«Յովսէփ Էմին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: [Իրան (արեւմտահայերէն) → [Իրան using AWB
Չ →‎Յովսէփ Էմինը Եւրոպայի մէջ: clean up, replaced: Եվրոպա → Եւրոպա using AWB
Տող 56. Տող 56.
}}</ref>։
}}</ref>։


1759 թուականին Յովսէփ Էմինը կու գայ Հայաստան, ուր մօտէն կը ծանօթանայ տիրող իրավիճակին։ Ան կը համոզուի, որ թրքական տիրապետութեան դէմ ազատագրական պայքար կարելի է սկսիլ միայն որեւէ հարեւան տերութեան օժանդակութեամբ։ Այդպիսի հնարաւոր դաշնակից կ՝ ըրնար ըլլալ Ռուսաստանը կամ Վրաստանը<ref>[http://www.findarmenia.com/arm/history/22/402/404 Հովսեփ Էմինի գործունեությունը Արևմտյան Եվրոպայում]</ref>։
1759 թուականին Յովսէփ Էմինը կու գայ Հայաստան, ուր մօտէն կը ծանօթանայ տիրող իրավիճակին։ Ան կը համոզուի, որ թրքական տիրապետութեան դէմ ազատագրական պայքար կարելի է սկսիլ միայն որեւէ հարեւան տերութեան օժանդակութեամբ։ Այդպիսի հնարաւոր դաշնակից կ՝ ըրնար ըլլալ Ռուսաստանը կամ Վրաստանը<ref>[http://www.findarmenia.com/arm/history/22/402/404 Հովսեփ Էմինի գործունեությունը Արևմտյան Եւրոպայում]</ref>։


== Յվսէփ Էմինը Ռուսաստանի ու Այսրկովկասի մէջ ==
== Յվսէփ Էմինը Ռուսաստանի ու Այսրկովկասի մէջ ==

05:38, 31 Մայիս 2019-ի տարբերակ


Յովսէփ Էմին
Ծնած է 1726
Ծննդավայր Համատան
Մահացած է 1809
Մահուան վայր Կալկաթա, Բրիտանական կայսրութիւն[1][2]
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Ուսումնավայր Թագավորական ռազմական ակադեմիա?
Մասնագիտութիւն հասարակական գործիչ, արձակագիր

Յովսէփ Էմին (Էմին Յովսէփ Էմինեան 1726, Համատան, Իրան - 2 Օգոստոս, 1809, Կալկաթա, Հնդկաստան)՝ հայ ազատագրական պայքարի գործիչ։ Ան մեծ ներդրում ունի հայ ազատագրական մտքի զարթօնքի մէջ, եւ ժամանակագրական առումով երկրորդն է՝ Իսրայէլ Օրիէն ետք։

Հայերը Հնդկաստանի մէջ

Կալկաթայի հայկական եկեղեցին

18-րդ դարու կեսերէն հայ ազատագրական շարժման մէջ կը սկսին աշխուժանալ Եւրոպայի ու Ասիոյ հայ գաղթօճախները։ Անոնց մէջ առանձնահատուկ տեղ ունէր հնդկահայ գաղութը։

Հնդկաստանի մէջ հայերը հաստատուած էին դեռեւս 16-17-րդ դարերուն եւ կը զբաղուէին գերազանցապէս վաճառականութեամբ։ Հայկական խոշոր եւ ծաղկուն համայնքներ կային Հնդկաստանի շատ մը քաղաքներուն մէջ (Կալկաթա, Սուրհաթ, Մադրաս եւ այլն)։ 17-րդ դարու երկրորդ կեսէն, երբ եւրոպական պետութիւնները կը փորձէին ներթափանցել Հնդկաստան, հայերը արդէն այնտեղ մեծ կշիռ ունէին։ Անգլիական «Արեւելա-հնդկական ընկերութիւնը» Հնդկաստան մուտք գործելը դիւրացնելու նպատակով 1688 թուականին պայմանագիր կը կնքէ անոնց հետ։ Անոր համաձայն հայերը իրենց ապրանքները անգլիական նաւերով փոխադրելու իրաւունք կ՝ ըստանան։

Սակայն ամրապնդուելով Հնդկաստանի մէջ՝ անգլիացիները կը ձգտէին միայնակ տիրանալ հնդկական առեւտուրին եւ կ՝ ըսկսէին հետզհետէ սահմանափակել հայ վաճառականութեան իրաւունքները։ Անգլիացիները ունէին խոշոր նաւատորմ, կանոնաւոր բանակ, ուստի կրցան զէնքի ուժով տիրանալ գրեթէ ամբողջ Հնդկաստանին։ Հնդկահայ բուրժուազիան կը սկսին գիտակցիլ հայրենիքի, սեփական պետութեան, բանակի անհրաժեշտութեանը ու նշանակութեանը։ Յովսէփ Էմինը այդպիսի գործիչ էր[3]։

Յովսէփ Էմինը Եւրոպայի մէջ

Վուլուիչի թագաւորական ռազմական ակադեմիա

Հնդկահայ գաղութին մէջ հայկական ազատագրական շարժման առաջին մունետիկը եղաւ Յովսէփ Էմինը։ Անոր նախնիները Հայաստանէն Պարսկաստան տարուած էին Շահ Աբաս I-ի ժամանակ։

Յովսէփ Էմինը ծնած է 1726 թուականին Պարսկաստանի Համատան քաղաքին մէջ, ուրկէ անոնց ընտանիքը տեղափոխուած էր Կալկաթա։ Ան ծանօթ էր ինչպէս պարսկա-թրքական լուծի տակ գտնուող հայ ժողովուրդի վիճակին, այնպէս ալ ականատես էր Հնդկաստանի մէջ հայ վաճառականութեան դժուարին կացութեանը։

Էմինը կ՝ որոշէր երթալ Անգլիա, սորուիլ ռազմական գործը եւ ձեռնամուխ ըլլալ Հայաստանի ազատագրմանը։ Անոր կ՝ ոգեւորէին Արցախի եւ Սիւնիքի ազատագրական պայքարի մասին տեղեկութիւնները, որ հայերը համառ կռիւներ կը մղէին հայրենիքի ազատագրութեան համար։

1751 թուականին Էմինը, հակառակ հօր կամքին, որ անոր վաճառական դարձնել, ծառայութեան կը մտնէ Անգլիա գացող նաւու մը հետ եւ կ՝ ուղղուի Անգլիա։ Անգլիոյ մէջ Յովսէփ Էմինը կ՝ ընդունուի Վուլվիչի զինւորական ակադեմիան, կը ծանօթանայ անգլիական քաղաքական ու պետական գործիչներու հետ։ Ակադեմիոյ մէջ ան կը հմտանայ ռազմական գործի մէջ։ 1751-1759 թուականներուն բնակած է Մեծ անգլիոյ մէջ, ուր ուսումնասիրած է ռազմարուեստ եւ լեյտենանտի կոչումով մասնակցած է ֆրանսացիներու դէմ անգլիացիներու ռազմական գործողութիւններուն մէջ։ Այնուհետեւ Էմինը կը մեկնի Գերմանիա՝ մասնակցելու Ֆրանսայի դէմ մղուող պատերազմին[4]։

1759 թուականին Յովսէփ Էմինը կու գայ Հայաստան, ուր մօտէն կը ծանօթանայ տիրող իրավիճակին։ Ան կը համոզուի, որ թրքական տիրապետութեան դէմ ազատագրական պայքար կարելի է սկսիլ միայն որեւէ հարեւան տերութեան օժանդակութեամբ։ Այդպիսի հնարաւոր դաշնակից կ՝ ըրնար ըլլալ Ռուսաստանը կամ Վրաստանը[5]։

Յվսէփ Էմինը Ռուսաստանի ու Այսրկովկասի մէջ

Հերակլ II

Վերադառնալով Անգլիա՝ Էմինը կը հանդիպի Անգլիոյ մէջ ռուսական դեսպան Գոլիցինին։ Անոնցմէ վերցնելով Ռուսաստանի վարչապետ Վորոնցովին ուղղուած հանձնարարական նամակը՝ 1761 թուականին կ՝ երթայ Ռուսական կայսրութեան նորակառոյց մայրաքաղաք Սանկտ Պետերբուրկ։ Վորոնցովին Էմինը կը ներկայացնէ Հայաստանի ազատագրութեան իր ծրագիրը, ցանկութիւն կը յայտնէ ըլլալՎրաստանի մէջ։ Ան մտադիր էր հայրենիքի ազատագրութեան համար վրաց Հերակլ II թագաւորի հետ դաշնակցած պայքարիլ թրքական տիրապետութեան դէմ։

Վորոնցովը կ՝ ընդարաչէ Էմինի խնդրանքին եւ Հերակլ II թագաւորին ուղղուած նամակով անոր կը ղրկէ Վրաստան։ Մոսկուայի մէջ Յովսէփ Էմինի կը միանայ Մովսես Բաղրամեանը, իսկ Աստրախանի մէջ կը հաւագագրուի կամաւորներու ջոկատ, որ կ՝ ուղղեկցի Էմինին։

Վրաց թագաւորը կը համաձայնի օժանդակել Էմինի ծրագրերբուն եւ անոր կը հանձնարարէ եւրոպական ռազմական արուեստով վարժեցնել վրացական զօրքը։ Հայաստանի մէջ ազատագրական շարժումը աշխուժացնելու համար Էմինը կապեր կը հաստատէ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի վանահայր Յովնան եպիսկոպոսի հետ։ Վերջինս մեծ աշխատանք կը տանէր ջոկատներ հաւաքագրելու եւ Օսմանեան կայսրութեան հպատակութեան տակ գտնուող ասորիներու ու քիւրտերու հետ համագործակցելու ուղղութեամբ։ Յովնանը կը պնդէր, որ Էմինը Հայաստան գալու ժամանակ ունենայ վրաց թագապորի կողմէն տրամադրուած թեկուզ փոքրիկ զորաջոկատ մը։ Անոր հետ թուրքերը կը համոզուին, որ վրացիներն ալ հայերու հետ են։ Հերակլ II-ը, զգուշանալով Թուրքիոյ հետ ընդհարումէն, երկար ժամանակ կը տատանէր որոշակի խոստումներ տալ։

1764 թուականին Յովսէփ Էմինը եւ Հերակլը խրախուսական նամակներ կ՝ ուղարկեն Յովնանին։ Նամակատարը Երեւանի խանի մարդոց կողմէն կը ձերբակալուի։ Տեղեկանալով այդ մասին՝ Սիմեոն Երեւանցի կաթողիկոսը հանդէս կու գայ Էմինի եւ Յովնանի ծրագրերու դէմ։ Ան անիրագործելի կը համարուէր սեփական ուժերով Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի դէմ հաղթանակի հասնելու։ Ան նամակով կ՝ ըիշտաբանէ Հերակլ II-ին Էմինին ընդառաջելու համար։ Զգուշանալով հետագայ անախորժութիւններէն՝ Հերակլը Յովսէփ Էմինէն կը պահանջէ հեռանալ Վրաստանէն։

Յովսէփ Էմինը հարկադրուած կ՝ անցնի Հիւսիսային Կովկաս, ուր կը մնայ աւելի քան մէկ տարի։ 1766 թուականին ան կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը հանրագրուի Գետաշէնի մէջ գտնուող Գիւլիստանի մելիք Յովսէփի մօտ։ Էմինը Գետաշէնի մէջ կը մասնակցի Գանձակի խանի անակնկալ արշաւանքի դէմ մելիք Յովսէփի մղած ճակատամարտին։ Հայկական զօրքերը ջախջախիչ պարտութեան կը մատնեն խանի բանակին։ Անոր կը հետապնդեն մինչեւ Գանձակի դարպասները եւ կը պաշարեն քաղաքը։ Հերակլ II-ի միջնորդութեամբ հայկական զօրքը կը կեցնէ պաշարումը։

Արցախի իրադրութեանը ծանօթանալու համար Յովսէփ Էմինը Շուշիի մէջ կ՝ այցելէ Իպրահիմ խանին եւ ապա կը մեկնի Գանձասար։ Այստեղ ան կը տեղեկանայ, որ Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը բանադրանքի սպառնալիքով հրամայած է չընդունիլ եւ չօժանդակել Էմինին։ Համոզուելով, որ Արցախի մէջ կը կատարուին Սիմէոն Երեւանցիի հրամանը, կ՝որոշէ կրկին վերադառնալ Ռուսաստան։ Շամախի մէջ Էմինը, լսելով, թէ Խոյի ու Սալմաստի քրիստոնեաները պատրաստ են իրեն տրամադրել 18 հազար զինուոր, կ՝երթայ Խոյ։ Այնտեղ, սակայն, կը հրաժարին զօրք տրամադրելէ, որովհետեւ Էմինը զօրքի վարձատրման համար գումար չունէր[6]։

Անյաջողութիւնները զգալի չափով կը հուսահատեցնեն Էմինին։ 1770 թուականին ան վերջնականապէս կը վերադառնայ Հնդկաստան։

Իր կեանքի պատմութիւնը Յովսէփ Էմին, գրի առած է 1792 թուականին Լոնտոնի մէջ տպագրուած «Հայազգի Յովսէփ Էմինի կեանքը եւ արկածները», որ ինքը գրածէ անգլերէն լեզուով (անգլ.՝ «The Life and Adventures of Joseph Emin an Armenian, written in English by himself») գիրքին մէջ[7]։

Յովսէփ Էմինը Հնդկաստանի մէջ

Կալկաթայի հայկական եկեղեցին

Հայաստանի ազատագրութիւնը նախապատրաստելու համար հնդկահայ մեծահարուստ Շահամիր Շահամիրեանի գլխաւորութեամբ Հնդկաստանի Մադրաս քաղաքին մէջ ստեղծուած խմբակի անդամները 18-րդ դարուն 70–80-ական թուականներուն կատարած են դիւանագիտական ու կազմակերպչական մեծ աշխատանք։

Յովսէփ Էմինը, Հնդկաստան վերադառնալով, շարունակեց ազատագրական–հայրենասիրական քարոզչութիւնը, որ կը ոգենշէր նաեւ Մադրասի հայերուն։ Այդ նպատակով ան գրած եւ հրատարակած է իր կեանքի պատմութիւնը։ Հնդկահայերը կ՝ որոշեն Էմինի տրամադրութեան տակ դնել 12 հազար ռուփի՝ բանակ ստեղծելու համար։ Գրիգոր Խոջաճանեանը կը յայտնէ, թէ ինքը պատրաստ է անգամ այդ ծրագրի համար կտակել իր ունեցուածքի մէկ երրորդը, եթէ այդ ծրագրին համաձայնութիւն տայ նաեւ Սիմէոն կաթողիկոսը։

Աշխատութիւններ

Ծանօթագրութիւններ

Գրականութիւն

Տե՛ս նաեւ


Կատեգորիա:1726 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:1809 մահեր Կատեգորիա:2 Օգոստոսի մահացածներ Կատեգորիա:Համատան ծնածներ Կատեգորիա:Հայ արձակագիրներ Կատեգորիա:Հայ հասարակական գործիչներ Կատեգորիա:Հայ ռազմական գործիչներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Կալկաթա մահացածներ (արւմտ․)