«Միզային համակարգի հիւանդութիւններ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Չ 3 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
(Տարբերութիւն չկայ)

06:06, 1 Օգոստոս 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:Արագ

Միզային համակարգի հիւանդութիւններ

Միզային համակարգի հիւանդութիւններ, միզային համակարգին առնչուած են շարք մը հիւանդութիւններ

Միզային համակարգի հիմնական պարտականութիւնը

Միզային համակարգի հիմնական պարտականութիւնն է անհատի մարմինէն դուրս հանել զանազան երկրորդական նկատուող, ոչ կարեւոր արտադրութիւնները: Միզային համակարգը գլխաւորաբար ունի երեք բաժիններ` երիկամներ, միզածորաններ ու միզաման: Ամէն մէկ բաժին ունի համակարգող պարտականութիւն, յատկապէս միզամանը կ՛ամբարէ մէզը, ու երբ բաւարար լեցուի, կը պարպէ: Ամէնէն յաճախակի պատահող հիւանդութիւններէն կարել է նշել միզային համակարգի բորբոքումը: Այս պարագային մէզը չի բորբոքիր, միզային համակարգի որեւէ մէկ բաժին կրնայ բորբոքիլ, իսկ անոր ախտանշաններն են` յաճախամիզութիւնը, այրուածքը եւ միզելու անկարողութիւնը կամ դժուարութիւնը: Երիկամներու բորբոքումը Երիկամներու բորբոքումը յարաբերաբար քիչ պատահող, բայց իբրեւ հիւանդութիւն` աւելի բարդ վիճակ ստեղծող երեւոյթ է: Գլխաւոր ախտանշանը ջերմաստիճանի բարձրացումն է, իսկ երբ վիճակը աւելի զարգանայ, կրնայ բորբոքումը տարածուիլ` հասնելով արեան համակարգ:երիկամներու բորբոքման ախտանշաններն են` ջերմաստիճանի բարձրացում, սուր ցաւեր, ինչպէս նաեւ` բոլոր այն ախտանշանները, որոնք ընդհանրապէս միզային բորբոքումներու ընթացքին կը պատահին, նաեւ` արիւնամիզութիւնը: Միզային համակարգի բորբոքումներու մէջ կարեւոր է յիշել այրերու մօտ, տեղի ունեցող շագանակագեղձի բորբոքումը, որ կը դրսեւորուի վերոնշեալ ախտանշաններով:


Միզային ուղիներու մէջ աւազի կուտակում եւ խիճերու գոյացում

Միզային ուղիներու մէջ աւազի կուտակումն ու խիճերու գոյացումը երիկամներու մէջ կը յառաջանան զանազան պատճառներով եւ հոն մնալով` կրնան աճիլ ու մեծնալ այնքան, որ պատճառ դառնան երիկամներու աշխատանքի կասեցման, բայց կայ նաեւ այն, որ փոքր ըլլալու պարագային ալ խիճերը կրնան շատնալ ու հասնիլ մինչեւ միզուղիները, միզամանը: Ախտանշանները,- Յաճախ սուր ցաւեր, միզելու դժուարութիւն եւ արիւնահոսութիւն: միզուղային խիճերը յաճախ, երբ փոքր են, կրնան մէզին հետ դուրս գալ, բայց բաւական մեծ եղած պարագային յատուկ միջոցներով պէտք է չէզոքացնել զանոնք:

Միզային անզսպուածութիւն

Միզային անզսպուածութեան պատճառներն են` ուտելիքներն ու խմիչքը, դեղամիջոցները եւ զանազան միզային համակարգի հիւանդութիւններ, ինչպէս՝

ա- Լարուածութեան կամ ճնշումի միզային անզսպութիւն:

բ- Ստիպողական միզային անզսպութիւն:

գ- Խառն միզային անզսպութիւն:

դ- Արտահոսքային միզային անզսպութիւն:

Ի՞նչ կրնան ըլլալ միզային անզսպութեան ժամանակաւոր պատճառները:

1. Ալքոլի օգտագործումը:

2. Մեծաքանակ հեղուկներու օգտագործումը:

3. ՔաՖէինի օգտագործումը:

4. Միզամանի գրգռուածութիւնը:

5. Այլազան դեղերը:

6. Միզային բորբոքումները:

7. Փորկապութիւն կամ պնդութիւն:

երկարատեւ պատճառներ, որոնք առիթ կը ստեղծեն միզային անզսպութեան

1. Յղութիւն եւ ծննդաբերութիւն:

2. Տարիքային փոփոխութիւններ:

3. Արգանդի վիրահատական հեռացում:

4. Շագանակագեղձի բորբոքում եւ ընդլայնում:

5. Միզամանի քարեր եւ քաղցկեղ:

6. Ջղային համակարգի հիւանդութիւններ:

7. Այլազան ուռուցքներ:

Ին՞չ են այն գործօնները, որոնք կը նպաստեն միզային անզսպութեան

ա. Իգական սեռի պատկանիլը:

բ. Տարիքը:

գ. Ծանր կշիռքը եւ գէրութիւնը:

դ. Ծխախոտի օգտագործումը:

ե. Այլազան հիւանդութիւններ (Շաքարախտ):

Միզային անզսպութեան ախտանշանները

Միզային անզսպութեան ախտանշանները կախում ունին միզային անզսպութեան տեսակէն:

– Լարուածութեան կամ ճնշումի միզային անզսպութեան պարագային մէզը փախցնելու երեւոյթը կը պատահի հազի, փռշտոցի, խնդալու, Ֆիզիքական աշխատանքի կամ ծանրութիւն շալկելու պարագային:

– Ստիպողական միզային անզսպութեան պարագային, այդ կը պատահի յանկարծակի, նոյնիսկ գիշերուան քունի ընթացքին:

Ի՞նչ են այն քննութիւնները, որոնք պէտք է կատարուին միզային անզսպութեան պարագային

– Արեան եւ մէզի քննութիւն:

– Գերձայնային հետազօտութիւն:

– Շողանկարում:

– Հեռադիտակով հետազօտութիւն:

– Մէզի հոսքի ժապաւէնային հետազօտութիւն:

Բուժման տարբեր միջոցները խմբուած են հետեւեալ ձեւով

ա. Այլազան դեղեր

բ. Վիրահատութիւն

Միզային համակարգի ուռուցքներ

միզային համակարգի ուռուցքները որեւէ տեղ կրնան ըլլան: Այրերու պարագային յաճախ շագանակագեղձի քաղցկեղն է, որուն կը յաջորդէ միզամանի քաղցկեղը:


Հիւանդութիւններ, որոնք ամէնէն յաճախ կը պատահին տարեցներուն մօտ

ա- Միզուղիներու բորբոքումներ

բ- Միզաքարային հիւանդութիւն

գ- Անմիզութիւն կամ միզելու դժուարութիւն Պատճառները.

1- Միզուղիներու բորբոքումներ

2- Ջղային համակարգի հիւանդութիւններ (ուղեղի կաթուած, եւ այլն)

3- Այլազան դեղեր

4- Միզուղիներու մէջ գտնուող արգելքներ (քարեր, մեծցած շագանակագեղձ, միզամանի իջուածք, ուռուցքներ)

դ- Միզամանի իջուածք

ե- Շագանակագեղձի հիւանդութիւններ

զ- Միզուղիներու քաղցկեղներ

Աղբիւրներ

Ազդակ Օրաթերթ, 16 Մարտ, 2017,

Լ.Օ.Խ.-ը դիր

Տօքթ. Էլի Թաշճեան

Կատեգորիա:Հիւանդութիւններ