«Բանահիւսութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Բանահյուսություն}} using AWB
Չ →‎Աղբիւրներ: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: using AWB
Տող 4. Տող 4.
* Էդ. Ջրբաշեան, Հ. Մախչանեան, «Գրականագիտական Բառարան», [[1980]], էջ 44
* Էդ. Ջրբաշեան, Հ. Մախչանեան, «Գրականագիտական Բառարան», [[1980]], էջ 44


[[Կատեգորիա:Գրականութիւն]]
[[Ստորոգութիւն:Գրականութիւն]]

16:20, 16 Սեպտեմբեր 2019-ի տարբերակ

Բանահիւսութիւն, ժողովրդական ֆոլքլոր (անգլ.folk-lore-ժողովրդական իմաստութիւն, գիտելիք), այս կամ այն ժողովուրդի կերտած բանաւոր ստեղծագործութիւններու ամբողջութիւն։ Բանահիւսութեան մէջ ժողովուրդը արտացոլած է իր պատմութեան առաւել կարեւոր դէպքերը, իր դարաւոր փորձն ու իմաստութիւնը, ձգտումներն ու իտեալները։ Ըստ էութեան, բանահիւսութիւնը (ֆոլքլորը) ժողովուրդի կեանքի եւ աշխարհազգացողութեան հայելին է։ Ժողովրդական բանահիւսութեան երկերն ստեղծուած եւ դարերով պահպանուած են բանաւոր, հաղորդուած սերունդէ սերունդ։ Շատ յաճախ բանասացի կողմէ կատարուած, նոյնիսկ ստեղծուած են ուղղակի լսարանի առջեւ, երբեմն երգի եւ նուագի ուղեկցութեամբ։ Բանահիւսական ստեղծագործութիւնները ժամանակի ընթացքին փոխած, զարգացուցած եւ հարստացուցած են բազմաթիւ անանուն հեղինակներու կողմէ։ Այդ է պատճառը, որ բանահիւսական երկերը սովորաբար շարք մը տարբերակներ կ՜ունենան։ Ժողովրդական բանահիւսութեան տեսակները բազմազան են՝ առակ, հեքիաթ, հանելուկ, ասացուածք, առասպել, աւանդավէպ, ասք, աւանդութիւն, վիպերգութիւն (էպոս), աշխատանքային, սիրոյ երգեր եւ այլն։ Այս ժանրերէն իւրաքանչիւրն ունեցած է բովանդակութեան, կառուցուածքի, պատկերաւորութեան կայուն իւրայատկութիւն։ Բացի այդ՝ իւրաքանչիւր ազգի բանահիւսութեան մէջ եղած են ուրոյն ժանրային ձեւեր, օրինակ՝ ռուսական Պիլինան, չասթուշկան, ուքրանական տուման եւ այլն։ Հայ հին բանահիւսութեան մէջ եղած են բազմազան տեսակներ՝ զրոյց, առասպել, աւանդավէպ, վիպասանք եւ այլն։ Բանահիւսութեան շատ թեմաներ, սիւժէներ ու կերպարներ մշակուած եւ ընդհանրացուած են տարբեր գրողներու կողմէ։ Բաւական է նշել միայն Յովհաննէս Թումանեանի եւ Աւետիք Իսահակեանի բալլադները, հեքիաթներն ու պոեմները, որոնք ստեղծուած են ժողովրդական աղբիւրներու հիման վրայ։

Աղբիւրներ

  • Էդ. Ջրբաշեան, Հ. Մախչանեան, «Գրականագիտական Բառարան», 1980, էջ 44