«Արամ Չարըգ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ . using AWB
→‎Ծանօթագրութիւններ: կատեգորիայի հեռացում using AWB
Տող 49. Տող 49.


== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{ծանցանկ}}


{{DEFAULTSORT:Չարըգ, Արամ}}
{{DEFAULTSORT:Չարըգ, Արամ}}

19:18, 10 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Արամ Չարըգ (1874-1947), ծնած է Կարին։

Կենսագրութիւն

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ կեղւորյն Արծնեան ազգ. Բարձրագոյն նախակրթարանի մէջ։ 1892-ին կ՝ անցնի Կովկաս եւ կը յաճավխ Գէւորգեան Ճեմարան. Ապա Թոֆլոզ՝ ուր կը լրացնէ ընթացքը Ներսէսեան վարժարանի։ այս շրջանէն իսֆ, ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ՝ քերթողական շնորհներով ու գրական շեշտուած հակամիտութիւններով։ Իբրեւ խոստումնալից երիտասարդ, զինք կ՝ ուղարկեն Գերմանիա, Լայփցիճի համալսարանը։ ոգր իրեն դասակից եւ մտերին կ՝ ունենայ Աւետիք Իսահակեան։ Շրջան մը կը մնայ հոս։ Անաւարտ կը թողու համալսարաանի ընթացքը եւ կ՝ անցնի Փարիզ՝ ուր կը հետեւի գրականութեան։ Լայփցիկի եւ Փարիզիզ մէջ, Արամ Չարըգ կ՝ իւրացնէ գերմաներէնն ու ու Ֆրանսերէնը։

Քերթոշական իր առաջին փորձերը կ՝ արժեցնէ հայրենիքի ազատութեան նուիրուած երկարաշունչ բանաստեղծութեան մը մէջ, բր կը կրէ «Մեծ առաւօտը» խոդհագիրը: 1900-ին, Վենետիկի մէջ, կը հրատարակէ քնարաշունչ իր էջերը՝ որոնք սիրային եւ հայրենասիրական զգացումներով կը հասունանեն։ Մասնաւորաբար Թիֆլիսի եւ ընդհանրապէս Կովկասի մէջ, Արամ Զարըգ կը գրգրական շրջամնակներու ուշադրութիւնը։

Փարիզէն կ՝ անցնի Պուլկարիա: Ֆիլիպէի եւ Վառնայի մէջ՝ կ՝ըստանձնէ ուսուցչական պաշտօններ, միաժամանակ աշխատակցելով «Ռազմիկ»ի եւ «Դրօշակ»ի: Զարըգիո դիւցազնաշունչ էջերը, այս շրջանակին, կը նախորդեն Սիամաթօն, ու նո՛յնքան զօրութեամբ եւ վարակիչ շունբով մեզ կը գրաւեն Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափորը: 1906-ին կ՝անցնի Զուիցերիա՝ ուր կը հետեւի մետաղագրութըան արուեստին: 1909-ին, ոսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կը վերադառնայ Կարին եւ 1910-1911 տարիներու կը վարէ Կարնոյ դաշտի հայկական 46 գիւղերու վարժարաններուն շրջուն տեսչութիւնը: 1912-ինՊոլիս է, ուր կը վարէ տնօրէնութիւնը Օրթագիւղի ազգ. Վարժարանին: 1915-ի սարսափներուն կ՝ապաստանի Պուլկարիա՝ ուր կը մնայ մինբեւ Զինադադար, 1918:

Կը վերադառնայ դարձեալ Պոլիս, ուրկէ կ՝անցնի Իզմիր եւ Թրանսիլուանիա՝ իբրեւ գործիչ: Այս ուղեւորութեան ընթացքին, միջով մը կը մնայ նաեւ Հայաստան: Պոլսոյ գրաւման շրջանին կը վարէ Հայկական Հանրապետութեան դեսմանատան մէջ: Հոս կ՝ամբողջացնէ Օմար խայեանի քառեակներուն ամբողջացութիւմը, զոր 1932-ին հրատարակեց Փարիզի մէջ:

Ռումանիայէն ետք՝ իր վերջին հանգրուանը կ՝ըլլայ Ֆրանսա: Փարիզ կը մնայ մինչեւ 1946, երբ կը հրաւիրուի հայաստան, մասնակցելու համար Սովետահայ Գրողներու Երկրորդ համագոցմարին: Ապա կ՝անցնի Մոսկուա եւ կը մեռնի այնտեղ՝ Խորհրդաւոր պայմաններու մէջ եւ ցարդ անծանօթ «հիւանդութեամբ», 1947-ի Մայիսին։

Արամ Չարըգ կը յիշուի մասնաւորաբար արեւելահայ աերունրի կարգին, սկզբնական շրջանի իր երգերուն լէզուով։ Իր քերթողութեան մէջ՝ խորհրդապաշտութեան եւ անձնականութեան գիծը կու գայ արեւմուտքէն,- շեշտակի՝ Եւրոպայէն, որուն գրական ուղբւթըանց, միջավայրին ու մթնոլորտին հաղորդ մնաց միշտ։

Իր բանաստեղծութիւնները նաեւ հրատարակեց Վենետիկի մէջ 1900-ին։

Արամ Չարըգ, 1901-ին ալ, ու անկէ ետք եւս, իր ականջը դրած է մեր ժողովուրդի արեան ձայնին, տառապանքին եւ յոյսերուն. Ընդխզումին եւ ատելութեան։ Իր բոլոր տաղերուն մէջ,- սիրային, ազգային, գաղափարական-, Զարըգ կը յատկանշուի արուեստի զօրաւոր զգայարանքով մը,- գոյնին, ձայնին, զգացումին ու մտածումին հետ եղբայրութեամբ մը, ենթացիկ ճառագրութեան շեշտէն։

Քնարական իր էջերու մէջ ալ, զարըգ կը մնայ հարազատ ու անխառն։ Անկէղծ է իր հոգիին հետ, եւ արտայայտութեան իր կարելիութիւնները կը վկայեն արուեստագէտին մասին, որ գիտէ զգացումներն ու մտածումները անխաթար պահել ձեւի իր տարազներուն մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 2005։