«Տիրան Աճէմեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 3. Տող 3.


== Աղբիւրներ ==
== Աղբիւրներ ==
* Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիջ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Ա, էջ 116:
* Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Ա, էջ 116:

10:42, 11 Սեպտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Աճէմեան Տիրան, դերասան, ծաղրանկարիչ, ծնած Հալէպ 21 Յուլիս 1902ին: Ուսումը կը ստանայ տեղւոյն գերմանական վարժարանը, սկիզբէն ի յայտ կը բերէ արուեստագէտի խառնուածք եւ հակում դէպի գծագրութիւն, ինչ որ հետզհետէ կը փոխուի ծաղրանկարչութեան: Ատոր միջոցաւ է որ կը մօտենայ բեմին՝ որուի կը նուիրուի սրտեռանդ: 1919ին Պոլիս կ’երթայ ու Կավռօշի իբրեւ ծաղրանկարիչը դիբիք ծաղրանկարներ կը հրատարակէ: Պոլսոյ Հայ Տրամադիկը, նաեւ Կովկասէն դարձող Սեւումեան խորապէս կը տպաւորեն զինք բեմին կապուելու համար: Հալէպ դարձին՝ կը կազմէ Երիտասարդաց Միութեան Թատերախումբը. 1921էն սկսեալ բեմադրելով զանազան թատերախաղեր՝ որոնցմէ յիշենք Կործանուածը, Աւերակների վրայ, Պատուի համար, Արցունքի հովիտը, Հին Աստուածները եւայլն: Աճէմեան օժանդակած է Հալէպ այցելող դերասաններուն, 1922ին Շահան Սարեան եւ Օննիկ Վոլգէրի, 1924ին «Եգիպտահայ Գոմիտէի խումբ»ին: 1923ին կը կազմէ «Հալէպի Ամադէօրներու Տրամադիկ թատերախումբ»ը եւ այլ ներկայացումներ կու տայ մինչեւ Բ. Աբովեանի Հալէպ ժամանումը, որուն հետ եւս կը խաղայ՝ պատասխանատու դերեր ստանձնելով: Ֆիլիփ Արփիարեան դերասան-ծաղրանկարիչը կը թելադրէ Տիրանին ամբողջովին ծաղրանկարչութեան ճիւղին նուիրուիր:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Ա, էջ 116: