«ԵՈՒՆԵՍՔՕ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Beko (քննարկել | Ներդրումներ) →Ծանօթագրութիւններ: կատեգորիայի հեռացում using AWB |
|||
Տող 13. | Տող 13. | ||
== Ծանօթագրութիւններ == |
== Ծանօթագրութիւններ == |
||
{{Ծնթ․ցանկ}} |
|||
{{ծանցանկ}} |
|||
== Այցելեցէ՛ք նաեւ == |
== Այցելեցէ՛ք նաեւ == |
19:38, 10 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ
Միաւորուած Ազգերու Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մշակոյթի Կազմակերպութիւն (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization, UNESCO[1] )՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան յատուկ գործակալութիւն, որ հիմնուած է 1945 թուականին։ Անոր հաստատման նպատակն է համերաշխութեան եւ անվտանգութեան օժանդակութիւնը՝ կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ միջազգային համագործակցութեան խրախուսման միջոցով՝ համընդհանուր յարգանքի եւ արդարութեան տարածման համար։
Կազմակերպութեան գլխաւոր վարչութիւնը Փարիզ կը գտնուի։
Առաքելութիւններ
Միացեալ Ազգերու Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մշակոյթի Կազմակերպութեան (անգլ. UNESCO) առաքելութիւնն է՝ նպաստել խաղաղութեան պահպանման, նուազեցնել աղքատութիւնը, միջմշակութային երկխօսութեան օժանդակման միջոցով հասնիլ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, կապի եւ տեղեկատուութեան դաշտի զարգացման։ Կազմակերպութիւնը կը կեդրոնանայ, մասնաւորապէս երկու համաշխարհային գերակայութիւններու վրայ՝ Ափրիկէի եւ սեռային հաւասարութեան։
Կազմակերպութեան այլ առաջնահերթութիւններէն է, հասնիլ որակեալ կրթութեան բոլորին համար, դիմակայել ձեւաւորուող ընկերային ու բարոյական մարտահրաւէրները, խթանել մշակութային բազմազանութիւնը, խաղաղութեան մշակոյթը եւ կառուցել բանիմաց հասարակութիւններ՝ տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցով։
Ծանօթագրութիւններ
Այցելեցէ՛ք նաեւ
Արտաքին յղումներ
- ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պաշտօնական կայք (անգլերէն)
Կատեգորիա:ԵՈՒՆԵՍՔՕ Կատեգորիա:ՄԱԿ-ի մասնագիտացուած գործակալութիւններ