Սուրճի Մրուրը

Սուրճի մրուրը մութ գոյնի մնացորդն է, որ կը գոյանայ սուրճը եփելէն կամ զտելէն ետք։
Անիկա սուրճի աղացած հատիկներու եփելէն ետք գոյացած խոնաւ խառնուածքը՝ մրուրն է։
Կ'օգտագործուի տան, այգեգործութեան, գեղեցկագիտական եւ այլ բնագաւառներու մէջ։
Գեղեցկագիտական նպատակներու համար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Միջոց է «սելիւլիթ»ը դարմանելու համար: Երկու ապուրի դգալ սուրճի մրուրին մէկ ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ աւելցնել եւ այդ խառնուրդով մարձել ազդրերուն վնասուած հատուածները:
- Կը ձերբազատէ մորթը` մեռած բջիջներէն: Դարձեալ անոր քիչ մը ձէթ աւելցնելով եւ շրջանաձեւ մարձումներով կարելի է մաքրել դէմքի (բայց նաեւ`մարմինի այլ հատուածներու) մեռած բջիջները:
- Սուրճի մրուրին քիչ մը մածուն եւ քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցնելով` կարելի է դարմանել աչքերուն տակի մութ գոյնի արատները: Շաբաթական երեք անգամ, քառորդ ժամ, խառնուրդը օգտագործելով` գոհացուցիչ արդիւնք կարելի է ստանալ:
- Սուրճի մրուրը նաեւ մազերուն փայլք կու տայ, բայց նախընտրելի է օգտագործել մութ շագանակագոյն կամ սեւ մազերու պարագային: Սուրճի մրուրը տարածել մազերուն վրայ, աւելցնել սովորական «քոնտիշընըր»ը, ապա առատօրէն ցօղուել մազերը:
Խոհանոցին մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մաքրել այրած տապակներուն յատակը: Սպունգին վրայ առատօրէն տարածել զայն, ապա ամուր շփել այրած հատուածները:
Սուրճի մրուրը նաեւ կը մաքրէ ճարպերը: Եթէ կազօճախին, տապակին կամ պատին վրայ իւղի, ձէթի հետքեր կան, զանոնք շփել սուրճի մրուրով:
Սուրճի մրուրը արդիւնաւէտ ձեւով կը կլանէ տհաճ հոտերը, զայն օգտագործել սառնարանին մէջ, ինչպէս նաեւ` խոհանոցի լուացարանին եւ անոր խողովակին մէջ:
Մրուրը նաեւ կ'օգնէ խցուած խողովակը բանալու:

Պարտէզը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սուրճին մրուրը ազդու միջոց է պարտէզին բոյսերը խխունջներէն, մրջիւններէն եւ կատուներէն պաշտպանելու համար: Զայն տարածել հողին շուրջ վնասակար միջատներն ու որդերը վանելու համար[1]:
Սուրճին մրուրը արդիւնաւէտ միջոց է թաղարներուն հողը աւելի թեթեւ, փխրուն եւ օդաւէտ դարձնելու համար:
Այլ օգտագործումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սուրճի մրուրով կարելի է ներկել նաեւ գործուածքներու որոշ տեսակներ: Եռացնել մրուրը եւ կտորը թրջել որոշ ժամանակ մը, որպէսզի անիկա շագանակագոյն դառնայ:
Սուրճի մրուրը այրելով` կը վանեն մժեղներն ու ճանճերը: Փոս ամանի մը մէջ սուրճի մրուր լեցնել (խոնաւ պէտք չէ ըլլայ) եւ այրել: Կարելի է խնկունիի շիւղ մը կամ դափնիի տերեւ մըն ալ աւելցնել[2]: