականօրէն կ'երկարի-կ'աճի մօտաւորապէս մէկ սմ.:

Արբունքէն առաջ եւ ետք գլխու մազերը կ'աճին հանգրուանային զարգացման ժամանակաշրջանով (cycle) մը, որ կը տեւէ 2-3 տարիներ: Գլխու մազերուն 90 առ հարիւրը իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանին մէջ կը մնայ կենդանի եւ առողջ ու կ'երկարի որոշ չափով: Իսկ անոնց 10 առ հարիւրը կը մնայ հանգիստ վիճակի մէջ 3-4 ամիս եւ ապա կը լքէ իր արմատները, կ'ինայ ու կ'անյետանայ: Սակայն այս թափած ցօղուններու մազապարկիկներէն կ'աճին նոր մազեր, որոնք կը յայտնուին գլխու մակերեսին վրայ: Առատ գլխու մազ ունեցողներ կը կորսնցնեն օրական 50-100 մազ, սակայն այս կորուստին հետ զուգահեռ տեղի կ'ունենայ նոյնքան նոր մազի կազմաւորում մազի պարկիկներուն մէջ:

Գլխու մազերը կրնան ըլլալ գանգուր (curly) կամ շիտակ, համաձայն անհատին ծինային կազմաւորումին:

Դերակատարութիւններ

Մեր մարմինի մազերը ունին կարեւոր դերակատարութիւններ.

  • Գլխու մազերը մարդուն կու տան վայելչութիւն եւ անհատականութիւն.
  • Մարմինի մազերը կ'օգնեն մարմնի ջերմականոնաւորման աշխատանքին (heat regulation): Անոնք մորթին կու տան ջերմութիւն: Պաղ եղանակին մարմինի ջերմութեան նուազումով մորթի թելամկանները կը պռկուին եւ մազի ցօղունները կը պահեն տնկուկ-ուղղացիգ վիճակի մէջ, այս մէկը կը կասեցնէ մորթի ջերմատուութիւնը-կորուստը (heat dissipation).
  • Մարմինի մազերը կը պաշտպանեն մարմինը եւ մանաւանդ անոր մակերեսը արեւու ճառագայթներէն, մասնաւորաբար՝ անդրամանիշակագոյն ճառագայթներէն.
  • Յօնքերը եւ թարթիչները արգելք կը հանդիսանան օտար մարմիններու, անձրեւի կաթիլներուն եւ քրտինքի մուտքին աչքերէն ներս.

Հերաթափութիւնը

Հերաթափութիւն ըսելով կը հասկնանք մազերու կորուստ:

Գլխու հերաթափութիւնը կը յառաջացնէ ճաղատութիւն: Ան կը յառաջանայ երբ մազերու կորուստը կը գերազանցէ նոր մազերու կազմաւորումը:

Ժողովուրդը ընդհանրապէս հերաթափութիւն ըսելով կը հասկնայ գլխու մազերու հերաթափութիւն:

Ձեւեր

Հերաթափութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւերով.

  • Տեղայնական (local) հերաթափութիւն

Տեղայնական հերաթափութիւնը կը պատահի մարմինի որոշ մէկ բաժինի մազերուն մէջ, մասնաւորապէս գլխու մազերուն, մօրուքին, յօնքերուն եւ թարթիչներուն մէջ: Ան կը յայտնուի կլորաձեւ եւ պզտիկ անմազ մորթի տարածութեամբ մը: Տեղայնական հերաթափութեան պատճառը յստակ չէ. սակայն ան կը նկատուի ինքնադիմադրողական հիւանդութիւն մը: Թափած մազերուն տեղ ինքնաբերաբար նորեր կը յայտնուին որոշ շրջան մը ետք: Դարմանումի համար կը գործածուի տեղայնական cortisone-ի օծաններ եւ կամ ներմորթային ներարկումներ (intradermal injection):

  • Համայնական (general) հերաթափութիւն

Պատճառներ

Գլխու հերաթափութիւնը տեղի կ'ունենայ հիմնական եւ երկրորդական զանազան պատճառներով:

Հիմնական պատճառներն են.

  • ժառանգականութիւն եւ ծինային կազմաւորում.

Հերաթափութեան մեծ տոկոսը կը պատահի համաձայն անհատին ծինային կազմաւորման եւ ժառանգականութեան հիմունքներու: Ճաղատ հայրեր մեծ հաւանակութիւնը ունին տեսնելու ճաղատ տղայ զաւակներ եւ թոռնիկներ:

  • Հոգեկան եւ ֆիզիքական ճնշուածութիւն.

բազմաթիւ անհատներ անակնկալօրէն կը կորսնցնեն մեծ քանակութեամբ գլխու մազ հոգեկան վերիվայրումներէ եւ մարմնական-ֆիզիքական ճնշուածութենէ ետք, որոնք կը պատահին մասնաւորապէս հետեւեալ պարագաներուն՝ որոշ հիւանդութիւն մը, վիրաբուժական գործողութիւն մը, մարմնական բարձր ջերմ, անակնկալ կշիռքի կորուստ, խիստ ծոմապահութիւն եւ հիմնական կենսանիւթերու անբաւարարութիւն.

  • Գերվահանագեղձութիւն (hyperthyroidism) եւ ենթավահանագեղձութիւն (hypothyroidism): Հերաթափութիւնը կը սկսի այս հիւանդութիւններու ընթացքին կամ անոնմէ ետք.
  • Իգական ներազդակի (estrogen) եւ արական ներազդակի (androgen) քանակական փոփոխութիւններ եւ խանգարումներ, որոնք կը պատահին յղութեան, ծննդաբերութեան, դաշտանադադարի եւ արբունքի շրջանին.
  • Որոշ դեղերու գործածութիւն, օրինակ՝ հակալերդացուցիչ (anticoagulant), յօդացաւի, ընկճուածութեան եւ gout-դեղեր.
  • Կարգ մը մարմնական ընդհանուր բորոքումներ, որոնց կ'ուղեկցի նաեւ բարձր ջերմ.
  • Գլխու սնկային բորբոքումներ.
  • Շաքարախտ.
  • Քաղցկեղի դեղադարմանում (chemotherapy).
  • Քաղցկեղի Ք ճառագայթային դարմանում (X-ray therapy).
  • Յոռի սննդառութիւն (malnutrition) եւ բնասպիտի ու երկաթի անբաւարարութիւն (deficiency).

Երկրորդական Պատճառներ

Գլխու հերաթափութեան երկրորդական պատճառներն են.

  • Մազի գունաւորման համար գործածուած ներկեր եւ քինմիական նիւթեր.
  • Մազայարդարումի համար գործածուած քիմիական նիւթեր եւ ելեքտրական գործիքներ.
  • Մազայարդարումի ընթացքին կոշտութեամբ մազերը արդուկել-քաշել.

Վերոյիշեալ երեք պատճառները արդիւնքն են կենցաղային ապրելակերպի.

  • Շարունակ մազ քաշելու եւ փեթթելու յոռի սովորութիւն:

Կանխարգիլում

Ժառանգական-ծինային պատճառներով յառաջացած հերաթափութիւնը դարմանելի չէ: Իսկ մնացեալ պատճառներով յառաջացած հերաթափութիւնները կանխելի են:

Տե'ս Նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ