Jump to content

Սոֆիա Լորեն

Սոֆիա Լորեն
Sophia Loren
Սոֆիա Լորեն, 1962-ին
Ծննդեան անուն

Սոֆիա Գոսթանծա Պրիկիտա Վիլանի Շիքոլոնէ

Sofia Costanza Brigida Villani Scicolone
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Sophia Loren
Ծնած է 20 Սեպտեմբեր, 1934
Ծննդավայր Հռոմ,Իտալիա
Քաղաքացիութիւն իտալական - ֆրանսական
Ազգութիւն իտալացի
Ուսումնավայր Նափոլիի դերասանութեան դպրոց
Երկեր/Գլխաւոր գործ Երէկ, այսօր, վաղը․․․
Տեսակ Կատակերգութիւն և տրամա
Մասնագիտութիւն դերասան
Վարած պաշտօններ Քաննի շարժապատկերի փառատօնի յանձնաժողովի նախագահ
Ամուսին Գարլօ Փոնթի և Գարլօ Փոնթի
Ծնողներ հայր՝ Ռիքարտօ Շիքոլոնէ, մայր՝ Ռոմիլտա Վիլանի
Երեխաներ Գարլօ Փոնթի կրտսեր և Էտուարտօ Փոնթի
Ստորագրութիւն

Սոֆիա Լորեն, (իտալ․՝ Sophia Loren, Սեպտեմբեր 20, 1934, Հռոմ, Իտալիա) ծննդեան անունով՝ Սոֆիա Գոսթանծա Պրիկիտա Վիլանի Շիքոլոնէ (Sofia Costanza Brigida Villani Scicolone), ծանօթ է Սոֆիա Լորեն ծածկանունով։ Իտալացի հանրածանօթ դերասանուհի։ Իր հայրենի երկրին եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ունեցած է 70 տարիներէ աւելի երկարող գործունէութիւն։ Հոլիվուտի Ոսկեդարի վերջին մեծ աստղերէն մէկն է։

Գեղեցկութեան մրցոյթի մը մէջ մուտք գործելէ ետք քաջալերուած է դերասանական դասերու հետեւելու։ Լորեն իր շարժապատկերի ասպարէզը սկսած է 16 տարեկանին՝ 1950-ին: Տասնամեակին սկիզբը ան հանդէս եկած է քանի մը փոքր դերերով, մինչեւ 1956-ին, երբ Paramount-ի հետ իր հինգ նկարներու պայմանագիրով կը սկսի իր միջազգային ասպարէզը: Այս ժամանակաշրջանին իր շարժապատկերի ելոյթները կը պարփակեն «The Pride and the Passion, Houseboat» եւ «It Started in Naples» ժապաւէնները: 1950-ականներուն, ան գլխաւոր դերեր ստանձնած է իբրեւ սեռականօրէն ազատագրուած անձ մը եւ ժամանակի լաւագոյն սեռի խորհրդանիշներէն մէկը եղած է:

Վիթորիօ Տէ Սիքայի բեմադրած «Երկու Կին» (1960) ժապաւէնին մէջ Սոֆիա Լորենի՝ Չեզիրայի դերակատարութիւնը զինք արժանացուցած է Օսքարի Լաւագոյն Դերասանուհիի համար, դարձնելով զայն ոչ անգլիախօս ժապաւէնի մէջ Օսքար շահող առաջին դերասանուհին։ Սոֆիա Լորեն միջազգային ճանաչումի արժանացած է աւելի քան վեց տասնամեակներու ընթացքին, որպէս իտալական շարժապատկերի առաջատար դէմքերէն մէկը, Ճինա Լոլոպրիճիթային եւ Գլաուտիա Գարտինալէին կողքին։ Ան նաեւ կը պահէ Լաւագոյն Դերասանուհիի համար եօթը «Տաւիտ տի Տոնաթելլօ» մրցանակներ շահելու մրցանիշը՝ «Երկու Կին», «Երէկ, Այսօր եւ Վաղը» (1963), «Իտալական Ամուսնութեան Ձեւով» (1964, որուն համար ան երկրորդ Օսքարի մը թեկնածու էր), «Արեւածաղիկ» (1970), «Ճամբորդութիւնը» (1974), «Յատուկ Օր Մը» (1977) եւ «Կեանքը Առջեւը» (2020)։ Լորէն շահած է հինգ յատուկ «Ոսկէ Երկրագունդեր» (ներառեալ՝ «Ոսկեայ Գնդակի Սեսիլ Պ. ՏէՄիլ» մրցանակը), «BAFTA» (Բրիտանական Ֆիլմի Ակադեմիայի Մրցանակաբաշխութիւն) մրցանակ մը, «Լորել» մրցանակ մը, «Կրեմմի» մրցանակ մը, Վենետիկի Ժապաւէնի Փառատօնին մէջ «Լաւագոյն Դերասանուհիի Վոլփի Բաժակը» եւ Քաննի Ժապաւէնի Փառատօնին մէջ «Լաւագոյն Դերասանուհիի Մրցանակը»։ 1991-ին, ան ստացաւ Ակադեմիայի «Պատուոյ Մրցանակ՝ Կեանքի Նուաճումներուն համար»։ 1999-ին, Ամերիկեան Ժապաւէնի Հիմնարկը (AFI) զայն անուանեց Ամերիկեան ժապաւէնի պատմութեան մեծագոյն աստղերէն մէկը։

1991-ի Յուլիսին, ան արժանացածած է Ֆրանսայի «Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ»ի պարգեւին, իսկ 1996-ի Յունիսին՝ Իտալական Հանրապետութեան «Վաստակի Շքանշանի Մեծ Խաչի Ասպետ»ին (OMRI)։

1980-ի տասնամեակին սկիզբը, Լորեն որոշած է աւելի հազուադէպ երեւիլ ժապաւէններու մէջ։ Այդ ժամանակէն ի վեր, ան հանդէս եկած է ժապաւէններու մէջ, ինչպէս օրինակ՝ «Prêt-à-porter» (1994), «Grumpier Old Men» (1995), «Nine» (2009) եւ «Կեանքը Առջեւը» (2020)։

Կեանքի վաղ շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լորեն, 15 տարեկան, Սոֆիա գեղեցկութեան մրցոյթի մը ընթացքին:

Սոֆիա Գոսթանծա Պրիկիտա Վիլանի Շիքոլոնէ ծնած է 20 Սեպտեմբեր 1934-ին, Հռոմ։ Ան դուստրն է Ռոմիլտա Վիլլանիի (1910–1991) եւ Ռիքարտօ Շիքոլոնէ Մուրիլոյի (1907–1976)։ Մայրը դաշնակի ուսուցիչ եւ դերասանուհի էր, իսկ հայրը՝ ձախողած ճարտարագէտ, որ ժամանակաւորապէս աշխատած է Իտալական պետական երկաթուղիին համար։ Լորեն իր ինքնակենսագրականին մէջ պնդած է, որ ան ազնուական ծագում ունէր, որուն շնորհիւ իրեն իրաւունք տուած է կոչել զինք «Փոցուոլիի դերկոմսուհի, Գազերթայի Տիկին, տիտղոս մը տրուած Հոհենշթաուֆենի Տան (Hohenstaufen) Լիքաթա Շիքոլոնէ Մուրիլոյի Մարքիզուհիին կողմէ»։

Լորենի հայրը հրաժարած է ամուսնանալ մօրը հետ, ձգելով զայն առանց տնտեսական աջակցութեան։ Լորէն հօրը հանդիպած է երեք անգամ՝ հինգ տարեկանին, տասնեօթ տարեկանին եւ 1976-ին մահուան մահճակալին, նշելով, որ անոր ներած է, բայց երբեք չէ մոռցած իր մօրը հանդէպ անոր կեցուածքը։ Լորէնի ծնողքը ունեցած են ուրիշ զաւակ մը՝ իր քոյրը՝ Մարիան, 1938-ին։ Շիքոլոնէ չէ ուզած պաշտօնապէս ճանչնալ Մարիան իբր իր դուստրը։ Երբ Լորեն յաջողութեան հասած է, վճարած է հօրը, որպէսզի իր քոյրը՝ Մարիան, վերցնէ Շիքոլոնէ ազգանունը։ Լորէն հօրը կողմէն ունի երկու խորթ եղբայրներ՝ Ճիւլիանօ եւ Ճիւզէփփէ։ Ռոմիլտան, Սոֆիան եւ Մարիան ապրած են Լորենի մեծ մայրիկին հետ Փոցուոլի, Նափոլիին մօտ։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Փոցուոլիի նաւահանգիստը եւ զինամթերքի գործարանը դաշնակիցներու կողմէ ռմբակոծման մշտական թիրախ եղած են։ Ռմբակոծումներէն մէկուն ընթացքին, երբ Լորեն վազած է դէպի ապաստան, հարուածուած է բեկորներէ եւ կզակին վիրաւորուած է։ Անկէ ետք, ընտանիքը փոխադրուած է Նափոլի, ուր հեռաւոր ազգականներու մօտ ապրած են։ Պատերազմէն ետք, ընտանեօք վերադարձած են Փոցուոլի։

Լորեն՝ «Ամէրիկացի մը կ'ուզես ըլլալ» (Tu vuò fà l'americano) երգը կ'երգէ Նափոլիէն Սկսած (It Started in Naples, 1959) ժապաւէնին մէջ։
Լորեն «Miss Italia 1950» գեղեցկութեան մրցոյթին - շարքին 2րդը

Սոֆիա, 15 տարեկանին իր առաջին գեղեցկութեան մրցոյթին մասնակցած է։ «Ծովուն Թագուհին» մրցոյթը, կազմակերպուած «Corriere di Napoli» թերթին կողմէ, տեղի ունեցած է Նափոլի, 2 Հոկտեմբեր 1949-ին։ Մրցոյթին ան հագած է իր մեծ մայրիկին՝ սնդուս վարագոյրներէ, կարած շքեղ զգեստը։ Ան քաջալերութեան մրցանակը շահող 12 աղջիկներէն մէկն էր՝ որպէս «իշխանուհի»։ «Իշխանուհիները» «թագուհիին» հետ քաղաքի փողոցներուն մէջ կառքով շրջած են։ Շահուած գումարը կ՛ընդգրկէր 23,000 լիրա եւ գնացքի տոմս դէպի Հռոմ։ Աւելի ուշ, այս գնացքի տոմսը պիտի դիւրացնէր զայն եւ իր մայրիկին Հռոմ փոխադրուիլ՝ Սինեչիթայի (Cinecittà, Իտալիոյ մէջ ժապաւէնի արհեստանոց, Եւրոպայի ամենամեծը) մէջ աշխատանք փնտռելու համար։

Նոյն տարիքին՝ 15 տարեկանին, Լորեն (որպէս Սոֆիա Լազարօ) մուտք գործած է «Miss Italia 1950» գեղեցկութեան մրցոյթին ըլլալով Լացիօ շրջանը ներկայացնող չորս մասնակիցներէն մէկը եւ նշանակուած է 2-րդ թեկնածու։ Ան շահած է «Miss Elegance 1950» տիտղոսը։ 2001-ին, Սոֆիա Լորեն վերադարձած է որպէս նախագահ մրցոյթի 61-րդ հրատարակութեան համար։ 2010-ին, Լորեն թագադրած է «Miss Italia» մրցոյթին 71-րդ յաղթողը։

Սկզբնական դերեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լորեն, Աթթիլա՝ Աստուծոյ Մտրակը (Attila il flagello di Dio) ֆիլմին մէջ, 1954

Սոֆիան մօրը կարգադրութեամբ կը յաճախէ Նափոլիի դերասանութեան դպրոցը։ Կրթաթոշակը մայրը կը վաստակէր տալով դաշնակի դասեր։ Դպրոցին ուսուցիչին ջանքերով Սոֆիա ձեռք կը ձգէ իր առաջին ժապաւէնի դերերը։ Անոնք փոքր, առանց վարկանիշի էին, ինչպէս օրինակ՝ «Սիրտերը Ծովուն Մէջ» (Hearts at Sea, 1950) եւ «Ուխտը» (The Vow, 1950)։ Սոֆիա եւ իր մայրը Հռոմ կը փոխադրուին երբ կ՛իմանան, թէ MGM-ը կը նկարահանէր «Քուօ Վատիս» (Quo Vadis) դիւցազներգական ժապաւէնը եւ կը փնտռէր լրացուցիչ դերասաններ։

Սոֆիա Լորեն, 1955
Սոֆիա Լորեն, 1958 - Վոլբի մրցանակ

Սոֆիա Լազզարօ մուտք կը գործէ«Centro Sperimentale di Cinematografia»՝ Իտալիոյ ազգային ժապաւէնի դպրոցը, եւ 16 տարեկանին կը յայտնուի որպէս առանց վարկանիշի լրացուցիչ դերասան Մերվին Լըրոյի 1951-ի «Քուօ Վատիս» ժապաւէնին մէջ։ Զինք կը նշմարէ Միքալ Վազինսքի (Michał Waszyński) բեմադրիչը, եւ զայն կը խթանէ ու կ՛օգնէ ձեռքբերել իր առաջին դերերը։ Նոյն տարին, Լորեն կը յայտնուի իտալական «Անիկա՞ էր... այո՛, այո՛́» (Era lui... sì! sì!) ժապաւէնին մէջ հարճի դերով։ Տասնամեակի սկիզբներուն, ան կը խաղայ փոքր դերեր, նաեւ կ՛ունենայ երկրորդական դերեր քանի մը ժապաւէններու մէջ, ներառեալ՝ «Լա Ֆավորիթա» (La Favorita, 1952)։

Գարլօ Փոնթին կը փոխէ իր անունը եւ հանրային կերպարը, ունենալով դիրախ լայն հանդիսատենութիւնը։ Սոֆիա Լազարօ հանդէս կու գայ Սոֆիա Լորեն անունով, որ շուէտացի դերասանուհի Մարթա Թորէնի անուան ձեւափոխումն էր եւ առաջարկուած էր Կոֆրետօ Լոմպարտոյի կողմէ։ Իր առաջին գլխաւոր դերը «Այտա» (1953) ժապաւէնին մէջ էր եւ կ՛արժանանայ քննադատներու բարձր գնահատանքին:

Սոֆիա Լորեն, 1959-ին
Լորենի նկարը Նիքոլաս Ոլփի կողմէ, երբ ան Օսքար շահեցաւ «Երկու Կին» (1961) ժապաւէնին համար:

«Երկու գիշեր Գլէոբաթրային հետ» (1953) ֆիլմին մէջ գլխաւոր դեր խաղալէ ետք, իր առաջխաղացման դերը կ՛ըլլայ Վիթորիօ Տէ Սիքայի բեմադրած «Նափոլիի Ոսկին» (1954) ժապաւէնը։ «Շատ Վատ Է Անիկա» (1954) եւ «Գեղեցիկ Ջրաղացպանուհին» (1955) կը դառնան առաջին ժապաւէններուն շարքը, որոնց մէջ Լորեն գլխաւոր դերեր կ՛ունենայ Մարչելլօ Մասթրոյեանիին հետ։ Յաջորդ երեք տարիներուն ընթացքին, Լորեն բազմաթիւ ժապաւէններու մէջ դեր կը ստանձնէ, ներառեալ՝ «Սքանտալ Սորենթոյի մէջ», «Երանելի է կին մը ըլլալը», «Տղայ մը դլփինի վրայ», «Անհետացած առասպելը» եւ «Հպարտութիւնն ու կիրքը» (1957), վերջինը՝ Նափոլեոնեան ժամանակաշրջանի պատերազմական դիւցազներգութիւն մը, որ տեղի կ'ունենայ Սպանիոյ մէջ, Քարի Կրանթի ու Ֆրանք Սինաթրայի մասնակցութեամբ։

Միջազգային աստղ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1958-Քարի Կրանթ եւ Սոֆիա Լորեն «Նաւատուն» (Houseboat) ֆիլմին մէջ
Տէյվիթ տի Տոնաթելօ, 1961, Սորտի Լորեն Իսթոն

Լորեն միջազգային շարժապատկերի աստղ կը դառնայ 1958-ին, Paramount Pictures-ին հետ հետշարժապատկերի պայմանագիր կնքելէ ետք՝ «Ցանկութիւն բոխիներու ներքեւ» (Desire Under the Elms), «Նաւակայք» (Houseboat) եւ «Հելըր վարդագոյն զգեստներու մէջ» (Heller in Pink Tights) ժապաւէններուն համար։

1960-ին Լորեն կը նկարահանուի Վիթորիօ Տէ Սիքայի «Երկու Կին» (Two Women) շարժապատկերին մէջ, որ պատերազմէն աւերուած Իտալիոյ մէջ իր 12-ամեայ դուստրը պաշտպանել փորձող մօր մը մերկ եւ կոշտ պատմութիւնն էր։ Սկիզբը դստեր դերին համար ընտրուած Լորեն, դէմ կեցած է դուստրի դերին եւ վերջապէս իր նախընտրած մօր դերը իրեն կը վստահուի։ Լորենի դերակատարումը բազմաթիւ մրցանակներու կ՛արժանանայ, ինչպէս օրինակ՝ Քաննի Շարժապատկերներու Փառատօնի լաւագոյն դերակատարման մրցանակը եւ Օսքարի մրցանակ՝ իբրեւ Լաւագոյն Դերասանուհի, որ առաջին մեծ ակադեմիական մրցանակն էր ոչ անգլերէն լեզուով կատարման համար կամ իտալացի դերասանուհիի մը համար։ Շարժապատկերը չափազանց լաւ կ՛ընդունուի քննադատներուն կողմէ եւ հսկայական առեւտրական յաջողութիւն մը կ՛արձանագրէ։ Թէեւ հպարտ այս ձեռքբերումով, Լորեն չի ներկայանար այդ մրցանակին, պատճառաբանելով մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ժամանակ ուշաթափուելու վախը։ Քարի Կրանթն է որ յաջորդ օրը՝ Հռոմէն, իրեն կը հեռաձայնէ Օսքարի մրցանակին մասին տեղեկացնելու համար։

Մրցանակ՝ David di Donatello Awards (31 Յուլիս 1960)․ ձախէն աջ՝ Վիթորիօ Կասման, Քարի Կրանթ, Սոֆիա Լորեն եւ Վան Հեֆլին
Սոֆիա Լորեն, 1979-ին

1960-ականներուն Լորեն աշխարհի ամէնէն ժողովրդական դերասանուհիներէն մէկն է եւ կը շարունակէ շարժապատկերներ նկարահանել Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպայի մէջ՝ գլխաւոր դերեր մարմնաւորելով նշանաւոր դերասաններու կողքին։ 1961-ին եւ 1964-ին իր ասպարէզը գագաթնակէտին կը հասնի, երբ կը ստանայ 1 միլիոն տոլար «Էլ Սիտ»-ի (El Cid) եւ «Հռոմէական կայսրութեան անկումը» (The Fall of the Roman Empire) շարժապատկերներուն մէջ հանդէս գալու համար։ 1965-ին ան կը ստանայ Օսքարի երկրորդ մրցանակի թեկնածութիւնը «Իտալական ոճով ամուսնութիւն» (Marriage Italian-Style) շարժապատկերին մէջ իր դերակատարման համար՝ Մարցելօ Մասթրոյիանիին հետ։

Լորենի այս ժամանակաշրջանի ամէնէն ծանօթ ժապաւէններն են Սամուէլ Պրոնսթոնի «Էլ Սիտ»-ի (El Cid) յատկանշական արտադրութիւնը Շարլթոն Իսթոնի հետ, «Միլիոնատէրուհին» (The Millionairess, 1960) Փիթըր Սելըրսի հետ, «Ան սկսաւ Նափոլիին մէջ» (It Started in Naples, 1960) Քլարք Կէյպլի հետ, Վիթորիօ Տէ Սիքայի «Երէկ, այսօր եւ վաղը» (Yesterday, Today and Tomorrow, 1963) Մարչելօ Մասթրոյիանիի հետ, Փիթըր Ուսթինովի «Տիկին Էլ»-ը (Lady L, 1965) Փոլ Նիումանի հետ, «Արապեսք»-ը (Arabesque, 1966) Կրեկորի Փեքի հետ, եւ Չարլի Չափլինի վերջին ժապաւէնը՝ «Հոնկ Քոնկէն կոմսուհին» (A Countess from Hong Kong, 1967) Մարլոն Պրանտոյին հետ։

Սոֆիա Լորեն, «Judith» ժապաւէնին մէջ
Սոֆիա Լորեն, 1989-ին

Լորեն 1964-էն 1977-ի միջեւ ստացած է չորս «Ոսկէ Երկրագունդ» մրցանակ՝ իբրեւ «Համաշխարհային Շարժապատկերի Սիրուած Դերասանուհի»։

Շարունակական յաջողութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Փիթըր Օ'Թուլին հետ՝ 15-րդ Տէյվիտ տի Տոնաթելոյի մրցանակաբաշխութեան (1 Օգոստոս, 1970)
Նկար «Իտալական ամուսնութիւն» (Matrimonio all'italiana, 1964) ժապաւէնէն: Փախին՝ Մարցելօ Մասթրոյիանի

Լորեն 1968-ին մայր դառնալէ ետք աւելի քիչ ժապաւէններու մէջ դերեր կը ստանձնէ։ Յաջորդ տասնամեակին ընթացքին, իր դերերուն մեծ մասը իտալական ժապաւէններու մէջ եղած են։ 1970-ականներուն, ան Ռիչարտ Պարթոնի հետ կը զուգակցի Տէ Սիքայի վերջին ժապաւէնին մէջ՝ «Ճամբորդութիւնը» (The Voyage, 1974), եւ «Համառօտ hանդիպում» (Brief Encounter, 1974) ժապաւէնին վերամշակումին մէջ։1976-ին, Սոֆիա գլխաւոր դեր կը ստանձնէ «Քասանտրայի խաչմերուկը» (The Cassandra Crossing) ժապաւէնին մէջ։ Մարչելօ Մասթրոյեանիի հետ դարձեալ միասին դեր կը ստանձնեն Էթորէ Սքոլայի «Յատուկ օր մը» (A Special Day, 1977) ժապաւէնին մէջ՝ թեկնածու էր 11 միջազգային մրցանակներու, ինչպէս երկու Օսքարներու (առաջատար դերասանի լաւագոյն դերակատարութիւն եւ լաւագոյն օտար պատկեր) եւ կը ստանայ Ոսկէ Երկրագունդի եւ Սեզար մրցանակ (César Awards)՝ լաւագոյն օտար ժապաւէնի համար: Լորենի դերակատարութիւնը կը պարգեւատրուի Տէյվիտ տի Տոնաթելոյի մրցանակով մը, իր գործունէութեան՝ եօթներորդը։ Ժապաւէնը չափազանց լաւ ընդունելութիւն գտնելով նաեւ ամերիկացի քննադատներուն կողմէ, Լորեն դեր կը ստանձնէ ամերիկեան թնդարկու «Պղինձէ նշանակետ» (Brass Target) ժապաւէնին մէջ։

1978-ին, ան կը ստանայ իր չորրորդ Ոսկէ Երկրագունդը «Աշխարհի ժապաւէնի սիրելի» անուանումով։ Այդ տասնամեակի միւս ժապաւէններէն եղած էին Օսքարի թեկնածու «Արեւածաղիկ» (Sunflower, 1970), եւ Արթուր Հիլըրի «Լա Մանշայի մարդը» (Man of La Mancha, 1972)։ Փիթըր Օ'Թուլ եւ Ճէյմզ Քոքօ թեկնածու էին երկու NBR մրցանակներու, իսկ NBR-ը «Լա Մանշայի մարդը» ժապաւէնը կը ներառնէ իր 1972-ի լաւագոյն տասը պատկերներուն ցանկին մէջ։ Լորեն գլխաւոր դեր կը ստանձնէ արկածային թնդարկու (թրիլլըր) «Հուրի ուժգնութիւն» (Firepower , 1979) ժապաւէնին մէջ, ուր իր հետ դեր կը ստանձնեն Ճէյմզ Քոպըրն եւ Օ. Ճէյ Սիմփսն, որուն հետ ան նախապէս աշխատած էր «Քասանտրայի խաչմերուկը» ժապաւէնին մէջ:

Սոֆիա Լորեն, 1997
Սոֆիա Լորեն, Սեզար մրցանակ, 1991

1980-ին, Ա. Է. Հոթչների «Սոֆիա Լորեն. Ապրել եւ սիրել. Իր սեփական պատմութիւնը» կենսագրականի միջազգային յաջողութենէն ետք, Լորեն կը մարմնաւորէ ինքզինքն եւ իր մայրը պատկերասփիւռի համար նկարահանուած կենսագրական ֆիլմի մը մէջ, «Սոֆիա Լորեն. Իր սեփական պատմութիւնը»՝ յարմարեցումով: 1981-ին, ան կը դառնայ առաջին հռչակաւոր կինը, որ գործարկած է իր սեփական «Սոֆիա» բուրմունքը, եւ ակնոցներու ապրանքանիշ մը։

Լորեն հազուադէպօրէն դերասանած է 1980-ականներուն ընթացքին, նախընտրելով աւելի ժամանակ յատկացնել իր մանչերուն դաստիարակութեան։ 1981-ին ան մերժած է «Ալեքսիս Քարինկթըն»ի դերը «Գերդաստան» (Dynasty , 1981 TV series) հեռուստաշարքին մէջ։

Ան գլխաւոր դերակատարը կ՛ըլլայ 1984-ի «Աւրորա» պատկերասփիւռի ժապաւէնին մէջ՝կը ներկայանայ իր 11-ամեայ իրական կեանքի տղուն՝ Էտոարտօ Փոնթիին հետ։

Սոֆիա Լորեն 2009-ին

Լորեն ձայնագրած է աւելի քան երկու տասնեակ երգեր իր ասպարէզին ընթացքին, ներառեալ՝ Փիթըր Սելըրզի հետ կատակերգական երգերու լաւագոյն վաճառուող ալպոմ մը։ Փիթըր Սարսթետի «Ո՞ւր Կ'երթաս (Իմ Սիրելի՛ս)» երգը ըսուած է, թէ ներշնչուած է Լորենէն։

Լորեն եւ Կրեկորի Բեկ՝ ամերիկեան «Արապեսք» ժապաւէնէն (1966) մէկ տեսարանին մէջ։

Ուշ շրջանի ասպարէզ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1991-ին, Լորեն կը ստանայ Պատուոյ Օսքար մրցանակ մը՝ «Համաշխարհային շարժապատկերի իսկական գանձերէն մէկը, որ յիշարժան դերակատարումներով հարուստ իր գործունէութեան ընթացքին մնայուն փայլ մը հաղորդեց մեր արուեստին»։ 1995-ին, ան կը ստանայ պատուոյ «Ոսկէ Երկրագունդ» Սեսիլ Բ. ՏէՄիլ մրցանակը, շնորհուած Հոլիվուտի Արտասահմանեան Մամուլի Միութեան կողմէ, ժամանցի աշխարհին մէջ ունեցած բացառիկ ներդրումներուն համար։

Ապրիլ 1993-ին, ան Ֆետերիքօ Ֆելինին կը ներկայացնէ անոր պատուոյ Օսքարին բաշխման։ 2009-ին, Լորեն Լարի Քինկի կենդանի հաղորդման ընթացքին կը յայտնէ թէ Ֆելինի ծրագրած էր իրեն հետ շարժապատկեր մը բեմադրել իր մահէն քիչ առաջ՝ 1993-ին։

1990-2000 տարիներուն ընթացքին, Լորեն ընտրողական եղած է իր շարժապատկերներուն ընտրութեան հարցին մէջ եւ ձեռնարկած է գործարարութեան զանազան ոլորտներու, ներառեալ խոհարարական գիրքեր, ակնոցներ, ոսկեղէն եւ օծանելիք։

Լորեն եւ Ռիչարտ Պարթոն Hondarribia-ի օդակայանը։ 1974, Տոնոսթիա-Սան Սեպասթիան միջազգային շարժապատկերի փառատօն։ Gipuzkoa, Սպանիա։ (1974)

Ան կը ստանայ «Ոսկէ Երկրագունդի» մարմնաւորման թեկնածութիւն Ռոպերթ Ալթմընի «Պատրաստ հագուստ» (1994) ժապաւէնին մէջ իր դերակատարութեան համար, ուր իրեն հետ դերակատար էր Ճիւլիա Ռոպերթս։

1994-ին, «Ոսկէ Արմաւենի Աստղ» մը Քալիֆորնիոյ Փալմ Սփրինկսի Աստղերու Ծառուղիին մէջ իրեն կը նուիրուի։

«Տժգոհ ծերունիներ» (1995) ժապաւէնին մէջ, Լորեն կը մարմնաւորէ կործանարար կին մը որ ԱՄՆ մէջ Լորենի ամէնէն մեծ յաջողութիւնը կը դառնայ։ 1997-ին Մոսկուայի 20-րդ ժապաւէնի միջազգային փառատօնին, ան կը պարգեւատրուի պատուոյ մրցանակով մը շարժապատկերին մէջ ունեցած ներդրումներուն համար։ 1999-ին, «Ամերիկեան Շարժապատկերի Հիմնարկ»ը Լորեն կ՛անուանէ ամերիկեան շարժապատկերի պատմութեան մեծագոյն դերասանուհիներէն մէկը։

Սոֆիա Լորեն․ Քան փառատօնին, 2014

2001-ին, Լորեն Մոնթրէալի շարժապատկերի համաշխարհային փառատօնին կը ստանայ «Ամերիկաներու Յատուկ Մեծ Մրցանակի Պարգեւ» իր աշխատանքին համար։ Այդ ժամանակահատուածին ան Գանատայի մէջ կը նկարահանէ երկու նախագիծեր. անկախ «Օտարներու միջեւ» (2002) ժապաւէնը, որուն բեմադրիչը իր տղան է՝ Էտուարտօն եւ «Սուրբերու կեանքը» (2004) հեռատեսիլի մանրաշարքը։

Ռոպերթ Տէ Նիրոյին հետ, 2002

2009-ին, հինգ տարի նկարահանումներէ հեռու մնալէ ետք, Լորէն կը մասնակցի Ռոպ Մարշալի «Ինը» ժապաւէնին՝ ստեղծուած Պրոտուէյի թատրոնի երաժշտական ներկայացման վրայ, պատմելով բեմադրիչի մը մասին, որ միջին տարիքի ճգնաժամի պատճառով դժուարութիւն կը քաշէ իր նոր ժապաւէնը աւարտելու համար. ան ստիպուած է հաւասարակշռել իր կեանքին մէջ ձեւաւորիչ դեր ունեցող բազմաթիւ կիներու ազդեցութիւնները, ներառեալ իր հանգուցեալ մայրը։ Լորէն, Մարշալի առաջին եւ միակ ընտրութիւնն էր այդ դերին համար։ Ժապաւէնին մէջ նաեւ կը մասնակցին Տանիէլ Տէյ-Լուիս, Փենելոփէ Քրուզ, Քէյթ Հատսոն, Մարիոն Քոթիար եւ Նիքոլ Քիտման։ Որպէս դերասանական կազմի անդամ, ան առաջին անգամ կ՛առաջադրուի «Դերասանական Մրցանակներ» (Screen Actors Guild Award) մրցանակին։

Mădălina Diana Ghenea-ին հետԹրանսիլվանիա միջազգային ֆիլմի փառատօնին, (Transilvania International Film Festival) 4 Յունիս 2016 - Փակման կալա TIFF

2010-ին, Լորեն կը մարմնաւորէ իր մայրը՝ անոր վաղ կեանքին մասին, իտալական հեռուստատեսային մանրաշարքի մը մէջ «La mia casa è piena di specchi» («Իմ Տունս Լեցուն է Հայելիներով») հիմնուած իր քրոջ՝ Մարիայի յուշագրութեան վրայ (բեմադրութիւն Վիթորիօ Սինտոնիի)։

Ճոան Քոլինսին հետ, 13-06-2009

Յուլիս 2013-ին Լորէն կը վերադառնայ ժապաւէնաշխարհ Ժան Գոքթոյի 1930-ի «Մարդկային ձայնը» (La voce umana) թատերախաղի իտալական կարճ ժապաւէնի jարմարցումով, որ կը պատմէ լքուած իր սիրեցեալին կողմէ կնոջ մը կործանումը։ Իր կրտսեր որդին՝ Էտուարտօ Փոնթին է բեմադրիչը։

Նոյեմբեր 17, 2017-ին Ալմերիայի Փառքի Ծառուղիին վրայ (Սպանիա) կը ստանայ աստղ մը «White Sister» ժապաւէնին մէջ ունեցած դերակատարութեան համար։ Ինչպէս նաեւ կը ստանայ Ալմերիոյ Երկիրը ֆիլմի մրցանակը։

2020-ի կը դերակատարէ «Կեանքը առջեւ» ժապաւէնին մէջ։ 2021-ին ան կը ստանայ AARP-ի Լաւագոյն Դերասանուհիի եւ AWFJ Grand Dame մրցանակները իր դերին համար։

2024-ի Սեպտեմբերին 90 տարեկան դառնալէ ետք, չնայած «Կեանքը առջեւ» ժապաւէնի թողարկումէն ի վեր անգործ ըլլալուն, Լորէն կը հերքէ իր հանգստեան մասին լուրերը եւ կը յայտնէ նոր արտադրութիւններու մէջ դեր ստանձնելու իր յոյսերը։

Անձնական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Փակման կալա TIFF 2016

Լորեն կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետեւորդ է։ 2006-էն ի վեր, անոր հիմնական բնակավայրը Ժընեւն է (Զուիցերիա): Լորենի անշարժ գոյքի թղթակալը կը ներառնէ ագարակ մը Հիտըն Վալէյի մէջ՝ Քալիֆորնիա, բնակարան մը Հեմփշայր Հաուս շէնքին մէջ՝ Մանհաթան, քոնտօ (համատիրութիւն ) մը Ուիլիըմս կղզիին մէջ՝ Հարաւային Ֆլորիտա, եւ առանձնատուն մը՝ Հռոմ։

Լորեն ֆութպոլի S.S.C. Napoli ակումբի մեծ երկրպագուհի է։ 2007-ի Մայիսին, երբ խումբը երրորդ դիրքը գրաւած էր Serie B-ի մէջ, ան (այն ժամանակ 72 տարեկան) Gazzetta dello Sport-ին յայտնած է, որ պիտի մերկապարէր (striptease), եթէ խումբը յաղթական հանդիսանար: Ան լուսանկարուած է 2007-ի Փիրելի օրացոյցին համար:

Փետրուար 2021-ին, Լորեն հիւրն էր BBC Radio 4-ի Desert Island Discs-ին, ուր իբրեւ նուէր կ՛ընտրէ փիցայի փուռ մը։ Իր երաժշտական ընտրանքները կը ներառնեն Քոլ Փորթըրի «I've Got You Under My Skin»-ը՝ Էլա Ֆիցճերալտի կատարմամբ, եւ Տեպիւսիի «Clair de lune»-ը՝ Թամաս Վասարիի նուագմամբ: Ան յայտնած է նաեւ, կատակով, որ իր գործակից դերասան Ռիչարտ Պարթոն բարկացած էր իր վրան Scrabble-ի մէջ զայն խաբելուն համար:

24 Սեպտեմբեր, 2023-ին, Լորեն շտապ վիրահատութեան կ՛ենթարկուի ազդրի եւ ազդոսկրի կոտրուածքներու հետեւանքով՝ Զուիցերիոյ իր տան մէջ իյնալէ ետք:

Ամուսնութիւն եւ ընտանիք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քարլօ Փոնթի եւ Սոֆիա Լորեն, 1958-ին

Լորեն առաջին անգամ Քարլօ Փոնթիին կը հանդիպի 1950-ին, 15 տարեկան հասակին, ան՝ 37 տարեկան էր։ Շուտով սիրային կապ կ՛ունենան։ Քանի որ Իտալական օրէնքով ամուսնալուծումը թոյլատրելի չէր այդ ատեն եւ Փոնթի օրինականօրէն բաժնուած չէր իր կնոջմէն՝ Ճիւլիանա Ֆիասթրիէն, Լորեն կ՛ամուսնանայ հետը փոխանորդով մը (երկու արական փաստաբան իրենց տեղը կեցան) Մեքսիքոյի մէջ, 17 Սեպտեմբեր, 1957-ին։ Զոյգը կը չեղարկէ իրենց ամուսնութիւնը 1962-ին՝ երկամուսնութեան մեղադրանքներէ խուսափելու համար, բայց կը շարունակէ միասին ապրիլ։ 1965-ին, իրենք Ֆրանսացի քաղաքացիներ կը դառնան, երբ իրենց դիմումը կը հաստատուի այն ժամանակուան Ֆրանսայի վարչապետ Ժորժ Փոմփիտույի կողմէ։ Փոնթի կ՛ամուսնալուծուի Ճիւլիանայէն Ֆրանսայի մէջ եւ կ՛ամուսնանայ Լորենի հետ 9 Ապրիլ 1966-ին։ Ամուսնութիւնը կը տեւէ մինչեւ Փոնթիի մահը՝ 10 Յունուար 2007-ին (թոքի բարդութիւններէ, 94 տարեկան հասակին)։

Զոյգը ունեցած է երկու մանչեր՝ Քարլօ Փոնթի Կրտսեր, ծնած 29 Դեկտեմբեր 1968-ին, եւ Էտուարտօ Փոնթի, ծնած 6 Յունուար 1973-ին։ Լորեն ունի չորս թոռնիկներ։

1962-ին Լորենի քոյրը՝ Մարիան, ամուսնացած էր Պենիթօ Մուսոլինիի կրտսեր տղուն՝ Ռոմանոյի հետ, որուն հետ ունեցած է երկու դուստր՝ Ալեսանտրան, նախկին պատգամաւոր ու ԵԽ-ի անդամ, եւ Էլիզապեթան։

Դրամարկղային վարկանիշ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դրամարկղային վարկանիշ (Box office rating)

"The Motion Picture Herald"-ին մէջ բրիտանացի եւ ամերիկացի ցուցադրողները Սոֆիա Լորենին ընտրած են «Տասը Ամենաշատ Փող Շահող Աստղերու Հարցադրումին» լաւագոյն տասնեակին մէջ.-

  • Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ (Chevalier) – Ֆրանսա (1991)
  • Իտալական Հանրապետութեան Արժանեաց Շքանշանի Մեծ Խաչի Ասպետ – Իտալիա (1996)

Ընտրանի Սկաւառակագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1955 – "Mambo Bacan" (La Fille du Fleuveէն) / "Nyves" (RCA 18.350 10" 78 rpm)
  • 1956 – "Che m'e 'mparato a fà" / "I wanna a guy" (RCA, A25V-0473, 10" 78 rpm)
  • 1957 – "S'agapò" / "Adoro te" (Պաոլա Օրլանտիի հետ) (RCA, A25V 0585, 10" 78 rpm)
  • 1958 – "Bing! Bang! Bong!" (Houseboatէն) / "Almost in Your Arms" (Philips PB 857 10" 78 rpm)
  • 1960 – "Goodness Gracious Me" / "Grandpa's Grave" (Փիթըր Սելըրսի հետ) (Parlophone, 45-R.4702 7" 45 rpm)
  • 1961 – "Zoo Be Zoo Be Zoo" / "Bangers and Mash" (Փիթըր Սելըրսի հետ) (Parlophone 45-R.4724 7" 45 rpm)
  • 1992 – Սոֆիա Լորենի երգերը Le canzoni di Sophia Loren (CGD, 2xCD)
  • 2006 – Հռոմի գաղտնիքները Secrets of Rome (Traditional Line, CD)
  • 2009 – Ի՞նչ է անիկա, որ կ'ըսեն Սէր – Τι Είναι Αυτό Που Το Λένε Αγάπη (յունարէնով երգուած) Երեխան եւ Դելֆինը Το Παιδί Και Το Δελφίνι (it:Δίφωνο, CD)

Ռուսիոյ Ազգային Նուագախումբ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փրոքոֆիեւ – Պետրոսն ու Գայլը Peter and the Wolf, Ժան-Փասքալ Պէյնթուս Jean-Pascal Beintus – Գայլին Հետքերը Wolf Tracks։ Միխայիլ Կորպաչով, Պիլ Քլինթըն, Սոֆիա Լորեն։ Ռուսիոյ Ազգային ՆուագախումբՔենթ Նականօ։ Փենթաթոն (Pentatone) PTC 5186011 (2003

Փրոքոֆիեւ – Բետրօ ու Գայլը Pedro y el lobo, Ժան-Փասքալ Պէյնթուս Jean-Pascal Beintus – Գայլին Հետքերը Las Huellas del Lobo։ Անթոնիօ Պանտերաս, Սոֆիա Լորեն, Ռուսիոյ Ազգային Նուագախումբ – Քենթ Նականօ։ Փենթաթոն PTC 5186014 (2004

Մատենագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Loren, Sophia (2015). Yesterday, Today, Tomorrow; My Life․ Atria Books. ISBN 9781476797434.
  • Loren, Sophia (1998). Sophia Loren's Recipes and Memories, Gt Pub Corp. ISBN 978-1577193678.
  • Loren, Sophia (1984). Women & Beauty, Aurum Press. ISBN 0-688-01394-5.
  • Loren, Sophia (1972). In the Kitchen with Love, Doubleday, Library of Congress Catalog Card 79–183230.
  • Loren, Sophia (1971), In Cucina con Amore, Rizzoli Editore.

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20] [21] [22] [23] [24] [25] [26] [27] [28] [29] [30] [31] [32] [33] [34] [35] [36]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սոֆիա Լորեն, UK English Dictionary. Oxford University Press, 29-5-2022(անգլերէն)
  2. foxnews-Սոֆիա Լորենի սարսափելի վնասուածքը՝ ոսկեդարի վերջնական սեքս խորհրդանիշ դառնալու բարդ ճամբորդութենէ ետք, 26-9-2023, Էլիզապեթ Սթանթոն(անգլերէն)
  3. [https://www.treccani.it/enciclopedia/sophia-loren/ Treccani հանրագիտարան, 15-3-2010(անգլերէն)]
  4. ՍՈՖԻԱ ԼՈՐԵՆ ՀԻՄԱ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱՅ «ԷԼ ՍԻՏ»Ի ՄԷՋ, ԱՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ՇԱՏ ՄԱՐԴԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐ ՄԸ, The Boston Globe (Boston, MA), Օգոստոս 22, 1993(անգլերէն)
  5. Սոֆիա Լորենի գաղտնիքը՝ ինչպէս կարողացաւ վերապրիլ․ The Pittsburgh Press - Յունուար 18, 1987(անգլերէն)
  6. Սոֆիա Լորեն, կենսագրական, 23-04-2021(անգլերէն)
  7. Սոֆիա Լորեն. «Իմ դերասանական ասպարեզը սկսաւ 'Միս Իտալիա'էն։»20-09-2017(անգլերէն)
  8. Լուսանկարի մը պատմութիւնը. Սոֆիա 1949-ին, երբ Լորեն չէր․ napoli.corriere-Vincenzo Esposito(անգլերէն)
  9. [https://books.google.gr/books?id=4QhnLOpcLfcC&pg=PA24&redir_esc=y Սոֆիա Լորեն. Աստղի Ձեւաւորումը․ Pauline Small Intellect, 2009 - կենսագրութիւն եւ ինքնակենսագրութիւն- 135 էջ, 2009(անգլերէն)]
  10. Quo Vadis-Celia M. Reilly, 5 Մայիս 2017(անգլերէն)
  11. Michał Waszyński, 24 Մայիս 2025(անգլերէն)
  12. Օսքարի Սիրելի Դերասանները. Ամենէն շատ շահող Աստղերը (Եւ աւելին, որոնք պէտք է ըլլան), Ռոճէր Լեսլի, 2017 (անգլերէն)
  13. Ոսկէ երկրագունդ - մրցանակիրները /Սոֆիա Լորեն - 27-12-2017
  14. International Business Times-Բիթըր Սթարսթետ երգիչը կը մահանայ․․․12-01-2018(անգլերէն)
  15. ՍՈՖԻԱ ԼՈՐԵՆ կը խորհրդածէ իր Հոլիվուտեան ասպարէզին մասին, 13-3-2013(անգլերէն)
  16. (PDF)Փալմ Սփրինկսի Աստղերու Ճեմելիքը․ բնօրինակ՝ 13 Հոկտեմբեր 2012,(անգլերէն)
  17. 20-րդ Մոսկուայի ֆիլմի միջազգային փառատօն․ 1997 MIFF, 22-3-2013(անգլերէն)
  18. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ 50 ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԷԿՐԱՆԻ ԴԵՄՔԵՐԸ, 16-06-1999(անգլերէն)
  19. Festival des Films du Monde, 2001-ի մրցանակաբաշխութիւն(անգլերէն)
  20. reuters-Սոֆիա Լորեն պիտի վերադառնայ մեծ պաստառ՝ իր մանչին ֆիլմին մէջ, 9-7-2013
  21. [https://www.hollywoodreporter.com/movies/movie-news/aarp-movies-for-grownups-awards-the-united-states-vs-billie-holiday-named-best-picture-4143393/ AARP-ի Ֆիլմեր Մեծահասակներուն համար մրցանակաբաշխութիւն. «Շիկակոյի 7»-ին դատավարութիւնը» երկու մրցանակ շահեցաւ, մինչ Սոֆիա Լորեն և Էնթոնի Հոփքինս, համապատասխանաբար, շահեցան լաւագոյն դերասանուհիի եւ լաւագոյն դերասանի մրցանակները, 4-3-2021(անգլերէն)։]
  22. Սոֆիա Լորենը, այժմ 90 տարեկան, կը յուսայ 'Երբեք' կենսաթոշակի չանցնիլ. 'Ես չեմ ուզեր ժառանգութեան մասին մտածել 8-11-2021(անգլերէն)
  23. [Սոֆիա Լորեն, Ալմերիոյի փառքի ճեմելիքին մէջ արդէն իր աստղը ունի, elmundo․18-11-2017 ]
  24. Իտալական Ոճով Վաճառք. Սոֆիա Լորենը Կը Ծախէ Իր Ռանչը / "Օսքարի արժանացած դերասանուհի Սոֆիա Լորեն եւ իր ամուսինը՝ ֆիլմարտադրող Գարլօ Փոնթի, ծախած են իրենց 40 աքր տարածքով Քալիֆորնիոյի ագարակը, որուն գինը նշուած էր $6.9 միլիոն:"Պեն Քազըլման,8-12-2006(անգլերէն)
  25. Architectural Digest.Սոֆիա Լորենի տունը հարաւային Ֆլորիտա Peppiatt, Michael (11 Մայիս 2016)
  26. uk.reuters-Նափոլիի երկրպագու Սոֆիա Լորեն պիտի մերկանայ եթէ խումբը դասակարգ բարձրանայ, 15-5-2007(անգլերէն)։
  27. Սոֆիա Լորեն կը շողայ Փիրելլի Նոր Օրացոյցին մէջ։ 72 տարեկանին կիսամերկ լուսանկարուիլը հարց չէր առասպել դարձած դերասանուհիին համար, Elena Gorgan, Entertainment News Editor, 17-11-2006(անգլերէն)
  28. "Սոֆիա Լորենը կ'ըսէ թէ Ռիչարտ Պարթոն բարկացած էր Սքրապլ խաղաիս խաբելուն վրայ. «Քեզի հետ չեմ խաղար՛։» Sabina Rouse, Փետրուար 26, 2021 (անգլերէն)
  29. variety-Սոֆիա Լորեն կը վերականգնի ազդրի վիրահատութենէ ետք, Ժընեւի իր տան մէջ իյնալէ ետք, Սեպտ․25, 2023(անգլերէն)
  30. foxnews-Գարլօ Փոնթի, Սոֆիա Լորենի ամուսինը, մահացաւ 94 տարեկանին, 10-1-2007(անգլերէն)
  31. [https://people.com/all-about-sophia-loren-children-7974117 Սոֆիա Լորենի 2 զաւակներուն մասին՝ Գարլօ Փոնթի Կրտսեր եւ Էտուարտօ Փոնթի, Skyler Caruso Սեպտ․ 25, 2023(անգլերէն)]
  32. Սոֆիա Լորենի 4 թոռներուն մասին, Audrey Schmidt, Մարտ 16, 2026(անգլերէն)
  33. Ֆիլմի միջազգային 4րդ փառատօն, Մոսկուա, 1965 MIFF, 16-1-2013(անգլերէն)
  34. Oxford Reference. Սոֆիա Լորեն,6-9-2024(անգլերէն)
  35. Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահութիւն․ Պարգեւատրում Սոֆիա Շիքոլոնէ Լորեն(իտալ.)
  36. Le Monde-Légion d'honneur. Սոֆիա Լորեն, 16-7-1991