«Յովհաննէս Ալթըն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Azniv Stepanian տեղափոխեց էջը «Ալթըն Յովհաննէս»-ից «Յովհաննէս Ալթըն» առանց վերահղում թողնելու
No edit summary
Տող 15. Տող 15.
== Աղբիւրներ ==
== Աղբիւրներ ==


*Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, էջ 56-58
*Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, էջ 56-58:


== Արտաքին հղումներ ==
== Արտաքին Յղումներ ==


*http://www.althendespaluds.fr/fr/3.cfm?p=233-jean-althen-agriculteur-althenois-venu-armenie-pour-importer-la-garance
*[http://www.althendespaluds.fr/fr/3.cfm?p=233-jean-althen-agriculteur-althenois-venu-armenie-pour-importer-la-garance JEAN ALTHEN]

19:11, 20 Սեպտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Յովհաննէս Ալթըն (Jean Althen) հողագէտ, ծնած է Նոր Ջուղտ (Ճուլխա—Սպահան) 1709ին: Հայրը

Յովհ. Ալթըն (Ավինեօնի Musée Calvetի մէջ)

Մկրտիչ, որ նահանգին հարուստ կառավարիչն էր, ժամանակ մը Վիեննա Պարսկական դեսպանի պաշտօն վարեց: Յովհաննէս ճոխութիան մէջ մէծցաւ մինչեւ 25 տարեկան: Այդ միջոցին դժբախտութիւն մը եկաւ իր ընտանիքին գլխուն: Նատիր Շահ (1688—1747). որ Պարսկաստանի այնքան չարիք հասցուց եւ այնքան արիւն թափել տուաւ՝ չխնայեց Ալթըն ընտանիքին,որուն բոլոր անդամները սպաննուեցան եւ հարստութիւննին գրաւուեցաւ: Միայն Յովհաննէս ազատեցաւ այդ ջարդէն: ժամանակ մը իտք իբր գերի վաճառուեցաւ եւ տարուեցաւ Անատօլուի մէկ քաղաքը, ուր քանի մը տարի հող մշակեց: Համբերութեան ու համակերպութեան շնորհիւ՝ Յովհաննէս յաջողեցաւ օր մը փախչիլ եւ ապաստանեցաւ Զմիւռնիա: Սակա՛ն հոն բռնուելու վախէն միշտ անհանգիստ՝ Ֆրանսական հիւպատոս Մ. Բէյսօնէլի դիմեց եւ անոր օգնութեամբ կրցաւ Զմիւռնիայէն Մարսէյլ մեկնիլ 1739—1740 Թուականննէրուն (ըստ Տիրան Թէքէեանի իր հետ տանելով տորոնի հունտը (ներկի տունկ. garance, քէօք, գըզըլ պօյա): Այս հանճարեղ Հայուն հայրը Մկրտիչ, (ըստ Տիրան Թէքէեանի) ինքն ալ ազատէլով Նատիր Շահի կոտորածէն՝ Մարսէյլ եկած էր Մուշտակով եւ սնդուսէ հագուստներով. հոն ամուսնանալով ֆրանսուհիի մը հետ՝ հասարակ արհեստներով սկսած էր պարապիլ (Կլայեկող, կօշկակար եւայլն): Յովհաննէս Մարսէյլի մէջ իր հայրը կը գտնէ եւ կը փորձէ բամպակի մշակութեամբ զբաղիլ. անյարմար կլիմային պատճառով չի յաջողիր: Աւինեօն կ'երթայ եւ Տորոն կը փորձէ մշակեր: Հոն հարուստ սեփականատէր Մարգիզ տը Կոմօն իր ձեռներէցութեան պտուղը քաղելու ատեն՝ կը մեռնի,երբ արդէն իր համբաւը կը սկսէր թռիչ առնուր: Բայց Վոգլիւղցիները եւ Աւենիօնի հարուստ սեփականատէրեր չեն մոռնար այս ձեռներեց Հայուն յիշատակը, որ Տորոնի մշակութեամբ մեծ բախտ պարգեւեց երկրին, անով Ֆրանսայի պետական գանձը եւ ժողովուրդը մեծ գումարներ շահեցան: 1850ին (ըստ Տ. Թէքէեանի) 50 գործարաններ եւ 450 երկանաքարեր հոն կը բանէին,խորհեցան այս Հայուն յիշատակը պանծացընել, որ անձկութեան պատճառ ե բացուած ստորագութեամբ բարձրացուցին արձան մը ժայռի մը վրայ. ասկէ զատ երկու արձաններ եւս նոյնպէս իր իւղաներկ պատկերը, զոր Մարգիզ տը Կոմօն պատրաստած էր եւ որ կը գտնուէր հնութեանց անկիւն մը՝ պ. Տ. Թէքէեանի շնորհիւ Քօնսէրվաթէօռի ուշադրութեան արժանացած՝ իր պատշաճ տեղը դրուեցաւ: (Տ. Թէքէեանի ուսումնասիրութեան ամփոփումը՝ Տե'ս Գափամաճեան Գրպանի Տարեցոյց 1935 էջ 174: – Թէոդիկ Ամ. Տարեցոյց 1924 էջ 138–43): Ըստ Թէքէեանի Յ. Ալթըն մեռած է 1749-ին, մինչդեռ Վ. Զարդարեան իր «Յիշատակարան»ի Բ. Հատորին մէջ 1774 Նոյեմբերին կը դնէ Ալթընի մահուան թուականը: Դարձեալ Վ. Զ. Յ. Ալթընը կ'ամուսնացնէ Մարսէյլի հարուստ ընտանիքի մը դստեր հետ, որը 29.000 սկուտի օժիտ կը տանի: Ամուսնանալէն էտք Յ. Ալթըն Վէրսայլ կ'երթայ եւ Լուդովիկոս ԺԵ.էն ունկնդրութիւն կը խնդրէ. «Նշանաւոր արհեստաւորներ» անուն գրքին մէջ այս տեսակցութիւնը հետեւեալ կերպով կը պատմուի, կը գրէ Վ. Զ., «Երկու ժամի մոտ տեւող տեսակցութեան մը մէջ, Ալթըն մետաքսի շինութեան նոր դրութեան մը վրայ ա՜յնքան տրամաբանօրէն եւ յստակօրէն խոսեցաւ, որ թագաւորը խոստացաւ անոր ծրագիրներուն գործադրութիւնը դիւրացնել»: Ալթըն Մոնբէլիէ կ'երթայ եւ հոն Տորոնի մծակութեան փորձեր կ'ընէ. թշնամիները արգելք կ'ըլլան անոր փորձերուն եւ արքունիքին առջեւ կը վարկաբեկեն զինքը: Լուդովիկոս ԺԵ.էն մոռցուած՝ Ալթըն ապարդիւն փորձերու մէջ կը կորսընցնէ դրամօժիտը եւ կ'որոշէ աղքատ վիճակի մէջ Մարսէյլ դառնալ: Սակայն յետոե կնոջը հետ Ավինիօն կ'երթայ եւ մշակութեան առաջին փորձով համբաւ կը շահի: Ինչպէս կ'երեւի Ալթընի Մկրտիչ հօր ամուսնութիւնը, օժիտին փճացումը կը պատմուի որդւոյն վրայ: 1846ին կանգնուած (Ավինեօնի մէջ) Յ. Ալթընի արձանին ներքեւ գրուած է. A Jean Althen Introducteur de la garance Les vaselusiens reconnaisants. «Պույեէ»ի Ֆրանսերէն պատմականը կը գրէ. «ԱլԹըն (Ժան), Պարսիկ, ծնած 1710ի ատենները, մեռած 1774. Զաւակն էր նահանգային կառավարիչի մը: Իր ընտանիքը Թամաս Գուլի-Խան կայսեր կողմէ տարագրուելով ինքն ալ իբր գերի ծախուեցաւ: Ան յաջողեցաւ աղատուիլ ու Ֆրանսա գաղթելով Վընըսէնի կոմսութիւնը ներմուծեց տորոնի մշակութիւնը, որ հարստացուց այս երկիրը, նոյնպէս կատարելագործեց մետաքսի շինութիւնը (1750–1763), Ավինեոն 1846ին կանգնեց անոր արձանը»: «Տէզօպրի եւ Պաշըլէի» կենսաբանական եւ պատմական մեծ բառարանն ալ կը գրէ, «Ալթըն (Ժան),երկրագործ. Ծնած Շաուք, Պարսկաստանի մէջ, 1709ին, մեռած Ֆրանսա 1774ին: Նահանգային կառավարիչի մը որդին, յետոյ պատերազմի հետեւանքով գերութեան մէջ ինկած, ազատեցաւ եւ Ֆրանսա եկաւ, իր յարատեւ ճիգերը զինքը թշուառութենէ փրկեցին, երկրագործութիւնը ձեւափոխեց եւ մեր նահանգներէն մէկուն ճարտարարուեստը ճոխացուց: Յիրաւի ան եղաւ ամենագործունեայ ազդակը տորոնի մշակման Ավինեոնի նահանգներուն եւ Վընըսէնի կոմսութեան մէջ: Ավինեոնը 1846ին Նոթըր Տամ տը Տոմսի ժայռին վրայ անոր արձան մը կանգնեց»:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, էջ 56-58:

Արտաքին Յղումներ