«Սիմոն Գըլճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Աղբիւրներ: կատեգորիայի հեռացում
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Սիմոն Գըլճյան}} using AWB
Տող 1. Տող 1.
{{Արևելահայերեն|Սիմոն Գըլճյան}}
{{Տեղեկաքարտ Բժիշկ
{{Տեղեկաքարտ Բժիշկ
| անուն = Սիմոն Գըլճեան
| անուն = Սիմոն Գըլճեան

12:27, 24 Յունիս 2019-ի տարբերակ

Սիմոն Գըլճեան
Ծնած է 16 Փետրուար 1848(1848-02-16)
Ծննդավայր Եւ­դո­կիա
Մահացած է 14 Մարտ 1922(1922-03-14) (74 տարեկանին)
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Սիմոն Գըլճեան (16 Փետրուար 1848, Եւդոկիա - 14 Մարտ 1922), հայ բժիշկ։

Կենսագրութիւն

Գրուած է նաեւ Գըլըճեան տարբերակով։ Ծնած է 1848 թուականի Փետրուար 16-ին, Սեբաստիա նահանգի Եւդոկիա գաւառի կեդրոն՝ Եւդոկիա քաղաքին մէջ։ Մանուկ հասակէն զրկուած է հօրն ու մօր հոգատարութեամբ դաստիարակուելէ։ Մայրը՝ ամերիկացի միսիոներ, վերապատուելի դոկտոր Հենրի Ճոն Վան Լեննեփի քարոզներու ազդեցութեան տակ հարած է աւետարանականութեան, կարդալ սորված, սակայն ան եւս վաղաժամ մահացած է։ Երկու որբերը մնացած են քեռիին խնամքին։ Շուտով Սիմոնը Վան Լեննեփի խորհուրդով սորված է ամերիկացի միսիոներներու Մարզուանի Անատոլիա գոլէճէն ներս, այնուհետեւ՝ նոյն գոլէճի աստուածաբանական բաժինէն ներս։

Աւարտելէ ետք դարձած է քարոզիչ եւ մի քանի տարի ձիով գիւղէ գիւղ ճամբորդելով ծառայած է աւետարանականութեան քարոզչութեան։

Մի քանի տարի ետք, դարձեալ դոկտոր Հենրի Ճոն Վան Լեննեփի օժանդակութեամբ, մեկնած է ԱՄՆ` բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւն ստա­նա­լու։

Այս­տեղ աւար­տած է Պոսթընի բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նը եւ Ֆի­լա­տելֆիոյ հա­մալ­սա­րա­նի բժշկա­կան բաժինը։ Այ­նու­հե­տեւ տե­ղա­փոխ­ուած է Անգ­լիա եւ 9 ամիս աշ­խա­տած է Լոն­տո­նի հիւան­դա­նոց­նե­րուն մէջ։

Վե­րա­դառ­նա­լով Կ. Պո­լիս, Օս­մա­նեան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­նէն ներս յանձ­նած է քննու­թիւն եւ ստա­ցած՝ բժիշկի վկա­յա­կան։ Կ. Պոլ­սոյ մէջ ամուս­նա­ցած է զմիւռ­նի­ա­ցի Լու­սի Կա­րա­պե­տեա­նին հետ եւ վե­րա­դար­ձած իր ծննդա­վայր Եւդո­կիա։ 1880-ական թուա­կան­նե­րէն սկսեալ Եւդո­կի­ոյ մէջ բժշկութեամբ զբաղած է։

Ըլլա­լով գա­ղա­փա­րա­կան մարդ, այս­տեղ եւս շա­րու­նա­կած է զբաղիլ հո­գեւ­որ կեան­քով, մե­ծա­հա­սակ­նե­րու հա­մար ներկայացուցած է կի­րակ­նօ­րեայ դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ։

Իր ար­ժա­նի տեղն ու­նե­ցած է Եւդո­կիոյ Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղե­ցւոյ պատ­մու­թեան մէջ։ Եղած է սիր­ուած եւ յարգ­ուած բժիշկ, ինչ­պէ՛ս քրիս­տո­նեա­նե­րու, այն­պէ՛ս ալ մահ­մե­տա­կան­նե­րու ու հրե­ա­նե­րու շրջա­նակէն ներս։ Պատ­մած են, որ աղ­քատ­նե­րուն բու­ժած է ձրի, յա­ճախ դե­ղե­րը անոնց տուած է անվ­ճար, եր­բեմն ալ նոյ­նիսկ սնունդի փող տուած է։ Օր մը յե­ղա­փո­խա­կան­ներն առեւ­ան­գած են զինք։ Կի­նը, փրկա­գին վճա­րե­լով, ազա­տած է։ Այդ դէպ­քէն ե­տք բժիշկն ան­մի­ջա­պէս հե­ռա­ցած է Եւ­դո­կի­ա­յէն` կառավարութեան հայերու անուններ յայտնելու պարտաւորուած չըլլալու եւ անոնց ձերբակալութեան պատճառ չդառնալու համար։

Տեղափոխուած է ԱՄՆ եւ մի քանի տարի բժշկութեամբ զբաղելէ ետք կրկին վերադարձած է Եւդոկիա։

1903 թուականի Հոկտեմբերին ընտանիքով վերջնականապէս տեղափոխուած է ԱՄՆ եւ հաստատուած՝ Ֆրեզնօ քաղաքէն 5 մղոն հեռու գտնուող ագարակի մը մէջ։ Ծառայած է՝ Ֆրեզնոյի Հայ Երիցական եկեղեցւոյ, հոգեւոր հովիւ։

Մահացած է 1922 թուականի Մարտ 14-ին՝ 74 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն

  • Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (16881940), Սթանպուլ, 1940։
  • Ալպօյաճեան Ա., Պատմութիւն Եւդոկիոյ հայոց, Գահիրէ, 1952։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։

Աղբիւրներ

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։


Կատեգորիա:Հայ բժիշկներ Կատեգորիա:1848 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:16 Փետրուարի ծնածներ Կատեգորիա:Եւդոկիա ծնածներ Կատեգորիա:1922 մահեր Կատեգորիա:14 Մարտի մահացածներ Կատեգորիա:Հայոց Ցեղասպանութեան զոհեր