«Յակոբ Աբգարեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 43. Տող 43.


== Ընտանիք ==
== Ընտանիք ==
Յակոբ Աբգարեան 1825-ին կ՛ամուսնանա յ Պէյրութի մէջ Մասատ ծանօթ ընտանիքին աղջիկներէն Հավվայի հետ, կ՛ունենան եօթը զաւակ - երեք մանչ, չորս աղջիկ: Ժօզէֆ եւ Մարթա կր մեռնին անչափահաս։ Յակոբի աղջիկներէն Ճէմէմիա եւ Էլիզապէթ ամուսնացան տեղացի ընտանիրներու, մինչ ամենամեծ աղջիկը Մարիա ամուսնացաւ յոյն
Յակոբ Աբգարեան [[1825]]-ին կ՛ամուսնանա յ [[Պէյրութ]]ի մէջ Մասատ ծանօթ ընտանիքին աղջիկներէն Հավվայի հետ, կ՛ունենան եօթը զաւակ - երեք մանչ, չորս աղջիկ: Ժօզէֆ եւ Մարթա կր մեռնին անչափահաս։ Յակոբի աղջիկներէն Ճէմէմիա եւ Էլիզապէթ ամուսնացան տեղացի ընտանիրներու, մինչ ամենամեծ աղջիկը Մարիա ամուսնացաւ յոյն
ծագումէ Ա. Ֆիլիպիտէսի հետ։ Այս ընտանիքէն քաղաքիս ծանօթ փաստաբաններէն Մեթր Ճօրճ Ֆիլիպիտէս: Յակոբի մանչերուն ամենամեծն էր Իսքէնտէր, իսկ փոքրիկը՝ ճան (Եուհաննա), որոնք գրի գրականութեան եւ առեւտուրի սաւրէ ասպարէզին մէջ համբաւաւոր հանդիսացան եւ որոնց կենսագրութիւնները, ինչպէս նաեւ Աբգարիոս գերդասատանի այլ արժէքաւոր զաւակներուն կենսագրութիւնները, կուտանք հոս։ Յակոբ մեռաւ Հոկտ. 20, 1845-ին, 64 տարեկան հասակին, եւ թաղուեցաւ այժմու. անկլօ-ամերիկեան
ծագումէ Ա. Ֆիլիպիտէսի հետ։ Այս ընտանիքէն քաղաքիս ծանօթ փաստաբաններէն Մեթր Ճօրճ Ֆիլիպիտէս: Յակոբի մանչերուն ամենամեծն էր Իսքէնտէր, իսկ փոքրիկը՝ ճան (Եուհաննա), որոնք գրի գրականութեան եւ առեւտուրի սաւրէ ասպարէզին մէջ համբաւաւոր հանդիսացան եւ որոնց կենսագրութիւնները, ինչպէս նաեւ Աբգարիոս գերդասատանի այլ արժէքաւոր զաւակներուն կենսագրութիւնները, կուտանք հոս։ Յակոբ մեռաւ Հոկտ. 20, [[1845]]-ին, 64 տարեկան հասակին, եւ թաղուեցաւ այժմու. անկլօ-ամերիկեան
հին գերեզմանատունը։ Շիրմին վրայ դրուած է տտպանաքար մը որու վրայ հայերէն (գրաբար) եւ թէ արաբերէն մակագրութիւն մը կա յ, որուն արձանագրութիւնը
հին գերեզմանատունը։ Շիրմին վրայ դրուած է տտպանաքար մը որու վրայ հայերէն (գրաբար) եւ թէ արաբերէն մակագրութիւն մը կայ, որուն արձանագրութիւնը
եւ նկարը կուտանք։
եւ նկարը կուտանք։


Ինչպէս ըսինք Յակոբ Աբգարեան եղաւ իր ժամանակին Պէյրութի ծանօթ անձնաւորութիւննեն: Այս ուղղութեամբ հետեւեալը կը գրէ «եաղուպ աղա (ասյպէս ճանչցուած Յակոբ Աբգաբեան) մեծ կարողութեան տէր մարդ մըն էր եւ իր ժամանակին կառավարիչներու. եւ կուսակալներու շարքին համբաւաւոր անձնաւորութիւն մըն էր Մերձ. Արեւելքի մէջ»:
Ինչպէս ըսինք Յակոբ Աբգարեան եղաւ իր ժամանակին [[Պէյրութ]]ի ծանօթ անձնաւորութիւննեն: Այս ուղղութեամբ հետեւեալը կը գրէ «եաղուպ աղա (ասյպէս ճանչցուած Յակոբ Աբգաբեան) մեծ կարողութեան տէր մարդ մըն էր եւ իր ժամանակին կառավարիչներու. եւ կուսակալներու շարքին համբաւաւոր անձնաւորութիւն մըն էր Մերձ. Արեւելքի մէջ»:


Աս Սուր Թաղէն դէպի վեր անկլօ֊ամերիկեսան եկեղեցին ելլող ճամբուն վրայ հին Պէյրութ քաղաքը գուռ մըն ունի եղեր որ այժմ ալ կը տեսնուի վերոյիշեալ ճամբուն աջին՝ փոսի մէջ, եւ ի պատիւ Յակոբ աղա Աբգաբեանի, կը կոչուի եղեր եւ տակաւին ալ կը կոչուի Պապ եաղուպ: Կը կարծուի թէ ժամանակին այս դուռը գոյութիւն չունի եղեր, սակայն երբ Յակոբ քաղաքէն դուրս հող մը գնած է (ինչպէս ըսինք՝ այժմու Սբ. Նշան եկեղեցիին վայրը), ինք ազդեցիկ անձնաւորութիւն մը ըլլալուն՝ դոառ մը բանալ տուած է, որ ի պատիւ իրեն կոչոած է Պապ եաղուպ: Մեր Սբ. Նշան եկեղեցին (այսինքն այն ատենւայ Յակոբ Աբգարեանի բնակարանը) Պէյրութէն շատ դուրս կը գտնուի եղեր:
Աս Սուր Թաղէն դէպի վեր անկլօ֊ամերիկեսան եկեղեցին ելլող ճամբուն վրայ հին [[Պէյրութ]] քաղաքը գուռ մըն ունի եղեր որ այժմ ալ կը տեսնուի վերոյիշեալ ճամբուն աջին՝ փոսի մէջ, եւ ի պատիւ Յակոբ աղա Աբգաբեանի, կը կոչուի եղեր եւ տակաւին ալ կը կոչուի Պապ եաղուպ: Կը կարծուի թէ ժամանակին այս դուռը գոյութիւն չունի եղեր, սակայն երբ Յակոբ քաղաքէն դուրս հող մը գնած է (ինչպէս ըսինք՝ այժմու Սբ. Նշան եկեղեցիին վայրը), ինք ազդեցիկ անձնաւորութիւն մը ըլլալուն՝ դոառ մը բանալ տուած է, որ ի պատիւ իրեն կոչոած է Պապ եաղուպ: Մեր Սբ. Նշան եկեղեցին (այսինքն այն ատենւայ Յակոբ Աբգարեանի բնակարանը) Պէյրութէն շատ դուրս կը գտնուի եղեր:
<ref>{{Գիրք:Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն|114-118}}</ref>:
<ref>{{Գիրք:Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն|114-118}}</ref>:

== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{ծանցանկ}}
{{ծանցանկ}}

15:16, 5 Օգոստոս 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Յակոբ Աբգարեան(ծն.՝1781, Պէյրութ, վախճանած է՝ 1845-ին) Աշխարհական անունով ճանչցուած Յակոբ Աբգարեան հիմնադիրն է Աբգարիոս (արարերէն հընչումով՝ Էպքարիոս) ծանօթ գերդաստանին, Իր ծնողներուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին:

կենսագրութիւն

Ծնած է 1781-ին Ագշէհիր, ուրկէ իր կրօնաւոր անունը՝ Լիւստրացի, Ագշէհիրը կը ձդէ պատանի հասակին՝ հայերէն լեզուի նախնական ուսում մը ստանալէ յետոյ, եւ կը մտնէ Երուսաղէմի Սբ. Յակոբանց վանքի ժառանգաւորաց վարժարանը: 1807-ին, 26 տարեկան հասակին կը ձեռնադրուի վարդապետ եւ պաշտօնով արտասահման կը ղրկուի վանքին համար հանգանակութիւն ընելու: 1815-ին Պոլիս կ՚ուղարկուի որպէս Երուսաղէմի Պատրիարքին ներկայացուցիչ: Պոլիս կը մնայ մինչեւ 1818, Ագշէհիր այցելելէ յետոյ Պոլսէն Երուսաղէմ կը ղրկուի մասնաւոր առաքելութեամբ մը որու նպատակը չկրցանք ճշդել։ Երկու տարի յետոյ՝ 1820-ին, էջմիածինի մէջ եպիսկոպոս կը ձեռանադրուի և կուգայ Պոլիս: Կարճ ժամանակ մը յետոյ կը հրաժարի Պոլսոյ իը պաշտօնէն եւ կ՛երթայ Ագշէհիր: Երուսաղէմի Պատրիարքին պնդումին վրայ որ Երուսաղէմ վեյադառնայ, հոն կերթայ երկու տարի յետոյ կը ստանձնէ իը պաշտօնը: Ինչպէս ըսինք 1824-ին կը հրաժարի կուսակրօնութենէ, նախ Սայտա և ապա Պէյրութ կը հաստատուի Յակոբ Աբգարեան աշխարհական անունով: Աշխարհական կեանքի մէջ ալ ծանօթ հանդիսացաւ Յակոբ Աբգարեան: Անգլիա կ՚այցելէ ու կ՛ըսուի թէ թագաւորին ունկնդրութեան կ՛արժանանայ։ 1825-ին Սայտայի անգլիական հիւպատոս կը նշանակուի, պաշտօն մը որ մինեւ 1829 կը պահէ: Այս թուականէն մինչեւ 1845՝ իր մահը, կը հաստատուի Պէյրութ, ուր Ժամանակ մը նէապոլսոյ թագաւորութեան եւ ապա Անգլիոյ Սուրիոյ հիւպատոս կը նշանակուի ։ Պէյրութի մէջ հող կը գնէ եւ տուն կը շինէ այն ատեն քաղաքէն դուրս գտնուող այժմու անկլօ-ամերիկեան եկեղեցիին մօտ։ Այս նոյն ինքն մեր հիմակուայ Աբ. նշան եկեղեցին է: Յակոբի մահէն յետոյ իր բնակարանը երուսաղէմի պատրիարքներէն Յովհաննէսի կողմէ ծախու առնուեցաւ եւ Աբ. երկիկ գացող ուխտաւորներու համար Սբ. նշան անուամբ մատուռի վերածուեցաւ: Այս մասին հետեւեալը կը կարդանք Սաւալանեանցի «Պատմութիւն Երուսաղէմի» գրքին 952րդ եջին վրայ:

Գործեր

Յակոբ նմանապէս հող գնեց Սայտայի մէջ: Այժմու Տէյր Մուխալլէսի եւ շրջակայքի հողերը կը պատկանէին իրեն, զորս ինք ծախեց վերոյիշեալ վանքին։ Սա ալ ըսենք միջանկեալ կերպով՝ թէ այս երեք կարդացող կղերականներու Սայտա հաստատւուիլը անկէ յառաջ կուգար որ այդ ժամանակ, այսինքն շուրջ հարիւր յիսուն տարի առաջ, Սայտա աւելի մեծ ու կարեւոր քաղաք մըն էր քան Պէյրութ, ինչպէս մանրամասն կերպով բացատրեցինք Պէյրոթի պուտմութեան մէջ։ Իր պատրիարքական ներկայացուցիչ նշանակուիլը 34 տարեկան հասակին եւ արքեպիսկոպոս ձեռնադրուիլը 39 ին, կ՛ապացուցանեն թէ բացառիկ կարողութեանց տէր մէկն էր Յակոբ Աբգարեան, մինչեւ վերջն ալ լաւ ու սիրալիր յարաբերութիւն մշակեց Երուսաղէմի պատրիարքութեան հետ: Իր Պոլիս որպէս պատուիրակ զրկուիլը լուրջ դժգոհութիւն կը պատճառէ իրեն։ Իսկ խռովաբար Եղիա վարդապետին պաշտօնի ետ կոչուիլը պատճառ կ՛ըլլայ իր վանական կեանքէ հրաժարելուն։ Երուսաղէմի Պատրիարքին գրած նամակներր կ՝ապացուցանեն թէ իր դիրքը պատրիարքարանի հանդէպ միշտ ալ բարեկամական էր։ Իր վերջին նամակը շնորհակալութիւ.ն կը յայտնէ այգ ժամանակւայ Պատրիարք հօր որ իր (Յակոբին) ընտանիքին պէտք եղած աջակցութիւնը եւ հիւրասիրութիւնը ընծայած են ինք եւ վաքը, երբ Յակորին կինը զաւակներր Երուսաղէմ այցելութեան գացած են վանքին հետ առնչութիւն ունեցող հաշուական խնդրով մը որ դեռ այդ ժամանակ առկախ կը մնար (Յակոբին եւ վանքին միջեւ: Հետաքրքրական է դիտել թէ նամակներէն ոմանք հայերէն գրուած էին, իսկ ուրիշներ ալ հայատառ Թրքերէն։ Հայերէն նամակները ստորագրուած են Աբգարեան, իսկ հայատառ Թրքերէն նամակները ստորագրուած են Ապիքարիոս կամ Աբգարիոս Եպիոկոպոս Ագշէհիրցի: Ինչպէս գիտենք, Աբգար անունը մէզի հայերուս անծանօթ անուն մը չէ: Ունեցած ենք մեր Աբգար Թագաւորը։ Անշուշտ հոս երբեք ըսել չենք ուզեր թէ Յակոբ Աբգարեանի գերդաստանը ըլլայ Աբգար թագաւորի տոհմէն: Հաւանաբար Յակոբին մեծ հայրը Աբգար կը կոչուէր, ինչեւիցէ, այդքանը մեզ չի հետաքրրքրեր: Կ՛ըսուի թէ այս Աբգարիոսը եւ Հնդկաստանի Աբգար ծանօթ ընտանիքը միեւնոյն գերդաստանին ճիւղերն են։ Յատկանշական կէտ մը կայ դիտուելիք, թէ Յակոբ միշտ ալ իր Երուսաղէմի Պատրիարքին ուղղած հայերէն նամակները ստորագրած է Աբգարեան,իսկ հայատառ Թրքերէն նամակները՝ Ապիքարիոս։ Հաւանաբար Յակոբ իր թրքերէն նամակներուն մէջ ստորագրած է Ապիքարիոս՝ հայկական եան յետագաս մասնիկը փոխելով իոս յունական յետադաս մասնիկով որ դարձեալ եան կը նշանակէ յունարէն։ Ահա ասկէ կը բացատրուի Աբգարիոսի գերդաստանին արաբերէնով Էպքարիոսի փոխուիլը: Հոս կ՚արժէ մատնանշել հետեւեալ կէտը եւս: Յակոբ Աբգարեանի դստեր՝ փոքրիկն Մարթայի շիրմաքարին վրայ (որ կը գտնուի անկլօ-ամերիկեան հին գերեդմանատունը) հայերէն գրութեան մէջ կ՛ըսուի. «նորաբոյս ծաղիկ Աբգարեան գարմի», մինչդեռ, արաբերէնով կ՛ըսուի. «Աբգարիոսի աղջիկը»: Որով այս մեզի խորհիլ կուտայ թէ լիւստրացի աշխարհական անունով հայ միջավայրի ճանչցուեցաւ որպէս Յակոբ Աբգարեան, իսկ օտարներու կողմէ կոչուեցաւ Եաղուպ ապա Աբգարիոս։

Ընտանիք

Յակոբ Աբգարեան 1825-ին կ՛ամուսնանա յ Պէյրութի մէջ Մասատ ծանօթ ընտանիքին աղջիկներէն Հավվայի հետ, կ՛ունենան եօթը զաւակ - երեք մանչ, չորս աղջիկ: Ժօզէֆ եւ Մարթա կր մեռնին անչափահաս։ Յակոբի աղջիկներէն Ճէմէմիա եւ Էլիզապէթ ամուսնացան տեղացի ընտանիրներու, մինչ ամենամեծ աղջիկը Մարիա ամուսնացաւ յոյն ծագումէ Ա. Ֆիլիպիտէսի հետ։ Այս ընտանիքէն քաղաքիս ծանօթ փաստաբաններէն Մեթր Ճօրճ Ֆիլիպիտէս: Յակոբի մանչերուն ամենամեծն էր Իսքէնտէր, իսկ փոքրիկը՝ ճան (Եուհաննա), որոնք գրի գրականութեան եւ առեւտուրի սաւրէ ասպարէզին մէջ համբաւաւոր հանդիսացան եւ որոնց կենսագրութիւնները, ինչպէս նաեւ Աբգարիոս գերդասատանի այլ արժէքաւոր զաւակներուն կենսագրութիւնները, կուտանք հոս։ Յակոբ մեռաւ Հոկտ. 20, 1845-ին, 64 տարեկան հասակին, եւ թաղուեցաւ այժմու. անկլօ-ամերիկեան հին գերեզմանատունը։ Շիրմին վրայ դրուած է տտպանաքար մը որու վրայ հայերէն (գրաբար) եւ թէ արաբերէն մակագրութիւն մը կայ, որուն արձանագրութիւնը եւ նկարը կուտանք։

Ինչպէս ըսինք Յակոբ Աբգարեան եղաւ իր ժամանակին Պէյրութի ծանօթ անձնաւորութիւննեն: Այս ուղղութեամբ հետեւեալը կը գրէ «եաղուպ աղա (ասյպէս ճանչցուած Յակոբ Աբգաբեան) մեծ կարողութեան տէր մարդ մըն էր եւ իր ժամանակին կառավարիչներու. եւ կուսակալներու շարքին համբաւաւոր անձնաւորութիւն մըն էր Մերձ. Արեւելքի մէջ»:

Աս Սուր Թաղէն դէպի վեր անկլօ֊ամերիկեսան եկեղեցին ելլող ճամբուն վրայ հին Պէյրութ քաղաքը գուռ մըն ունի եղեր որ այժմ ալ կը տեսնուի վերոյիշեալ ճամբուն աջին՝ փոսի մէջ, եւ ի պատիւ Յակոբ աղա Աբգաբեանի, կը կոչուի եղեր եւ տակաւին ալ կը կոչուի Պապ եաղուպ: Կը կարծուի թէ ժամանակին այս դուռը գոյութիւն չունի եղեր, սակայն երբ Յակոբ քաղաքէն դուրս հող մը գնած է (ինչպէս ըսինք՝ այժմու Սբ. Նշան եկեղեցիին վայրը), ինք ազդեցիկ անձնաւորութիւն մը ըլլալուն՝ դոառ մը բանալ տուած է, որ ի պատիւ իրեն կոչոած է Պապ եաղուպ: Մեր Սբ. Նշան եկեղեցին (այսինքն այն ատենւայ Յակոբ Աբգարեանի բնակարանը) Պէյրութէն շատ դուրս կը գտնուի եղեր: [1]:

Ծանօթագրութիւններ

  1. Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ 114-118։

Կատեգորիա:Հայ գրողներ (արւմտ․)