«Աստուածաշունչ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Աստվածաշունչ}} using AWB
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (2) using AWB
Տող 1. Տող 1.
{{Անաղբիւր}}
{{Անաղբիւր}}


{{Տեղեկաքարտ Գիրք (արեւմտահայերէն)
{{Տեղեկաքարտ Գիրք
| անուանում = Աստուածաշունչ
| անուանում = Աստուածաշունչ
| պատկեր = Devil_codex_Gigas.jpg
| պատկեր = Devil_codex_Gigas.jpg
Տող 52. Տող 52.
* [[Նոր Կտակարան կամ Նոր Ուխտ]]
* [[Նոր Կտակարան կամ Նոր Ուխտ]]


[[Ուխտ (արեւմտահայերէն)|Ուխտ]]՝ ընդհանուր իմաստո կը նշանակէ դաշինք, համաձայնագիր, պարտաւորութիւն: Իւրաքանչիւր ուխտ խոստումի մը վրայ կը հիմնուի եւ զոհի մը արիւնով կը կնքուի: Ուխտ բառը յունարէն լեզուին մէջ կը նշանակէ նաեւ կտակ կամ կտակարան, ուրկէ կու գան Հին Կտակարան եւ Նոր Կտակարան բացատրութիւնները:
[[Ուխտ]]՝ ընդհանուր իմաստո կը նշանակէ դաշինք, համաձայնագիր, պարտաւորութիւն: Իւրաքանչիւր ուխտ խոստումի մը վրայ կը հիմնուի եւ զոհի մը արիւնով կը կնքուի: Ուխտ բառը յունարէն լեզուին մէջ կը նշանակէ նաեւ կտակ կամ կտակարան, ուրկէ կու գան Հին Կտակարան եւ Նոր Կտակարան բացատրութիւնները:


Հին Կտակարանը կամ Հին Ուխտը, կը պատմէ այն ուխտին մասին որ կնքուած էր.-
Հին Կտակարանը կամ Հին Ուխտը, կը պատմէ այն ուխտին մասին որ կնքուած էր.-

19:46, 27 Յունիս 2019-ի տարբերակ

Աստուածաշունչ
Աստուածաշունչ Մատեան, 13րդ դար
Լեզու Հին Եբրայերէն
Նիւթ Քրիստոնէական, Մարգարէականշ Աստուածաբանական
Գիրքի տեսակ Կրօնական, մարգրէական, քրիստոնէական

Աստուածաշունչ (Աստուածաշունչ Մատեան, Սուրբ Գիրք, Գիրք Գրոց, Աստուծոյ Խօսք) Քրիստոնեաներու համար պաշտամունքի Սուրբ գիրք:

Անունի Ծագումը

Մեր Թարգմանիչ Հայրերը երբ թարգմանած են Սուրբ Գրութիւնները (Ե. Դարուն) Աստուածաշունչ կոչած են անոր ամբողջութիւնը: Պատահական կոչում մը չէ այս մէկը, այլ՝ այն բոլոր հեղինակները որոնք հեղինակած են Աստուածաշունչի գիրքերը իրենց հոգիին աշխարհին մէջ ունեցած են Աստուծոյ պատկերը, շունչը, Հոգին, ոգին: Անոնք ունեցած են խոր հաւատք եւ երկիւղածութիւն գերզօր Աստուծոյ հանդէպ եւ այն ջերմերանդ հաւատքո եւ երկիւղածութեամբ եւ Աստուածային ներշնչումով գրած են Աստուածաշունչը: Պօղոս Առաքեալ իր աշակերտին՝ Տիմոթէոսի ուղղած նամակին մէջ կ'ըսէ. «Աստուծոյ ներշնչումով գրուած բոլոր Սուրբ գիրքերը օգտակար են՝ թէ՛ ճշմարտութիւնը ուսուցանելու եւ թէ՛ սխալը հերքելու, մարդը ճիշդ ճամբուն մէջ դնելու եւ արդար կեանքի մը դաստիարակութիւնը տալու համար. որպէսզի Աստուծոյ նուիրուած մարդը կատարեալ ըլլայ, ամէն տեսակի բարի գործերու պատրաստ» (Բ. Տիմոթէոս 3, 16-17):

Աստուածաշունչը գրող անձերուն շնորհուած են յայտնութիւններ: Մարդիկ, որոնք ունեցած են անարատ Աստուածային շնորհները առանց սխալներու գրելու այդ Սուրբ Գիրքերը: Յովհան Ոսկեբերան ըսած է. «Բոլոր գիրքերը գրուած են ոչ թէ ծառաներուն այլ բոլորին Տիրոջ՝ Աստուծոյ կողմէ»:

Ուրիշ օտար քրիստոնեայ ազգեր Աստուածաշունչը, Սուրբ Գիրք (Holy Bible) կոչած են, որ կու գայ յունարէն (պիպլիա) բառէն: Աստուածաշունչ կոչումը միայն Հայոց կը պատկանի:

Բովանդակութիւն

Աստուածաշունչի բոլոր ձեռագիր գրութիւնները, բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն կողմէ ճանչցուած է որպէս.-

Ուխտ՝ ընդհանուր իմաստո կը նշանակէ դաշինք, համաձայնագիր, պարտաւորութիւն: Իւրաքանչիւր ուխտ խոստումի մը վրայ կը հիմնուի եւ զոհի մը արիւնով կը կնքուի: Ուխտ բառը յունարէն լեզուին մէջ կը նշանակէ նաեւ կտակ կամ կտակարան, ուրկէ կու գան Հին Կտակարան եւ Նոր Կտակարան բացատրութիւնները:

Հին Կտակարանը կամ Հին Ուխտը, կը պատմէ այն ուխտին մասին որ կնքուած էր.-

Ա).-Աստուծոյ եւ իսրայէլի ժողովուրդին միջեւ (Ելից 19, 5-6)

Բ).-Նոյի անձին ընդմէջէն համայն մարդկութեան հետ (Ծննդոց 9, 9-17)

Գ).- Աբրահամի անձին հետ (Ծննդոց 15, 18)

Դ).-Դաւիթի հետ (Սաղմոսաց 89, 4-5)

Նոր Կտակարանը կամ Նոր Ուխտը կը խօսի այն նոր ուխտին մասին, որ կնքուեցաւ Քրիստոսի զոհագործական մահով:

Աստուածաշունչի Հայերէն Թարգմանութիւնը

Ե. Դարուն մեր Թարգմանիչները Աստուածաշունչի թարգմանութեան համար ո՞ր բնագիրները օգտագործեցին: Ասորական բնագիրները թէ յունական բնագիրները: Առաջին փութանակի (աճապարանօք) թարգմանութենէն ետք անոնք մասնագիտական թարգմանութիւնը կատարեցին եօթանասնից յունարէն բնագրէն մանաւանդ Հին Կտակարանի պարագային: Եօթանասնից թարգմանութիւնը կատարուած է 285-240 Թուականներուն (Ք. Ա.): Եգիպտոսի Պտղոմէոս թագաւորը իր գրադարանապետ Տիմիթրիոս Փալերիոսի թելադրութեամբ, Երուսաղեմէն 70 ուսեալ հրեայ դպիրներ կանչել կու տայ Աղեքսանդրիա- Եգիպտոս եւ Հին Կտակարանը թարգմաներլ կու տայ եբրայերէնէ յունարէնի: Այս թարգմանութիւնն է ահաւասիկ որ է Եօթանասնիցը: Թարգմանչաց սերունդը այս թարգմանութեան մէջ ներառած է երկրորդական կամ պարականոն գիրքերը:

Աստուածաշունչի Առաջին Հայերէն Տպագրութիւնը

Տպագրութեան գիւտէն ետք, բազմաթին դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք Ոսկան Վրդ. Երեւանցի, Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքին մէջ, 1666-ին կը յաջողի տպագրել տալ հայերէն Աստուածաշունչը:

Կատեգորիա:Քրիստոնէութիւն Կատեգորիա:Սուրբ գիրքեր