«Վահան Գարտաշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Եգիպտոս (արեւմտահայերէն) → Եգիպտոս using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: Կեսարիա (արեւմտահայերէն) → Կեսարիա (2) using AWB
Տող 8. Տող 8.
| նկարագրութիւն =
| նկարագրութիւն =
| ծնած է = [[1 Դեկտեմբեր]] [[1883 թուական|1883]]
| ծնած է = [[1 Դեկտեմբեր]] [[1883 թուական|1883]]
| ծննդավայր = [[Կեսարիա (արեւմտահայերէն)|Կեսարիա]]
| ծննդավայր = [[Կեսարիա]]
| վախճանած է = [[12 Յունիս]] [[1934 թուական|1934]]
| վախճանած է = [[12 Յունիս]] [[1934 թուական|1934]]
| վախճանի վայրը = [[Նիւ Եորք]]
| վախճանի վայրը = [[Նիւ Եորք]]
Տող 29. Տող 29.
| ստորագրութիւն =
| ստորագրութիւն =
}}
}}
'''Գարտաշեան Վահան''' ({{Լեզու en|Vahan Cardashian}}, [[1 Դեկտեմբեր]] [[1883 թուական|1883]], [[Կեսարիա (արեւմտահայերէն)|Կեսարիա]] - [[12 Յունիս]] [[1934 թուական|1934]], [[Նիւ Եորք]]), փաստաբան եւ մտաւորական։
'''Գարտաշեան Վահան''' ({{Լեզու en|Vahan Cardashian}}, [[1 Դեկտեմբեր]] [[1883 թուական|1883]], [[Կեսարիա]] - [[12 Յունիս]] [[1934 թուական|1934]], [[Նիւ Եորք]]), փաստաբան եւ մտաւորական։


== Կենսագրութիւն ==
== Կենսագրութիւն ==

13:28, 31 Մայիս 2019-ի տարբերակ


Վահան Գարտաշեան
Ծնած է 1 Դեկտեմբեր 1883
Ծննդավայր Կեսարիա
Մահացած է 12 Յունիս 1934
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Եէյլի համալսարան
Մասնագիտութիւն փաստաբան, քաղաքագէտ

Գարտաշեան Վահան (անգլերէն՝ Vahan Cardashian, 1 Դեկտեմբեր 1883, Կեսարիա - 12 Յունիս 1934, Նիւ Եորք), փաստաբան եւ մտաւորական։

Կենսագրութիւն

Կը պատկանի Ետիգարտաշեաններու ընտանիքին, որոնց մէկ ճիւղը կը գտնուի Ռումանիա եւ միւսը՝ Եգիպտոս: Իր նախակրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին վարժարանը եւ յետոյ յաճախած՝ Սէնթ Պազիլ Յիսուսեանց վարժարանը (1890-1900): 2 Յուլիս 1902-ին կ'երթայ Մ. Նահանգները եւ կը մտնէ Եէյլի համալսարանը եւ կը հետեւի օրէնսգիտութեան (1905-1908): Համալսարանը աւարտելէ յետոյ կ'ընդունուի օրէնսգէտներու կաճառին մէջ եւ 1909ին կը կազմէ ընկերակցութիւն մը ուրիշ փաստաբանի մը հետ: 1911ին կ'ըլլայ տնօրէն, խորհրդական եւ վիճակագիր Ամերիկայի Օսմ. Առեւտրական Սենեակին եւ խորհրդական Ուաշինկթընի Թրքական Դեսպանատան եւ Նիւ Եորքի Թրքական Ընդհ. Հիւպատոսարանին (1910-1914): 1913-ին Ելմտական գործակալ Թուրքիոյ Միացեալ Նահանգաց մէջ, եւ 1914-ին օգնական բարձր յանձնակատար Թուրքիոյ՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Միջազգային արուեստահանդէսին:

Ընդհանուր պատերազմէն յետոյ թրքական ծառայութիւնը կը թօթափէ եւ կը գտնուի ազգային կեանքի մէջ, եւ կ'աշխատի հայկական անկախութեան դատին համար եւ կը վարէ Հոկտեմբեր 1918-էն 1923 պատուակալ տնօրէնութիւնը Փրէս Պիւրոյի եւ James W. Gerardի ատենապետութեան տակ գործող Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Յանձնախումբին:

Ստեղծագործական Կեանք

Հեղինակած է այլեւայլ գիրքեր, ինչպէս Օսմ. Կայսրութիւնը Ի. Դարուն (1908): Արեւելեան տնդրոյ վրայ կարճ բացատրութիւն մը (1908), Խորհրդարանական օրինաց սկզբունքները (1909), Արդի կեանքը թրքական հարէմին մէջ (1912), Հայաստան եւ Հայք (1916): Ունի բազմաթիւ յօդուածներ եւ տետրակներ Արեւելեան խնդրոյն մասին (1916-1923). Հայկ եւ Արման անուններով աշխատակցած է Հայրենիքի: 1907-1923 շրջանին կատարած է գիտական կաճառներու եւ Համալսարաններու մէջ բազմաթիւ բանախօսութիւններ Արեւելեան խնդրոյն եւ անոր յարակից նիւթերու մասին:

Վահան Գարտաշեան թերեւս տաղանդ ունէր սակայն դժբախտութիւն մըն է, որ նկարագրով բախտախնդի մը եղած է: 1908-ին ամուսնանալով տարէց այրի Ամերիկուհիի մը հետ, անոր նիւթական միջոցները ուզած է իրեն բարձրացման պատուանդան դարձնել, եւ ասոր համար է որ իր ծառայութիւնը տրամադրած է նախ Թուրքերուն: Կարծելով թէ կրնայ օգտագործել Թուրք կառավարութիւնը 1913-ին կ'երթայ Կ. Պոլիս, իբր թէ լուսաւորելու համար թուրք ժողովուրդը եւ թուրք կառավարութիւնը թէ Օսմ. կայսրութիւնը կազմող զանազան ցեղերը պարտ էին սորվիլ բարեկամ ըլլել իրարու հետ եւ մշակել եղբայրութեան ոգին: Միւս կողմէ Ամերիկացիներուն կը ներկայանար իբր պետը կազմակերպութեան մը, որուն նպատակն էր յառաջացնել Թուրքիոյ մէջ բարոյական վիճակներ, որոնք հարկաւոր էին նոր բէժիմին յաջողութեան»: Արդարեւ Թուրքիայէն կը դառնար ձեռք բերած վերը նշանակուած շահաբեր պաշտօնները, (Ելեւմտական գործակալ, օգնական բարձր յանձնակատարի եւ փաստաբան Նիւ Եորքի թուրք հիւպատոսարանին) որոնք պահեց մինչեւ 1918 գէթ իբր տիտղոս, եւ գործակցեցաւ այն մարդոց որոնք Թուրքիոյ ամբողջութիւնը պաշտպանելու նպատակով ծրագիրներ կը յղանային եւ կը պատրաստէին «Reconstruction Work in Turkey» գիրքը որ հազարաւոր օրինակներով ձրի ցրուուեցաւ, եւ խոշոր դեր կատարեց ամերիկացիներու միտքերը յեղաշրջելուն մէջ:

Սակայն իր արկածախնդրական բազմաթիւ արարքներուն մէջ գլուխ-գործոցը պիտի մնայ 1921-ին հրատարակած տետրակը «Ուիլսըն Հայաստանի կործանիչ» խորագրով որով կը յարձակէր Նախագահ Ուիլսընին, Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին եւ Ամերիկեան Միսիոնարներուն վրայ, զանոնք մատնանշելով իբր Հայաստանի դժբախտութեան երկարաձգման պատասխանատու, ինչ որ պատճառ եղաւ որ Կ. Պոլսոյ հայ երեք հոգեւոր պետերը 20 Մայիս 1921-ին պաշտօնական յայտարարութեամբ դատապարտեն զինքը: Վահան Գարտաշեան, երբեմն հակառակորդ յետոյ անձնուէր գործիչ Դաշնակցութեան, կը մեռնի 12 Յունիս 1934-ին ի Նիւ Եորք:

Գարտաշեան որդին էր Նազար Գարտաշեանի: 1920-էն ի վեր, երբ Սովիէթ Ռուսիոյ կողմէ գրաւուեցաւ կարճատեւ Հայկական Հանրապետութիւնը, Գարտաշեան փաստաբանն էր Հայկական Հանրապետութեան պատուիրակութեան, որ ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը եւ օրինաւոր յաջորդն է Հայկական Հանրապետութեան կառավարութեան, որուն կեդրոնը կը գտնուի Փարիզ:

Գարտաշեան խիստ քննադատ մըն էր Մ. Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան՝ Թուրքիոյ վերաբերմամբ, եւ 1923-ի Ապրիլին ծերակուտեիեն Պորահի գրած նամակով մը ամբաստանեց թէ՝ նախագահին դահլիճին երկու անդամները Լօզանի քօնֆէրանսին մէջ ծախեցին հայկական դատը... Կարճ ժամանակ կը յետոյ, Գարտաշեան իբր փաստաբանը Հայկ. Հանրապետութեան պատուիրակութեան նամակ մը ուղղեց նախագահ Գուլիճին, հրաւիրելով Միացեալ Նահանգները որ պատուիրակութեան հետ միասին Լահէի իրաւաբանական մնայուն Ատեանին ենթարկեն Մ. Նահանգներու եւ Հայաստենի միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները։

Գարտաշեան դասախօսեց Եէյլ համալսարանի եւ այլ հաստատութեանց մէջ:

Աղբիւրներ


Կատեգորիա:1883 ծնունդներ Կատեգորիա:1 Դեկտեմբերի ծնածներ Կատեգորիա:Կեսարիա ծնածներ Կատեգորիա:1934 մահեր Կատեգորիա:12 Յունիսի մահացածներ Կատեգորիա:Նոր-Եորք մահացածներ Կատեգորիա:Հայ փաստաբաններ