«Ազգային Կեդրոնական Վարժարան (Պոլիս)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
No edit summary
Տող 8. Տող 8.
Անհրաժեշտ էր հիմնել երկրորդական ուսման ազգային վարժարան մը, որ կարողանար ընդունիլ նաեւ ձրիավարժ աշակերտներ, Պոլիսէն եւ գաւառէն։
Անհրաժեշտ էր հիմնել երկրորդական ուսման ազգային վարժարան մը, որ կարողանար ընդունիլ նաեւ ձրիավարժ աշակերտներ, Պոլիսէն եւ գաւառէն։


Պոլսոյ ամենահին եւ կարեւոր թաղամասերէն մին էր Ղալաթիան, ուր գոյութիւն ունէր Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Անոր կողքին կը գտնուէր Ամենափրկիչեան նախակրդարանը, որ զոհ գնաց [[1874]] թուականի Ղալաթիոյ մեծ հրդեհին։ Ուսուցիչ՝ [[Ստեփան Փափազեան]]ի ջանքերով կը վերաշինուի Ամենափրկչեան դպրոցի շէնքը, յարկաբաժիններ աւելցնելով Կեդրոնականի, Ազգային Մատենադարանի եւ Ազգային Ժողովի համար։
Պոլսոյ ամենահին եւ կարեւոր թաղամասերէն մին էր Ղալաթիան, ուր գոյութիւն ունէր Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Անոր կողքին կը գտնուէր Ամենափրկիչեան նախակրթարանը, որ զոհ գացած է 1874 Ղալաթիոյ մեծ հրդեհին։ Ուսուցիչ՝ [[Ստեփան Փափազեան]]ի ջանքերով կը վերաշինուի Ամենափրկիչեան դպրոցին շէնքը, յարկաբաժիններ աւելցնելով «Կեդրոնական»ին, Ազգային Մատենադարանին եւ Ազգային Ժողովին համար։
Վարժարանը իր ուսումնական առաքելութեան կը ձեռնարկէ 14 Սեպտեմբեր 1886-ին, Յարութիւն Պատրիարք Վեհապետեանի շրջանին։ Թաղը, ուր կը գտնուի վարժարանը, քիչ թիւով հայ բնակիչներ ունեցած էր եւ հեռաւոր թաղերու ուսանողներ եկած ու կեդրոնացած էին այս դարաւոր կրթական յարկին երդիքին տակ։ Արդէն իսկ ի սկզբանէ վարժարանը սահմանուած էր «Կեդրոնական» Վարժարան մը ըլլալու, ուր պիտի կարենային զանազան թաղերու նախակրթարաններէն շրջանաւարտ յաջող աշակերտներ իրենց ուսումը կատարելագործել, հետագային ծառայելու համար որպէս ուսուցիչ Պոլսոյ եւ գաւառներու վարժարաններուն մէջ։
{{Անավարտ}}
Վարժարանը միշտ յաջողագոյն լիսէներու շարքին տեղ գրաւելով հասցուցած է բազմաթիւ արժէքաւոր անհատներ, որոնք թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ պատուաբեր պաշտօններու տիրանալով բարձր պահած են Կեդրոնականի անունը։

Այժմ, իբրեւ երկսեռ երկրորդական վարժարան, կը գործէ քառամեայ լիսէի բաժինով։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ, Կեդրոնական Վարժարանի նախկին շքամուտքին թաղուած են Կեդրոնական Վարժարանի բարերարներ՝ Յարութիւն Էֆէնտի Գափամաճեան (1814-1878) եւ Մաքրուհի Գափամաճեան (1827-1887)<ref>[http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/%D5%AF%D5%A5%D5%A4%D6%80%D5%B8%D5%B6%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6-%D5%BE%D5%A1%D6%80%D5%AA%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%B6-%D5%A5%D6%82-%D5%BD-%D5%A3%D6%80%D5%AB%D5%A3%D5%B8%D6%80-%D5%AC%D5%B8%D6%82%D5%BD%D5%A1/ Կեդրոնական]</ref>։



[[Կատեգորիա:Կրթական հաստատութիւններ]]
[[Կատեգորիա:Կրթական հաստատութիւններ]]

15:27, 23 Նոյեմբեր 2018-ի տարբերակ

Կաղապար:Անաղբյուր Կաղապար:ԱՀ


Ազգային Կեդրոնական Վարժարան, Պոլսոյ մէջ հայկական երկրորդական վարժարան։ Բացուած է 1886 թուականին։

1860ական թուականներուն արեւմտահայութեան համար նշանակելի երեւոյթ մըն էր Ազգային Սահմանադրութեան որեգրումը։ Թէեւ այդ թուականին Պոլսոյ մէջ կային աւելի քան 40 նախակրթականներ, սակայն երկրորդական եւ բարձրագոյն դասարաններու պակասը մեծապէս զգալի էր։ Այս զարթօնքին Ուսումնական խորհուրդը միշտ օրակարգի վրայ կ'ունենար Կ.Պոլսոյ եւ գաւառներու ազգային նախակրթարաններն աւարտող պատանիներու երկրորդական ուսում տալու եւ մասնաւորաբար գաւառային նորաբաց դպրոցներուն համար ուսուցիչ պատրաստելու հարցերը։ Անհրաժեշտ էր հիմնել երկրորդական ուսման ազգային վարժարան մը, որ կարողանար ընդունիլ նաեւ ձրիավարժ աշակերտներ, Պոլիսէն եւ գաւառէն։

Պոլսոյ ամենահին եւ կարեւոր թաղամասերէն մին էր Ղալաթիան, ուր գոյութիւն ունէր Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Անոր կողքին կը գտնուէր Ամենափրկիչեան նախակրթարանը, որ զոհ գացած է 1874-ի Ղալաթիոյ մեծ հրդեհին։ Ուսուցիչ՝ Ստեփան Փափազեանի ջանքերով կը վերաշինուի Ամենափրկիչեան դպրոցին շէնքը, յարկաբաժիններ աւելցնելով «Կեդրոնական»ին, Ազգային Մատենադարանին եւ Ազգային Ժողովին համար։ Վարժարանը իր ուսումնական առաքելութեան կը ձեռնարկէ 14 Սեպտեմբեր 1886-ին, Յարութիւն Պատրիարք Վեհապետեանի շրջանին։ Թաղը, ուր կը գտնուի վարժարանը, քիչ թիւով հայ բնակիչներ ունեցած էր եւ հեռաւոր թաղերու ուսանողներ եկած ու կեդրոնացած էին այս դարաւոր կրթական յարկին երդիքին տակ։ Արդէն իսկ ի սկզբանէ վարժարանը սահմանուած էր «Կեդրոնական» Վարժարան մը ըլլալու, ուր պիտի կարենային զանազան թաղերու նախակրթարաններէն շրջանաւարտ յաջող աշակերտներ իրենց ուսումը կատարելագործել, հետագային ծառայելու համար որպէս ուսուցիչ Պոլսոյ եւ գաւառներու վարժարաններուն մէջ։ Վարժարանը միշտ յաջողագոյն լիսէներու շարքին տեղ գրաւելով հասցուցած է բազմաթիւ արժէքաւոր անհատներ, որոնք թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ պատուաբեր պաշտօններու տիրանալով բարձր պահած են Կեդրոնականի անունը։

Այժմ, իբրեւ երկսեռ երկրորդական վարժարան, կը գործէ քառամեայ լիսէի բաժինով։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ, Կեդրոնական Վարժարանի նախկին շքամուտքին թաղուած են Կեդրոնական Վարժարանի բարերարներ՝ Յարութիւն Էֆէնտի Գափամաճեան (1814-1878) եւ Մաքրուհի Գափամաճեան (1827-1887)[1]։


Կատեգորիա:Կրթական հաստատութիւններ Կատեգորիա:Հայկական կրթական հաստատութիւններ

  1. Կեդրոնական