«Ռաֆայէլ Լեմքին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{ԱՀ|Q505586}} using AWB
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Ռաֆայել Լեմկին}} using AWB
Տող 1. Տող 1.
{{Արևելահայերեն|Ռաֆայել Լեմկին}}

{{Տեղեկաքարտ Անձ
{{Տեղեկաքարտ Անձ
| անուն ազգանուն = Ռաֆայէլ Լեմքին
| անուն ազգանուն = Ռաֆայէլ Լեմքին

13:53, 24 Յունիս 2019-ի տարբերակ

Ռաֆայէլ Լեմքին
լեհ.՝ Rafał Lemkin
Պատկեր:Ռաֆայել Լեմկին.jpg
Ծնած է 24 Յունիս 1900
Ծննդավայր Պեզվոտնի
Մահացած է 28 Օգոստոս 1959 (59 տարեկան հասակին)
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Լեհաստան
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Լվովի Ի․ Ֆրանքոյի անուան ազգային համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունք
Հայտելպըրկի Համալսարան
Լվովի Համալսարան
Մասնագիտութիւն Իրաւաբան
Աշխատավայր Եէյլի համալսարան
Տիւքի Համալսարան
Վարած պաշտօններ դատախազ

Ռաֆայէլ Լեմքին (անգլերէն՝ Raphael Lemkin, Կաղապար:Լեզու pl, 24 Յունիս 1900, Պեզվոտնի - 28 Օգոստոս 1959, Նիւ Եորք), հրեական ծագում ունեցող լեհ իրաւաբան։ Էապէս մեծ ներդրում ունեցած է Ցեղասպանութեան հանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին համաձայնութեան ընդունման, ներկայացուցած է համաձայնագիրին նախնական բանաձեւը։

Կենսագրութիւն

Լեմքին ծնած է Պեզվոտնի, Լեհաստան (ներկայիս Վոլկովսկի մերձակայքը, Պելառուս), 1900 թուականի Յունիս 24-ին[1]: Հայրը զբաղած է հողագործութեամբ, իսկ մայրը եղած է մտաւորական, գեղանկարիչ, լեզուաբան եւ փիլիսոփայութեան ճիւղի ուսանող: 14 տարեկանին ան արդէն տիրապետած է 14 լեզուներու, ներառեալ ֆրանսերէնի, սպաներէնի, եբրայերէնի, իտիշի եւ ռուսերէնի: Պիալիսթոքի Մասնագիտական Պատրաստութեան ուսումնարանը աւարտելէ ետք, ան լծուած է լեզուաբանութեան ուսումնասիրման՝ Լվովի Ճոն Քազիմիրի համալսարանին մէջ[2]։ Այդ շրջանէն իսկ յատուկ հետաքրքրութիւն առաջացած է ուսանող Լեմքինի մօտ՝ սահմանելու եւ բնութագրելու այն յանցագործութիւնները, զորս յետագային Լեմքին խտացուց Ցեղասպանութեան գաղափարին մէջ։

Լեմքինի իրաւագիտական իր պրպտումները կը սկսի՝ թուրքերու կողմէ հարիւր հազարաւոր հայերու անպատիժ կոտորածները ուսումնասիրելով: Լեմքինի չարչրկող գլխաւոր հարցը ա՛յն էր, թէ չկար միջազգային օրէնք մը, որ դատաստանի առջեւ կանգնեցնէր ամբողջ ազգ մը սպաննելու որոշումը կայացուցած եւ մեծագոյն այդ ոճիրին պետականօրէն գործադրութիւնը հրահանգած թուրք պաշտօնատարները։

Իր բարձրագոյն ուսումը շարունակելու նպատակով Գերմանիա տեղափոխուած եւ Հայտելպըրկի համալսարանը ընդունուած երիտասարդ իրաւագէտին կեանքի շրջադարձային պահը կ՛առաջանայ 1921-ին, երբ Պերլինի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեան կ՛ահաբեկէ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Թալէաթ Փաշան։ Թեհլիրեանի դատավարութեան իբրեւ իրաւագէտ խորհրդականի մասնակցելով՝ Լեմքին կը լուծուի Թալէաթի ահաբեկման տուն տուած պատճառներուն ուսումնասիրութեան։ Մանրամասն տեղակագիր մը պատրաստելով Թալէաթ Փաշայի կազմակերպած կոտորածներուն մասին, Լեմքին կը յանգի այն դառն եզրակացութեան, որ դեռ գոյութիւն չունէր միջազգային որեւէ օրէնք, որ նման պետական յանցագործութեան համար դատապարտէր ոճրագործ պատասխանատուները։

Ցեղասպանութիւն Եզրը

Ռաֆայէլ Լեմքին կը նկարագրէ Ցեղասպանութիւն բառը

Լեմքին 1933-ին հրապարակուած իր ծաւալուն ուսումնասիրութիւններէն մէկուն մէջ նման կոտորածները անուանեց «Ոճրագործութիւն Միջազգային Օրէնքի Դէմ»։ Լեմքինի հետազօտական աշխատանքը կ՛ընդհատուի, երբ ան բանակ կը մեկնի 1939-ին, գերմանական եւ լեհական պատերազմին հետեւանքով։ Իսկ երբ գերմանական Նացի բանակը կը գրաւէ Լեհաստանը, Լեմքին կ՛ապաստանի Միացեալ Նահանգներ, ծնողները Լեհաստան ձգելով։

Միացեալ Նահանգներու մէջ ան, իբրեւ խորհրդատուի, կ՛աշխատակցի Նիւրէմպուրկի դատավարութեանց, այս անգամ արդէն նաեւ իբրեւ անձնապէս վնասուած կողմի, որովհետեւ ծնողները եւս զոհ գացած էին նացիական կեդրոնացման ճամբարներուն (concentration camps) մէջ հրեաներու դէմ իրագործուած Ողջակիզման ընթացքին։

1944-ին հրատարակուած իր «Axis rule in Occupied Europe» գիրքին մէջ, Լեմքին առաջին անգամ կ՛օգտագործէ Ցեղասպանութիւն բառը եւ զայն կը սահմանէ իբրեւ՝ «նպատակադրուած վայրագութիւն եւ կոտորած», ամբողջ ազգ մը կամ ցեղ մը բնաջնջումի ենթարկելու արարք։ Լեմքին կը յղանայ Ցեղասպանութիւն («Genocide») այսօր արդէն հանրածանօթ եզրը՝ յունարէնի «genos» (ցեղ) եւ լատիներէնի «cide» (սպանութիւն) արմատները միահիւսելով։

Լեմքին կտ յաջողի 1946-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Ժողովի 11 Դեկտեմբերի նիստին, օրակարգի վրայ բերել համապատասխան որոշումի նախագիծ մը, որ միաձայնութեամբ կը ընդունուի՝ Միջազգային Իրաւունքի առումով դառնալով Ցեղասպանութիւնը որպէս ոճիր բնորոշող եւ անոր դատապարտումը պատժելի հռչակող առաջին միջազգային օրէնքը։

Լեմքինի փափաքը կ՛իրականանայ 1948Դեկտեմբեր 9-ին[3], երբ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը ընդունեց եւ հռչակեց Ցեղասպանութեան Ուխտագիրը։

Ծանօթագրութիւններ

  1. Rafael Lemkin:The Definition Of Genocide(անգլերէն)
  2. Rafael Lemkin(անգլերէն)
  3. Lemkin, Raphael(անգլերէն)

Արտաքին յղումներ

Կատեգորիա:Իրաւաբաններ Կատեգորիա:1900 ծնունդներ Կատեգորիա:24 Յունիսի ծնածներ Կատեգորիա:Լեհաստան ծնածներ Կատեգորիա:1959 մահեր Կատեգորիա:28 Օգոստոսի մահացածներ Կատեգորիա:Նոր-Եորք մահացածներ