«Գէորգ Կառվարենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Ճակատամարտ → ճակատամարտ using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
Տող 33. Տող 33.
Նախնական կրթութիւնը ստացած՝ Զմիւռնիոյ Վիենն. Մխիթարեաններուն մօտ, ապա՝ Պարտիզակի ամերիկեան քոլէճին մէջ՝ որուն ընթացքը աւարտած է [[1908 թուական|1908-ին]]։
Նախնական կրթութիւնը ստացած՝ Զմիւռնիոյ Վիենն. Մխիթարեաններուն մօտ, ապա՝ Պարտիզակի ամերիկեան քոլէճին մէջ՝ որուն ընթացքը աւարտած է [[1908 թուական|1908-ին]]։


[[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ (արեւմտահայերէն)|Մինչեւ առաջին աշխարհամարտ (1914)]] ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Էնկիւրիի հայկական վարժարաններուն, ապա Սկիւտարի Սեմերճեան նախակրթականին մէջ։ Պատերազմի տարիներուն կ'ենթարկուի բանտի եւ աքսորի դառնութիւններուն, ու զինադադարէն ետք մաս կը կազմէ «ճակատամարտ»ի խմբագրութեան:
[[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ|Մինչեւ առաջին աշխարհամարտ (1914)]] ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Էնկիւրիի հայկական վարժարաններուն, ապա Սկիւտարի Սեմերճեան նախակրթականին մէջ։ Պատերազմի տարիներուն կ'ենթարկուի բանտի եւ աքսորի դառնութիւններուն, ու զինադադարէն ետք մաս կը կազմէ «ճակատամարտ»ի խմբագրութեան:


[[Զմիւռնիոյ Աղէտը (1922)|Իզմիրի աղէտէն]] ետք, [[1922 թուական|1922ին]] կ'անցնի [[Յունաստան]], ուր մինչեւ [[1943 թուական|1942 թուական]]ը ուսուցչական պաշտօն կը ստանձնէ զանազան քաղաքներու մէջ:
[[Զմիւռնիոյ Աղէտը (1922)|Իզմիրի աղէտէն]] ետք, [[1922 թուական|1922ին]] կ'անցնի [[Յունաստան]], ուր մինչեւ [[1943 թուական|1942 թուական]]ը ուսուցչական պաշտօն կը ստանձնէ զանազան քաղաքներու մէջ:

03:47, 12 Յունիս 2019-ի տարբերակ

Գէորգ Կառվարենց
Ծննդեան անուն Գէորգ Արապաճեան
Ծնած է 18 Մայիս 1892
Ծննդավայր Կ.Պոլիս
Մահացած է 5 Սեպտեմբեր 1946
Մահուան վայր Միլանօ, Իտալիա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Մխիթարեան վարժարան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, գրագէտ
Աշխատավայր Ուսուցչական պաշտօն
Երեխաներ Գէորգ Կառվարենց

Գէորգ Կառվարենց (Արապաճեան, 18 Մայիս 1892, Կ.Պոլիս - 5 Սեպտեմբեր 1946, Միլան), բանաստեղծ։

Կենսագրութիւն

Նախնական կրթութիւնը ստացած՝ Զմիւռնիոյ Վիենն. Մխիթարեաններուն մօտ, ապա՝ Պարտիզակի ամերիկեան քոլէճին մէջ՝ որուն ընթացքը աւարտած է 1908-ին։

Մինչեւ առաջին աշխարհամարտ (1914) ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Էնկիւրիի հայկական վարժարաններուն, ապա Սկիւտարի Սեմերճեան նախակրթականին մէջ։ Պատերազմի տարիներուն կ'ենթարկուի բանտի եւ աքսորի դառնութիւններուն, ու զինադադարէն ետք մաս կը կազմէ «ճակատամարտ»ի խմբագրութեան:

Իզմիրի աղէտէն ետք, 1922ին կ'անցնի Յունաստան, ուր մինչեւ 1942 թուականը ուսուցչական պաշտօն կը ստանձնէ զանազան քաղաքներու մէջ:

Երկրորդ աշխարհամարտին անստոյգ օրերուն, 1942ին Աւստրիոյ ճանապարհով Իտալիա անցած է, նախ՝ Վենետիկ, իսկ 1943ին՝ Միլան, ուր սրտի կաթուածի հետեւանքով յանկարծամահ եղած է 1946ի Սեպտեմբերին: Մարմինը ամփոփուած է Ս. Ղազարի գերեզմանատան մէջ:

Ստեղծագործութիւններ

Բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը հրատարակած է 1913ին՝ «Ծովեր» անունով։ 1921ին՝ «Գերեզմանի Ծաղիկներ», ու 1931ին՝ «Տաւիղ Եւոլեան» հատորները։ Մահէն երեսունեւմէկ տարի ետք (1977), իր զաւկին՝ յայտնի երաժշտագէտ-երգահան Ժորժ Կառվարենցի նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցան իր անտիպները, «Բանաստեղծութիւն» անունին տակ։

Քերթողական իր էջերը երաժշտական եւ հնչական բծախնդրութիւններով կը յատկանշուին։ Երաժշտական ձիրքերով օժտուած արուեստագէտ մըն էր նաե՛ւ ինք։ Ձայնական ներդաշնակութեան շեշտուած փոյթով՝ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ կշռոյթին, չափին ու յանգին հաւատարիմ մնացած է աւելի, քան հաղորդակցութեան պահանջներուն եւ իմաստի պայծառութեան։

1930ական թուականներուն՝ Աթէնքի մէջ՝ Անտոն Կազէլի, Գաբրիէլ Լազեանի եւ բանաստեղծ Վազգէն Եսայեանի հետ խմբագրած է «Արեւագալ» գրական պարբերաթերթը։


Կատեգորիա:1892 ծնունդներ Կատեգորիա:18 Մայիսի ծնածներ Կատեգորիա:1946 մահեր Կատեգորիա:5 Սեպտեմբերի մահացածներ