«Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 22. Տող 22.


[[Պատկեր:Aivazovsky - View of Constantinople and the Bosphorus.jpg|մինի|Յովհաննէս Այվազոսկի ։ Պոլիս 19-րդ դար]]
[[Պատկեր:Aivazovsky - View of Constantinople and the Bosphorus.jpg|մինի|Յովհաննէս Այվազոսկի ։ Պոլիս 19-րդ դար]]
'''Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի''' ծնած է Պոլիս Մարտ 1804ին։ Զաւակն էր Առաքէլ Ալթունեանին։ Հայրը կը փոխադրուի Ջմիւռնիա, ուր կը մեռնի որբ թողելով Արիստակէս՝ 4 տարեկան հասակին մէջ։ Արիստակէսը իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն վարաժարանին մէջ, ուրկէ ետք Ռու անուն ֆրանսացիի մը վարժարանը կը յաճախէ եւ հոն կ՛ընտելանայ ֆրանսերէնի։ Դասընթացքը աւարտելէն վերջ կ՛երթայ Եգիպտոս, ուր Եուսուֆ Պէյ վարժարան մը բացած էր։ Հոն ուսմունքը կը կատարելագործէ ուսանելով նաեւ իտալերէն և արաբերէն լեզուները։ Դպրոցը աւարտելէն ետք դեռ երիտասարդ հասակին կառավարական պաշտօնեայ կ'ըլլայ եւ քանի մը տարի ետք Մեհմետ Ալիի քարտուղար կ՛անուանուի։ Արիստակէսի կինը ժամանակին շատ զարգացած հայ կիներէն էր եւ լաւ Ֆրանսագէտ։
'''Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի''' ծնած է Պոլիս Մարտ 1804ին։ Զաւակն էր Առաքէլ Ալթունեանին։ Հայրը կը փոխադրուի Ջմիւռնիա, ուր կը մեռնի որբ թողելով Արիստակէս՝ 4 տարեկան հասակին մէջ։ Արիստակէսը իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն վարաժարանին մէջ, ուրկէ ետք Ռու անուն ֆրանսացիի մը վարժարանը կը յաճախէ եւ հոն կ՛ընտելանայ ֆրանսերէնի։ Դասընթացքը աւարտելէն վերջ կ՛երթայ Եգիպտոս, ուր Եուսուֆ Պէյ վարժարան մը բացած էր։ Հոն ուսումը կը կատարելագործ ու կը սորվի նաեւ իտալերէն և արաբերէն լեզուները։ Դպրոցը աւարտելէն ետք դեռ երիտասարդ հասակին կառավարական պաշտօնեայ կը դառնայ եւ քանի մը տարի ետք Մեհմետ Ալիի քարտուղար կը նշանակուի։ Արիստակէսի կինը ժամանակին շատ զարգացած հայ կիներէն եղած է եւ լաւ Ֆրանսագէտ։


Երբ էլմասը՝ արաբերէն թերթին խմբագրապետը, արտաքին գործոց նախարար կը նշանակուի, ինք ալ ժամանակ մը ետք կը դառնայ անոր խորհրդականը։ Դիւանագիտական խնդրոյ մը առթիւ Լուի Ֆիլիբ Ֆրանսայի թագաւորին գրուելիք պաշտօնագիր մը այնչափ յաջողութեամբ դրած է, որ Եգիպտոսի Խտիվը Մեհմէետ Ալի փաշա Արիստակէտ Ալթունեանի ճակատը համբուրելով կ'ըսէ. "Օղլում Ալթուն, սէնին իսմին Ալթուն տէյիլ, Տիւրրի տիր"։ (Կը նշանակէ՝ որդիս Ալթուն քու անունդ Ալթուն (արծաթ) չէ, Տիւրրի (մարգարիտ) է"։ Ատկէ ետք Ալթուն մականունը կը փոխուի Ալթուն-Տիւրրիի։
Երբ էլմասը՝ արաբերէն թերթին խմբագրապետը, արտաքին գործոց նախարար կը նշանակուի, ինք ալ ժամանակ մը ետք կը դառնայ անոր խորհրդականը։ Դիւանագիտական խնդրոյ մը առթիւ Լուի Ֆիլիբ Ֆրանսայի թագաւորին գրուելիք պաշտօնագիր մը այնչափ յաջողութեամբ դրած է, որ Եգիպտոսի Խտիվը Մեհմետ Ալի փաշա Արիստակէտ Ալթունեանի ճակատը համբուրելով կ'ըսէ. "Օղլում Ալթուն, սենին իսմին Ալթուն տէյիլ, Տիւրրի տիր"։ (Կը նշանակէ՝ որդիս Ալթուն քու անունդ Ալթուն (ոսկի) չէ, Տիւրրի (մարգարիտ) է"։ Ատկէ ետք Ալթուն մականունը կը փոխուի Ալթուն-Տիւրրիի։
[[Պատկեր:ModernEgypt, Muhammad Ali by Auguste Couder, BAP 17996.jpg|մինի|ձախից|Մեհմետ Ալի փաշա]]
[[Պատկեր:ModernEgypt, Muhammad Ali by Auguste Couder, BAP 17996.jpg|մինի|ձախից|Մեհմետ Ալի փաշա]]
Մեհմետ Ալի փաշայի մահէն ետք իր զաւակը Իպրահիմ փաշա եւ յետոյ Ապպաս փաշաները կը յաջորդեն, ինք պաշտօնէն կը քաշուի և տկար ըլլալով Ջմիւռնիա կը հաստատուի, քիչ ատեն վաճառականութեամբ զբաղելէ վերջ կը հաստատուի Պոլիս: Պոլսոյ մէջ 1851ին՝ Ճէզայիրլեան Մկրտիչ ամիրայի հետ, Շամի մաքսերու վարձակալութիւնը կը ստանձնէ։
Մեհմետ Ալի փաշայի մահէն ետք իր զաւակը՝ Իպրահիմ փաշա, իսկ յետոյ Ապպաս փաշաները կը յաջորդեն, ինք պաշտօնէն կը քաշուի և տկար ըլլալով Ջմիւռնիա կը հաստատուի, քիչ ատեն վաճառականութեամբ զբաղելէ ետք կը հաստատուի Պոլիս: Պոլսոյ մէջ 1851ին՝ Ճէզայիրլեան Մկրտիչ ամիրայի հետ Շամի մաքսերու վարձակալութիւնը կը ստանձնէ։


Ազգային գործերու մէջ մեծ մասնակցութիւն ունեցած է եւ 1857ի Գերագոյն Ժողովի անդամակցած է։ Կարեւոր ներդրում ըրած է Ազգային Սահմանադրութեան հաստատման մէջ, ուր Աղաթոն Օտեանի եւ Ռուսինեանի հետ խմբագրած են Սահմանադրութեան օրէնք:
Ազգային գործերու մէջ մեծ մասնակցութիւն ունեցած է: 1857ի Գերագոյն Ժողովի անդամակցած է։ Կարեւոր ներդրում ըրած է Ազգային Սահմանադրութեան հաստատման մէջ, ուր Աղաթոն Օտեանի եւ Ռուսինեանի հետ խմբագրած են Սահմանադրութեան օրէնք:


Ազգային երեսփոխան եղած է 1860Էն գրեթէ մինչեւ իր մահը ու ազգին շահերուն պաշտպան հանդիսացած։ Գրագէտ անձ, Ֆրանսերէնէ թարգմանած է «Գինովափէ» անուն վէպ մը։ Կը մահանայ 2 Յունուար 1888ին։
Ազգային երեսփոխան եղած է 1860Էն գրեթէ մինչեւ իր մահը ու ազգին շահերուն պաշտպան հանդիսացած։ Գրագէտ անձ, Ֆրանսերէնէ թարգմանած է «Գինովափէ» անուն վէպ մը։ Կը մահանայ 2 Յունուար 1888ին։

04:31, 3 Նոյեմբեր 2014-ի տարբերակ

Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի
Ծնած է 1804
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1868
Մասնագիտութիւն Խմբագիր, հասարակական գործիչ
Զաւակներ Առաքել Ալթուն-Տիւրրի
Յովհաննէս Այվազոսկի ։ Պոլիս 19-րդ դար

Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի ծնած է Պոլիս Մարտ 1804ին։ Զաւակն էր Առաքէլ Ալթունեանին։ Հայրը կը փոխադրուի Ջմիւռնիա, ուր կը մեռնի որբ թողելով Արիստակէս՝ 4 տարեկան հասակին մէջ։ Արիստակէսը իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն վարաժարանին մէջ, ուրկէ ետք Ռու անուն ֆրանսացիի մը վարժարանը կը յաճախէ եւ հոն կ՛ընտելանայ ֆրանսերէնի։ Դասընթացքը աւարտելէն վերջ կ՛երթայ Եգիպտոս, ուր Եուսուֆ Պէյ վարժարան մը բացած էր։ Հոն ուսումը կը կատարելագործ ու կը սորվի նաեւ իտալերէն և արաբերէն լեզուները։ Դպրոցը աւարտելէն ետք դեռ երիտասարդ հասակին կառավարական պաշտօնեայ կը դառնայ եւ քանի մը տարի ետք Մեհմետ Ալիի քարտուղար կը նշանակուի։ Արիստակէսի կինը ժամանակին շատ զարգացած հայ կիներէն եղած է եւ լաւ Ֆրանսագէտ։

Երբ էլմասը՝ արաբերէն թերթին խմբագրապետը, արտաքին գործոց նախարար կը նշանակուի, ինք ալ ժամանակ մը ետք կը դառնայ անոր խորհրդականը։ Դիւանագիտական խնդրոյ մը առթիւ Լուի Ֆիլիբ Ֆրանսայի թագաւորին գրուելիք պաշտօնագիր մը այնչափ յաջողութեամբ դրած է, որ Եգիպտոսի Խտիվը Մեհմետ Ալի փաշա Արիստակէտ Ալթունեանի ճակատը համբուրելով կ'ըսէ. "Օղլում Ալթուն, սենին իսմին Ալթուն տէյիլ, Տիւրրի տիր"։ (Կը նշանակէ՝ որդիս Ալթուն քու անունդ Ալթուն (ոսկի) չէ, Տիւրրի (մարգարիտ) է"։ Ատկէ ետք Ալթուն մականունը կը փոխուի Ալթուն-Տիւրրիի։

Մեհմետ Ալի փաշա

Մեհմետ Ալի փաշայի մահէն ետք իր զաւակը՝ Իպրահիմ փաշա, իսկ յետոյ Ապպաս փաշաները կը յաջորդեն, ինք պաշտօնէն կը քաշուի և տկար ըլլալով Ջմիւռնիա կը հաստատուի, քիչ ատեն վաճառականութեամբ զբաղելէ ետք կը հաստատուի Պոլիս: Պոլսոյ մէջ 1851ին՝ Ճէզայիրլեան Մկրտիչ ամիրայի հետ Շամի մաքսերու վարձակալութիւնը կը ստանձնէ։

Ազգային գործերու մէջ մեծ մասնակցութիւն ունեցած է: 1857ի Գերագոյն Ժողովի անդամակցած է։ Կարեւոր ներդրում ըրած է Ազգային Սահմանադրութեան հաստատման մէջ, ուր Աղաթոն Օտեանի եւ Ռուսինեանի հետ խմբագրած են Սահմանադրութեան օրէնք:

Ազգային երեսփոխան եղած է 1860Էն գրեթէ մինչեւ իր մահը ու ազգին շահերուն պաշտպան հանդիսացած։ Գրագէտ անձ, Ֆրանսերէնէ թարգմանած է «Գինովափէ» անուն վէպ մը։ Կը մահանայ 2 Յունուար 1888ին։


Կատեգորիա:Հայ քաղաքական գործիչներ Կատեգորիա:1804 ծնունդներ Կատեգորիա:1888 մահեր Կատեգորիա:Հունվարի 2 մահեր Կատեգորիա:Կոստանդնուպոլիս քաղաքում ծնվածներ Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:Արևմտահայերեն հոդվածներ