«Թաւրիզ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Ծանօթագրութիւններ: կատեգորիայի հեռացում using AWB
Չ →‎top: removed: {{ԱՀ}} using AWB
Տող 1. Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Թավրիզ}}
{{Արևելահայերեն|Թավրիզ}}
[[Պատկեր:Tabriz Mosaic Logo.jpg|250px|մինի|աջից]]
[[Պատկեր:Tabriz Mosaic Logo.jpg|250px|մինի|աջից]]

10:59, 24 Յունիս 2019-ի տարբերակ

Թաւրիզ (պարսկերէն՝ تبريز), կը գտնուի Պարսկաստանի Հիւսիս- արեւմտքը, Աճիչայ գետի հովիտին մէջ, 1364 մեթր բարձրութեան վրայ։

Պատմութիւն

Հիմնադրած են Սասանեանները 3-4 դարերուն։ Կ՛ենթադրեն, որ անուանումն առաջացած է հին պարսկերէն թեպրիզ «տենդը վանող» բառէն (նկատի ունեցած են տեղանքի առողջարար կլիման)։ Հայ մատենագրութեան մէջ առաջին յիշատակութիւնը պահպանուած է Փաւստոս Բիւզանդի մօտ (5-րդ դար)։ Հայ մատենագրութեան մէջ յիշատակուած է Թաւրէզ, Թաւրէժ եւ այլ ձեւերով։

Հայերը Թաւրիզի Մէջ

Հայերու Թաւրիզ հաստատման սկզբնական թուականի մասին ստոյգ տեղեկութիւններ չկան։ Սակայն ծանօթ է, որ սելճուք նուաճողները գերեվարած են հազարաւոր հայեր եւ Թաւրիզի մէջ բնակեցուցած։

Պարսկաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններուն համեմատ, Թաւրիզի հայերու թիւը բազմացած կամ նուազած են։

1830-ին Թաւրիզի մէջ եղած է քառասուն տուն հայ։ Իսկ եւրոպացի ճանապարհորդները վկայած են՝ Մարքօ Փոլօն (1271) եւ Կանտարինին (1474), որ ԺԳ․-ԺԵ․ դարերուն Թաւրիզի մէջ եղած են մեծ թիւով հարուստ հայեր[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

  • «Լոյս» հանրագիտակ 5, Յովսէփ Նալպանտեան, Երեւան, Տիգրան Մեծ 2009։

Կատեգորիա:Քաղաքներ (արւմտ․)