«Արամ Մանուկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Արտաքին յղումներ: կատեգորիայի հեռացում
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: [Թիֆլիս (արեւմտահայերէն) → [Թիֆլիս using AWB
Տող 51. Տող 51.
Ա­րա­մի ճի­գե­րուն ար­գա­սի­քը կ'ըլլայ 1915ի-ն ­Վա­նի հա­յու­թեան միաս­նա­կան՝ հե­րո­սա­կա՛ն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, ո­րուն ո­գին եւ հուժ­կու բռունցքն էր Ա­րամ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ան նշա­նա­կո­ւած է օս­ման­ցի­նե­րէն իր ան­կա­խու­թիւ­նը նո­ւա­ճած ­Վա­նի կա­ռա­վա­րիչ, ար­ժա­նա­նա­լով ոչ միայն վա­նե­ցի­նե­րուն, այ­լեւ՝ ­Վան մտած ռու­սա­կան զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան հիաց­մուն­քին ու վստա­հու­թեան։
Ա­րա­մի ճի­գե­րուն ար­գա­սի­քը կ'ըլլայ 1915ի-ն ­Վա­նի հա­յու­թեան միաս­նա­կան՝ հե­րո­սա­կա՛ն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, ո­րուն ո­գին եւ հուժ­կու բռունցքն էր Ա­րամ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ան նշա­նա­կո­ւած է օս­ման­ցի­նե­րէն իր ան­կա­խու­թիւ­նը նո­ւա­ճած ­Վա­նի կա­ռա­վա­րիչ, ար­ժա­նա­նա­լով ոչ միայն վա­նե­ցի­նե­րուն, այ­լեւ՝ ­Վան մտած ռու­սա­կան զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան հիաց­մուն­քին ու վստա­հու­թեան։


*1916-1917 թուականներուն Արամ Մանուկեան եղած է [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]]ի հայոց [[Ազգային բիւրօ|Ազգային բիւրոյի]] եւ [[ՀՅԴ]] բիւրոյի անդամ (զբաղած է արեւմտահայ գաղթականութեան հարցերով): Մեծ դեր խաղացած է արեւմտահայերու առաջին համագումարի կազմակերպման գործին մէջ: 1917-ին իբրեւ Հայոց ազգային խորհուրդի լիազօր-ներկայացուցիչ՝ ժամանած է [[Երեւան]]:
*1916-1917 թուականներուն Արամ Մանուկեան եղած է [[Թիֆլիս]]ի հայոց [[Ազգային բիւրօ|Ազգային բիւրոյի]] եւ [[ՀՅԴ]] բիւրոյի անդամ (զբաղած է արեւմտահայ գաղթականութեան հարցերով): Մեծ դեր խաղացած է արեւմտահայերու առաջին համագումարի կազմակերպման գործին մէջ: 1917-ին իբրեւ Հայոց ազգային խորհուրդի լիազօր-ներկայացուցիչ՝ ժամանած է [[Երեւան]]:


Ծանօթանալով այնտեղ ստեղծուած ծանր պայմաններուն՝ Արամ կտրուկ միջոցներ ձեռնարկած է իրադրութիւնը կայունացնելու համար, գլխաւորած է նոր ստեղծուած Յատուկ կոմիտէն, որ զինք օժտած է լայն լիազօրութիւններով, իսկ 1917-ի իր Ե­րե­ւան ժա­մա­նու­մէն մին­չեւ 1919-ի իր մարմ­նա­պէս հիւ­ծումն ու մա­հը՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեան բա­ռին ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով Ա­րա­րա­տեան ­Դաշ­տի ողջ հա­յու­թեան մար­տու­նակ կամ­քին եւ հա­ւա­քա­կան ու­ժին խտա­ցեալ մարմ­նա­ւո­րու­մը դար­ձած է։
Ծանօթանալով այնտեղ ստեղծուած ծանր պայմաններուն՝ Արամ կտրուկ միջոցներ ձեռնարկած է իրադրութիւնը կայունացնելու համար, գլխաւորած է նոր ստեղծուած Յատուկ կոմիտէն, որ զինք օժտած է լայն լիազօրութիւններով, իսկ 1917-ի իր Ե­րե­ւան ժա­մա­նու­մէն մին­չեւ 1919-ի իր մարմ­նա­պէս հիւ­ծումն ու մա­հը՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեան բա­ռին ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով Ա­րա­րա­տեան ­Դաշ­տի ողջ հա­յու­թեան մար­տու­նակ կամ­քին եւ հա­ւա­քա­կան ու­ժին խտա­ցեալ մարմ­նա­ւո­րու­մը դար­ձած է։

19:39, 30 Մայիս 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Արամ Մանուկեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Սարգիս Հովհաննիսյան[1]
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Արամ փաշա, Սերգեյ Հովհաննիսյան եւ Արամ Մանուկյան
Ծնած է 19 Մարտ (1879)
Ծննդավայր Զէյվա (այժմ`ՀՀ Սիւնիքի մարզ, գիւղ՝ Դաւիթ Բէկ)
Մահացած է 29 Յունուար 1919
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
 Ռուսական Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Երևանի թեմական դպրոց?[1]
Մասնագիտութիւն Քաղաքական եւ հասարակական գործիչ
Աշխատավայր

Վանի նահանգապետ, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերու

նախարար,Երեւան նահանգի դիկտատոր
Վարած պաշտօններ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, Նահանգապետ եւ Ներքին գործոց նախարար
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ամուսին Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան
Երեխաներ Սեդա
Ստորագրութիւն

Արամ Մանուկեան (բուն անունով՝ Սարգիս (Սերգէյ) Յովհաննիսեան) (187929 Յունուար 1919), պետական, հասարակական գործիչ, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տիչ, Հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր։ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան անդամ։ Վասպուրականի ապստամբութեան գլխաւոր ղեկավար։

Կենսագրութիւն

Ծնած է Զէյվա (այժմ`ՀՀ Սիւնիքի մարզ, գիւղ՝ Դաւիթ Բէկ): (Այլ տեսակետի համաձայն Արցախի Շուշի քաղաքում): Շուշիի մէջ դերձակութեամբ զբաղող եղբօր օգնութեամբ, կ'աւարտէ Շուշիի Ագուլեաց ծխական վարժարանը,

  • 1890-ին կ'ընդունուի Շուշիի թեմական դպրոցը։ Դաշնակցութեան ազդեցութեամբ տեղի ունեցած խռովայոյզ ցոյցերէն ետք՝ ընկերներուն հետ, կը վտարուի դպրոցէն, ապա կ'ընդունուի եւ կ'աւարտէ Երեւանի թեմական դպրոցը (1907-ին)։
  • Հայ ժողովուրդին հակացարական պայքարին մասնակցելով՝ 1901-1903–ին կը գործէ Պաքուի, Գանձակի, Թիֆլիսի, Ալեքսանդրապոլի (Կիւմրի) եւ Կարսի մէջ, ուր կը լծուի հայ պանդուխտ բանուորներու ազգային-յեղափոխական պատրաստութեան եւ կազմակերպման եռուն աշխատանքին` իր կարգին Երկիր անցնելու եւ ազատագրական կենդանի պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու մտասեւեռումով: Բայց Պաքուի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն կը նախընտրէ իր մօտ պահել գաղափարական խոր համոզումներու տէր եւ կազմակերպական մեծ շնորհներով օժտուած երիտասարդ Արամը, որպէսզի ան շարունակէ դէպի Երկիր ուխտաւորներու պատրաստութեան պատասխանատու գործը:
  • 1903-ին Կարսի մէջ կը զբաղի Արեւմտեան Հայաստան զէնք, զինամթերք, նաեւ կամաւորական խումբեր փոխադրելով։ Կարսի Հնոցը ղեկավարող Դաշնակցութեան օրուան պատասխանատուները կը նախընտրեն իրենց մօտ պահել մարդիկ իր շուրջ համախմբելու եւ գործի լծելու բնածին տաղանդով յատկանշուող երիտասարդ այս գործիչին: Արամ տարի մը կը մնայ Կարս:
  • 1904-1908-ին կը գործէ Վանի մէջ (ուր զինք կ'անուանեն «Վանի Արամ»), ապա Օրտու քաղաքին մէջ կը զբաղի ուսուցչութեամբ:

1904-ին Վանը ամրօրէն կը փարի արդէն Արամ անունով ներկայացող դաշնակցական գործիչին, որ այնուհետեւ մինչեւ 1916, շատ կարճ ընդհատումով (2 տարի կ'ապրի Ժընեւ), կ'ապրի ու կը գործէ Վասպուրական աշխարհի մէջ:

  • 1910-ին կը վերադառնայ Վան, եւ կը դառնայ Վասպուրականի հայութեան ամէնէն ճանչցուած եւ սիրուած գործիչը: Վասպուրականի մէջ ան ամէնուր էր` ե՛ւ դպրոց, ե՛ւ մամուլ, ե՛ւ ազգային հաստատութիւններ, ե՛ւ երիտասարդական շրջաններ, ե՛ւ յարաբերութիւններ կառավարութեան հետ եւ այլն:
  • Կը կազմակերպէ եւ կը ղեկավարէ 1915-ի Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, որուն յաղթական աւարտէն ետք կը ղեկավարէ Վանի նահանգապետութիւնը (գոյատեւած է 70 օր՝ անկում ապրելով ռուսական զօրքերու անակնկալ հեռանալէն ետք): Ան միակ մարդն էր, որ հեղինակութիւն ունէր բոլորին մօտ` թէ հակառակորդներուն, թէ դաշնակիցներուն:

Օսմանեան կառավարութեան աչքի փուշը դարձած Արամը որքան կ'ատեն, այնքան ալ պատկառանքով կը նային Վան եկած ու գացած թուրք թէ քիւրտ իշխանաւոր պէկերն ու փաշաները: Այն աստիճան, որ նոյնինքն թշնամին Արամի մէջ կը տեսնէ իր մեծագոյն ախոյեանը եւ «Փաշա» կ'անուանէ զայն:

Ռուսական զօրքերու նահանջին ատեն կը կազմակերպէ Վասպուրականի հայութեան (շուրջ 200 հազար հոգի) գաղթը դէպի Արեւելեան Հայաստան:

Ա­րա­մի ճի­գե­րուն ար­գա­սի­քը կ'ըլլայ 1915ի-ն ­Վա­նի հա­յու­թեան միաս­նա­կան՝ հե­րո­սա­կա՛ն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, ո­րուն ո­գին եւ հուժ­կու բռունցքն էր Ա­րամ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ան նշա­նա­կո­ւած է օս­ման­ցի­նե­րէն իր ան­կա­խու­թիւ­նը նո­ւա­ճած ­Վա­նի կա­ռա­վա­րիչ, ար­ժա­նա­նա­լով ոչ միայն վա­նե­ցի­նե­րուն, այ­լեւ՝ ­Վան մտած ռու­սա­կան զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան հիաց­մուն­քին ու վստա­հու­թեան։

  • 1916-1917 թուականներուն Արամ Մանուկեան եղած է Թիֆլիսի հայոց Ազգային բիւրոյի եւ ՀՅԴ բիւրոյի անդամ (զբաղած է արեւմտահայ գաղթականութեան հարցերով): Մեծ դեր խաղացած է արեւմտահայերու առաջին համագումարի կազմակերպման գործին մէջ: 1917-ին իբրեւ Հայոց ազգային խորհուրդի լիազօր-ներկայացուցիչ՝ ժամանած է Երեւան:

Ծանօթանալով այնտեղ ստեղծուած ծանր պայմաններուն՝ Արամ կտրուկ միջոցներ ձեռնարկած է իրադրութիւնը կայունացնելու համար, գլխաւորած է նոր ստեղծուած Յատուկ կոմիտէն, որ զինք օժտած է լայն լիազօրութիւններով, իսկ 1917-ի իր Ե­րե­ւան ժա­մա­նու­մէն մին­չեւ 1919-ի իր մարմ­նա­պէս հիւ­ծումն ու մա­հը՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեան բա­ռին ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով Ա­րա­րա­տեան ­Դաշ­տի ողջ հա­յու­թեան մար­տու­նակ կամ­քին եւ հա­ւա­քա­կան ու­ժին խտա­ցեալ մարմ­նա­ւո­րու­մը դար­ձած է։ Արամի հերոսապատումին գագաթնակէտը եւ, միանգամայն, խտացումը կը հանդիսանայ Դեկտեմբեր 1917-ի անկիւնադարձային պահը։ Պոլշեւիկեան յեղաշրջման հետեւանքով եւ Լենինի կոչով՝ աւելի քան հարիւր տարի Հայաստանի հողերուն վրայ իր տիրակալութիւնը հաստատած ռուսական զօրքը կը լքէ Հայաստանի սահմանները ու խուժանավարի դէպի Ռուսաստան կը փութայ, ցեղասպան թրքական զօրքին դէմ անպաշտպան ձգելով հայութեան եւ Հայաստանի վերջին բեկորները։ Այդ պահուն, Երեւանի մէջ խցկուած շինական, այլեւ գաղթական հայութիւնը եւ հայ կամաւորական ջոկատները իրենց հայեացքը կը յառեն Արամի ուղղութեամբ, «դիկտատոր» կը հռչակեն ժողովրդավար եւ ընկերվարական Արամը եւ Հայաստանի ու հայութեան օրհասական վերջին կռուին ղեկավարութիւնը կը վստահին իր անյողդողդ Կամքին եւ Մարտունակութեան։

Եւ Արամ արժանաւորապէս կը ղեկավարէ աւելի քան հինգ ամիսներու վրայ երկարած հայ ժողովուրդի պատմական վերածնունդի այդ օրհասական կռիւները Ան իր տեն­դոտ աշ­խա­տան­քով եւ բազ­մու­թիւն­ներ գե­րե­լու եւ ի մի բե­րե­լու, հա­մախմ­բե­լու եւ կազ­մա­կերպ ամ­րո­ցի վե­րա­ծե­լու իր տա­ղան­դով՝ շունչ եւ մար­մին կու տայ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մին, ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ Ղա­րա­քի­լի­սէ­յի յաղ­թա­կան հե­րո­սա­մարտ­նե­րուն։ Հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան օր­հա­սա­կան այդ պա­հուն՝ Ե­րե­ւա­նի հա­յու­թիւ­նը «­Դիկ­տա­տոր» նշանակած Ա­րա­մին կը վստա­հի ազ­գա­յին իր ճա­կա­տագ­րին դարբ­նու­մը։ Ա­րամ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս կ'ի­րա­գոր­ծէ իր ու­սե­րուն վրայ դրո­ւած ծան­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը եւ դարձած հիմ­նա­դի­րը՝ ­Հա­յոց ­Պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին։

Մանուկեան բազմաթիւ կոչերով ու հրամաններով դիմած է հայ ժողովուրդին՝ կազմակերպուած պայքար մղելու, սեփական ուժերուն վստահելու, թրքական յարձակումներէն երկրի պաշտպանութիւնը նախապատրաստելու համար:

Արամ Մանուկեան մարդը

Արամ իր պատանեկան տարիքէն նետուած է հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար անխոնջ պայքարի ու անվեհեր կռուի դաշտ, ամբողջ կեանքը զոհաբերած է այդ նպատակին եւ հայոց լեռներու ամեհի ու խրոխտ կարծրութեամբ եւ տոկունութեամբ թրծուած իր նկարագրով, գաղափարապաշտութեամբ ու մարտունակութեամբ՝ ինքնուրոյն իր դրոշմ դրած հայոց նորագոյն պատմութեան արեւածագին վրայ։ Արամը դարձած է հայոց պայքարի եւ ստեղծարար միտքի մարմնացումն ու ոգին: Իր գործունէութեան առաջին իսկ օրերէն ան աչքի ինկած է իր ժողովուրդին անսպառ նուիրումով, պատասխանատուութեամբ, մեծ եռանդով, քաղաքական հասունութեամբ, կազմակերպչական բացառիկ ձիրքով: Արամի համոզումը այն էր, որ ազատագրական պայքարի դրօշ բարձրացուցած հայ ժողովուրդը իր յոյսը դնէ սեփական ուժերուն վրայ:

1918-ին Մայիսեան ճակատագրական, ծայրահեղ ծանր օրերուն, երբ թրքական զօրքերը ներխուժած էին Արարատեան դաշտ եւ անմիջականօրէն կը սպառնային Ս. Էջմիածինին ու Երեւանին, երբ դրուած էր հայ ժողովուրդին լինել-չլինելու հարցը, երբ պահ մը յուսալքութիւնը ստացած էր համատարած բնոյթ, Արամ չընկրկիր: Ան մինչեւ վերջ կը մնայ անկոտրում, լաւատես, գործնական, անարգ թշնամիին հակահարուած հասցնելու հարցով անզիջող եւ կը յաջողի իր շուրջը համախմբել նուիրեալ այլ գործիչներ ու ժողովուրդին մէջ բորբոքել պայքարի ոգին, որու իբրեւ արդիւնք կը կազմակերպուին Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի հերոսամարտերը, որոնք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծումը կ'իրագործեն:

Իր ծրագիրները կեանքի կոչելու համար Արամ միշտ իր անձով օրինակ կը դառնար բոլորին: Համեստ էր ու զուսպ, միշտ քալելով գործի կ'երթար, յաճախ կը տեսնուէր ժողովրդական միջոցառումներու ընթացքին: Մարդամօտ էր ու բարի: Բայց երբ գործը կը պահանջէր, նաեւ դաժան էր ու անզիջող: Մանաւանդ Սարդարապատի ճակատամարտին նախորդած օրհասական օրերուն ան բանակին մէջ տիրող բարոյալքումն ու դասալքութիւնը կասեցնելու համար, քանի մը հրապարակային գնդակահարութիւններ իրականացուցած է:

Արամին ամենամեծ ծառայությունը իր ժողովուրդին, Սարդարապատի հերոսամարտն էր: Մինչ այդ պատմութեան մէջ չէր պատահած նման դէպք մը, որ թրքական կանոնաւոր զօրքերուն հայկական բանակը առանձին դիմադրէր, այն ալ` բաց դաշտի մէջ: Բայց Արամի վճռականութիւնն ու կամքը կը յաղթեն:Ան լաւ կը գիտակցէր, որ հայ ժողովուրդը այլ ելք չունէր յաղթական ճակատամարտէն բացի: Հայը այդ օրերուն կռիւի դաշտ կու գայ միայն ու միայն յաղթելու եւ ապրելու նշանաբանով: Եւ կը յաղթէ: Արամին կը պատկանի Սարդարապատի առաջին դափնին: Իրն է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման պատիւը: Հայաստանի անկախութիւնը կերտողը Արամն ու անոր շրջապատի գործիչներն էին:

Որպէս նախարար Արամ ժողովուրդին սիրելին էր: Ան զուսպ ու համեստ կեանք կ'ապրէր: Անոր նորակազմ ընտանիքը ոչինչով կը տարբերէր հասարակ ժողովուրդէն: Անմռունչ կը կրէր ժողովուրդին ցաւերն ու դժուարութիւնները: Հրաժարած էր բոլոր առանձնաշնորհումներէն, որոնցմէ կառավարութեան անդամները կրնային օգտուիլ: Հրաժարած էր նաեւ ծառայողական ինքնաշարժէն: Վանի մէջ, երբ զինք կ'այցելէ ընկերը` ականաւոր գործիչ Ռուբէն Տէր-Մինասեանը, կը զարմանայ անոր կենցաղավարութեան վրայ: Հետագային Ռուբէնն իր յուշերուն մէջ գրած է. «…Չորս պատ, չորս աթոռ, ո՛չ սեղան, ո՛չ էլ մահճակալ…»: Նոյնքան անշուք էր Երեւանի բնակարանը: Երբ ընկերները այդ մասին դիտողութիւն կ'ընէին, ան կը պատասխանէր` «Դատարկ բաներով մի մտահոգուէք»:

Հայաստանի Ա. հանրապետութեան տարիները եւ մահը

Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք կը ղեկավարէ երկիրը մինչեւ 1918-ի 23 Յուլիս, երբ Երեւան կը ժամանէ Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ։ Նոր կառավարութեան մէջ 1918-ին նո­րան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան դար­բինն ու հաս­տա­տա­կամ ո­գին ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ դաշ­նակ­ցա­կա­նի իր նկա­րագ­րով եւ ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի ան­կեղծ զի­նո­ւո­րի մղու­մով, Սար­դա­րա­պա­տեան հե­րո­սա­մարտ­նե­րը կեր­տած «­Դիկ­տա­տոր»ի իր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը վար կը դնէ եւ վար­չա­պետ Յ. ­Քա­ջազ­նու­նիի գլխա­ւո­րած անդ­րա­նիկ կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ կը ստանձ­նէ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը մինչեւ մահ, իսկ աշխատանքի եւ խնամատարութեան նախարար՝ Խաչատուր Կարճիկեանի սպանութենէն ետք, շուրջ մէկ ամիս՝ 15 Նոյեմբեր 1918-էն մինչեւ 13 Դեկտեմբեր 1918, հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատարն էր։ Կը մահանայ 29 Յունուար 1919-ին, Երեւանի իր անշուք բնակարանին մէջ, բծաւոր տիֆէն։ Անոր մահով նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը զրկուի հայ ժողովուրդի ազգային-հասարակական ներքին միասնութիւնը շաղախող, պետականօրէն կազմաւորող եւ սեփական ուժերով ամրապնդող ղեկավար գործիչէն

Արամ Մանուկեան վայելած է հայ ժողովուրդի սէրն ու յարգանքը. ժողովուրդը անոր ձօնած է երգեր։

Ընտանիք

Ամուսանցած էր Հայաստանի առաջին խորհրդարանի 2-րդ գումարման պատգամաւոր՝ բժշկուհի Կատարինէ Զալեան-Մանուկեանի հետ: Ունէին մէկ դուստր՝ Սեդա[2]:

Մեծերը Արամի մասին

Արամ Մանուկեանի կիսանդրին՝ Կիւմրի
...Երբ գիշերը գայ, մտնէք ձեր հոգու սենեակը, խօսէք ձեր խղճի հետ եւ ասէք, արդեօ՞ք աշխատել էք հայ ժողովրդի համար այնպէս, ինչպէս Արամը, եղե՞լ էք այնքան անձնազոհ, որքան Արամը, տուե՞լ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովրդին, ինչպէս Արամը...
- Նիկոլ Աղբալեան, գրականագէտ, քաղաքական գործիչ


Արամ Մանուկեան հայ ժողովրդի բովանդակ պատմութեան այն սակաւաթիւ իրատես դէմքերից մէկն է, որոնց մեծութիւնը ճիշդ տեսնելու եւ ճիշդ գնահատելու համար հարկաւոր է ժամանակի հեռաւորութիւն։
- Յարութիւն Թուրշեան, պատմաբան, գրող


Ծանօթագրութիւններ

Գրականութիւն

  • Արամը (Մահուան յիսնամեակն առթիւ), Պէյրութ, 1969, երկրորդ հրատ., Թեհրան, 1982, երրորդ հրատ., Երևան, 1991, 550 էջ, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/777/Aram@1.pdf
  • Սիմօն Վրացեան, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Փարիզ, 1928, Պէյրութ, 1968, Երևան, 1993, 704 էջ, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/286/HH_Simon%20Vracyan.pdf
  • Արամ Մանուկյան (փաստաթղթերի և նյութերի ժողովածու), գլխ. խմբ. Ամ. Վիրաբյան, Երևան, ՀԱԱ, 2009, 575 էջ, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/941/aram_manukyan.pdf
  • Ասրյան Արմեն, Արամ Մանուկյան. կյանքը և գործը (ազատագրական շարժման և անկախ պետականության վերականգման ուղիներում), Երևան, 2005, 268 էջ, 2-րդ հրտ., Երևան, 2008, 3-րդ հրտ., Երևան, 2009, 267 էջ:
  • Արամ Մանուկեան (յօդուածներու ժողովածու), Երեւան, 2010:
  • Դրօշակ, օրգան Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Փարիզ, 1929, թիւ 1:
  • Կոսոյեան Հայկակ, Վան-բէրդաքաղաքի ժողովրդային հերոսապատում (1915, ապրիլի 7 – մայիս 3), Թեհրան, 1966, 181 էջ:
  • Կոսոյեան Հայկակ, Վան–քաղաքամիջի ապրիլեան կռիւները, Երեւան, 1992, 135 էջ:
  • Հովհաննիսյան Ռիչարդ, Հայաստանի հանրապետություն, հատ. 1. (1918–1919 թթ.), 2005, 604 էջ:
  • Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան. 1890–1950, խմբ. Ս. Վրացեան, Բոստոն, 1950, էջ 464-468:
  • Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար, Գ. հատ., խմբ. Հր. Տասնապետեանի, Պէյրութ, 1976, Բ. հրատ., Պէյրութ, 2007, 358 էջ:
  • Ռուբէն, Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատ. Ա, Թեհրան, 1982, 401 էջ, Երեւան, 1990, 402 էջ:
  • Ռուբէն, Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատ. Բ, Թեհրան, 1982, 326 էջ, Երեւան, 1990, 328 էջ:
  • Ռուբէն, Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատ. Ե, Թեհրան, 1982, 383 էջ, Երեւան, 1991, 384 էջ:
  • Վան–Վասպուրականի հերոսամարտը – 75 (նյութերի ժողովածու), կազմող` Հ. Դ. Փափազյան, 1990, 127 էջ:
  • Վասպուրական (Վան–Վասպուրականի ապրիլեան հերոսամարտի տասնուհինգամեակին առթիւ. 1915–1930), Վենետիկ, 1930, 413 էջ:
  • The Armenian Rebellion at Van Utah Series in Turkish and Islamic Studies, Justin McCarthy, The University of Utah Press, 2006, ISBN 0874808707

Արտաքին յղումներ

Կաղապար:Շաբաթվա հոդված նախագծի մասնակից


Կատեգորիա:1879 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:1919 մահեր Կատեգորիա:Սիւնիք ծնածներ Կատեգորիա:Երեւան մահացածներ Կատեգորիա:Քաղակական կեղծանուններ (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայ հասարակական գործիչներ Կատեգորիա:29 Յունուարի մահացածներ