Jump to content

Սոֆիա Վեպօ

Սոֆիա Վեպօ
յուն․՝ Σοφία Βέμπο
Ծննդեան անուն յուն․՝ Σοφία Μπέμπου
Ծնած է 10 Փետրուար 1910(1910-02-10)
Ծննդավայր Կելլիպոլ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 11 Մարտ 1978(1978-03-11) (68 տարեկանին)
Մահուան վայր Աթէնք, Յունաստան
Քաղաքացիութիւն  Յունաստան[2]
Մասնագիտութիւն երգչուհի, դերասանուհի և երաժիշտ
Ամուսին Միմիս Թրայֆորոս
Երեխաներ Հայդօ Թրայֆորու[3]
Ստորագրութիւն

Սոֆիա Վեպօ (յուն․՝ Σοφία Βέμπο, 10 Փետրուար 1910, Կելլիպոլ, Օսմանեան Կայսրութիւն10 Մարտ 1978, Աթէնք)․ յոյն նշանաւոր երգչուհի եւ դերասանուհի, որուն արուեստագիտական կեանքը կ'երկարի Միջպատերազմեան շրջանէն մինչեւ առաջին յետ-պատերազմեան տարիները եւ 1950-ի տասնամեակը։ Ան յատկանշուեցաւ «Յաղթանակի Երգչուհի» յունա-իտալական պատերազմի ընթացքին իր մեկնաբանած հայրենասիրական երգերուն պատճառով։

Սոֆիա Պեպօ ծնած է Կելլիպոլ, Արեւելեան Թրակիա, Թուրքիա, եւ իր մանկութիւնը անցուցած է Պոլիս։ 1923-ի բնակչութեան փոխանակումէն ետք՝ Լոզանի դաշնագիր, իր ընտանիքը կը փոխադրուի Յունաստանի Ցարիցանի (կամ Ցարիցեանի, ուր իր հայրը ծխախոտի բանուոր եղած է) ապա՝ Վոլոս։

Վեպօ, իր ասպարէզը կը սկսի Թեսաղոնիկէի մէջ, 1930-ականներուն սկիզբը՝ կ՛երգէ «ΑΣΤΟΡΙΑ» ժողովրդական սրահին մէջ։ Համբաւը արագ կը տարածուի եւ քանի մը շաբաթներ ետք Աթէնք կը հասնի ու 1933-ի աշնան հանդէս կու գայ «Գենտրիքոն» (Κεντρικόν) եւ «Մունտեալ» (Μουντιάλ) կեդրոնական սրահի բեմէն։ Ապա կը ձայնագրէ սիրային երգեր «Քոլումպիա» ընկերութեան համար, համբաւ ձեռք բերելով իր յատկանշական հնչեղ թաւաձայն ձայնին շնորհիւ։ Համբաւը մինչեւ Եգիպտոս կը հասնի եւ ան հրաւէրի մը ընդառաջելով ելոյթ կ՛ունենայ Աղեքսանդրիոյ «Կրան Թրիանոն»-ին մէջ, արձանագրելով հոն ալ վիթխարի յաջողութիւն մը։

Սակայն, Վեպոյին համբաւը զգալիօրէն կը բարձրանայ 28 Հոկտեմբեր 1940-ին, Իտալիոյ կողմէ Յունաստանի վրայ յարձակումէն ետք, երբ անոր կատարումը հայրենասիրական (գլխաւորութեամբ՝ «Տղե՛րք, Յունաստանի տղե՛րք» Παιδιά της Ελλάδος παιδιά) եւ երգիծական (իտալացի ղեկավարներուն ուղղուած) երգերով ինչպէս օրինակ՝ «Տուչէ իր զգեստը կը դնէ» Βάζει ο Ντούτσε τη στολή του, մեծապէս կը ներշնչէ կռուող յոյն զինուորները, ինչպէս նաեւ յոյն հասարակութիւնը, որոնց շնորհիւ ան արագօրէն ժողովրդական հերոսուհի կը դառնայ: Յաջորդող գերմանական ներխուժումը Յունաստան եւ 1941 Ապրիլին երկրին գրաւումէն ետք, Վեպօ Միջին Արեւելք կը փոխադրուի, ուր կը շարունակէ ներկայացումներ տալ արտաքսուած յունական զօրքերուն համար։

Պատերազմէն ետք, 1949-ին, ան իր սեփական թատրոնը կ՛ունենայ՝ «Վեմպօ Թատրոնը», Աթէնքի Մեթաքսուրղիօ թաղին մէջ։ 1957-ին, կ՛ամուսնանայ իր երկար տարիներու սիրական Միմիս Թրայֆորոսին հետ։ 1960-ական թուականներուն, ներկայացումները կը նուազին, մինչեւ վերջնականապէս հանգստեան կը կոչուի 1970-ական թուականներուն սկիզբը։ 1973-ին, Աթէնքի Բազմարուեստեանի ապստամբութեան ժամանակ, զինուորական եւ ոստիկանական համալսարան ներխուժման իրիկունը, իր տունը կը բանայ եւ հալածուած ուսանողներ կը պահէ եւ զինուորական խունտայի անվտանգութեան ուժերուն կը մերժէ ուսանողները յանձնել։

Վեպօ կը մահանայ 68 տարեկանին ուղեղի կաթուածէ մը ետք, 11 Մարտ 1978-ին, եւ թաղումը կը վերածուի համաժողովրդական հաւաքի մը։ «Յաղթանակի Երգչուհին» այդ օրը փառաբանուեցաւ յունական ժողովուրդին կողմէ, որ զինք իր հերոսուհին կը համարէր։

[4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]