«Քաղցկեղ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Քաղցկեղ}} using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: {{W/Ref-en}} → {{ref-en}} (2) using AWB
Տող 1. Տող 1.
'''Քաղցկեղը''' մարմինի հիւսկէններու բջիջներուն անկանոն, արագընթաց, անհակակշռելի բազմացման, աճման եւ զարգացման [[հիւանդութիւն]]ն է<ref>[http://www.who.int/mediacentre/factsheets/fs297/en/ Cancer {{W/Ref-en}}]</ref><ref>[http://www.cancer.gov/about-cancer/what-is-cancer What Is Cancer?{{W/Ref-en}}]</ref>, որ կը յառաջացնէ անբնական եւ ախտային ուռեր: Քաղցկեղը կրնայ յառաջանալ մարմինի որեւէ մէկ հիւսկէնի կամ օրկանի մէջ: Ան կը հարուածէ ամբողջ մարդկութիւնը, առանց խտրութեան մարդոց՝ գոյնին, տարիքին, [[սեռ]]ին, ցեղային եւ ընկերային պատկանելիութեան ու տնտեսական իրավիճակին: Հիփփոկրատ, բժշկութեան նախահայրը, որ ապրած է քրիստոսէ առաջ (460-370) յիշած է եւ նկարագրած է իր գրութիւններուն մէջ զանազան տեսակի ուռեր եւ քաղցկեղի պարագաներ: Ան արձանագրած է carcinos յունարէն բառը, որ կը նշանակէ խեցգետին (crab) կամ ծովախեցգետին (crabfish): Celsus քրիստոսէ ետք (25-40) թարգմանած է carcinos բառը լատիներէնէն cancer բառով: Galen երկրորդ դարէն ետք լաւորակ (benign) ուռերը կոչած է encos բառով, որ լատիներէն ուռեցք կը նշանակէ: Իսկ վատորակ (malignant) ուռերը ան կոչած է carcinoma: 1600 տարիներ առաջ Եգիպտոսի մէջ նկարագրուած է քաղցկեղը եւ անոր վիրահատումը:
'''Քաղցկեղը''' մարմինի հիւսկէններու բջիջներուն անկանոն, արագընթաց, անհակակշռելի բազմացման, աճման եւ զարգացման [[հիւանդութիւն]]ն է<ref>[http://www.who.int/mediacentre/factsheets/fs297/en/ Cancer {{ref-en}}]</ref><ref>[http://www.cancer.gov/about-cancer/what-is-cancer What Is Cancer?{{ref-en}}]</ref>, որ կը յառաջացնէ անբնական եւ ախտային ուռեր: Քաղցկեղը կրնայ յառաջանալ մարմինի որեւէ մէկ հիւսկէնի կամ օրկանի մէջ: Ան կը հարուածէ ամբողջ մարդկութիւնը, առանց խտրութեան մարդոց՝ գոյնին, տարիքին, [[սեռ]]ին, ցեղային եւ ընկերային պատկանելիութեան ու տնտեսական իրավիճակին: Հիփփոկրատ, բժշկութեան նախահայրը, որ ապրած է քրիստոսէ առաջ (460-370) յիշած է եւ նկարագրած է իր գրութիւններուն մէջ զանազան տեսակի ուռեր եւ քաղցկեղի պարագաներ: Ան արձանագրած է carcinos յունարէն բառը, որ կը նշանակէ խեցգետին (crab) կամ ծովախեցգետին (crabfish): Celsus քրիստոսէ ետք (25-40) թարգմանած է carcinos բառը լատիներէնէն cancer բառով: Galen երկրորդ դարէն ետք լաւորակ (benign) ուռերը կոչած է encos բառով, որ լատիներէն ուռեցք կը նշանակէ: Իսկ վատորակ (malignant) ուռերը ան կոչած է carcinoma: 1600 տարիներ առաջ Եգիպտոսի մէջ նկարագրուած է քաղցկեղը եւ անոր վիրահատումը:


== Յաւելեալ ==
== Յաւելեալ ==

08:36, 14 Յուլիս 2019-ի տարբերակ

Քաղցկեղը մարմինի հիւսկէններու բջիջներուն անկանոն, արագընթաց, անհակակշռելի բազմացման, աճման եւ զարգացման հիւանդութիւնն է[1][2], որ կը յառաջացնէ անբնական եւ ախտային ուռեր: Քաղցկեղը կրնայ յառաջանալ մարմինի որեւէ մէկ հիւսկէնի կամ օրկանի մէջ: Ան կը հարուածէ ամբողջ մարդկութիւնը, առանց խտրութեան մարդոց՝ գոյնին, տարիքին, սեռին, ցեղային եւ ընկերային պատկանելիութեան ու տնտեսական իրավիճակին: Հիփփոկրատ, բժշկութեան նախահայրը, որ ապրած է քրիստոսէ առաջ (460-370) յիշած է եւ նկարագրած է իր գրութիւններուն մէջ զանազան տեսակի ուռեր եւ քաղցկեղի պարագաներ: Ան արձանագրած է carcinos յունարէն բառը, որ կը նշանակէ խեցգետին (crab) կամ ծովախեցգետին (crabfish): Celsus քրիստոսէ ետք (25-40) թարգմանած է carcinos բառը լատիներէնէն cancer բառով: Galen երկրորդ դարէն ետք լաւորակ (benign) ուռերը կոչած է encos բառով, որ լատիներէն ուռեցք կը նշանակէ: Իսկ վատորակ (malignant) ուռերը ան կոչած է carcinoma: 1600 տարիներ առաջ Եգիպտոսի մէջ նկարագրուած է քաղցկեղը եւ անոր վիրահատումը:

Յաւելեալ

Քաղցկեղային ուռ մը կը սկսի աննշմար եւ գաղտագողի, առանց որեւէ ազդանշանի: Ընդհանրապէս 5-10 տարիներ ետք ան շօշափելի չափի կը հասնի: Քաղցկեղային ուռերուն մեծամասնութիւնը կը սկսի 25-40 տարիքի միջեւ եւ երբեմն շատ աւելի կանուխ եւ նոյնիսկ պզտիկ տարիքի:

Տարեցները համեմատաբար աւելի քաղցկեղ կ'ունենան քան երիտասարդները, որովհետեւ ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս քաղձկեղի բջիջները զարգանալու եւ յայտնուելու համար պէտք ունին երկար տարիներու:

Համաշխարհային բժշկական կազմակերպութիւններու ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, քաղցկեղի պարագաները անցնող 100 տարուան ընթացքին մեծ համեմատութեամբ շատցած են: Ներկայիս աշխարհի բնակչութեան 1/3ը կը տառապի քաղձկեղէ: 1901ին այս համեմատութիւնը եղած է 1/8000:

Քաղձկեղի Զարգացում

Մարմնի բջիջներու բազմացումը, աճը եւ զարգացումը տեղի կ'ունենան բջիջներու կիսուելու գործընթացով մը, որ կը կոչուի mitosis: Այս գործընթացը կը գտնուի յատուկ ծիներու հսկողութեան ներքեւ եւ ան կ'ընթանայ յստակ կանոնաւորութեամբ, ուր ամէն մէկ բջիջ կիսուելով կը ստեղծուի երկու նոյնանման նոր բջիջներ, որոնք կ'ունենան համահաւասար ժառանգական բաղադրիչով (DNA) հարուստ երփնամարմիններ (chromosomes) եւ ծիներ (gens): Երբ այս ծիները այլափոխուին (mutate) բջիջներու բնական եւ կանոնաւոր բազմանալու գործընթացը կը խախտի եւ կը փոխարինուի անբնական բազմանալու գործընթացով մը, ուր կը յառաջանան թերի եւ ախտաւոր բջիջներ, որոնք կը կոչուին քաղցկեղային բջիջներ:

Քաղցկեղային բջիջները բազմանալու, աճելու եւ զարգանալու աւելի կարճ ժամանակամիջոց ունին, քան առողջ բջիջ մը: Անոնք կ'ապրին երկար ժամանակ, կը ծաւալին անկաշկանդ եւ անօրէն, կը բազմանան արագօրէն եւ կը կազմեն քաղցկեղային ուռեր (tumor):

Ծիներու այլափոխումին հետ կրնայ պատահիլ նաեւ երփնամարմիններու այլափոխումը, որ տեղի կ'ունենայ զանազան ձեւերով.

  1. Երփնամարմինի մէկ մասը կ'անյայտանայ (delete).
  2. Երփնամարմինը կը տեղափոխուի (translocation).
  3. Երփնամարմինը կ'ունենայ իր նոյնապատկերը (duplication):

Այլափոխուած երփնամարմիններն ալ պատճառ կը դառնան կարգ մը քաղցկեղներու զարգացման:

Ժառանգական բաղադրիչով հարուստ ծիները եւ երփնամարմինները կ'այլափոխուին, երբ անոնք ենթակայ ըլլան վնասակար եւ այլափոխութիւն յառաջացնող նիւթերու, որոնք կը կոչուին քաղցկեղածին նիւթեր (carcinogens, cancerogenic):

Կարգ մը քաղցկեղաբաններ (cancerologist) կ'ըսեն, թէ ամէն մարդ իր մարմնին մէջ ունի քաղցկեղի բջիջներ, սակայն անոնք անտեսանելի կը մնան մինչեւ որ անոնց թիւը հասնի պիլլիոններու: Երբ կ'ըսուի, որ անհատ մը ազատ է քաղցկեղի բջիջներէ այդ մէկը կը նշանակէ, որ մասնագէտ ախտաբանը չէ կրցած քաղցկեղի բջիջներ տեսնել իր քննութեան ընթացքին: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կեանքի ընթացքին կը զարգացնէ իր մէջ քաղցկեղի բջիջներ, սակայն դիմադրողականութեան ուժականութիւնը կը քանդէ եւ կը փճացնէ զանոնք ու արգելք կը հանդիսանայ անոնց բազմանալուն եւ ուռի կազմաւորման:

Անուանում

Քաղցկեղի անուանակոչումը հիմնուած է անոր սկզբնական տեսակէն: Քաղցկեղներու մեծամասնութիւնը, մօտաւորապէս 90 առ հարիւրը, կը կոչուին Carcinoma, որ կը ծագի մարմինի բազմաթիւ օրկաններու մակերեսային բջիջներէն:

Sarcoma կոչուած քաղցկեղները հազուագիւտ են եւ անոնք կը ծագին ընդհանրապէս մկաններու, ոսկորներու, կռճիկներու եւ թելաւոր հիւսկէններու մէջ: Սպիտակարիւնութիւնը (leukemia) կը զարգանայ արիւնաստեղծ բջիջներէ, իսկ աւշային ուռը (lymphoma) կը զարգանայ աւշագեղձերու մէջ:

Ուռերու Յատկութիւններ

Քաղցկեղային ուռերը ունին երեք յստակ յատկութիւններ.

  1. Անհակակշռուած բջիջներու աճ, բազմացում եւ զարգացում.
  1. Մօտակայ հիւսկէններու ներխուժում (invasion).
  1. Հեռաւոր օրկաններ եւ վայրեր՝ տարածում-տեղաշարժ (metastasis):

Քաղցկեղային բջիջները կը տարածուին մօտակայ եւ հեռաւոր վայրեր արեան եւ աւշային անօթերու (lymphatics) միջոցաւ: Կազմաւորուած քաղցկեղային ուռի մը միլիոնաւոր բջիջները շուտով կը մտնեն արեան շրջանառութեան: Սակայն այս բջիջներուն մեծամասնութիւնը կը ոչնչանայ եւ քանի մը հատը միայն արեան անօթներէն դուրս սպրդելով կը ներխուժեն որոշ հիւսկէն մը կամ օրկան մը:

Աստիճանաւորում

Քաղցկեղաբաններ նկարագրած են քաղցկեղային ուռերը տարբեր-տարբեր դասակարգումներով եւ աստիճանաւորումներով (staging): Անոնց դասակարգումը խիստ կարեւոր է դարմանումի եղանակի որդեգրման եւ ապաքինման տարողութիւնը գիտնալու համար: Այս աստիճանաւորումնէն մէկը նկատի կ'առնէ քաղցկեղային ուռին չափը, անոր կապակցութիւնը մօտակայ եւ հեռաւոր աւշագեղձերուն հետ եւ անոր տարածումը մարմինի հեռաւոր վայրերը: Ուրիշ մէկ տարբերակով քաղցկեղի դասակարգումը կը նկարագրուի հանգրուաններով.

  • Առաջին հանգրուան՝ ուր քաղցկեղային ուռը առաւելագոյնը 2 սմ. է, առանց հեռաւոր տարածումի: Այս հանգրուանին ախտաճանաչուած քաղցկեղը դարմանելի է լաւ արդիւնքով:
  • Երկրորդ հանգրուան՝ ուր քաղցկեղային ուռը 2 սմ.է աւելի մեծ է եւ հեռաւոր տարածումի նշաններ ունի.
  • Երրորդ հանգրուան՝ քաղցկեղային ուռը ա'լ աւելի մեծ է եւ տարածուած է հեռաւոր վայրեր.
  • Չորրորդ հանգրուան՝ ուր քաղցկեղային ուռը աւելի ծաւալած է եւ անշարժ է: Այս հանգարուանին ուռը կարելի չէ հատել:

Ազդակներ

Քաղցկեղի յառաջացման հիմնական ախտապատճառը քաղցկեղածին նիւթերն են, որոնք այլազան են եւ կը գտնուին զանազան ձեւերու եւ պայմաններու տակ:

Հետեւեալները կարեւոր քաղցկեղածին նիւթեր եւ ազդակներ են.

Թունաւոր քիմիական նիւթեր

  • Formaldahyde, որ անգոյն թունաւոր կազ մըն է.
  • Vinyl chloride եւ PVC.
  • Բորակատներ (nitrites), որոնք կը գործածուին բազմաթիւ պատրաստ կերակուրներու մէջ.
  • Paradichlorobenzene, որ կը գտնուի լուացարաններու եւ բաղնիքներու հականեխիչ հեղուկներու մէջ.
  • Միջատասպան (pesticides) դեղեր.
  • Perchloroethylene, որ կը գտնուի գորգեր մաքրելու դեղերուն մէջ.
  • Ներկերու զանազան տեսակներ.
  • DDT, որ ուժեղ միջատասպան մըն է.
  • Հականեխիչ հեղուկներ.
  • Մազի գունաւորման ներկեր.
  • Պատրաստ կերակուրներու մէջ գործածուած յաւելուած նիւթէր (additives):

Մետաղներ

  • Զառիկ (arsenic), որ թունաւոր սրճագոյն նիւթ մըն է.
  • Կտաւաքար (asbestos).
  • Benzene եւ Gasoline.
  • Cadmium, Nickel եւ Սնթիկ (mercury):

Շողարցակում (radiation)

  • «Ք» ճառագայթներ (X-Ray).
  • Աթոմական եւ հիւլէական ուժանիւթ.
  • Արեւու ճառագայթ, անդրմանիշակագոյն ճառագայթ (UVL):

Միջավայրային ազդակներ

  • Ապականացում (pollution).
  • Մշուշախարն մուխ (smog):

Ներազդակներ (hormones)

Կենցաղային ազդակներ

Վերոյիշեալ նիւթերու կողքին կան հազարաւոր քաղցկեղածին նիւթեր, որոնք կը գտնուին մեր տուներուն մէջ գործածուած բազմաթիւ նիւթերուն եւ առարկաներուն մէջ, օրինակ՝ լուացքի դեղեր, հականեխիչ հեղուկներ, սննդեղէններ, գորգեր, կահկարասի, հակաքրտնաբեր եւ մազի ջրթոցներ (spray), օճառ, մանուկներու հեղուկ օճառ եւ ցանցափոշի (talcum powder):

Ըմպելի ջուրը կրնայ պարունակել քաղցկեղածին նիւթեր, եթէ անոր հասնի կոյուղիի ապականած աղտոտութիւնները:

Խորովածի պատրաստութեան ընթացքին արտադրուած թունաւոր կազեր եւ նիւթեր կրնան պարունակել քաղցկեղածին նիւթեր:

Կարգ մը ցպիկներ (bacteria), ժահրեր (virus), մակաբոյծներ (parasite) եւ որդեր ունին քաղցկեղածին յատկութիւններ:

Չափազանց ճարպի գործածութեամբ աւելի հակամէտ կ'ըլլանք քաղցկեղի զարգացման:

Տե'ս Նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 17 Օգոստոս, 2012:
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Կատեգորիա:Գիտութիւն Կատեգորիա:Հիւանդութիւններ այբբենական կարգով Կատեգորիա:Հիւանդութիւններ