Jump to content

Սոքոթրա կղզին

Սոքոթրա կղզին

Սոքոթրա (արաբերէն՝ سقطرى‎), կղզի Հնդկաց ովկիանոսին հիւսիս-արեւմտեան կողմը։ Կը համարուի Եմէնի գլխաւոր կղզին:

Կղզին ունի 130 քմ երկարութիւն եւ մօտաւորապէս 40 քմ լայնք: Ան մօտ է նաեւ Սոմալին, որ կը գտնուի 230 քմ հեռու:

Կղզին շրջապատուած է ճերմակ աւազով ծովափներով եւ ամբողջապէս կապոյտ ջուրերով:

Ունի տաք կլիմայ մը եւ անապատային կամ ժայռոտ տեսարաններ:

Սոքոթրայի վրայ ապաստան գտած են տեսակաւոր վայրի անասուններ, ինչպէս` մողէսներ, խխունջներ, թռչուններ, եւ հոն կը բուսնին աւելի քան 800 տեսակի բոյսեր: Այդ բոյսերուն մէջ երեք բոյսերէն մէկը այդ կղզիին յատուկ է, եւ անոնցմէ ամէնէն ծանօթը Սոքոթրայի վիշապածառն է:

Սոքոթրայի վիշապածառը դանդաղօրէն կ'աճի կղզիին բլուրներուն եւ ժայռոտ շրջաններուն մէջ: Անոր տերեւները դէպի երկինք դարձած են: Իր արտասովոր կերպարանքին պատճառով ան յաճախ ճանչցուած է նաեւ իբրեւ «հովանոց ծառ» անունով, կամ նոյնիսկ բաղդատուած` թռչող սկաւառակի հետ[1]:

Վիշապածառին տերեւները կը հաւաքեն անձրեւներն ու մշուշները, իսկ ծառը հողը կը սնուցանէ ուրիշ բոյսերու համար, ինչպէս` անապատի վարդենին, կամ «շիշ ծառը»: Ան կ'արտադրէ նաեւ կարմիր խէժ մը, զոր կ'անուանեն «վիշապի արիւն»:

Անիկա կը գործածուի իբրեւ դեղ` դարմանելու համար վէրքեր եւ տաքութիւն, ինչպէս նաեւ` իբրեւ ներկ:

Այս վիշապածառը կղզիին հրաշալիքներէն մէկն է, եւ ան կը հմայէ զբօսաշրջիկները, որոնց թիւը կը հասնի տարեկան 5000-ի:

Սոքոթրայի բնակիչները կը փորձեն պահպանել այս ծառերը, որպէսզի կղզին չկորսնցնէ իր այս հարստութիւնը: Անոնք նոր տունկեր կ'աճեցնեն տնկարաններու մէջ: Այս գոց եւ պահպանուած վայրերուն մէջ այծերը չեն կրնար մտնել, եւ տարբեր տեսակի բոյսերը կը պատրաստուին տոկալու համար կլիմայի փոփոխութեան դէմ:

Կղզիին վրայ կը տիրապետեն կլիմայական փոփոխութեան սպառնալիքը եւ մասնաւորաբար մոլորակին ջերմաստիճանի բարձրանալը: Յատկապէս պտուտահողմերը եւ ուժեղ մրրիկները բազմացած են եւ դարձած` աւելի սաստիկ: Անոնք կը փճացնեն վիշապածառերը: 2015 եւ 2018 թուականներու փոթորիկները նոյնիսկ տապալած են հարիւրամեայ ծառեր[2]:

Սոքոթրայի բնակիչները, որոնց թիւը կը հասնի 42 հազարի, կը խօսին սոքոթրի լեզուն: Ասիկա լեզու մըն է, որ չի գրուիր:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]